Print
Category: Յուշատետր

­Մարտ 18ի օ­րը վախ­ճա­նած է հայ ժո­ղո­վուր­դի գա­ղա­փա­պաշտ զա­ւակ­նե­րու փա­ղան­գին մէջ իր յա­տուկ տեղն ու ար­ժէ­քը ու­նե­ցող անձ­նո­ւէր դէմք մը՝ ­Սա­հակ ­Տէր-­Թով­մա­սեան։

­Փա­րի­զեան հի­ւան­դա­նո­ցի մը մէջ, 55 տա­րի ա­ռաջ, սրտի հի­ւան­դու­թեամբ վա­տա­ռողջ եւ ընդ­հան­րա­պէս քայ­քա­յո­ւած ա­ռող­ջու­թեամբ ան­կո­ղին գա­մո­ւած՝ առ­յա­ւէտ աչ­քե­րը փա­կեց պայ­քա­րի եր­կար ճամ­բայ կտրած ե­րախ­տա­շատ դաշ­նակ­ցա­կա­նը։

­Կը պատ­կա­նէր ­Դաշ­նակ­ցու­թեան երկ­րորդ սե­րուն­դին, որ հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ իր աչ­քե­րը բա­ցաւ 19րդ ­դա­րու վեր­ջին տաս­նա­մեա­կին։ ­Սե­րունդ՝ որ մա­նուկ եւ պա­տա­նի տա­րի­քին տե­սաւ, լսեց ու ապ­րե­ցաւ ­Հայ­կա­կան ­Յե­ղա­փո­խու­թեան ա­լե­կո­ծում­ներն ու վե­րի­վայ­րում­նե­րը, պան­ծա­լի սլացք­ներն ու ա­հա­ւոր ան­կում­նե­րը եւ, թրծո­ւե­լով ­Դաշ­նակ­ցու­թեան անդ­րա­նիկ սե­րուն­դի շուն­չով ու հե­տե­ւե­լով ա­նոր ան­կեղծ զի­նո­ւո­րի վառ օ­րի­նա­կին, հա­զիւ ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին հա­սած, իր կար­գին անմ­նա­ցորդ նե­տո­ւե­ցաւ պայ­քա­րի դաշտ։

Այդ սե­րուն­դի ինք­նա­տիպ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն ե­ղաւ ­Սա­հակ ­Տէր-­Թով­մա­սեան, ո­րուն ա­նու­նը անջըն­ջե­լիօ­րէն կա­պո­ւած կը մնայ 1921ի ­Փետ­րո­ւար 18ի հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան ապս­տամ­բու­թեան՝ խորհր­դա­յին նո­րա­հաս­տատ կար­գե­րուն դէմ հա­յոց ա­ռա­ջին ազ­գա­յին ծա­ռա­ցու­մին։ ­Փետ­րո­ւա­րեան ապս­տամ­բու­թեամբ կեան­քի կո­չո­ւած եւ ­Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի նա­խա­գա­հու­թեամբ գոր­ծած ­Հայ­րե­նի­քի Փր­կու­թեան ­Կո­մի­տէի քար­տու­ղար-պաշ­տօ­նա­տարն էր ­Սա­հակ ­Տէր-­Թով­մա­սեան՝ մտե­րիմ գոր­ծա­կիցն ու աջ բա­զու­կը Վ­րա­ցեա­նի, ո­րուն հետ կա­պո­ւած մնաց մին­չեւ իր վեր­ջին շուն­չը։

­Սա­հակ ­Տէր-­Թով­մա­սեան ծնած էր 1892ին, ­Վաս­պու­րա­կա­նի ­Շա­տախ գա­ւա­ռի ­Ջեր­մա­ձոր գիւ­ղը։ ­Միջ­նա­կարգ ու­սու­մը ստա­ցաւ ­Վա­նի մէջ եւ ան­մի­ջա­պէս վե­րա­դար­ձաւ իր ծննդա­վայր գիւ­ղը, ուր եւ ան­դա­մագ­րո­ւե­ցաւ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան։ Իշ­խա­նի, ­Ռու­բէ­նի եւ Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի շուն­չով կազ­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ ա­նոր դաշ­նակ­ցա­կա­նի հա­ւա­տա­ւոր ու անձ­նո­ւէր կեր­պա­րը։

