Print
Category: Յուշատետր

Մարտ 21ի օ­րը կ­’ո­գե­կո­չենք մա­հո­ւան տա­րե­լի­ցը հայ գրա­կա­նու­թեան ան­մահ ար­ժէք­նե­րէն բա­նաս­տեղծ Վա­հան Մի­րա­քեա­նի։

Յատ­կա­պէս իր «­Լա­լո­ւա­րի Որ­սը» եր­կա­րա­շունչ բա­նաս­տեղ­ծու­թեամբ հան­րա­ծա­նօթ՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին ճա­կա­տագ­ րին դիւ­ցազ­ներ­գակ այս բա­նաս­տեղ­ծը հայ գրա­կա­նու­թեան ան­դաս­տա­նէն ներս մուտք գոր­ծեց 19րդ դա­րա­վեր­ջին։ Ք­սա­նե­րորդ դա­րու սկիզբ­նե­րը ար­դէն սի­րո­ւած բա­նաս­տեղծ էր, հրա­տա­րա­կած էր «­Լա­լո­ւա­րի Որ­սը» եւ ար­ժա­նա­ցած էր ըն­թեր­ցո­ղի ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան՝ իբ­րեւ ազ­գա­յին մեր ա­ւան­դու­թեանց հա­րա­զատ եր­գի­չը։

Ճա­կա­տա­գի­րը կա­մե­ցաւ, որ իր ծննդա­վայր գիւ­ղին ամ­րօ­րէն կա­պո­ւած եւ ընդ­հան­րա­պէս հոն գոր­ծած Վա­հան Մի­րա­քեան շա­րու­նա­կէ իր գրա­կան ու ման­կա­վար­ժա­կան կեան­քը Մեծ Ե­ղեռ­նի եւ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խաց­ման բախ­տո­րոշ ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րուն, ճա­շա­կէ հայ ժո­ղո­վուր­դի խա­չե­լու­թեան ու յա­րու­թեան դա­րա­կազ­միկ վե­րի­վայ­րում­նե­րը եւ իւ­րո­վի ար­ձա­գան­գէ այդ բո­լո­րին։

Վ. Մի­րա­քեան տե­սաւ եւ ապ­րե­ցաւ նաեւ դառն լու­ծը խորհր­դա­յին կար­գե­րուն, ո­րոնց ճնշու­մին հա­կա­ռակ թէեւ շա­րու­նա­կեց ստեղ­ծա­գոր­ծել, բայց ի վի­ճա­կի չե­ղաւ տպագ­րու­թեան յանձ­նե­լու ազ­գա­յին ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի ներշն­չու­մով գրո­ւած իր գոր­ծե­րը եւ 1942ի Մարտ 21ին աչ­քե­րը առ­յա­ւէտ փա­կեց Ե­րե­ւա­նի մէջ՝ ան­տիպ գոր­ծե­րու ամ­բողջ շարք մը ժա­ռան­գու­թիւն ձգե­լով մեր ժո­ղո­վուր­դին։

Քն­նա­դատ­նե­րու կող­մէ «­Լա­լո­ւա­րի Որ­սը» գնա­հատո­ւած է իբ­րեւ Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նի հան­ճա­րեղ «Ա­նոյշ»ի կող­քին իր ար­ժա­նի տե­ղը ու­նե­ցող տա­ղան­դա­ւոր գործ։ «­Լա­լո­ւա­րի Որ­սը» քնա­րեր­գա­կան պա­տումն է հայ գեղջ­կա­կան կեան­քին այն­քան բնո­րոշ ան­կա­րե­լի սի­րոյ ող­բեր­գու­թեան, ուր ե­րի­տա­սարդ զոյ­գը կը բա­խի ծնո­ղա­կան մեր­ժու­մի ու կտրուկ ար­գել­քի, բայց անդր­դո­ւե­լիօ­րէն փա­րած կը մնայ իր Սի­րոյ ուխ­տին եւ յու­զաշ­խար­հին՝ մին­չեւ մահ։

