Մարտ 5ը ծննդեան տարեդարձն է հայ մտաւորականութեան ամէնէն արժանաւոր ներկայացուցիչներէն մէկը հանդիսացող Թէոդիկի (Թէոտորոս Գրիգորի Լէպճինճեան), որ ապրեցաւ եւ գործեց հայ ժողովուրդի նորագոյն պատ մութեան ամէնէն բախտորոշ ժամանակաշրջանին՝ Մեծ Եղեռնը կանխած եւ յաջորդած տարիներուն։
Բառին ե՛ւ ուղղակի, ե՛ւ ոխաբերական իմաստով՝ Թէոդիկ կը հանդիսանայ արժանահաւատ վկան հայ ժողովուրդի նահատակութեան, յարութեան եւ վերապրումին։
Թրքական պետութեան գործադրած Հայոց Ցեղասպանութեան ահաւորութիւնն ու տարողութիւնը մեր սերունդները ճանչցան եւ խորաչափեցին – նաեւ ու մանաւա՛նդ - Թէոդիկի մտքի լոյսով ու սրտի յոյզով։ 1919ին լոյս տեսած իր «Յուշարձան Ապրիլ Տասնըմէկին (24ին)» հանրագիտական գործով, Թէոդիկ անուն առ անուն՝ հակիրճ կենսագրականներով ու արժեւորման վկայութիւններով, պատրաստեց ու հայոց վերապրող սերունդներուն եւ հանուր մարդկութեան յանձնեց վաւերագրութիւնը նահատակ հայ ժողովուրդի անճիտուած մտաւորական սերուցքին։
Հայկական առաջին հանրագիտարանի կենդանի՝ շնչող ու կենսունակ նախատիպը իրագործեց Թէոդիկ, որ 1907էն սկսեալ մինչեւ 1928 իր հրատարակած «Ամէնուն Տարեցոյցը» անուն տարեգիրքերու հարուստ շարքով՝ ոչ միայն հիմը դրաւ հայ կեանքի եւ հոգեմտաւոր երկունքի տարեգրութիւնն ու ամենամեայ արգասիքը խտացնող գրական¬հրապարակագրական բնագաւառին, այլեւ՝ հանդիսացաւ հայոց «ամէնուն» մտքի եւ հոգիի ծարաւը յագեցնելու առաքելութեան լծուած մեծարժէք ռահվիրան։
Պատահական չէ, որ վերջին տասնամեակին ամէնուր, վերանկախացեալ Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի մերձաւոր թէ հեռաւոր գօտիները, Թէոդիկի նորովի յայտնագործման եւ վերարժեւորման ընդհանուր շարժում մը թափ առած է. կը վերահրատարակուի «Ամէնուն Տարեցոյցը» շարքը, թուրք այլախոհը հայերէն բնագրով եւ անոր կցուած թրքերէն թարգմանութեամբ լոյս կþընծայէ Թէոդիկի «Յուշարձան Ապրիլ Տասնըմէկին (24ին)» գործը, իսկ հայ մտաւորականութիւնը լուսարձակի տակ կը բերէ խորիմաց բանասէրի եւ բանահաւաքի Թէոդիկեան ժառանգութիւնը։
Հայ մտքի եւ մշակոյթի, գրականութեան եւ մամուլի երբեմնի ճառագայթող կեդրոնի՝ Հայկական Պոլսոյ հարազատ ու արժանաւոր ներկայացուցչական դէմքերէն է Թէոդիկ։ Ծնած է Սկիւտար, 5 Մարտ 1873ին։ Յաճախած է Սկիւտարի Ճեմարանը, ապա՝ Պէրպէրեան վարժարանը եւ աւարտած է Պոլսոյ ամերիկեան «Ռոպերթ» գոլէճը։ Վաղ հասակէն սկսած է կանոնաւորաբար աշխատակցիլ իր ժամանակի պոլսահայ թերթերուն («Ծաղիկ», «Հանրագիտակ», «Մանզումէի Էֆքիար», «Սուրհանդակ» եւայլն), գործածելով տարբեր գրչանուններ՝ Մոդոթէ, Մտոստիկ, Թէոդիակ եւ Թ.Ա.։
