Print
Category: Յուշատետր

Մարտ 19ի այս օ­րը, 59 տա­րի ա­ռաջ, ­Պէյ­րու­թի մէջ վախ­ճա­նե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ­Ֆե­տա­յա­կան ­Շարժ­ման ա­ռաս­պե­լա­կան հե­րոս­նե­րէն խմբա­պետ ­Մու­շե­ղը։

­Հայ ժո­ղո­վուր­դի անձ­նու­րաց հե­րոս­նե­րու փա­ղան­գին մէջ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ իր պա­տո­ւան­դա­նը ու­նի ­Սաս­նոյ ­Խիանք գա­ւա­ռի ծնունդ այս քա­ջա­գործ ֆե­տա­յին, ո­րուն ա­ւա­զա­նի ա­նու­նը Ա­ւե­տի­սեան ­Մու­շեղ էր, եւ որ հա­յոց ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ ան­մա­հա­ցաւ Խըմ­բա­պետ ­Մու­շեղ ա­նու­նով։

Իր ան­ձին ու գոր­ծին վառ օ­րի­նա­կով՝ Խմ­բա­պետ ­Մու­շեղ իւ­րո­վի մարմ­նա­ւո­րեց ­Սա­սուն­ցի ­Քա­ջոր­դիի, ­Դաշ­նակ­ցու­թեան Ան­կեղծ ­Զի­նո­ւո­րի եւ ­Հայ­դու­կա­պետ ­Ֆե­տա­յիի ո­գե­ւո­րող ու ա­ռաջ­նոր­դող ա­ւան­դը՝ հայ ժո­ղո­վուր­դին ու ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան հա­մար մին­չեւ վեր­ջին շունչ պայ­քա­րե­լու անձ­նո­ւի­րու­մը։

1887ին ծնած՝ ­Մու­շեղ կը պատ­կա­նէր ­Հայ­կա­կան ­Յե­ղա­փո­խու­թեան միջ­նա­բեր­դը՝ ­Տա­րօ­նայ Աշ­խար­հը ըմ­բոս­տաց­ման եւ պայ­քա­րի հա­նած անն­ման ­Ֆե­տա­յի­նե­րու երկ­րորդ սե­րուն­դին։

­Մա­նուկ տա­րի­քին Խմ­բա­պետ ­Մու­շեղ ա­կա­նա­տես դար­ձաւ 1894-1895ի ­Սաս­նոյ ա­ռա­ջին ապս­տամ­բու­թեան, իր կար­գին կրեց հե­տե­ւանք­նե­րը ­Հա­մի­տեան կո­տո­րած­նե­րու մա­հաս­փիւռ խոր­շա­կին եւ, Ս. ­Կա­րա­պետ վան­քի ու Մ­շոյ վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ յե­ղա­փո­խա­շունչ ու­սու­մի տի­րա­նա­լով, պա­տա­նի տա­րի­քէն սնա­նե­ցաւ ու ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցաւ ­Սե­րոբ Աղ­բիւր­նե­րու եւ Հ­րայր Դ­ժոխք­նե­րու, Անդ­րա­նիկ­նե­րու եւ ­Գէորգ ­Չա­ւուշ­նե­րու յանդգ­նու­թեան, ա­րու­թեան եւ անձ­նա­զո­հու­թեան օ­րի­նա­կով։

­Սաս­նոյ երկ­րորդ եւ եր­րորդ ապս­տամ­բու­թեանց շրջա­նին, 1904ին եւ 1907ին, ­Մու­շեղ ար­դէն ան­դա­մագրուած էր ­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ աշ­խոյժ մաս­նա­կից էր ֆե­տա­յա­կան կռիւ­նե­րուն։ Ե­րի­տա­սարդ իր այդ տա­րի­քէն ­Մու­շեղ գրա­ւեց ու­շադ­րու­թիւ­նը ­Ռու­բէն ­Տէր-­Մի­նա­սեա­նի, ո­րուն վստա­հո­ւած էր ­Տա­րօն Աշ­խար­հի յե­ղա­փո­խա­կան կազ­մա­կեր­պու­մը։

1908ի Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մէն ետք, ­Ռու­բէ­նի յանձ­նա­րա­րու­թեամբ, ­Մու­շեղ ան­ցաւ ­Տիգ­րա­նա­կերտ եւ լծո­ւե­ցաւ տեղ­ւոյն հա­յու­թեան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կռո­ւան­նե­րը կազ­մա­կեր­պե­լու գոր­ծին։ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Զի­նո­ւո­րի իր կեր­պա­րը այդ­պէ՛ս ար­մա­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ եւ ամ­րապն­դո­ւե­ցաւ։

