Print
Category: Յուշատետր

Հա­յոց Յու­շա­տետ­րին այ­սօ­րո­ւան՝ Մարտ 31ի է­ջը վե­րա­պա­հո­ւած է ար­դի հայ գրա­կա­նու­թեան եւ, ա­ւե­լի՛ն, հայ քա­ղա­քա­կան մտքի Զար­թօն­քին ան­մահ նա­խա­կա­րա­պետ­նե­րէն Մի­քա­յէլ Նալ­բան­դեա­նի մա­հո­ւան տա­րե­լի­ցին։

1866ի Մարտ 31ին, Ցա­րա­կան Կայս­րու­թեան Սա­րա­տով մար­զի (­Վոլ­գոգ­րադ) Կա­մի­շին ա­նուն քա­ղա­քի իր աք­սո­րա­վայ­րին մէջ, ամ­բող­ջա­պէս քայ­քա­յո­ւած ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կով, մեր աշ­խար­հէն առ­յա­ւէտ հե­ռա­ցաւ 37 տա­րի­քը դեռ չամ­բող­ջա­ցու­ցած Մեծ Հա­յը։

Ա­զա՛տն Հա­յը։

Բա­ռին պարզ, մե­կին ու խո­րա­գոյն ի­մաս­տով Ա­զա­տու­թեան հայ եր­գի­չը ե­ղաւ Մ. Նալ­բան­դեան, որ ան­մա­հա­ցած իր բա­նաս­տեղ­ծու­թեան՝ «Երգ Ա­զա­տու­թեան» ա­ռա­ջին իսկ տո­ղէն, նոյ­նինքն Ա­մե­նա­կա­րո­ղին հա­մար բնու­թագ­րա­կան գտաւ «Ա­զատն Աս­տո­ւած» կո­չու­մը, աս­տո­ւա­ծա­յին մե­ծա­գոյն եւ ա­մէ­նէն ի­րաւ յատ­կա­նի­շը հռչա­կե­լով «Ա­զատ» ըլ­լա­լու ի­րա­ւունքն ու ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւ­նը։

Ա­զատն Աս­տո­ւած այն օ­րից,

Երբ հա­ճե­ցաւ շունչ փչել,

Իմ հո­ղա­նիւթ շի­նո­ւած­քին

Կեն­դա­նու­թիւն պար­գե­ւել.

Ես ան­բար­բառ մի մա­նուկ

Եր­կու ձեռքս պար­զե­ցի,

Եւ իմ ան­զօր թե­ւե­րով

Ա­զա­տու­թիւն գրկե­ցի։

Ա­ւե­լի քան մէ­կու­կէս դար է, ա­հա՛, որ մեր ժո­ղո­վուր­դին ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րը, ո՛ւր որ ալ ծնունդ առ­նեն եւ ի՛նչ եր­կին­քի տակ ալ կազ­մա­ւո­րո­ւին, հայ­րե­նի ոս­տան­նե­րէն մին­չեւ պանդխ­տու­թեամբ թէ տա­րագ­րու­թեամբ կազ­մո­ւած աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յօ­ճախ­նե­րը, ի­րենց մա­նուկ տա­րի­քէն կեան­քին ու աշ­խար­հին կը բա­ցո­ւին Նալ­բան­դեա­նի «Ա­զա­տու­թեան Երգ»ով՝ ազ­գա­յին ի­րենց յի­շո­ղու­թեան մաք­րա­մա­քուր ա­կուն­քի վե­րա­ծե­լով սոսկ քեր­թո­ւա­ծէ մը շատ ան­դին ան­ցած եւ վեր բարձ­րա­ցած պատ­գա­մը.

Մինչ գի­շե­րը ան­հան­գիստ,

Օ­րօ­րո­ցում կապ­կա­պած,

Լա­լիս էի ան­դա­դար

Մօրս քու­նը խան­գա­րած,

Խնդ­րում էի նո­րա­նից

Բա­զուկ­ներս ար­ձա­կել,

Ես այն օ­րից ուխ­տե­ցի

Ա­զա­տու­թիւ­նը սի­րել։

Եւ ի­րա­պէ՛ս յա­նուն Ա­զա­տու­թեան պայ­քա­րի երգ մը ե­ղաւ Մի­քա­յէլ Նալ­բան­դեան ի՛նք, որ թէեւ կար­ճա­տեւ կեանք ու­նե­ցաւ այս աշ­խար­հին վրայ, բայց իր Ան­ձին օ­րի­նա­կով ու Գոր­ծով՝ յա­ւեր­ժու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի սրտին ու մտքին մէջ։