Վա­հան Ա­ղա­բէ­կի Մի­րա­քեան ծնած է 1866ի Նո­յեմ­բեր 6ին, Շու­լա­վեր գիւ­ղը (որ խորհր­դա­յին­նե­րու օ­րօք Շա­հու­մեան վե­րա­նո­ւա­նո­ւած քա­ղա­քա­տիպ ա­ւան մըն էր, վրա­ցա­կան Մառ­նէու­լի շրջա­նին մէջ)։ Ման­կու­թեան՝ 1873ին ու­ղար­կո­ւած է Սա­նա­հի­նի Սուրբ Աս­տո­ւա­ծա­ծին վան­քի դպրո­ցը՝ հա­յե­ցի իր նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­նա­լու հա­մար։ 1880էն 1886 ու­սա­նած է Ար­հես­տա­ւո­րաց դպրո­ցին մէջ։ Իսկ 1888ին ա­ւար­տած է Գո­րիի Ու­սուց­չա­կան Սե­մի­նա­րիան։

Տա­կա­ւին ու­սա­նող՝ Վ. Մի­րա­քեան Թիֆ­լիս հրա­տա­րա­կո­ւած «Աղ­բիւր» ամ­սագ­րի է­ջե­րուն լոյս ըն­ծա­յեց «Ե­րեք Վարդ» խո­րագ­րով իր ա­ռա­ջին բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը։ Իսկ ու­սու­մը հա­զիւ ա­ւար­տած՝ 1889էն սկսեալ ան ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւե­ցաւ ու­սուց­չա­կան աս­պա­րէ­զին, հա­յոց լե­զու եւ գրա­կա­նու­թիւն ջամ­բե­լով հա­յոց նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն ինչ­պէս իր ծննդա­վայր Շու­լա­վե­րի, նոյն­պէս եւ Ջա­լա­լօղ­լիի, Ս. Էջ­միած­նի Գէոր­գեան Ճե­մա­րա­նի, Նու­խիի, Նոր Նա­խի­ջե­ւա­նի, Թիֆ­լի­սի եւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։

1924ին Վա­հան Մի­րա­քեան վերջ­նա­կա­նա­պէս հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւան՝ Ձեր­ժինս­կիի ա­նո­ւան դպրո­ցին մէջ ստանձ­նե­լով հա­յոց լե­զո­ւի եւ գրա­կա­նու­թեան ու­սու­ցի­չի պաշ­տօ­նը։

Վ. Մի­րա­քեա­նի «­Լա­լո­ւա­րի Որ­սը» պոե­մը ա­ռա­ջին ան­գամ տպագ­րո­ւե­ցաւ 1901ին, Թիֆ­լի­սի «­Մուրճ» ամ­սագ­րի է­ջե­րուն։ Ան­մի­ջա­պէս ար­ժա­նա­ցաւ ըն­թեր­ցող հա­սա­րա­կու­թեան ու­շադ­րու­թեան եւ լայն ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն գտաւ։ Հե­տա­գա­յին, վե­րահ­րա­տա­րա­կու­թեանց կող­քին, գոր­ծը ար­ժա­նա­ցաւ նաեւ ռու­սե­րէն (1942), պարս­կե­րէն, անգ­լե­րէն եւ այլ լե­զու­նե­րով թարգ­մա­նա­բար հրա­տա­րա­կու­թեանց։ «­Լա­լո­ւա­րի Որ­սը» հիմք ու­նե­նա­լով՝ հե­տա­գա­յին ստեղ­ծո­ւե­ցան թատ­րեր­գու­թիւն, օ­փե­րա (ինչ­պէս մե­ծա­տա­ղանդ ե­րա­ժիշտ Բար­սեղ Կա­նա­չեա­նի «Ալ­վար­դի Ե­րա­զը») եւ գե­ղարուես­տա­կան շար­ժան­կար («­Լա­լո­ւա­րի Որս­կա­նը»)։

Խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րուն Վա­հան Մի­րա­քեան թա­փով փա­րե­ցաւ թա­տե­րա­կան գոր­ծե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան։ Գ­րեց «­Մա­նու­շի Հար­սա­նի­քը», «­Նոր Գիւ­ղի Շէմ­քին», «­Խո­զա­րա­ծի Կի­նը» թատ­րեր­գու­թիւն­նե­րը։

Վախ­ճա­նե­ցաւ Թիֆ­լիս 21 Մարտ 1942ին եւ թա­ղո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւան։ Խ.Ս.Հ.Մ. Գ­րող­նե­րու Միու­թեան ան­դամ էր 1934 թո­ւա­կա­նէն։