­Մինչ Իթ­թի­հա­տա­կան իշ­խա­նու­թեան ա­ռա­ջին այդ տա­րի­նե­րուն ա­մէ­նուր խան­դա­վա­ռու­թիւն կը տի­րէր ա­զա­տու­թեան, հա­ւա­սա­րու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան իթ­թի­հա­տա­կան խոս­տում­նե­րուն նկատ­մամբ, ­Մու­շեղ ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւե­ցաւ ­Տա­րօ­նի հա­յու­թեան դի­մադ­րա­կան կո­րո­վը վառ պա­հե­լու, զէն­քե­րը վար չդնե­լու եւ յո­ռե­գոյ­նին՝ ա­րիւ­նա­լի պա­տու­հա­սին կազ­մա­կեր­պա­կա­նօրէն պատ­րաստ գտնո­ւե­լու տեն­դա­գին աշ­խա­տան­քին՝ ­Ռու­բէ­նի իսկ խրա­խու­սան­քով եւ յանձ­նա­րա­րու­թեամբ։

Այդ շրջա­նին էր, նաեւ, որ ­Հայ ­Ֆե­տա­յա­կան ­Շարժ­ման ա­ռաս­պե­լա­տիպ քա­ջե­րէն ­Կո­րիւ­նի հետ, ­Մու­շեղ ան­մի­ջա­կան գոր­ծա­կի­ցը դար­ձաւ ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեա­նի, որ իբ­րեւ կրթա­կան հսկիչ եւ ու­սու­ցիչ ­Պո­լի­սէն ա­ռա­քո­ւած էր գա­ւառ­նե­րը։ Այդ ճամ­բով էր, որ գա­ւառ­նե­րու հա­յու­թիւ­նը եւ յատ­կա­պէս ­Տա­րօ­նի Աշ­խար­հը թէ՛ հո­գեմտա­ւոր, թէ՛ զի­նու­մի ա­ռում­նե­րով նա­խա­պատ­րաս­տո­ւե­ցաւ ­Ցե­ղաս­պա­նին հետ օր­հա­սա­կան ճա­կա­տու­մին։

1915ին, ­Տա­րօ­նի հա­յու­թեան վե­ցամ­սեայ հե­րո­սա­մար­տին ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, ­Մու­շեղ դար­ձաւ շրջա­նի զի­նո­ւո­րա­կան հրա­մա­նա­տա­րու­թեան գլխա­ւոր դէմ­քե­րէն մէ­կը՝ հնա­րա­ւո­րինս փրկե­լով ­Տա­րօ­նի հա­յու­թիւ­նը։

Իսկ 1916էն 1917, երբ ռու­սա­կան զօր­քին հետ ­Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Գուն­դե­րը ա­զա­տագ­րե­ցին Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի կա­րե­ւոր մա­սը, իբ­րեւ Խ­նու­սի ձիա­ւոր գու­մար­տա­կի հրա­մա­նա­տար, ­Մու­շեղ գոր­ծեց ­Սաս­նոյ լեռ­նե­րուն վրայ եւ ձեռ­նար­կեց քրտա­կան ու թրքա­կան սան­ձար­ձա­կու­թեանց են­թա­կայ հա­յու­թեան բե­կոր­նե­րը հա­ւա­քե­լու եւ փրկե­լու ­Գոր­ծին։

­Ռու­սա­կան զօր­քե­րու նա­հան­ջէն եւ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի հա­յու­թեան պար­պու­մէն ու Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տան գաղ­թէն ետք, 1918էն 1920, զէն­քի իր հին ըն­կե­րոջ՝ ­Փե­թա­րայ ­Մա­նու­կի հետ, ա­պա ա­նոր նա­հա­տա­կու­թե­նէն ետք ա­ռան­ձինն՝ ­Մու­շեղ պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թեամբ մեծ գործ կա­պեց իր ա­նու­նին, ­Թա­լի­նի ամ­բողջ շրջա­նը թա­թար­նե­րէն մաք­րա­գոր­ծե­լով եւ ­Սա­սու­նէն ու ­Մու­շէն գաղ­թած հա­յու­թիւ­նը հոն բնա­կաց­նե­լով։

Խմ­բա­պետ ­Մու­շե­ղի վեր­ջին խո­յան­քը հան­դի­սա­ցաւ 1921ի ­Փետ­րո­ւա­րեան հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան ապս­տամ­բու­թեան յաղ­թա­նա­կը։ ­Սա­սուն­ցի իր քա­ջա­գործ մար­տիկ­նե­րուն գլուխն ան­ցած՝ խմբա­պետ ­Մու­շեղ ե­ղաւ ­Փետ­րո­ւար 18ի ըմ­բոս­տաց­ման ա­ռա­ջին ազ­դան­շա­նը տո­ւող­նե­րէն մէ­կը՝ Էջ­միա­ծի­նէն ու Աշ­տա­րա­կէն վտա­րե­լով կար­միր ջո­կա­տա­յին­նե­րուն ա­պա­ւի­նած հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րը։