Սկզբնական շրջանի իր հրապարակումները ունեցած են ուղեգրական տոմսերու, նորավէպերու եւ դիմաստուերներու ներկայացման բնոյթ։ Առանձին հատորով լոյս տեսած առաջին գործերէն եղած է «Ճանչուոր դէմքեր» խորագրով դիմաստուերներու շարքը։ Իր նորավէպերը («Շան խիղճը», «Շրթունք շրթունքի» եւայլն) 1912ին ամփոփուեցան եւ հրատարակուեցան «Կաղանդ» անունով։
1905ին, «Պոլսոյ Հայեվարը» խորագրով բանասիրական իր անտիպ աշխատասիրութիւնը արժանացաւ ատենի հեղինակաւոր «Իզմիրեան» գրական մրցանակին։ Հայ գրերու ստեղծման եւ տպագրութեան պատմութեան է նուիրուած 1912ին լոյս տեսած Թէոդիկի «Տիպ ու տառ» մեծարժէք ուսումնասիրութիւնը։
Բայց Թէոդիկի կոթողական նուաճումը եղաւ 1907ին իր ձեռնարկած «Ամէնուն Տարեցոյցը», որ ունեցաւ հրատարակութեան երկու շրջան. առաջինը տեւեց մինչեւ 1914, երբ տարեգիրքի այդ տարուան համարի հրատարակութենէն ետք Թէոդիկ իր կարգին ձերբակալուեցաւ եւ աքսորուեցաւ. հրատարակութեան երկրորդ շրջանը վերսկսաւ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին հետ եւ շարունակուեցաւ մինչեւ 1928ի իր մահը՝ նախ Պոլսոյ մէջ (մինչեւ 1923ին իր վերջնական հեռացումը Թուրքիայէն), ապա՝ Փարիզ, ուր հաստատուեցաւ եւ գործեց հայ մտքի ու գրականութեան այս երախտաւորը։
Առանձին ուշադրութեան եւ յուշատետրի արժանի է Թէոդիկի մազապուրծ փրկութիւնը թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութենէն։ Մ. Աղանալեանի վկայութեամբ՝ դէպի Տէր Զօր աքսորի ճամբուն վրայ, Թէոդիկ ազատագրուած է հայ մարտիկներու խումբի մը կողմէ։ Օտար անձնաթուղթով ընդյատակեայ կեանք ապրած է մինչեւ Աշխարհամարտի աւարտը՝ իբրեւ բանուոր աշխատելով Տաւրոսեան թունելախորշի ռազմական շինարարութեան մէջ։
Զինադադարէն ետք թափ առած պոլսահայ զարթօնքի վերջին ճառագայթումին դրօշակիրը եղաւ Թէոդիկ։ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումն ու հայոց պետականութեան կերտումը ոչ միայն խանդավառութեան անսպառ աղբիւր մը դարձան Թէոդիկի եւ իր սերունդի վերապրող մտաւորականութեան նորովի երկունքին համար, այլեւ՝ ազգային-քաղաքական յանձնառու գործունէութեան մղեցին Թէոդիկին։ Յաջորդաբար գրեց եւ հրատարակեց «Յուշարձան»ը, «Զուլումը եւ մեր որբերը» (1920ին) եւ «Գողգոթա»ն, որ լոյս տեսաւ յետ-մահու 1966ին։ Աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ վերահրատարակուող պոլսահայ մամուլին՝ «Ժամանակ», «Ժողովուրդ» եւ «Վերջին Լուր» թերթերուն։
1923ին Փարիզ հաստատուելէ ետք ալ Թէոդիկ նոյն թափով շարունակեց իր աշխոյժ գործունէութիւնը, պահպանեց «Ամէնուն Տարեցոյցը» եւ վերապրող վկան ու անլռելի ձայնը եղաւ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական մեծ ոճիրին։