Իր հրա­տա­րա­կո­ւած գոր­ծե­րու շար­քին են՝

- «Ա­ռանց Լա­րե­րի (բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ)», Թիֆ­լիս, տպա­րան Վ­րաց. Հ­րատ. Ընկ., 1897, 64 էջ (Այս գիր­քը լոյս տե­սած է Միր Կո­նօ գրչա­նու­նով, որ բա­նաս­տեղ­ծը կազ­մած էր իր մա­կա­նու­նին Միր մաս­նի­կով եւ Շու­լա­վե­րի բար­բա­ռով «­Վար­դի փունջ» նշա­նա­կող Կո­նօ բա­ռով)։

- «­Լա­լո­ւա­րի Որ­սը» (պոեմ, ար­տատ­պո­ւած «­Մուրճ» ամ­սագ­րէն), Թիֆ­լիս, տպա­րան Վ­րաց. Հ­րատ. Ընկ., 1901, 78 էջ։

- «­Նոր Գիւ­ղի Շէմ­քին (պիես չորս պատ­կե­րով)», այս գոր­ծը օ­րին ար­ժա­նա­ցաւ Գիւ­ղատն­տե­սա­կան Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան Գ­րա­կա­նու­թեան մրցա­նա­կին, Ե., Պետհ­րատ, 1927, 46 էջ։

- «­Մա­նու­շի Հար­սա­նի­քը» (պիես), Ե., Պետհ­րատ, 1927, 30 էջ։

- «­Խո­զա­րա­ծի Կի­նը (դրա­մա՝ 5 գոր­ծո­ղու­թեամբ, գիւ­ղա­կան կեան­քից)», Ե., Պետհ­րատ, 1928, 51 էջ։

«­Լալ­վա­րի Որ­սը» ար­ժա­նա­ցած է բազ­մա­թիւ վե­րահ­րա­տա­րա­կու­թեանց՝ 1929ին, 1935ին, 1936ին, 1938ին, 1948ին, 1953ին, 1967ին եւ 1980ին։

Վա­հան Մի­րա­քեան թո­ղած է նաեւ ան­տիպ գոր­ծե­րու հա­րուստ ժա­ռան­գու­թիւն մը, ո­րուն ա­ռիւ­ծի բա­ժի­նը կը կազ­մեն հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րէն եւ ցա­րա­կան փտած կար­գե­րու դէմ հայ գեղ­ջու­կի ըմ­բոս­տա­ցու­մէն ներշն­չո­ւած եր­կա­րա­շունչ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներն ու դիւ­ցազ­նա­վէ­պե­րը, ինչ­պէս «Եփ­րա­տի Կոյ­սը», «Եղ­նի­կի Փե­րին», «Ար­զու­ման Քե­ռին» եւ ու­րիշ­ներ։ Ան­տիպ­նե­րու շար­քին կան պատ­մո­ւածք­ներ եւ յու­շագ­րու­թիւն­ներ։ Ար­ժէ­քա­ւոր է յատ­կա­պէս «Եղ­նի­կի Փե­րին» հե­քիաթ-պոե­մը, ո­րուն վրայ բա­նաս­տեղ­ծը աշ­խա­տած է 1904էն մին­չեւ 1940 եւ մշա­կած 18 տար­բե­րակ­ներ, ո­րոնց­մէ հա­տո­ւած­ներ լոյս տե­սած են տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ինչ­պէս հայ­րե­նի, նոյն­պէս եւ սփիւռ­քեան հան­դէս­նե­րու է­ջե­րուն (ինչ­պէս Փա­րի­զի «Ա­նա­հիտ» գրա­կան հան­դէ­սը եւ Վե­նե­տի­կի «­Բազ­մա­վէպ» հա­յա­գի­տա­կան հան­դէ­սը)։ «Եղ­նի­կի Փե­րին» ներշն­չո­ւած է հե­թա­նո­սա­կան շրջա­նի հայ­կա­կան ա­ւան­դու­թե­նէ մը, որ կը վե­րա­բե­րի ան­մեղ եղ­նիկ­նե­րը չա­րէն պաշտ­պա­նող ա­ռաս­պե­լա­կան փե­րիի մը։ Այ­լա­բա­նա­կան մշա­կու­մով՝ Վա­հան Մի­րա­քեան հա­մի­տեան կո­տո­րած­նե­րուն դէմ հայ­կա­կան ըմ­բոս­տաց­ման դիւ­ցազ­ներ­գու­թիւ­նը շնչա­ւո­րած է հա­յոց քա­ջե­րու պա­հա­պան «Եղ­նի­կի Փե­րի»ով եւ ա­նոր յա­ռաջ բե­րած ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի շար­ժու­մով։