Այ­նու­հե­տեւ՝ Ատր­պա­տա­կան ան­ցած ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ղե­կա­վա­րու­թեան հետ, Խմ­բա­պետ ­Մու­շեղ իր կար­գին ցմրուր ճա­շա­կեց տա­րա­գիր հա­յու ճա­կա­տագ­րին դառն բա­ժա­կը։ Ո­րոշ ժա­մա­նակ ապ­րե­ցաւ ­Յու­նաս­տան, ա­պա՝ ­Հա­լէպ եւ վերջ­նա­կա­նա­պէս հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Պէյ­րութ, ուր եւ վախ­ճա­նե­ցաւ 19 ­Մարտ 1956ին։

Իր մա­հո­ւան 59րդ ­տա­րե­լի­ցին, իբ­րեւ ո­գե­կոչ­ման թե­ւա­ւոր վկա­յու­թիւն, կ­þար­ժէ խօս­քը տալ սփիւռ­քա­հայ տա­ղան­դա­ւոր բա­նաս­տեղծ, գրող եւ հրա­պա­րա­կա­գիր Անդ­րա­նիկ ­Ծա­ռու­կեա­նի, որ մօ­տէն ճանչ­ցաւ Խմ­բա­պետ ­Մու­շե­ղը եւ «Ե­րա­զա­յին ­Հա­լէ­պը» ա­նուն իր գոր­ծին մէջ հե­տե­ւեալ կեն­դա­նա­գի­րը ար­ձա­նագ­րեց ­Հե­րոս ­Ֆե­տա­յիին մա­սին.

«Հս­կայ մար­մին մը, վրան ա­ռիւ­ծի գլուխ մը եւ եր­կու աչ­քեր, լեռ­նա­յին լճակ­նե­րու պէս խա­ղաղ ու վճիտ աչ­քեր։ Ա­մէն ինչ այդ աչ­քե­րուն մէջ է։ Իր մտա­ծում­նե­րը, զգա­ցում­նե­րը, ապ­րում­նե­րը հոն են, այդ աչ­քե­րուն մէջ, ո­րոնց թա­փան­ցիկ պայ­ծա­ռու­թեան մէջ կը կար­դաս իր պար­զու­նակ հո­գին։ ­Հո­գի մը, որ ծալ­քեր չու­նի, ներ­քին ա­լե­կո­ծում­ներ եւ բար­դու­թիւն­ներ չի ճանչ­նար, այլ ան­մեղ մա­նու­կի աչ­քե­րով կը դի­տէ աշ­խար­հը, զար­մա­ցած եւ զար­մա­նա­լու միշտ պատ­րաստ։

«Ուս­ման բա­րիք­նե­րը, ինչ­պէս եւ չա­րիք­նե­րը ան­ծա­նօթ են իր ու­ղե­ղին, որ դեռ մա­քուր է, կա­ւի­ճէն չա­ղար­տո­ւած գրա­տախ­տա­կի մը պէս։ ­Մես­րո­պեան տա­ռե­րը հե­գե­լու ժա­մա­նակ չէ ու­նե­ցած։ Իր կոշ­կո­ռած ձեռ­քե­րը հա­զիւ սոր­ված են գու­թա­նին մա­ճը բռնել, ան­մի­ջա­պէս յե­տոյ հինգ մատ­նե­րով գրկե­լու հա­մար հրա­ցա­նին պող­պա­տը։ Ու­րիշ գործ չի գի­տեր, չէ ու­նե­ցած։ Ոչ ար­հեստ, ոչ ու­սում։

«Իր սպի­տակ նժոյ­գով եւ հրա­ցա­նով պատ­մու­թեան ան­ցած եւ այն­տեղ ալ մնա­ցած՝ խմբա­պետ ­Մու­շե­ղը հի­մա պար­զա­պէս ե­ղած է ըն­կեր ­Մու­շեղ մը, ո­րուն հետ կը նստինք, կը խօ­սինք, կը խօ­սեց­նենք։ ­Խօ­սիլ շատ չի սի­րեր, մա­նա­ւանդ իր մա­սին։ Եւ մեր պա­տա­նե­կան ան­յա­գուրդ ծա­րա­ւին գո­հա­ցում տա­լու հա­մար է, որ եր­բեմն կը զի­ջի պատ­մել դրո­ւագ մը։