Ծ­նած էր 2 Նո­յեմ­բեր 1829ին Նոր Նա­խի­ջե­ւան (­Տոն գե­տի եզ­րին, Ռոս­տով քա­ղա­քի մօտ), յար­կին տակ հա­մեստ պայ­տա­գոր­ծի մը, որ չորս ան­գամ ա­մուս­նա­ցած էր եւ Մի­քա­յէլ ծնունդն էր չոր­րորդ կնոջ­մէ։

Ման­կու­թեան ա­շա­կեր­տած էր Գա­մառ Քա­թի­պա­յի՝ Ռա­փա­յէլ Պատ­կա­նեա­նի հօր, Գաբ­րիէլ Քա­հա­նա­յի անձ­նա­կան դպրո­ցին եւ մե­ծա­պէս ազ­դո­ւած էր ա­զա­տա­սէր ու ա­զա­տա­խոհ այդ հո­գե­ւո­րա­կա­նին խի­զախ գա­ղա­փար­նե­րէն։ Հո­գե­ւո­րա­կա­նի իր կո­չու­մը եւս ներշն­չո­ւած էր իր ա­ռա­ջին ու­սու­ցի­չէն։

Թո­թով լե­զո­ւիս մինչ կա­պեր

Ար­ձա­կո­ւե­ցան, բա­ցո­ւե­ցան,

Մինչ ծնողքս իմ ձայ­նից

Խն­դա­ցին ու բերկ­րե­ցան,

Նախ­կին խօսքն, որ ա­սա­ցի՝

Չէր հայր, կամ մայր, կամ այլ ինչ՝

Ա­զա­տու­թի՜ւն, դուրս թռաւ

Իմ ման­կա­կան բե­րա­նից։

«Ա­զա­տու­թի՞ւն,- ինձ կրկնեց

Ճա­կա­տա­գիրն վե­րե­ւից.-

Ա­զա­տու­թեա՞ն դու զի­նո­ւոր

Կա­միս գրո­ւիլ այս օ­րից:

Ո՜հ, փշոտ է ճա­նա­պարհդ,

Քեզ շատ փոր­ձանք կը սպա­սէ.

Ա­զա­տու­թիւն սի­րո­ղին

Այս աշ­խար­հը խիստ նեղ է»։

Այ­նու­հե­տեւ, ինք­նա­զար­գա­ցու­մը ե­ղաւ Մ. Նալ­բան­դեա­նի կեան­քին մղիչ ու­ժը։ 1848ին իբ­րեւ քար­տու­ղար աշ­խա­տան­քի կո­չո­ւե­ցաւ Նոր Նա­խի­ջե­ւա­նի հա­յոց Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նին մէջ՝ վա­յե­լե­լով օ­րո­ւան ա­ռաջ­նորդ Մատ­թէոս Արք. Վե­հա­պե­տեա­նի ամ­բող­ջա­կան հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը։ Չորս տա­րի մնաց այդ պաշ­տօ­նին վրայ՝ պատ­րաս­տո­ւե­լով հո­գե­ւո­րա­կան իր ձեռ­նադ­րու­թեան։ Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի քար­տու­ղա­րու­թիւ­նը նաեւ օգ­նեց Նալ­բան­դեա­նի, որ­պէս­զի պաշ­տօ­նով այ­ցե­լու­թիւն­ներ կա­տա­րէ եւ մօ­տէն ծա­նօ­թա­նայ Ռու­սաս­տա­նի հա­յա­շատ գա­ղութ­նե­րուն։