Վա­հան Մի­րա­քեա­նի յի­շա­տա­կին նո­ւի­րո­ւած այս է­ջը կ­՛ար­ժէ փա­կել բա­նաս­տեղ­ծի ան­տիպ դիւ­ցազ­ներ­գու­թիւն­նե­րէն՝ «Եփ­րա­տի Կոյս»ը ա­նու­նով եր­կա­րա­շունչ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան նո­ւի­րո­ւած Լ. Բա­դի­կեա­նի հե­տե­ւեալ վկա­յու­թեամբ.

- «­Հե­տաքրք­րա­կան է նաեւ «Եփ­րա­տի Կոյ­սը» պոեմր, ո­րը գրո­ւած է 1894-95 թթ. եւ ու­նի ե­րեք տար­բե­րակ։ Պոե­մի նիւ­թը վեր­ցո­ւած է 90ա­կան թո­ւա­կան­նե­րի հայ­կա­կան կո­տո­րած­նե­րի դրո­ւագ­նե­րից։ Կա­րե­ւոր են ա­ռանձ­նա­պէս թուրք բար­բա­րոս­նե­րի դէմ հա­յե­րի մղած հե­րո­սա­կան պայ­քարն ար­տա­ցո­լող է­ջե­րը։

«­Պոե­մի գլխա­ւոր հե­րոս­նե­րը Սաս­նայ լեո­նե­րում հո­վո­ւա­կան կեան­քով ապ­րող եր­կու ե­րի­տա­սարդ­ներ են։ Վա­նիկր լեռ­նա­կա­նի ան­բիծ հո­գով սի­րում է Ֆի­դա­նին։ Հա­մի­դեան ա­րիւ­նա­լի ե­ղեռ­նի օ­րե­րին Վա­նի­կը գնում է հայ­րե­նի­քը պաշտ­պա­նե­լու։ Հայ­րե­նա­սէր հո­վի­ւու­հին, զգես­տա­փո­խո­ւած ու զի­նա­վառ, նոյն­պէս մեկ­նում է ռազ­մա­ճա­կատ։

Քա­ջա­կո­րով սա­սուն­ցի­ներր կազ­մա­կեր­պում են այն­պի­սի պաշտ­պա­նու­թիւն, որ բար­բա­րոս­նե­րը հար­կադ­րո­ւած հաշ­տու­թիւն են կնքում ու ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը դա­դա­րեց­նում։ Կարճ ժա­մա­նակ անց, թուրք հրէշ­նե­րը խա­բէու­թեամբ զէնք կրե­լու ըն­դու­նակ բո­լոր հա­յե­րին բան­տերն են լցնում, իսկ կա­նանց՝ գե­րե­վա­րում։ Գե­րի է տար­ւում նաեւ Ֆի­դա­նը։ Գե­րու­թեան կա­պանք­նե­րի մէջ նա ար­հա­մար­հում է մա­հը եւ չի յանձն­ւում բէ­կին։

Կ­րօ­նա­մոլ ջար­դա­րար­նե­րը հայ բան­տար­կեալ­նե­րին տա­նում են Հա­ւա­տա­փո­խու­թեան ։ Ան­հա­ւա­սար մի ճա­կա­տա­մար­տում զոհ­ւում է Վա­նի­կը։ Բէ­կը աղջը­կան է բե­րում սի­րած տղա­յի գլու­խը։

«­Պոե­մի ռեա­լիս­տա­կան հէն­քին հիւս­ւում Է լեռ­նա­կան գեղ­ջուկ­նե­րի սի­րոյ ռո­ման­տի­կան։ Ֆի­դա­նը մեր­ժում է ա­տե­լի բէ­կի բո­լոր պա­հանջ­նե­րը եւ գե­րեզ­ման գտնում Եփ­րա­տի կո­հակ­նե­րի մէջ։ Նա ե­ղեռ­նա­կան մա­հո­ւամբ հաս­տա­տում է իր յա­ւեր­ժա­կան սէ­րը, իր մա­հո­ւամբ հաս­նում ան­մա­հու­թեան»։

Ն.