Print
Category: Յուշատետր

­­­­Մարտ 23ին կ'ո­գե­կո­չենք մա­հո­ւան տա­րե­լի­ցը ա­մե­նայն հա­յոց բա­նաս­տեղծ Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նի։

54 տա­րե­կան էր հայ գրա­կա­նու­թեան «­Հան­ճա­րեղ Լո­ռե­ցին» (Ե­ղի­շէ Չա­րեն­ցի բնու­թագ­րու­թեամբ), երբ դեղ­նախ­տի խլիր­դը ա­պա­ժամ խլեց-տա­րաւ մարմ­նե­ղէն կեան­քը հայ ժո­ղո­վուր­դի բա­ցա­ռիկ այս ծնուն­դին։

Լո­ռե­ցի էր Թա­դէոս Թու­մա­նեա­նի որ­դի Յով­հան­նէ­սը։ Ծ­նած էր 19 Փետ­րո­ւար 1869ին, Դ­սեղ գիւ­ղը, հո­գե­ւո­րա­կան ըն­տա­նի­քի յար­կին տակ։ Նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը գիւ­ղի դպրո­ցին մէջ ստա­նա­լէ ետք, յա­ճա­խած էր Ջա­լա­լօղ­լո­ւի (այժ­մու Ս­տե­փա­նա­ւան) դպրո­ցը, որ­մէ շրջա­նա­ւարտ՝ 1883ին ան­ցած էր Թիֆ­լիս, «­Ներ­սի­սեան» Ճե­մա­րա­նի մէջ ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­լու հա­մար։ Սա­կայն նիւ­թա­կան ծանր պայ­ման­նե­րու ճնշու­մին տակ, 1887ին ա­կա­մայ լքած էր դպրո­ցը եւ նե­տո­ւած կեան­քի աս­պա­րէզ՝ աշ­խա­տանք գտնե­լով նախ Թիֆ­լի­սի հա­յոց Դա­տաս­տա­նա­կան Խոր­հուր­դի, ա­պա՝ Հայ Հ­րա­տա­րակ­չա­կան Միու­թեան գրա­սե­նեակ­նե­րուն մէջ։

Ա­մե­նայն հա­յոց բա­նաս­տեղ­ծին կազ­մա­ւոր­ման շրջա­նը յատ­կո­րո­շող կեն­սագ­րա­կան այս ու­րո­ւագ­ծա­յին տե­ղե­կան­քի պաս­տա­ռին վրայ, ի­րենց տեղն ու նշա­նա­կու­թիւ­նը կը գտնեն Յով­հան­նէս Թու­մա­նեան մար­դուն, հա­յուն, գրո­ղին եւ ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծի­չին տի­րա­կան յատ­կա­նիշ­նե­րը.

- Ան­սահ­ման բա­րու­թեամբ եւ միշտ լա­ւա­տե­սու­թեամբ՝ ան­հուն ժպի­տով կեան­քին նա­յող մար­դը ե­ղաւ Թու­մա­նեան։

- Սե­փա­կան ազ­գի բազ­մա­չար­չար պատ­մու­թեամբ տա­ռա­պող, հա­յու սե­փա­կան սխալ­նե­րը սրտցա­ւօ­րէն քննդա­տող, ինք­նաքն­նա­դա­տու­թեան եւ ինք­նա­մաքրման յա­ռա­ջա­պահ դիր­քե­րուն վրայ կանգ­նող եւ, մա­նա­ւա՛նդ, հայ ժո­ղո­վուր­դի ու Հա­յաս­տա­նի վա­ղո­ւան պայ­ծառ օ­րո­ւան հա­ւա­տա­ցող եւ, մա­նա­ւանդ, ա­նոր ի­րա­գործ­ման հա­մար պայ­քա­րող հաս­տա­տա­կամ հա­յը ե­ղաւ Թու­մա­նեան։

- Հա­յոց աշ­խար­հի բնա­կան գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րով ու հայ ժո­ղո­վուր­դի տոհ­միկ բար­քե­րով գի­նով­ցած գրո­ղը ե­ղաւ Թու­մա­նեան, որ հայ­րե­նա­կա­նին եւ ազ­գա­յի­նին հան­ճա­րեղ եր­գի­չը դառ­նա­լով՝ ան­մա­հա­ցաւ ու ի­րեն հետ ան­մա­հա­ցուց Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը։

- Հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին զար­թօն­քին եւ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին անձ­նո­ւէր դրօ­շա­կի­րը ե­ղաւ Թու­մա­նեան՝ ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան իր գոր­ծու­նէու­թեամբ ու մտա­ծո­ղու­թեամբ։ Ան ոչ միայն լու­սա­ւո­րեց մեր ու­ղին՝ հա­յոց պատ­մու­թեան ան­կորն­չե­լի ար­ժէք­նե­րուն ճա­ռա­գայ­թու­մով, այլ նաեւ պատ­գա­մա­խօ­սը դար­ձաւ մեր ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան պար­զամ­տու­թեան՝ հա­ւատ­քով ջա­տա­գո­վե­լով ինչ­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դին ան­բու­ժե­լի ռու­սա­սի­րու­թիւ­նը, նոյն­պէս եւ վրա­ցի ու թուրք-թա­թար հա­րե­ւան­նե­րուն հետ բա­րի դրա­ցիու­թեամբ ապ­րե­լու ցնոր­քը։

Այս բո­լո­րին ինք­նա­տիպ եւ հան­ճա­րեղ հա­մադ­րու­մը մարմ­նա­ւո­րեց Յով­հան­նէս Թու­մա­նեան։

Բազ­մա­զա­ւակ իր ըն­տա­նի­քով եւ նա­հա­պե­տա­կան նիս­տու­կա­ցով՝ ար­ժա­նա­ցաւ հա­յոց նոր դա­րաշր­ջա­նի ժո­ղովր­դա­յին բա­նաս­տեղ­ծի ար­դար փառ­քին։

Պա­տա­հա­կան չէ, որ միտք, սիրտ ու հո­գի հարըս­տաց­նող իր խո­հուն քեր­թո­ւած­նե­րով, դիւ­ցա­ներ­գու­թիւն­նե­րով, վի­պերգ­նե­րով, հե­քիաթ­նե­րով եւ ա­ռակ­նե­րով՝ Թու­մա­նեան դար­ձաւ ա­մէ­նէն շատ սի­րո­ւած ու կար­դա­ցո­ւած գրող­նե­րէն մէ­կը հայ ի­րա­կա­նու­թեան։

Հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան հան­ճա­րեղ վե­րա­նո­րո­գո­ղի եւ ջեր­մե­ռանդ պա­հա­պա­նի իր գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեամբ, նաեւ ու մա­նա­ւա՛նդ իր վեր­նա­յարկ բնա­կա­րա­նին մէջ հիւ­րըն­կա­լած ա­տե­նի հայ լա­ւա­գոյն մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան «­Վեր­նա­տան հան­դի­պում­նե­րով»՝ Թու­մա­նեան 1900ա­կան­նե­րուն ի­րա­գոր­ծեց հո­գե­կան-գա­ղա­փա­րա­կան միաս­նու­թեան ո­գեշն­չող մթնո­լորտ մը, որ մին­չեւ մեր ժա­մա­նակ­նե­րը կը պահ­պա­նէ օ­րի­նա­կե­լի ա­ւան­դի եւ ներշնչ­ման աղ­բիւ­րի իր այժ­մէա­կա­նու­թիւնն ու թե­լադ­րա­կա­նու­թիւ­նը։

Երբ մե­ծա­պե­տա­կան սադ­րանք­նե­րու եւ ծա­ւա­լա­պաշ­տա­կան նենգ հա­շիւ­նե­րու հե­տե­ւան­քով Անդր­կով­կա­սի գլխա­ւոր ե­րեք ազ­գու­թեանց՝ հա­յե­րուն, վրա­ցի­նե­րուն եւ թա­թար-թուր­քե­րուն մի­ջեւ ա­րիւ­նա­լի ընդ­հա­րում­ներ հրահ­րո­ւե­ցան 1905ին, յատ­կա­պէս Թու­մա­նեան բարձ­րա­հա­սակ կանգ­նե­ցաւ հաշ­տա­րար խառն յանձնա­խում­բե­րու ա­ռա­ջին դիր­քե­րուն վրայ, ազ­գա­մի­ջեան ներ­քին հա­մե­րաշ­խու­թեան ի սպաս հա­ւա­տա­ւոր աշ­խա­տանք ծա­ւա­լե­լով։