1908ի Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մէն ետք, տա­կա­ւին 16ա­մեայ հա­զիւ ե­րի­տա­սարդ՝ ­Սա­հակ ու­շադ­րու­թիւն գրա­ւեց հան­րա­յին իր աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թեամբ։ Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան «ա­ւե­տած» ա­զա­տու­թեան, եղ­բայ­րու­թեան եւ հա­ւա­սա­րու­թեան խոս­տում­նե­րուն հա­ւատք չըն­ծա­յող նո­րա­հաս սե­րուն­դի դրօ­շա­կիր­նե­րէն ե­ղաւ՝ ­Շա­տա­խի «­Տիգ­րիս» եւ «­Նոր ­Տիգ­րիս» խմո­րա­տիպ պար­բե­րա­կան­նե­րուն իր բե­րած աշ­խա­տակ­ցու­թեամբ։ ­Դար­ձաւ ­Շա­տա­խի հա­յու­թեան զին­ման եւ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար ան­դուլ պայ­քա­րող դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծիչ մը։

­Պա­տա­հա­կան չէր, որ 1909ին Ա­տա­նա­յի կո­տո­րա­ծին եւ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին գոր­ծո­ւած հա­կա­հայ խժդժու­թեանց դէմ ընդվ­զող ու իթ­թի­հա­տա­կան խոստմ­նադ­րուժ իշ­խա­նու­թեանց դէմ ը­մոս­տաց­ման դրօ­շը պար­զող ա­ռա­ջին շրջան­նե­րէն ե­ղաւ ­Շա­տա­խի հա­յու­թիւ­նը։ ­Սա­հակ ­Տէր-­Թով­մա­սեան գա­ղա­փա­րի մար­տի­կի իր մկրտու­թիւ­նը ստա­ցաւ ­Շա­տա­խի ըմ­բոս­տաց­ման շար­ժու­մին մէջ։

Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի օր­հա­սա­կան օ­րե­րուն, ­Վա­նի եւ ընդ­հան­րա­պէս ­Վաս­պու­րա­կա­նի հա­յու­թեան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան դժո­ւա­րին կռիւ­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­մին եւ ղե­կա­վա­րու­մին մէջ ան ու­նե­ցաւ իր ներդրու­մը։ ­Շա­տա­խի մար­տու­նակ հա­յու­թեան հետ, ­Սա­հակ ­Տէր-­Թով­մա­սեան թէ՛ վա­յե­լեց թրքա­կան զօր­քե­րը պար­տու­թեան մատ­նե­լու եւ ­Վաս­պու­րա­կա­նը ա­զա­տագ­րե­լու յաղ­թա­նա­կին բերկ­րան­քը, թէ՛ ցմրուր ճա­շա­կեց յաղ­թա­նա­կին յա­ջոր­դած՝ ռու­սա­կան զօր­քե­րու նա­հան­ջին հետ Եր­կի­րը թող­նե­լու եւ, իբ­րեւ գաղ­թա­կան, Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տան ա­պաս­տա­նե­լու վե­րապ­րող ա­րեւմ­տա­հա­յու­թեան դա­ժան ճա­կա­տագ­րին դառն բա­ժա­կը։

­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կերտ­ման հե­րո­սա­մարտ­նե­րու ըն­թաց­քին եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նա­ւոր­ման ու շի­նա­րա­րու­թեան ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, ­Սա­հակ ­Տէր-­Թով­մա­սեան ար­թուն պա­հա­կի պէս կանգ­նե­ցաւ ­Շա­տա­խի գաղ­թա­կան հա­յու­թեան կող­քին։ Եւ երբ քե­մա­լա­կան ­Թուր­քիոյ սա­լին ու պոլ­շե­ւի­կեան ­Ռու­սաս­տա­նի մուր­ճին մի­ջեւ իյ­նա­լով՝ կոր­ծա­նո­ւե­ցան ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւնն ու ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը եւ սկսան պոլ­շե­ւի­կեան խժդժու­թիւն­նե­րը, ­Սա­հակ ­Տէր-­Թով­մա­սեան գլխա­ւո­րեց շա­տախ­ցի­նե­րու ապս­տամ­բա­կան շար­ժու­մը եւ միա­ցաւ ­Հայ­րե­նի­քի Փր­կու­թեան ­Կո­մի­տէին։

Ապս­տամ­բու­թեան ան­կու­մէն ետք, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ղե­կա­վա­րու­թեան հետ, ինք եւս ան­ցաւ ­Թաւ­րիզ (Ատր­պա­տա­կան), ուր շատ կարճ ժա­մա­նակ մնա­լէ ետք վերջ­նա­կա­նա­պէս հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Փա­րիզ, ուր եւ կնքեց իր մահ­կա­նա­ցուն 18 ­Մարտ 1960ին։

