Print
Category: Յուշատետր


6 Նոյեմբերին կը լրանայ մահուան 114րդ տարելիցը  հայ ժողովուրդի հռչակաւոր դէմքերէն Միքայէլ Փորթուգալեանի, որ ապրեցաւ եւ գործեց Օսմանեան Կայսրութեան վերջալոյսին եւ «Փորթուգալը փաշա» անունով պետական բարձրագոյն դիրքեր նուաճեց թէ՛ սուլթանական արքունիքէն ներս, թէ՛ երկրի ելեւմտական-ակադեմական կեանքի ղեկավարման մէջ։


Գասպար Իփէկեանի խիտ արժեւորումով՝ «Փորթուգալ Միքայէլ փաշա» եղաւ օսմանեան պետութեան «Կայսերական անձնական գանձի նախարար, հմուտ ելեւմտագէտ, տնտեսագէտ ու բանասէր»։
Իսկ Հայաստանի Մատենադարանի կրտսեր գիտաշխատող Անահիտ Աստոյեան, «Հետք» կայքէջի վրայ վերջերս հրապարակած իր «Հայերն օսմանեան վարչական համակարգում» եւ «Հայերն օսմանեան տնտեսութեան մէջ» յօդուածներով, շահեկան տեղեկանք կը փոխանցէ թրքահայ պետական երեւելի գործիչին մասին։
Առաջին հերթին եւ իբրեւ ընդհանուր գնահատական կþարժէ նշել, որ Օսմանեան Կայսրութեան վերջալոյսին, 19րդ դարու վերջին քառորդին, եւրոպական զարգացումներուն հետեւելով, նաեւ թրքական պետութիւնը արդիականացման փորձեր կատարեց։ Թափ առաւ տնտեսագիտութիւնը, որուն կիրարկման եւ գիտական հիմքի վրայ կազմակերպման մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցան սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ի անձնական գանձերու հայազգի երկու նախարարներ՝ Միքայէլ փաշա Փորթուգալըն (Փորթուգալեան) եւ Յովհաննէս փաշա Սագըզը (Սագըզեան)։ Երկուքն ալ հեղինակաւոր դասախօս էին պետական Միւլքէի Բարձրագոյն Վարժարանին մէջ, ուր իրենց ջանքերով առաջին անգամ բացուեցան տնտեսագիտութեան ու քաղաքատնտեսութեան ամպիոններ։ Երկար տարիներ այդ ամպիոններուն մէջ դասաւանդելով՝ հայազգի տնտեսագէտները երկրին համար պատրաստեցին բազմաթիւ մասնագէտներ: Անոնք նաեւ օսմաներէնի թարգմանեցին տնտեսագիտութեան մասին գիտական գիրքեր, հեղինակեցին դասագիրքեր եւ ստեղծեցին թրքերէն մասնագիտական եզրեր, որոնցմէ մինչ այդ զուրկ էր թրքերէն լեզուն։
Առանձնապէս Միքայէլ փաշա Փորթուգալըի մասին խօսելով, ան ծնած էր 1842ին՝ Կ. Պոլիս, ուր հայ կաթոլիկներու վարժարանին մէջ աշակերտած էր մեծանուն մեր բանաստեղծներէն՝ Զէյթունի առաջին ապստամբութեան անզուգական երգիչ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանի։ Այնուհետեւ, ուսումը շարունակելու համար Ֆրանսա երթալով, Փարիզի Մուրատեան վարժարանին մէջ Միքայէլ Փորթուգալեան աշակերտած էր Գաբրիէլ Այվազովսկիին եւ Ղեւոնդ Ալիշանին:
Տնտեսագիտութեան մէջ համալսարանական բարձրագոյն ուսում ստացած եւ փայլուն վկայականներու արժանացած՝ Միքայէլ Փորթուգալեան հայերէնի եւ հայագիտական իր խոր պատրաստութեան կողքին, կը տիրապետէր թրքերէն, պարսկերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներուն: Կ. Պոլիս վերադառնալէ ետք, իր փայլուն կրթութեան եւ բացառիկ ունակութեանց շնորհիւ, ան կարգուեցաւ կայսերական իշխաններու դաստիարակ եւ, միեւնոյն ժամանակ, իբրեւ թարգմանիչ՝ աշխատակցեցաւ սուլթանական Բարձրագոյն Դրան թարգմանչաց դիւանին:
Միքայէլ Փորթուգալը վարած է Կ. Պոլսոյ մաքսատան տնօրէնի պաշտօնը: Այս պաշտօնավարութեան շրջանին, իր նախաձեռնութեամբ, որդեգրուեցաւ   դրոշմաթուղթերու եւ լրագիրներու դրոշմի օրէնքը, որուն կիրարկումով մեծապէս աւելցան տէրութեան եկամուտները:
