Print
Category: Յուշատետր

Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան ամ­րապնդ­ման եւ հա­յոց ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան հիմ­նա­ւոր­ման պատ­մա­կերտ գոր­ծին մէջ իր ան­կորն­չե­լի ներդ­րումն ու մե­ծար­ժէք ա­ւան­դը ու­նի հայ ժո­ղո­վուր­դի ճար­տա­րա­պե­տա­կան հան­ճա­րին ար­ժա­նա­ւոր ներ­կա­ յա­ցու­ցիչ­նե­րէն Ա­լեք­սանդր ­Թա­մա­նեան, ո­րուն ծննդեան տա­րե­դար­ձը կը նշենք ­Մարտ 4ի այս օ­րը։

Ոչ միայն իբ­րեւ ճար­տա­րա­պե­տի, այ­լեւ իբ­րեւ հայ մար­դու եւ քա­ղա­քա­ցիի, Ալ. ­Թա­մա­նեան լու­սա­ւոր ու­ղի ու վաս­տակ կա­պեց իր ա­նու­նին՝ հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն կտա­կե­լով մե­ծա­գործ իր կեան­քէն սո­րված կա­րե­ւո­րա­գոյն դասն ու պատ­գա­մը.-

«Ընտ­րիր վատ ճա­նա­պարհ, բայց ոչ վատ ըն­կեր»։

4 ­Մարտ 1878ի օ­րը, ռու­սաս­տա­նեան Է­կա­տե­րի­նո­դար (այժմ՝ Կ­րաս­նո­դար) քա­ղա­քը ծնած ­Յով­հան­նէս ­Թա­մա­նեա­նի որ­դի Ա­լեք­սանդ­րը կո­չո­ւած էր դառ­նա­լու հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան բազ­մա­դա­րեան հարս­տու­թիւ­նը իւ­րո­վի վե­րա­թար­մաց­նող եւ նո­րո­գող մե­ծա­նուն վար­պետ մը, որ իր անջն­ջե­լի դրոշ­մը դրաւ մեր ժա­մա­նակ­նե­րու հա­յոց մայ­րա­քա­ղա­քին ճար­տա­րա­պե­տա­կան ծրագ­րա­ւոր­ման, կա­ռուց­ման եւ զար­գաց­ման հե­ռան­կար­նե­րուն վրայ։

­Ճար­տա­րա­պե­տի իր ու­սումն ու մաս­նա­գի­տա­կան խո­րահ­մուտ պատ­րաս­տու­թիւ­նը Ա­լեք­սանդր ­Թա­մա­նեան ստա­ցաւ Ս. ­Փե­թերս­պուր­կի ­Գե­ղա­րո­ւես­տի Ա­կա­դե­միա­յի բարձ­րա­գոյն ու­սում­նա­րա­նի ճար­տա­րա­պե­տու­թեան բա­ժան­մուն­քին մէջ, որ­մէ շրջա­նա­ւարտ ե­ղաւ 1904ին՝ նկա­րիչ-ճար­տա­րա­պե­տի պա­տո­ւոյ յի­շա­տա­կու­թեամբ։

Ուս­ման ա­ւար­տին ­Թա­մա­նեա­նի նա­խա­ձեռ­նած ճար­տա­րա­պե­տա­կան ա­ռա­ջին ծրա­գի­րը ե­ղաւ Ս. ­Փե­թերս­պուր­կի 18րդ ­դա­րուն կա­ռու­ցո­ւած հա­յոց ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­նո­րո­գու­մը, որ իր­մէ խլեց եր­կու տա­րի եւ պսա­կո­ւե­ցաւ փայ­լուն ար­դիւն­քով՝ հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան ո­ճի պահ­պան­ման սկզբուն­քին վրայ ճար­տա­րա­պե­տա­կան նո­րա­րա­րու­թեամբ ու­շագ­րաւ լու­ծում­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լով։

20րդ ­դա­րաս­կիզ­բի ռուս ե­րի­տա­սարդ ճար­տա­րա­պետ­նե­րու մտե­րիմն ու գոր­ծա­կի­ցը ե­ղաւ ­Թա­մա­նեան, որ Ս. ­Փե­թերս­պուր­կի, ­Մոս­կո­ւա­յի թէ ­Ցա­րա­կան ­Կայս­րու­թեան գլխա­ւոր քա­ղաք­նե­րուն ու շրջան­նե­րուն մէջ, իր ա­նու­նին կա­պեց ճար­տա­րա­պե­տա­կան մեծ ծրա­գիր­նե­րու՝ հա­մա­լիր­նե­րու նա­խագ­ծումն ու կա­ռու­ցու­մը։