­Սա­հակ ­Տէր-­Թով­մա­սեա­նի փա­րի­զեան քա­ռաս­նա­մեայ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը յատ­կան­շո­ւե­ցաւ անձ­նո­ւի­րու­մով եւ ան­սա­կարկ ծա­ռա­յու­թեամբ։ ­Մին­չեւ վեր­ջին շունչ աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան տա­րա­գիր կազ­մա­կեր­պու­թեան ու­ժե­ղաց­ման, ընդ­լայն­ման եւ ար­մա­տա­ւոր­ման գոր­ծին՝ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն Հ.Յ.Դ. Եւ­րո­պա­յի կա­ռոյ­ցին ղե­կա­վար մար­մին­նե­րուն մաս կազ­մե­լով, Հ.Յ.Դ. ի­րե­րա­յա­ջորդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղով­նե­րուն իբ­րեւ շրջա­նէն պատ­գա­մա­ւոր ընտ­րո­ւե­լով։

­Դաշ­նակ­ցա­կա­նի կար­գա­պա­հու­թիւ­նը, գա­ղա­փա­րա­կան յանձ­նա­ռու­թիւ­նը եւ, մա­նա­ւա՛նդ, ինք­նա­հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը նկա­րագ­րի տի­րա­կան յատ­կա­նիշ­նե­րը ե­ղան ­Հայ Ազ­գա­յին-Ա­զա­տագ­րա­կան ­Շարժ­ման այս ար­ժէ­քա­ւոր ե­րախ­տա­ւո­րին։

­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կո­րուս­տին եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի հայ­րե­նի հո­ղի վրայ վե­րապ­րող հա­տո­ւա­ծին պար­տադ­րո­ւած խորհր­դա­յին բռնա­տի­րու­թեան հետ եր­բեք չհաշ­տո­ւե­ցաւ։ ­Տա­րա­գիր իր գոր­ծու­նէու­թեան ամ­բողջ շրջա­նին, իբ­րեւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, մշտա­կան կա­պի եւ գոր­ծակ­ցու­թեան մէջ մնաց ­Կով­կա­սեան տա­րա­գիր ազ­գե­րու կազ­մա­կեր­պու­թեանց հետ։ Իսկ երբ բռնկե­ցաւ Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տը եւ նա­ցիա­կան տի­րա­պե­տու­թեան տակ ին­կաւ Ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա­յի ու ­Պալ­քան­նե­րու հա­յու­թիւ­նը, ­Սա­հակ ­Տէր-­Թով­մա­սեան կո­չո­ւե­ցաւ ա­նոր օգ­նու­թեան հաս­նե­լու դժո­ւա­րին գոր­ծին։ ­Յատ­կա­պէս ­Զի­նա­դա­դա­րէն ետք, կու­սակ­ցա­կան ա­ռա­քե­լու­թեամբ, ­Սա­հակ ­Տէր-­Թով­մա­սեան ու­ղար­կո­ւե­ցաւ ­Գեր­մա­նիոյ Շ­թութ­կարտ շրջա­նը, ուր ա­ւե­լի քան ե­րեք հա­զար հայ ռազ­մա­գե­րի­ներ ու տա­րա­գիր­ներ խմբո­ւած էին։ Ա­նոնց ա­զատ ար­ձակ­ման, տե­ղա­փոխ­ման եւ տե­ղա­ւոր­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ հիմ­նա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցաւ ան։

Ս­փիւռ­քեան իր գոր­ծու­նէու­թեան 40ա­մեայ ամ­բողջ շրջա­նին, ­Սա­հակ ­Տէր-­Թով­մա­սեան նաեւ բե­ղուն մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ դաշ­նակ­ցա­կան մա­մու­լին, յատ­կա­պէս «­Յա­ռաջ»ին, ոչ միայն հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ան­ցեա­լին նո­ւի­րո­ւած յու­շագ­րու­թիւն­նե­րով, այ­լեւ՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի քա­ղա­քա­կան ու­ղին յու­զող հար­ցե­րու քննար­կու­մով։

­Սա­հակ ­Տէր-­Թով­մա­սեան նաեւ գոր­ծի­չա­յին ա­ռա­քե­լու­թեամբ շրջե­ցաւ Եւ­րո­պա­յի եւ ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի հա­յօ­ճախ­նե­րը՝ ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան գա­ղա­փա­րին շուրջ հա­մախմ­բե­լով եւ խան­դա­վա­ռե­լով նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րը։

Ն.