12 տարի ան վարած է օսմանեան Երկրագործական Դրամատան տնօրէնի պաշտօնը: Այս դրամատան 450 մասնաճիւղերուն հիմնումը Միքայէլ փա-շայի ջանքերուն արդիւնքն էր: 1887ին նշանակուած է ելեւմուտքի (Ֆինանսներու) նախարարութեան փոխ¬նախարարի պաշտօնին: Այնուհետեւ հիմնած է Հողագործական Դրամատունը՝ ստանձնելով անոր տնօրէնութիւնը:
Ատենի Կայսերական Գանձի հայազգի նախարար Յակոբ փաշա Գազազեանի մահէն ետք, սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ. Միքայէլ Փորթուգալեանին նշանակեց իր անձնական գանձերուն նախարար եւ անոր շնորհեց վեզիրի աստիճան ու փաշայի տիտղոս: Այս պաշտօնին վրայ Փորթուգալը նպաստեց իր ղեկավարած հաստատութեան հարստացումին եւ այլազան նախաձեռնութիւններով աւելցուց պետութեան շահոյթները:
Միքայէլ փաշայի ծրագրով էր, օրինակ, որ այդ շրջանին ձեռնարկուեցաւ Թեսաղոնիկէի նաւահանգիստի կառուցման, որն իր աւարտին հասաւ իր յաջորդին՝ Յովհաննէս փաշայի պաշտօնավարութեան ժամանակ:
Նոյնպէս Փորթուգալըի ջանքերով մեծ զարկ տրուեցաւ օսմանեան Հերքերէի գործարանին արտադրութեանց։
Միքայէլ փաշա հանդիսացաւ նաեւ 1877ին բացուած քաղաքական-պետական բարձրագոյն վարժարանի՝ Մեքթեպը Միւլքիէի ելեւմտական (ֆինանսիստական) ամպիոնին հիմնադիրը եւ երկարամեայ գլխաւոր դասախօսը, որ տնտեսագէտներու եւ ելեւմտագէտներու ամբողջ սերունդ մը հասցուց։
Ընդգծելի է, որ հայազգի այս պետական, ելեւմըտական ու ակադեմական մեծարժէք գործիչը իր նուաճած պատիւներուն, աստիճաններուն եւ դիրքին արժանացաւ բացառապէս միայն իր կարողութեանց, մտաւոր ներուժին, խելքին ու պարկեշտութեան շնորհիւ:
Անոր նկարագրին անյարիր էր քծնանքը: Արժանապատիւ կեցուածքը պահեց իր գործունէութեան ու պաշտօնավարութեան բոլոր շրջաններուն եւ մակարդակներուն վրայ։
Յատկանշական է, որ 1894-1896 թուականներու Համիտեան կոտորածներէն յետոյ, երբ սուլթանական ծառայութեան կոչուած մեծաըիւ հայ երեւելիներու կողմէ շրջաբերութեան մէջ դրուեցաւ արիւնարբու սուլթանին փառաբանանքը կատարող յայտարարութիւն մը, Միքայէլ փաշա Փորթուգալեան կտրականապէս մերժեց ստորագրել նման ամօթալի փաստաթուղթ մը։
Միքայէլ Փորթուգալեան 55 տարեկան էր, երբ իր մահկանացուն կնքեց 6 Նոյեմբեր 1897ին։
Յետ մահու, 1903ին, լոյս տեսաւ նաեւ հմուտ բանասէր Միքայէլ Փորթուգալեանի «Եղիշէ Վարդապետի Վասն Վարդանայ Եւ Հայոց Պատերազմին Եւ Քննադատութիւնք Միքայէլ Փաշայի Փորթուգալ»  քննական արժէքաւոր ուսումնասիրութիւնը:
Հայազգի օսմանեան պետական գործիչին նուիրուած այս վկայութիւնը կþարժէ
եզրափակել Անահիտ Աստոյեանի հետեւեալ նկատողութեամբ՝ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան վերաբերեալ. «Օսմանեան Կայսրութեան տնտեսական կեանքում հայերի գրաւած դիրքին մասին վկայում է հայերի 1915 թ. տեղահանութեան եւ կոտորածների ականատես Եոհաննէս Լեփսիուսի մի նկարագրութիւն. «Հայերի տեղահանութիւնից յետոյ դատարկուած բնակավայրերում արդէն, մի քանի բացառութիւններից բացի, ո՛չ որմնադիր էր մնացել, ո՛չ երկաթագործ, ո՛չ հիւսն, ո՛չ ատաղձագործ, ո՛չ բրուտ, ո՛չ դերձակ, ո՛չ կօշկակար, ո՛չ ոսկերիչ, ո՛չ դեղագործ, ո՛չ փաստաբան: Չկար այլեւս մէկ անձ, որ զբաղւում էր ազատ մասնագիտութիւններով եւ արհեստով»:

Ն.