Կու­սակ­ցա­կա­նի խառ­նո­ւածք չու­նէր Թու­մա­նեան եւ միայն կար­ճա­տեւ ան­դա­մակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ Դաշ­նակ­ցու­թեան, ո­րուն ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­կան ու­ղիին հա­ւա­տա­ցող հա­մա­կի­րը մնաց մին­չեւ վերջ։ Այդ պատ­ճա­ռով ալ, մտքի եւ գրչի իր ըն­կեր­նե­րուն հետ՝ իբ­րեւ դաշ­նակ­ցա­կա­նի, Թու­մա­նեան ինք եւս 1909ին բանտ նե­տո­ւե­ցաւ ցա­րիզ­մին կող­մէ, որ ձեռ­նա­մուխ ե­ղած էր Դաշ­նակ­ցու­թեան «կազ­մա­լու­ծու­մին», հա­մա­ռու­սա­կան ա­ռա­ջին յե­ղա­փո­խու­թեան շրջա­նին Դաշ­նակ­ցու­թեան ծա­ւա­լած հա­կա­ցա­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեան առ ի պա­տաս­խան։

Թու­մա­նեան ազ­գա­յին գոր­ծի­չին կեր­պա­րը իր ա­ռա­ւե­լա­գոյն հնչե­ղու­թիւ­նը ստա­ցաւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի տա­րի­նե­րուն, երբ Հայ Կա­մա­ւո­րա­կան Շարժ­ման կազ­մա­կերպ­ման իր աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ։ Յատ­կա­պէս մեծ ե­ղաւ Թու­մա­նեա­նի ներդ­րու­մը թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ճո­ղոպ­րած հա­րիւր-հա­զա­րա­ւոր հայ գաղ­թա­կան­նե­րու պատս­պար­ման, բուժ­ման եւ սննդա­ւոր­ման դժո­ւա­րին գոր­ծին մէջ։ Այդ ժա­մա­նակ էր, որ Ս. Էջ­միած­նի վե­րա­նո­րո­գո­ւած վե­հա­րա­նը գաղ­թա­կան­նե­րուն առ­ջեւ իբ­րեւ պատս­պա­րան բա­նա­լու Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի դժկա­մու­թեան առ ի պա­տաս­խան՝ Թու­մա­նեան յայ­տա­րա­րեց, թէ ինքն ալ «Ա­մե­նայն Հա­յոց Բա­նաս­տեղծ»ն­ է եւ, այդ ի­րա­ւուն­քով, բա­նալ տո­ւաւ վե­հա­րա­նը։

Յու­շա­տետ­րի սիւ­նա­կը նեղ է՝ սպա­ռիչ ար­ժե­ւո­րու­մը կա­տա­րե­լու հա­մար Յով­հան­նէս Թու­մա­նեան ԵՐԵՒՈՅԹին։ Բայց ան­պայ­ման պէտք է շեշ­տել, ու­րո­ւագ­ծա­յին այս նշում­նե­րու շար­քին, որ ռու­սա­սի­րու­թիւ­նը ազ­գա­յին խոր ար­մատ­ներ ու­նե­ցող ա­րե­ւե­լում էր Թու­մա­նեա­նի հա­մար։ Ոչ միայն գրա­կան-մշա­կու­թա­յին կա­պե­րով, այ­լեւ՝ «­Հիւ­սի­սի Աստղ»ին մեծ յոյ­սե­րով սպա­սող հայ ժո­ղո­վուր­դին հո­գե­խառ­նու­թեամբ Թու­մա­նեան միշտ քա­րո­զեց եւ գոր­ծեց ռուս ժո­ղո­վուր­դին հետ բա­րե­կա­մու­թեան եւ զի­նակ­ցու­թեան օգ­տին։ Այդ ճամ­բով ալ, Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան նո­ւա­ճու­մէն եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հռչա­կու­մէն ետք, Թիֆ­լիս մնա­լով եւ Ազ­գա­յին Խոր­հուր­դի ճամ­բով իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը շա­րու­նա­կե­լով, Թու­մա­նեան ա­մէն ճիգ թա­փեց, որ­պէս­զի հա­յեւ­ռուս բա­րե­կա­մու­թիւ­նը հե­ռու պա­հէ հա­կադ­րու­թեան եւ թշնա­ման­քի ո­րո­գայթ­նե­րէն։

