Print
Category: Յուշատետր

12 Մարտի այս օրը, 97 տարի առաջ, թրքական բանակը ամբողջութեամբ վերագրաւեց Կարին (Էրզրում) բերդաքաղաքը, որ իր ռազմաքաղաքական դիրքով տիրապետութեան բանալին էր արեւմտեան Անդրկովկասի։
Պալքանեան եւ Արաբական ռազմաճակատներուն վրայ ծանր պարտութիւն կրած թրքական զօրքերուն համար, պատմութեան անիւը յանկարծակի սկսաւ շրջուիլ դէպի… յաջողութիւն։
Ռուսիոյ մէջ ժողովրդավարական իշխանութիւնը տապալած եւ «պրոլետարական դիկտատուրա» հաստատած Լենինի պոլշեւիկները, 1917ի վերջաւորութեան ռազմաճակատներէն ռուսական զօրքը տուն կանչելէ ետք, 1918ի առաջին օրերէն սկսեալ գործակցութեան ձեռք երկարեցին Առաջին Աշխարհամարտը կորսնցուցած թուրքերուն։
Դէպի արեւելեան ներքին գաւառները ցիրուցան նահանջող թրքական զօրքերը վերախմբուեցան, վերակազմակերպուեցան եւ կատաղի թափով գրոհի ձեռնարկեցին հայեւթրքական պատերազմի դաշտի վերածուած թուրքեւռուսական ռազմաճակատի ամբողջ երկայնքին։
Պատմութեան հեգնական խաղերուն օրհասական պահերէն մէկն էր պատահածը։
¬ Պոլշեւիկ Ռուսաստանը արտաքին ճակատի վրայ զինադադարի պէտք ունէր, որպէսզի հաշուեյարդար կատարէր իր ներքին հակառակորդներուն հետ։ Ռուսական բանակը տուն կանչուեցաւ բոլոր ռազմաճակատներէն, նաե՛ւ թուրք¬ռուսական ռազմաճակատէն, ուր ոչ միայն Հայասպանութեան մեծ ոճիրը ամբողջացնելու եղեռնագործ ուրուականը կը թեւածէր Արեւելահայաստանի վրայ, այլեւ՝ մինչեւ Պաքու հասնելու եւ սեւ ոսկիի ռազմավարական պաշարներուն տիրանալու մեծապետական մրցակցութիւնը իր գագաթնակէտին հասած էր։
¬ Ազգայնամոլական Թուրքիոյ դիտանկիւնէն՝ օսմանեան տիրակալութեան ամէն դիրք կորսուած էր Պալքաններու եւ Արաբական Աշխարհի մէջ։ Թրքական տիրակալութեան վերականգնման միակ ելքը կը նկատուէր այսպէս կոչուած «արեւելեան Անատոլու»ի՝ նոյնի՛նքն Արեւմտահայաստանի հողին վրայ թուրք ազգայնական պետութեան մը ստեղծումը, որուն կենսագործման համար ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունէր մինչեւ Պաքու տարածուած համաթրքական քաղաքական ամբողջութեան կայացումը։
Պահը օրհասական էր յատկապէս հայ ժողովուրդին համար, որ Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին հետեւած տարագրութեան եւ ցեղասպանութեան ծանրագոյն հարուածն ու անոր հետեւանքները կը փորձէր դիմագրաւել՝ ռուս¬թրքական ռազմաճակատի երկայնքին Հայ Կամաւորական Շարժումը կեանքի կոչելով եւ գալիք հայ ազգային բանակի կենսատու կորիզը հիմնելով։ Ռուս ցարական Բանակի ընդհանուր հրամանատարութեան տակ գործելով՝ 1915ի աշնանամուտէն սկսեալ, հայ կամաւորական գունդերը կրցած էին, մեծ զոհաբերութեանց գնով, թիզ առ թիզ ազատագրել Արեւմտահայաստանը, հասնիլ մինչեւ Տրապիզոն եւ սպայակազմի