Մարտ 3ի այս օրը 23 տարեկան կը դառնայ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը։
Իր անկախութիւնն ու ազատութիւնը վերականգնած Հայաստանի Հանրապետութիւնը, 3 Մարտ 1992ին, նախա
գահական յատուկ հրամանագրով՝ կեանքի կոչեց «Հայաստան» Համահայակական Հիմնադրամը։
Համազգային խանդավառութեամբ դիմաւորուեցաւ ստեղծումը «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին, որովհետեւ ազատ ու անկախ Հայաստանը նորածին մանուկի անհաստատ իր առաջին քայլը կը նետէր միացեալ Հայութեան եւ ամբողջական Հայաստանի ուղղութեամբ։
Առնուազն արտերկրի հայութիւնը այդօրինակ խանդավառութեամբ ողջունեց Հիմնադրամին ստեղծումը։
Տարբեր չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ որոշապէս սփիւռքեան ափերու վրայ կազմաւորուած հայոց սերունդներուն համար, միշտ ալ յատուկ նշանակութիւն եւ քաշողականութիւն ունեցած է ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆի ձգտումը։
Այդպէ՛ս եղած է յետ-եղեռնեան Սփիւռքի առաջացման, ազգային ինքնակազմակերպման եւ պահանջատիրական զարթօնքի բոլոր հանգրուաններուն։
Աւելի քան եօթը տասնամեակներու երկայնքին, թրքական պետութեան գործադրած հայասպանական մեծ ոճիրէն փրկուած տարագիր հայութիւնը, գաղթականի իր անձուկ պայմանները աստիճանաբար յաղթահարելու ծանրագոյն օրերէն իսկ, անցնելով ազգային ինքնակազմակերպման ուղիին վրայ ինքնավստահ քայլեր նետելու հանգրուանէն, ամէն անգամ որ ոստում կ’արձանագրէր ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱՆ կառոյցներու ստեղծման ուղղութեամբ, միշտ ալ առաջնորդող տեսլական ու մղիչ ուժ կþունենար ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ համախմբման ու միաւորման հասնելու երազը։
Այս առումով տարբեր ու առանձնայատուկ հոլովոյթ ապրեցաւ հայրենի հողի վրայ համախմբուած հայութիւնը։
Խորհրդային ամբողջատիրութեան երկաթեայ վարագոյրին հետեւանքով աշխարհէն ու հայ ժողովուրդի տարագիր բազմութիւններէն կտրուած՝ հայրենի հայութիւնը, յատկապէս անցեալ դարու քսանականներուն եւ երեսնականներուն, նոյնիսկ հալածուեցաւ ու մահով եւ աքսորով պատժուեցաւ՝ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ իր ապրումներուն, ձգտումներուն եւ համպատասխան ինքնադրսեւորման նուազագոյն արտայայտութիւններուն համար։
Մինչեւ անգամ Խրուշչովեան Ձիւնհալէն եւ Պաղ Պատերազմի աւարտէն ետք, Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէ կեանքի կոչելով ու անոր գործունէութեան թափ տալով հանդերձ, խորհրդահայ իշխանութիւնները պաշտօնապէս ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ իրենց նախաձեռնութիւնները պայմանաւորեցին քաղաքական հաշիւներով՝ խորհրդային գաղափարական առաջադրանքներու իրականացումով։
Խորհրդահայ ղեկավարութիւնը պարտաւորուեցաւ՝ հայօճախներու վրայ հակակշիռ հաստատելու ճամբով՝ ծառայել արտասահմանի տարածքին խորհրդային ազդեցութեան գօտիները ընդարձակելու հաշիւներուն եւ նկրտումներուն։
Եւ զարմանալի չէր, որ խորհրդային քաղաքականութեան գաղափարական մականին տակ դէպի Սփիւռք թեւածող հայրենի «ծիծեռնակները» ամէնուր անհաշտ եւ մաղձոտ պայքար հրահրեցին Հայոց Եռագոյնով խորհրդանշուած ազգային-քաղաքական անփոխարինելի եւ անկորնչելի արժէքներուն դէմ՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի միաւորող հանգանակը ազգային երկպառակութեան գլխաւոր «չարիք» հռչակելով...