Թէոդիկի մեծութիւնը կը կայանայ նախ իր ժամանակի հայ կեանքին մեծ ու փոքր իրադարձութիւններն ու խնդիրները մանրամասն հետազօտելու, տեղեկագրելու եւ գալիք սերունդներուն իբրեւ ազգային յիշողութիւն ու ժառանգութիւն կտակելու մտաւորականի արժանաւորութեան մէջ։
Թէոդիկի մեծութիւնը ապա - եւ յատկապէս - կը կայանայ հայ մտքի եւ մշակոյթի, հայ գրականութեան ու արուեստներու ժամանակակից տաղանդները, Դանիէլ Վարուժանէն մինչեւ Կոմիտաս վարդապետ եւ Հրաչեայ Աճառեան, իր տարեգիրքին շուրջ հաւաքելու, անոնց ստեղծագործական եւ մտաւորական կենսունակութիւնը խրախուսելու արժանիքին մէջ։
Թէոդիկի ծննդեան 140ամեակին նուիրուած այս հակիրճ անդրադարձը կþարժէ եզրափկել «Ամէնուն Տարեցոյց»ի հանրագիտակ խմբագիրին գաղափարներու անդաստանէն քաղուած հետագայ ծաղկեփունջով.-
- Հայ նշանաւոր ճարտարապետներու երեք հարիւրամեայ գերդաստանի ներկայացուցիչներից մէկը՝ Յակոբ Պալեանը (1838 -1874) սովորութիւն ունէր շաբաթական աւելցնելու ռոճիկն իր այն գործաւորին, որն իր հետ խօսած ատեն յաջողէր օտար բառեր չգործածել։ («Ամէնուն Տարեցոյց», 1921 թուական, էջ 262)։
- Գաղափարները ոլորուած մագաղաթներ են. խօսակցութիւնն է, որ կը բանայ զանոնք:
- Գաղափարներ ստանալը կը նմանի ծաղիկներ քաղելուն, իսկ խորհիլը՝ ծաղկեփունջ կազմելուն:
- Ուր որ տեսնէք կարգապահութիւն՝ առանց վիշտի, խաղաղութիւն՝ առանց գերութեան եւ լիութիւն՝ առանց շռայլութեան, գիտցէք, որ հոն երջանիկ էակ մըն է, որ կը կառավարէ:
- Պետութիւն մը որքան ապականուի՝ այնքան օրէնքները կը շատնան:
- Զինուորներու դիակները գերագոյն պատուանշաններ են, զորս մայրեր, քոյրեր, այրիներ և որբեր արցունքով կը կախեն իրենց Հայրենիքին կուրծքէն՝ Անոր մշտնջենաւոր փառքին համար:
- Վախկոտը վտանգէն առաջ կը վախնայ, վատ մարդը՝ վտանգի ժամանակ, իսկ քաջը՝ վտանգէն յետոյ:
- Դրամին ի՛նչ ըլլալը եթէ գիտնալ կ’ուզես՝ աշխատէ փոխ առնել:
- Շահը բարեկամութեան գերեզմանն է:
- Վայելքը երջանկութեան թշուառութիւնն է, իսկ յոյսը՝ թշուառութեան երջանկութիւնը:
- Հաճոյքը յիմարներու երջանկութիւնն է, իսկ երջանկութիւնը՝ իմաստուններու հաճոյքը:
- Կ’ուզե՞ս յաղթել մոլուցքներուդ. մի՛ կռուիր անոնց հետ, փախչի՛ր:
- Վիշտերը կտակներու նման են՝ ամենավերջինը կþոչնչացնէ նախորդները:
- Անթերի գեղեցկութիւնը զտուած ջուր մըն է, որ… համ չունի:
- Մրջիւնի բնակարանին մէջ ջրհեղեղ է ցողը:
- Ժամացույցը կեանքի խարտոցն է:
- Հայը ձի հեծնայ՝ Աստուած կը մոռնայ, ձիէն իջնայ՝ ձին կը մոռնայ:
Ն.