Այս ա­ռու­մով Թու­մա­նեա­նի վեր­ջին ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ե­ղաւ Հա­յաս­տան ժա­մա­նու­մը 1921ի Մար­տին, պոլ­շե­ւիկ­նե­րու խժդժու­թեանց դէմ Փետ­րո­ւա­րեան հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ապս­տամ­բու­թե­նէն ան­մի­ջա­պէս ետք, որ­պէս­զի Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի «­Հայ­րե­նի­քի Փր­կու­թեան Կո­մի­տէ»ին եւ խորհր­դա­յին­նե­րուն մի­ջեւ հաշ­տեց­ման եզ­րեր գտնէ։

Այդ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը սպա­սո­ւած ար­դիւն­քը չտո­ւաւ, իսկ Թու­մա­նեան բռնո­ւե­ցաւ դեղ­նախ­տէ։ Ան­մի­ջա­պէս վի­րա­հատ­ման պէտք է են­թար­կո­ւէր եւ ան ճամ­բայ ե­լաւ դէ­պի Մոս­կո­ւա՝ Պեր­լին անց­նե­լու եւ հոն մաս­նա­գի­տա­կան գոր­ծո­ղու­թեամբ բու­ժո­ւե­լու հա­մար։ Բայց խլիր­դը խոր բոյն դրած էր մէ­ջը եւ հայ գրա­կա­նու­թեան փառ­քը կազ­մող «­Հան­ճա­րեղ Լո­ռե­ցին» վախ­ճա­նե­ցաւ Մոս­կո­ւա­յի մէջ՝ 1923ի Մարտ 23ին։

Մարտ 23ի այս օ­րը, 92 տա­րի ա­ռաջ, Ա­մե­նայն Հա­յոց Բա­նաս­տեղ­ծը իր վեր­ջին հրա­ժեշ­տը տո­ւաւ ան­ցա­ւոր այս կեան­քին, բայց եր­բեք չհե­ռա­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի մտքէն ու սրտէն՝ ա­մէն քայ­լա­փո­խի բան մը յու­շե­լով եւ շունչ մը ո­գե­ւո­րե­լով հա­յոց հա­րուստ աշ­խար­հէն.-

ՀԱՅՈՑ ԼԵՌՆԵՐՈՒՄ

Յ. Թու­մա­նեան

Մեր ճամ­բէն խա­ւար, մեր ճամ­բէն գի­շեր,

Ու մենք ան­հատ­նում

էն ան­լոյս մըթ­նում

Եր­կա՜ր դա­րե­րով գը­նում ենք դէպ վեր

Հա­յոց լեռ­նե­րում,

Դը­ժար լեռ­նե­րում։

Տա­նում ենք հը­նուց մեր գան­ձերն ան­գին,

Մեր գան­ձե­րը ծով,

Ինչ որ դա­րե­րով

Երկ­նել է, ծը­նել մեր խո­րունկ հո­գին

Հա­յոց լեռ­նե­րում,

Բար­ձըր լեռ­նե­րում։

Բայց քա­նի ան­գամ շէկ ա­նա­պա­տի

Օր­դու­նե­րը սեւ

Ի­րա­րու ե­տեւ

Ե­կա՜ն զար­կե­ցին մեր քար­վանն ազ­նիւ

Հա­յոց լեռ­նե­րում,

Ար­նոտ լեռ­նե­րում։

Ու մեր քար­վա­նը շը­փոթ, սոս­կա­հար,

Թա­լա­նո­ւած, ջար­դո­ւած

Ու հա­տո­ւած-հա­տո­ւած

Տա­նում է ի­րեն վէր­քերն ան­հա­մար

Հա­յոց լեռ­նե­րում,

Սու­գի լեռ­նե­րում։

Ու մեր աչ­քե­րը նա­յում են կա­րօտ՝

Հե­ռու աստ­ղե­րին,

Եր­կըն­քի ծէ­րին,

Թէ ե՞րբ կը բա­ցո­ւի պայ­ծառ ա­ռա­ւօտ՝

Հա­յոց լեռ­նե­րում,

Կա­նաչ լեռ­նե­րում։

1902

 

Ն.