Այդուհանդերձ՝ կաշկանդիչ այդ պայմաններուն մէջ անգամ, հայրենի մեր ժողովուրդը իր կարգին եւ իր ձեւով պահպանեց ու գուրգուրաց ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆին վրայ։
Մինչեւ որ եկան Արցախեան Պահանջատիրութեան շղթայազերծման, Արցախի իրողական ազատագրութեան եւ Հայաստանի վերանկախացման դարադարձիկ ժամանակները։
Մինչեւ որ նաեւ, իր քաղաքական նորայայտ ուժերով եւ պետական նորահաստատ իշխանութիւններով՝ Հայաստան պաշտօնապէս առաջին քայլը նետեց ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ քարտէսի վրայ իր արժանի տեղը հաստատելու ուղղութեամբ։
3 Մարտ 1992ին հիմնուած «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը եղաւ առաջին այդ քայլը, որովհետեւ Արցախեան Զարթօնքին առաջին իսկ պահերէն, Սփիւռքը իր ազգային գերագոյն պարտքը համարեց Հայրենիքին ամբողջապէս եւ միասնականօրէն զօրավիգ կանգնելու առաքելութիւնը։ Երկրաշարժի Աղէտը եկաւ աւելիով շեշետելու, որ սփիւռքահայութիւնը գլխաւոր յոյսն ու ապաւէնն էր հայ ժողովուրդին ու հայոց հայրենիքին։
Փաստօրէն Երկրաշարժէն անմիջապէս ետք Սփիւռքի հայօճախները հնարաւորութիւնը ունեցան յաղթահարելու Հայաստան մուտքի օրինական բոլոր սեղմումները։ Սկիզբ առաւ «Դէպի Երկիր» համազգային շարժում մը, որուն նախաձեռնողը թէեւ Դաշնակցութիւնը եղաւ, բայց որ արժանացաւ սփիւռքեան ազգային ու քաղաքական անխտիր բոլոր ուժերու հաւանութեան ու համագործակցութեան՝ օգնութեան ձեռք երկարելու համար աղէտահար Հայրենիքին։
Հայրենիքի օգնութեան համազգային այդ շարժումը յանգեցաւ նաեւ Հայաստանի Տնտեսական Վերականգնումի նախաձեռնութեան՝ Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան նոր էջ մը բանալով։ Դարձեալ Հ.Յ.Դ.ի գլխաւորութեամբ, տարբեր հայօճախներու մէջ տեղական թէ միջազգային մասնագիտական մեծ վարկ վայելող անձնաւորութիւններ, կուսակցական տարբեր պատկանելիութիւններ ունենալով հանդերձ, ի մի բերուեցան եւ իբրեւ աշխատակազմ դրուեցան Հայաստանի իշխանութեանց - նոյնիսկ տակաւին խորհրդային ժամանակ - տրամադրութեան տակ, որպէսզի փլուզուող կայսրութեան պայմաններուն մէջ ձեռնամուխ ըլլան աղէտահար մեր երկրին տնտեսական համընդհանուր վերականգնումին։
Այս բոլոր զարգացումներուն պսակումը եղաւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին ստեղծումը՝ հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն եւ խաւերուն միահամուռ պահանջը նուիրագործելով։
Բայց նաեւ դիւրին չեղաւ իրագործումը համահայկական համագործակցութեան առաջին այս ազգային-պետական կառոյցին։ Յատկապէս սկզբնական իր փուլին, Հիմնադրամը ծանր ու անհարկի գին վճարեց Հայաստանի անդրանիկ նախագահին եւ Հ.Հ.Շ.ական վաչախումբի հակադաշնակցական հիստերիային։ Հազիւ իր Հոգաբարձուներու Խորհուրդը կազմած՝ Հիմնադրամը յայտնուեցաւ դժուար կացութեան մէջ Յունիս 1992ին, երբ Հ.Հ. նախագահը սեփական հայրենիքէն վտարման հրամանագիր արձակեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ատենի ներկայացուցիչին՝ Հրայր Մարուխեանի դէմ։
Հիմնադրամի ստեղծման նուիրուած էջը անշուշտ տեղը չէ խորանալու այն պատճառներուն եւ հանգամանքներուն մէջ, որոնք Հ.Հ.Շ.ական իշխանութեանց հակադաշնակցական պայքարը հասցուցին մինչեւ ընդհանրապէս Սփիւռքի հայութիւնը իբրեւ «Նարինջ ուտողներ» խծբծելու, այլեւ գործնապէս Սփիւռքին հետ իբրեւ «կթան կով» վարուելու պառակտիչ քաղաքականութեան։
Բայց Հիմնադրամի ծննդոցին այդ ցաւագին գալարումները հարկ է յիշել, հասկնալու համար թէ ինչո՞ւ Սփիւռքի հայութեան եւ յատկապէս Դաշնակցութեան համակիր մեր ժողովուրդին կողմէ ինչպէս Հ.Հ. ատենի իշխանութեանց, նոյնպէս եւ Հիմնադրամի հանդէպ ընդհանուր վերապահութիւն դրսեւորուեցաւ սկզբնական քանի մը տարիներուն։