­Ճար­տա­րա­պե­տա­կան նոր-դա­սա­կան ուղ­ղու­թեան եւ գե­ղա­զար­դու­մի յա­ռա­ջա­պահ­նե­րէն էր ­Թա­մա­նեան, ո­րուն սկզբնա­կան ի­րա­գոր­ծում­նե­րը (ինչ­պէս ­Մոս­կո­ւա­յի մէջ իշ­խան Ս.Ա. ­Չեր­պա­թո­վի հո­յա­կերտ բնա­կա­րանն ու ­Մոս­կո­ւա­յի մեր­ձա­կայ եր­կա­թու­ղագ­ծի աշ­խա­տա­ւոր­նե­րու Ա­ռող­ջա­րա­նա­յին ­Հա­մա­լի­րը) մեծ հռչակ ա­պա­հո­վե­ցին հայ ճար­տա­րա­պե­տին։ Իր այդ վաս­տա­կով ­Թա­մա­նեան 1914ին ար­ժա­նա­ցաւ թէ՛ ճար­տա­րա­պե­տու­թեան ա­կա­դե­մի­կո­սի կո­չու­մին, թէ՛ Ս. ­Փե­թերս­պուր­կի ­Դու­մա­յի Ոս­կեայ շքան­շա­նին։ Իսկ 1917ին ընտ­րո­ւե­ցաւ կայ­սե­րա­կան ­Գե­ղա­րո­ւես­տից Ա­կա­դե­միա­յի խոր­հուր­դի ան­դամ՝ փոխ-նա­խա­գա­հի կար­գա­վի­ճա­կով։

­Ռու­սաս­տա­նի տա­րած­քին ճար­տա­րա­պե­տա­կան իր այդ բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թեան շրջա­նին, ­Թա­մա­նեան իր սրտին ու մտքին մէջ շա­րու­նակ ճգնե­ցաւ հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան վե­րա­նո­րոգ­ման ծրա­գիր­նե­րու վրայ՝ նա­խագ­ծե­լով ու­շագ­րաւ կա­ռու­ցում­ներ (ինչ­պի­սին էր 1911ին իր յղա­ցած Ա­նիի թան­գա­րա­նի ծրա­գի­րը), ո­րոնք սա­կայն ի­րա­կա­նաց­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն չու­նե­ցան։

Այդ պատ­ճա­ռով ալ 1919ին, երբ իր ան­կա­խու­թիւ­նը նո­ւա­ճած ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ պաշ­տօ­նա­պէս Ե­րե­ւան հաս­տա­տո­ւե­լու եւ գոր­ծե­լու հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ, Ա­լեք­սանդր ­Թա­մա­նեան ան­վա­րան ըն­դա­ռա­ջեց՝ կեան­քի իր ե­րա­զի ի­րա­գործ­ման լծո­ւե­լու ա­մե­նայն խան­դա­վա­ռու­թեամբ։

­Սի­մոն Վ­րա­ցեան, իր «­Կեան­քի Ու­ղի­նե­րով» յու­շագ­րա­կան շար­քի Ե. հա­տո­րին մէջ, ամ­բող­ջու­թեամբ լոյս ըն­ծա­յած է Ալ. ­Թա­մա­նեա­նի կող­մէ 12 Օ­գոս­տոս 1920ին պատ­րաս­տո­ւած «­Հա­յաս­տա­նի ­Շի­նա­րա­րու­թեան Ծ­րա­գիր»ը, որ լա­ւա­գոյնս կը խտաց­նէ հայ մեծ ճար­տա­րա­պե­տին շի­նա­րա­րա­կան եւ ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­կան ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րը՝ մա­նուկ հան­րա­պե­տու­թեան ամ­րապնդ­ման եւ հե­տա­գայ զար­գաց­ման ու­ղի­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ։ ­Թա­մա­նեա­նի հա­մար ճար­տա­րա­պե­տա­կան եւ շի­նա­րա­րա­կան թիւ 1 խնդի­րը ե­ղաւ հա­յոց նոր մայ­րա­քա­ղա­քը ծայ­րա­մա­սա­յին գա­ւա­ռի ի­րա­վի­ճա­կէն դուրս բե­րե­լը՝ նա­խագ­ծե­լով կա­ռու­ցու­մը հա­յոց նո­րաստեղծ պե­տա­կա­նու­թեան հե­տա­գայ զար­գա­ցու­մը հու­նա­ւո­րող ար­դիա­կան մայ­րա­քա­ղա­քին։ Ար­դիա­կան՝ թէ՛ նոր ժա­մա­նակ­նե­րու պե­տա­կան կեդ­րո­նա­կան նստա­վայ­րե­րու պատ­կե­րա­ցու­մով, թէ՛ նաեւ ազ­գա­յին-ա­ւան­դա­կան՝ հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան իւք­նու­րոյն ո­ճը վե­րա­թար­մաց­նե­լու եւ նո­րո­վի հարս­տաց­նե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քով։