Բայց յե­ղա­փո­խա­կան խմո­րում­նե­րու եւ ա­լե­կո­ծում­նե­րու ժա­մա­նա­կաշր­ջան էր, Նոր Նա­խի­ջե­ւա­նի հա­յու­թեան կեան­քը կ­þանց­նէր բա­րե­փոխ­ման բուռն պայ­քար­նե­րու բո­վէն՝ յատ­կա­պէս «­Խա­լի­պեան-­Վե­հա­պե­տեան» բե­ւե­ռա­ցու­մով յատ­կան­շո­ւած ներ-հայ­կա­կան հա­կադ­րու­թիւն մը հու­նա­ւո­րեց հե­տա­գայ կեան­քը Նալ­բան­դեա­նի։ Խա­լի­պեան շրջա­նի քա­ղա­քա­պետն էր եւ Ներ­սէս Աշ­տա­րա­կե­ցի Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ վե­րին պա­տաս­խա­նա­տու նշա­նա­կո­ւած էր Հայ Ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան հարս­տու­թեանց յան­ձան­ձու­մին։ Կարծ­րա­տիպ մարդ էր եւ միանձ­նեայ կը գոր­ծէր՝ մեր­ժե­լով հա­շո­ւե­տո­ւու­թիւն կա­տա­րել ժո­ղո­վուր­դին, որ սկսած էր բո­ղո­քել նման վար­քագ­ծի դէմ։ Մատ­թէոս Ար­քե­պիս­կո­պոս եւ Մ. Նալ­բան­դեան գլխա­ւո­րե­ցին ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի շար­ժու­մը։ Աշ­տա­րա­կե­ցի Կա­թո­ղի­կոս Էջ­միա­ծին կան­չեց Նալ­բան­դեա­նը՝ կար­գի բե­րե­լու հա­մար, բայց ան ար­դէն ըմ­բոստ՝ փա­խուստ տո­ւաւ դէ­պի Ռու­սաս­տան, նախ՝ Ս. Փե­թերս­պուրկ, ա­պա՝ Մոս­կո­ւա, ուր «­Լա­զա­րեան Ճե­մա­րան»ի մէջ հա­յե­րէ­նի դա­սա­տու դար­ձաւ։ Միա­ժա­մա­նակ ու­սա­նե­ցաւ իբ­րեւ ա­զատ ունկն­դիր եւ Ա­րե­ւե­լա­գի­տու­թեան մէջ մա­գիստ­րո­սի աս­տի­ճա­նին տի­րա­ցաւ։ Մօ­տէն ծա­նօ­թա­ծաւ Ս­տե­փա­նոս Նա­զա­րեան­ցի հետ եւ ա­նոր աջ բա­զու­կը դար­ձաւ «­Հիւ­սի­սա­փայլ» հան­դէ­սի հրա­տա­րա­կու­թեան մէջ։

Աշ­տա­րա­կե­ցի Կա­թո­ղի­կոս բնաւ չնե­րեց Նալ­բան­դեա­նի ըն­թաց­քը եւ պե­տա­կան մի­ջամ­տու­թեան դի­մեց, որ­պէս­զի փախս­տա­կա­նը բե­րո­ւի Էջ­միա­ծին։ Միայն Ս­տե­փա­նոս Նա­զա­րեան­ցի ծա­նօ­թու­թեանց եւ մի­ջամը­տու­թեան շնոր­հիւ, Նալ­բան­դեան փրկո­ւե­ցաւ ձեր­բա­կա­լու­թե­նէ, բայց վերջ­նա­կա­նա­պէս փա­կեց հո­գե­ւո­րա­կան դառ­նա­լու իր կոչ­ման է­ջը։

Եւ ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­զա­տու­թեան եր­գիչն ու Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան պատ­գա­մա­բե­րը դառ­նա­լու ա­ռա­քե­լու­թեան.