Վերապահութեան այդ ալիքը արգելք չեղաւ սակայն, որ Դաշնակցութիւնն ու իր համակիր զանգուածները աշխոյժ մասնակցութիւն բերեն Հիմնադրամի կայացման եւ անոր Հոգաբարձուներու Խորհուրդի աշխուժացման, նաեւ՝ համազգային նպատակային նուիրահաւաքներու նախաձեռնումին։ Յատկապէս Միացեալ Նահանգներու տարածքին, Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ սկսաւ Արցախի ի նպաստ համազգային նուիրահաւաքի Թելեթոնը, որ բնորդը դարձաւ հետագայ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Թելեթոնին։
Անշուշտ ժամանակի ընթացքին մեղմացաւ եւ հետզհետէ փարատեցաւ անհեթեթ հակադրութեան այդ մթնոլորտը եւ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆին շուրջ համախմբումն ու գործակցութիւնը գտան կամրջումի ամուր կռուաններ՝ հասնելու համար այսօրուան յուսալի պատկերին։
Ըստ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի կանոնադրութեան՝ Հիմնադրամի բարձրագոյն ղեկավար մարմինն է Հոգաբարձուներու Խորհուրդը, որուն կը նախագահէ - ի պաշտօնէ - Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը: Խորհուրդին մաս կը կազմեն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարքը, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը, Լ.Ղ.Հ. նախագահը, Հ.Հ. եւ Լ.Ղ.Հ. վարչապետները, Հ.Հ. Սահմանադրական Դատարանի, Ազգային Ժողովի եւ Կեդրոնական Դրամատան նախագահները, նախարարներ, Հ.Յ.Դ.ի, Ռ.Ա.Կ.ի եւ Ս.Դ.Հ.Կ.ի, բարեգործական կազմակերպութիւններ Հ.Օ.Մ.ի եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի, Ամերիկայի Հայկական Համագումարի ներկայացուցիչները, սփիւռքահայ ծանօթ բարերարներ ու անհատ գործիչներ՝ Հայաստանէն, Արցախէն ու Սփիւռքէն։
Հիմնադրամի աշխատանքներում աշխոյժ մասնակցութիւն եւ մեծ ներդրում ունին անոր աւելի քան 20 տեղական մարմինները, որոնք կը գործեն աշխարհի տարածքին ցրուած գրեթէ բոլոր հայօճախներուն մէջ։
Տեղական մարմինները սերտօրէն կը համագործակցին իրենց երկիրներու հայ համայնքի եկեղեցական, հասարակական ու բարեգործական կազմակերպութիւններուն, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ ծանօթ բարերարներու եւ անհատ գործիչներու հետ: Հիմնադրամի Երեւանի գործադիր վարչութիւնն ու աշխարհասփիւռ տեղական մարմինները հաշուետու են Հոգաբարձուներու Խորհուրդին:
Հիմնադրամի դրամական միջոցները կը գոյանան տարեկան հեռուստամարաթոնի, տարբեր երկրիներու մէջ կազմակերպուող հեռախօսամարաթոններու, ռադիօ-մարաթոններու, հեծանիւարշաւներու, ճաշկերոյթներու հանգանակութիւններէն, բարեգործական համերգներու եւ ցուցահանդէսներու հասոյթներէն, փոստային եւ SMS նուիրատուութիւններէ, ինչպէս նաեւ անհատներու թողած կտակներէ եւ նպատակային յատկացումներէ:
Հիմնադրամի անունին կապուեցաւ իրագործումը իրերայաջորդ տարաբնոյթ ծրագիրներու, որոնք կենսական կարեւորութիւն ունեն մեր հայրենիքին համար: Ճամբաներու, դպրոցներու, մանկամսուրներու, հիւանդանոցներու, ջրագծերու եւ կազատարներու կառուցման զուգահեռ՝ օժանդակութիւն-նպաստ կը ստանան բազմաթիւ՝ ընկերային մակարդակով խոցելի ու անպաշտպան խաւեր, անոնց շարքին՝ ազատամարտիկներու ընտանիքներ, անապահով ընտանիքներու ուսանողներ:
Աշխարհասփիւռ հայութեան նուիրատուութիւններով, այսօր, հարիւր հազարաւոր հայեր ունին տուն, ջուր, կազ, ջեռուցում, բարօր կեանքի տարրական պայմաններ:
Հիմնադրամի ուշադրութեան կեդրոնին կը գտնուին նաեւ արուեստի եւ գիտութեան գործիչներն ու երիտասարդ ստեղծագործողները:
Ն.