Ամ­բողջ ­Հա­յաս­տա­նի շի­նա­րա­րա­կան ա­պա­գան կը յու­զէր ­Թա­մա­նեա­նին եւ ա­նոր ծրա­գի­րը սահ­մա­նա­փա­կո­ւած չէր միայն մայ­րա­քա­ղաք Ե­րե­ւա­նով։ Այդ մեկ­նա­կէ­տով ալ ան ա­ռա­ջադ­րեց կա­ռա­վա­րու­թեան ա­ռըն­թեր ստեղ­ծել հան­րա­պե­տու­թեան Գլ­խա­ւոր ­Ճար­տա­րա­պե­տի հաս­տա­տու­թիւ­նը, ինչ որ որ­դեգ­րո­ւե­ցաւ օ­րո­ւան կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ եւ ­Թա­մա­նեան ան­ձամբ ստանձ­նեց այդ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։ ­Մայ­րա­քա­ղա­քի եւ միւս քա­ղաք­նե­րու թէ գիւ­ղե­րու շի­նա­րա­րու­թեան նա­խա­գի­ծե­րու կող­քին, ­Թա­մա­նեան յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն ըն­ծա­յեց հա­յոց յու­շար­ձան­նե­րու վե­րա­կանգն­ման, վե­րա­նո­րոգ­ման եւ պահ­պան­ման գոր­ծին՝ հա­մա­պա­տաս­խան պե­տա­կան պաշտ­պա­նու­թեան տակ առ­նե­լով հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան կո­թող­նե­րը։

­Թա­մա­նեան ա­րա­գօ­րէն ձեռ­նար­կեց իր ծրագ­րին գոր­ծադ­րու­թեան, բայց ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կոր­ծա­նու­մով եւ օ­րո­ւան ղե­կա­վա­րու­թեան դէմ ծա­ւա­լած պոլ­շե­ւի­կեան հա­լա­ծան­քին հե­տե­ւան­քով՝ կի­սատ մնաց գոր­ծը ­Թա­մա­նեա­նի, որ ­Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան ան­դամ­նե­րուն հետ 1921ին ան­ցաւ ­Պարս­կաս­տան։ ­Բա­րե­բախ­տա­բար, խորհր­դա­յին նո­րա­հաս­տատ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ի­մաս­տու­թիւ­նը ու­նե­ցան վերս­տին Ե­րե­ւան հրա­ւի­րե­լու հա­յոց մեծ ճար­տա­րա­պե­տին եւ ­Թա­մա­նեան 1923ին վե­րա­դար­ձաւ իր հո­ղին ու ժո­ղո­վուր­դին՝ վերս­տանձ­նե­լով ­Հա­յաս­տա­նի Գլ­խա­ւոր ­Ճար­տա­րա­պե­տի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։

Այ­նու­հե­տեւ մին­չեւ 20 ­Փետ­րո­ւար 1936ի իր մա­հը, Ա­լեք­սանդր ­Թա­մա­նեան ապ­րե­ցաւ ու գոր­ծեց Ե­րե­ւա­նի մէջ՝ հա­յոց նոր մայ­րա­քա­ղա­քի բնա­կա­րա­նա­յին ա­ճին, գե­ղա­զարդ­ման, կա­նա­չա­պատ­ման եւ յու­շար­ձան­նե­րով շնչա­ւոր­ման մեծ գոր­ծին ճար­տա­րա­պե­տա­կան իր ու­րոյն լու­ծում­նե­րը տա­լով։

Ե­րե­ւա­նի կող­քին ան նա­խագ­ծեց քա­ղա­քա­շի­նա­կան զար­գաց­ման յա­տա­կա­գի­ծե­րը ­Լե­նի­նա­կա­նի, ­Գա­ւա­ռի եւ Էջ­միած­նի։ Իսկ ­Թա­մա­նեա­նի ճար­տա­րա­պե­տա­կան հան­ճա­րին ան­մահ վկա­նե­րը դար­ձան Օ­փե­րա­յի հա­մա­լիրն ու Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կը։

Այդ ա­մէ­նով ­Թա­մա­նեան ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս մարմնա­ւո­րեց ա­զատ ու ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի գլխա­ւոր ճար­տա­րա­պե­տի կեր­պա­րը՝ իր շուն­չը միա­խառ­նե­լով ար­դի ժա­մա­նակ­նե­րու հա­յոց մայ­րա­քա­ղա­քին։

Ա­լեք­սանդր ­Թա­մա­նեան իր անջն­ջե­լի դրոշ­մը դրած է ար­դի ժա­մա­նակ­նե­րու հա­յոց մայ­րա­քա­ղա­քին ճար­տա­րա­պե­տա­կան հմայ­քին ու գե­ղեց­կու­թեան վրայ։

Ն.­