- Ա­զա­տու­թի՜ւն,- գո­չե­ցի,-

Թող ո­րո­տայ իմ գլխին

Փայ­լակ, կայ­ծակ, հուր, եր­կաթ,

Թող դաւ դնէ թշնա­մին,

Ես մինչ ի մահ, կա­խա­ղան,

Մին­չեւ ա­նարգ մա­հու սիւն,

Պի­տի գո­ռամ, պիտþ կրկնեմ

Ան­դա­դար՝ Ա­զա­տու­թի՜ւն։

Այդ­պէս սկսաւ Նալ­բան­դեա­նի գրա­կան, հրա­պա­րա­կա­խօ­սա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծու­նէու­թեան ե­ռուն ու կրա­կոտ շրջա­նը։ Յա­նուն Ա­զա­տու­թեան եւ Ա­զա­տա­խո­հու­թեան՝ բո­ցա­շունչ պայ­քար ծա­ւա­լեց բո­լոր ճա­կատ­նե­րուն վրայ՝ բա­նաս­տեղ­ծու­թեամբ, հրա­պա­րա­կագ­րու­թեամբ եւ յե­ղա­փո­խա­կան կեն­դա­նի գոր­ծով։ Ժո­ղո­վուր­դի ա­զատ կամ­քին պաշտ­պա­նու­թիւ­նը գերխն­դիր հռչա­կեց։ Դ­րօ­շա­կի­րը դար­ձաւ ա­րե­ւե­լա­հայ աշ­խար­հա­բա­րի նո­ւա­ճու­մին։ Անխ­նայ խա­րա­զա­նեց հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նու­թեան ա­նար­ժան եւ խա­ւա­րա­միտ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ո­րոնք սե­փա­կան հօ­տի հո­գեմ­տա­ւոր դաս­տիա­րա­կու­թեան եւ ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան զար­գաց­ման ծա­ռա­յե­լու փո­խա­րէն՝ ստրկամ­տու­թեան քա­րո­զիչ­ներ դար­ձած էին, սե­փա­կան բա­րե­կե­ցու­թեան ու յղփա­ցու­մին անձ­նա­տուր։ Ն­մա­նա­պէս կա­տա­ղի հա­կա­ռա­կոր­դը դար­ձաւ ու­նե­ւոր հա­յե­րու այն խա­ւին ու տե­սա­կին, որ սի­րա­մար­գի ինք­նա­սի­րա­հա­րու­թեամբ կ­þու­զէր պար­զա­պէս հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ փա­ռա­ւո­րո­ւիլ իր հարս­տու­թեամբ։

Այ­դօ­րի­նակ հա­րուստ խեղ­ճու­թիւն­նե­րուն կը վե­րա­բե­րէր իր պատ­գա­մը, երբ գրեց՝

«­Հա­րուստ­նե­րին պէտք է խղճալ. նրանք շրջա­պատուած են բա­րիք­նե­րով, ո­րոնք, սա­կայն, չեն թա­փան­ցում նրանց հո­գի­նե­րի մէջ»։

Իբ­րեւ յե­ղա­փո­խա­կա­նի՝ հա­լա­ծան­քը կա­նու­խէն սկսաւ Նալ­բան­դեա­նի դէմ։ 1858ին նաեւ թո­քախ­տի ա­ռա­ջին ախ­տան­շան­նե­րը ա­ռա­ջա­ցան։ Բուժ­ման հա­մար ար­տա­սահ­ման ան­ցաւ. նախ՝ Պո­լիս, ուր մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցաւ ա­րեւմտա­հայ Զար­թօն­քի իր գա­ղա­փա­րա­կից­նե­րուն՝ Ս­տե­փան Ոս­կա­նի եւ Յա­րու­թիւն Ս­վա­ճեա­նի, ո­րոնց հետ մին­չեւ մահ շա­րու­նա­կեց գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Ա­պա՝ Եւ­րո­պա, Ժը­նեւ ու Փա­րիզ, ուր ա­ռի­թը ու­նե­ցաւ ան­ձամբ շփուե­լու եւ մտեր­մա­նա­լու աք­սո­րա­կան ռուս յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու՝ Բա­կու­նի­նի եւ Տուր­գե­նե­ւի հետ։

Վե­րա­դար­ձաւ Մոս­կո­ւա, բայց շու­տով 1860ին դար­ձեալ ճամ­բոր­դու­թեան ձեռ­նար­կե­լու եւ Լոն­տո­նի վրա­յով Հնդկաս­տան եր­թա­լու հա­մար՝ հա­յու­թեան բա­ժին հանուած կտակ­նե­րու տի­րու­թիւն ը­նե­լու նպա­տա­կով։ Յա­ջո­ղե­ցաւ իր ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ եւ վե­րա­դար­ձաւ Մոս­կո­ւա, հոն­կէ ալ Նոր Նա­խի­ջե­ւան, ուր կտակ­նե­րէն ա­պա­հո­վո­ւած գու­մա­րով ձեռ­նար­կեց ազ­գա­յին Սա­հակ-­Մես­րո­պեան վար­ժա­րա­նի կա­ռու­ցու­մին։

Հա­լա­ծան­քը սաստ­կա­ցաւ եւ իր գա­գաթ­նա­կէ­տին հա­սաւ Նալ­բան­դեա­նի դէմ եւ 1862ին ան ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ ու ե­րեք տա­րո­ւան ա­զա­տազրկ­ման դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ Ս. Փե­թերս­պուր­կի քա­ղա­քա­կան բան­տար­կեալ­նե­րու բեր­դին մէջ։ Ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կը լրիւ քայ­քա­յո­ւե­ցաւ եւ երբ 1865ին բան­տար­կու­թիւ­նը վերջ գտաւ ու աք­սո­րա­վայր ղրկո­ւե­ցաւ, Մի­քա­յէլ Նալ­բան­դեան Կա­մա­շին քա­ղա­քը հա­սաւ «ա­ռա­ւել մե­ռած քան կեն­դա­նի»...