«– Այդ­տեղ՝ տղեր­քը իս­կոյն դիրք գրա­ւե­ցին։ Տ­ղա­նե­րէն մէ­կը ծանր վի­րա­ւո­րո­ւե­ցաւ, ինչ որ կա­տա­ղու­թեան հաս­ցուց ըն­կեր­նե­րուն զայ­րոյ­թը եւ գրո­հի ան­ցան, փա­խուս­տի մատ­նե­լով թշնա­մին։

«­Միշտ տղերքն էին, տղա­նե­րը, ինք չկայ։ ­Միշտ կը խօ­սի եր­րորդ դէմ­քով։ Ան­գամ մը միայն շե­ղում ու­նե­ցաւ.– «Այդ կռի­ւին, նե­րո­ղու­թիւն սրա հա­մար, ձիս զար­նո­ւե­ցաւ»։ Անձ­նա­կան այդ միակ յի­շա­տա­կու­թեան հա­մար – ­նե­րո­ղու­թի՜ւն...

«­Մու­շե­ղին այդ հա­մես­տու­թիւ­նը եւ պար­զու­թիւ­նը կա­նու­խէն ազ­դած են վրաս եւ մէ­կէ ա­ւե­լի յօ­դո­ւած­ներ գրած եմ իր մա­սին։ ­Դի­պո­ւա­ծա­կան պա­տահ­մունք պէտք չէ ե­ղած ըլ­լայ, որ «­Թուղթ առ Ե­րե­ւան»ի մէջ մեր ապ­րող մար­տիկ­նե­րէն միայն ­Մու­շեղն է, որ կը յի­շա­տա­կո­ւի, երբ դեռ ողջ էին Դ­րօն, ­Ռու­բէ­նը եւ ու­րիշ­ներ...

«... Ի՞նչ ե­ղած էր սա­կայն ­Մու­շե­ղին գոր­ծը ան­ցեա­լին։ Անձ­նու­րաց եւ ան­վե­հեր մար­տիկ ­Սա­սու­նի լեռ­նե­րուն վրայ՝ ե­զա­կան պա­րա­գայ մը չէր։ ­Շա­տեր կա­յին ի­րեն պէս։ ­Մու­շե­ղին իս­կա­կան գոր­ծը, մեծ գոր­ծը, ­Կով­կա­սի մէջ էր, ­Հան­րա­պե­տու­թեան շրջա­նին։ ­Հա­յաս­տա­նը հա­յաց­նող հե­ծեալ մար­տիկ­նե­րու ջո­կա­տին խմբա­պետն էր։ ­Սա­սուն­ցի­նե­րու այդ գու­մար­տա­կը, թի­ւով 200 հո­գի, զի­նո­ւո­րա­կան հրա­մա­նա­տա­րու­թե­նէն ան­ջատ միա­ւոր մըն էր, որ դրո­ւած էր ուղ­ղա­կի պա­տե­րազ­մա­կան նա­խա­րար ­Ռու­բէ­նի հրա­մա­նա­տա­րու­թեան տակ։

«– Գ­րա­ւոր կամ բե­րա­նա­ցի հրա­ման տա­լու պէտք չու­նէի ­Մու­շե­ղին,– կ­՚ը­սէր ­Ռու­բէն։ ­Սե­ղա­նիս բա­ցո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի քար­տէ­սին վրայ թուղ­թէ պզտիկ դրօ­շակ­ներ կը դնէի եւ բարձ­րա­ձայն կը կար­դա­յի նշո­ւած թրքա­կան գիւ­ղին կամ ա­ւա­նին ա­նու­նը։ ­Մու­շե­ղը կը հասկ­նար ու կ­՚եր­թար։ Ին­ծի զե­կոյց տա­լու պէտք չու­նէր։ ­Գի­տէի թէ ճշդո­ւած վայ­րը մաք­րո­ւած է»...­

«– Գ­րա­ւոր կամ բե­րա­նա­ցի հրա­ման տա­լու պէտք չու­նէի ­Մու­շե­ղին,– կ­՚ը­սէր ­Ռու­բէն։ ­Սե­ղա­նիս բա­ցո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի քար­տէ­սին վրայ թուղ­թէ պզտիկ դրօ­շակ­ներ կը դնէի եւ բարձ­րա­ձայն կը կար­դա­յի նշո­ւած թրքա­կան գիւ­ղին կամ ա­ւա­նին ա­նու­նը։ ­Մու­շե­ղը կը հասկ­նար ու կ­՚եր­թար։ Ին­ծի զե­կոյց տա­լու պէտք չու­նէր։ ­Գի­տէի թէ ճշդո­ւած վայ­րը մաք­րո­ւած է»...

Ն.