կեդրոնը հաստատել Կարնոյ մէջ՝ հայրենի հողերը գրեթէ ամբողջութեամբ վերաբնակեցնելով գաղթական հայութեամբ։ Արեւմտահայաստանի վերատիրացման ազգային մեծ երազն էր, որ ահա այդպէս՝ պոլշեւիկեան Ռուսաստանի ի նպաստ ազգայնամոլական Թուրքիոյ դիմաշրջումով՝ մահացու հարուած կը ստանար։ Հայասպանութիւնը «ամբողջացնելու» թրքական ազգայնամոլներու կատաղութեան դէմ յանդիման առանձինն մաքառելու օրհասին կը դատապարտուէր կամաւորական գունդերու վրայ հիմնուած նորակազմ Հայկական Կորպուսը։
Ճգնաժամային Պահը հետեւեցաւ ամիսներու վրայ երկարած բանակցութեանց՝ մէկ կողմէ պոլշեւիկեան Ռուսաստանի եւ, միւս կողմէ, Դաշնակից Ուժերու դէմ կռուող Գերմանիոյ, Աւստրօ¬Հունգարիոյ, Պուլկարիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ։ Ի վերջոյ Մարտ 3ին անոնք կնքեցին Բրեստ-Լիտովսկիի տխրահռչակ Դաշինքը, որուն հիման վրայ պոլշեւիկեան Ռուսաստանը փաստօրէն խզուեցաւ Դաշնակիցներէն եւ մօտեցաւ իր նախկին հակառակորդներուն։ Կնքելով Բրեստ-Լիտովսկիի  պայմանագիրը՝ անոնք համաձայնեցան, որ այնուհետեւ իրենց միջեւ կը դադրեցուին պատերազմական գործողութիւնները, իսկ փոխադարձ զիջումներու եւ պայմանաւորուածութեանց շարքին՝ Ռուսաստան յանձն կþառնէ իր զօրքերը դուրս բերել «Արեւելեան Անատոլիա»յէն, մասնաւորապէս՝ Կարսի, Արտահանի եւ Պաթումի մարզերէն։
Թէեւ պայմանագիրը «տրամաբանական շարունակութիւն»ն էր1917ի Նոյեմբեր 8ին պոլշեւիկներու ընդունած «Խաղաղութեան մասին» լենինեան «դեկրետ»ին, այսուհանդերձ՝ Ռուսաստանի կատարած այդ զիջումով, ծանրագոյն ճգնաժամի մատնուեցաւ յատկապէս կովկասեան ճակատի երկայնքին ապրող հայութիւնը: Բրեստի Դաշնագրով՝ փաստօրէն չեղեալ համարուեցաւ 1917ի Դեկտեմբեր 29ին պոլշեւիկներու ընդունած «Արեւմտեան Հայաստանի հողերի ազատ ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան մասին» որոշումը եւ, փոխարէնը, հաստատուեցաւ նոյն այդ հողերը Թուրքիոյ վերադարձնելու... վճիռ:
Հարկ եղաւ, որ դարակազմիկ իրադարձութիւններ կատարուին, հայ ժողովուրդը հերոսական դիմադրութեամբ Մայիս 1918ին կասեցնէ թրքական յարձակումը եւ Առաջին Աշխարհամարտը վերջ գտնէ Դաշնակիցներու յաղթանակով, որպէսզի 1918ի Սեպտեմբերի 20ին, Ռուսաստանի պոլշեւիկեան կառավարութիւնը, արտգործնախարար Չիչերինի ստորագրած «նոտայով», չեղեալ յայտարարէր ըստ Բրեստ¬Լիտովսկի պայմանագրին ի նպաստ ազգայնամոլական Թուրքիոյ կատարուած «կովկասեան տարածքներ»ու, այսինքն՝ հայկական հողերու զիջումը:
Բայց աւերը արդէն գործուած էր եւ նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութիւնը բնաւ չկրցաւ վերատիրանալ արեամբ ու մեծ զոհողութիւններով ազատագրուած Արեւմտահայաստանին։