Եւ 1866ի Մարտ 31ին յոգ­նա­բեկ իր աչ­քե­րը վերջ­նա­կա­նա­պէս փա­կեց 37ա­մեայ «Ա­զատն Նալ­բան­դեան»։ Մար­մի­նը տա­րո­ւե­ցաւ Նոր Նա­խի­ջե­ւան եւ ազ­գա­յին ան­նա­խըն­թաց յու­ղար­կա­ւո­րու­թեամբ իր վերջ­նա­կան հան­գիս­տը գտաւ տեղ­ւոյն Ս. Խաչ վան­քին մէջ։

Հայ ժո­ղո­վուր­դը իր սրտին եւ հո­գիին ա­մէ­նէն ջերմ ու զե­ղուն թրթռա­ցում­նե­րով ան­մահ եր­գի վե­րա­ծեց Հայ­կա­կան Յե­ղա­փո­խու­թեան «Ա­զատն» Ռահ­վի­րա­յին՝ Մի­քա­յէլ Նալ­բան­դեան ա­նու­նը, ա­նոր բա­նաս­տեղ­ծա­կան ու հրա­պա­րա­խօ­սա­կան ժա­ռան­գու­թիւ­նը։

Եւ հայ ժո­ղո­վուր­դը ար­դա­րա­ցիօ­րէն Նալ­բան­դեա­նի «­Մեր Հայ­րե­նիք»ը վե­րա­ծեց «Ա­զատն Հա­յաս­տա­նի» քայ­լեր­գին՝ նոյ­նիսկ նախ­քան Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կեր­տու­մը։

Ա­ւե­լի՛ն. պա­տա­հա­կա­նօ­րէն եւ կա­մա­յա­կա­նօ­րէն չէր, որ 1990ին Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մի Հռ­չա­կագ­րին հե­տե­ւե­ցաւ նո­րո­վի տա­րա­զու­մով՝ «Ա­զատ ու ան­կախ» մեր նոր կեան­քի օրհ­նան­քով վե­րամ­շա­կո­ւած Նալ­բան­դեա­նի «­Մեր Հայ­րե­նիք»ին որ­դեգ­րու­մը՝ իբ­րեւ պե­տա­կան օր­ներ­գը Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան։

Նոյ­նիսկ ե­թէ ի­տա­լա­կան ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման գրա­կա­նու­թե­նէն ներշն­չո­ւած է Նալ­բան­դեա­նի բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը, բայց ան­վի­ճե­լիօ­րէն հայ ժո­ղո­վուր­դին էու­թե­նէն բխած երգ է ու յա­ւեր­ժու­թեան ի­րա­ւուն­քը նո­ւա­ճած է Նալ­բան­դեա­նի պատ­գա­մը.

Մեր Հայ­րե­նիք թշո­ւառ ան­տէր,

Մեր թշնա­մեաց ոտ­նա­կոխ,

Իւր որ­դի­քը արդ կան­չում է,

Հա­նել իւր վրէժ, քէն ու ոխ։

Մեր հայ­րե­նիք շղթա­նե­րով,

Այս­քան տա­րի կապ­կա­պո­ւած,

Իւր քաջ որ­դո­ւոց սուրբ ա­րիւ­նով

Պի­տի լի­նի ա­զա­տո­ւած։

Ա­հա՛, եղ­բայր, քեզ մի դրօշ,

Որ իմ ձեռ­քով գոր­ծե­ցի։

Գի­շեր­նե­րը ես քուն չե­ղայ,

Ար­տա­սու­քով լո­ւա­ցի։

Նա­յի՛ր նրան, ե­րեք գոյ­նով՝

Նո­ւի­րա­կան մեր նշան,

Թո՛ղ փող­փո­ղի թշնա­մու դէմ,

Թո՛ղ կոր­ծա­նի Տաճ­կաս­տան։

Ա­մե­նայն տեղ մա­հը մի է,

Մարդ մի ան­գամ պիտþ մեռ­նի,

Բայց ե­րա­նի՜ որ իւր ազ­գի

Ա­զա­տու­թեան կը զո­հո­ւի:

Ն.