Բրեստ¬Լիտովսկի «հաշտութեան» դաշինքը «լաւ հնարաւորութիւններ» ընձեռեց մեծապետական նկրտումներ ունեցող ազգայնամոլ Թուրքիոյ, որպէսզի օգտուելով ստեղծուած իրավիճակէն եւ խախտելով 1917ի Դեկտեմբերի 5ին պոլշեւիկեան Ռուսաստանի հետ իր կնքած Երզնկայի զինանադադարը՝ ձեռնարկէ ընդհանուր արշաւանքի։ Բնականաբար հայ ժողովուրդը խորապէս հեգնող նշանակութիւն ստացաւ պոլշեւիկեան Ռուսաստանի կողմէ հռչակուած «Թուրքահայաստանի մասին» լենինեան «դեկրետ»ը՝ «ընդհուպ ազգային ինքնորոշման իրաւունքի ամրագրումը» խոստացող իր կեղծիքով։
Աշխարհաքաղաքական այս խորապատկերով զարգացան ռազմական այն գործողութիւնները, որոնք 12 Մարտ 1918ին յանգեցան Կարնոյ վերջին ու անվերադարձ անկումին՝ թրքական պետութեան լուծին տակ։
Թրքական զօրքերը առաւելագոյնս նպաստաւորուեցան ռազմաճակատը լքող ռուս զինուորներու յառաջացուցած քաոսէն։ Վեհիպ փաշայի ընդհանուր հրամանատարութեան տակ, Հայկական Կորպուսի սակաւաթիւ զօրքին դէմ թրքական բանակի ի մի բերած գերակշռող ուժերուն շնորհիւ, թրքական զօրքերը նախ Փետրուարի սկիզբը գրաւեցին Երզնկան, ուրկէ Անդրանիկի հրամանատարութեան տակ գործող հայկական ուժերը սկսան նահանջել։ Իսկ Փետրուարի վերջը, երբ Անդրանիկ իր զօրքով ու գաղթական հայութեամբ որոշեց պարպել նաեւ Կարինը, Մարտ 12ին թրքական բանակը ամբողջական իր տիրապետութեան տակ առաւ ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ներկայացնող հայոց հինաւուրց բերդաքաղաք Կարինը (Էրզրումը)։
Այնուհետեւ միայն շաբաթներու հարց եղաւ թրքական զօրքին յառաջխաղացքը դէպի Սարիղամիշ, Կարս եւ Ալեքսանդրապոլ, որ 15 Մայիս 1918ին ինկաւ թուրքերու ձեռքը։
Ինչպէս որ Սիմոն Վրացեան իր «Հայաստանի Հանրապետութիւնը» գործին մէջ կը նշէ՝
«Էրզրումի անկումով փաստօրէն ամբողջ Թիւրքահայաստանը նորից անցաւ թիւրքերի ձեռքը։ Ճիշտ է, Ալաշկերտ-Խնուս-Վան տարածութիւնը դեռ գրաւուած չէր, բայց նրա ճակատագիրն էլ որոշուած պէտք էր համարել։ Թիւրքահայկական գաւառները նորից դարձան աւերակ եւ անմարդաբնակ։
«Պատերազմը փոխադրւում էր ռուսահայկական հողերի վրայ։ բնաջնջման սպառնալիքը կախւում էր եւ հայութեան երկրորդ հատուածի գլխին։ Կռիւը ո՛չ միայն ըստ էութեան, ձեւականօրէն էլ ստանում էր հայ-թիւրքական բնաւորութիւն։ Այսուհետեւ բացառապէս հայ ժողովրդից էր կախուած պատերազմի վախճանը։ Անդրկովկասեան իշխանութիւնը ո՛չ միայն նպաստում պատերազմին, այլեւ իր վարանոտ ու հակասական քայլերով եւ ներքին հակամարտութիւններով աւելի եւս թուլացնում էր ճակատի պաշտպանութեան գործը»։
Կարնոյ անկումին եւ անոր հետեւող թրքական պետութեան ցեղասպանական սպառալիքին՝ հայ ժողովուրդը իր պատմական հատու պատասխանը տուաւ երկու ամիս ետք՝ 28 Մայիս 1918ի Սարդարապատեան յաղթանակներով։

Ն.