Մարտ 2ի օրը, 23 տարի առաջ, աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը ազգային արժանաւորութեան, ցնծութեան եւ հպարտութեան զեղուն ապրումներով ողջունեց Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութիւնը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան։
2 Մարտ 1992ին, Մ.Ա.Կ.ի Ընդհանուր Ժողովը պաշտօնապէս հաստատեց վերանկախացեալ Հայաստանի անդամակցութիւնը պետականատէր ազգութեանց միջազգային մեծ ընտանիքին։
Մեր սերունդներու երազը իրականութիւն դարձաւ 1992ի այս օրը, երբ հայոց ազգային, անկախ եւ ժողովրդավար պետականութեան խորհրդանիշ Եռագոյնը սկսաւ ծածանիլ անկախ ազգերու պետական դրօշներու շարքին՝ Մ.Ա.Կ.ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիի ճակատին։
Դիւրին չեղաւ իրականացումը պահանջատէր հայութեան համազգային մեծ երազին։
Դարաւոր գերութիւնը յաղթահարելու եւ ազգովին ու պետականօրէն վերականգնելու արիւնալի մաքառումներու գնով՝ 28 Մայիս 1918ին հայ ժողովուրդը նուաճեց իր հայրենիքին անկախութիւնը, հիմնեց Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ անոր Եռագոյն դրօշով ընդունուեցաւ ժամանակի անկախ ազգերու պետութեանց ընտանիքէն՝ Ազգերու Լիկայէն ներս։
Արդի դարաշրջան այդպէ՛ս՝ ազատ ու անկախ պետականութեամբ հայ ժողովուրդին մուտքը, սակայն, երկար կեանք չունեցաւ, հակառակ անոր, որ թրքական պետութեան գործադրած 1915ի ցեղասպանական ոճիրին հերոսաբար թումբ կանգնելու եւ յարութիւն առնելու գնով նուաճած էինք մեր անկախութիւնը։
Արդի աշխարհակարգի ձեւաւորման բարդ ու դաժան ժամանակներ էին եւ Ազգերու Լիկայի անդամ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, մեծ պետութեանց անտարբեր հայեացքին տակ եւ նոյնիսկ որոշներու պարագային ալ մեղսակցութեամբ, 1920-21 թուականներուն յօշոտուեցաւ Լենինեան Ռուսաստանի եւ Քեմալական Թուրքիոյ սադայէլական «զինակցութեան» կողմէ։
Այնուհետեւ ամբողջ եօթը տասնամեակ հայ ժողովուրդը մղեց ոչ միայն ֆիզիքական գոյատեւման ու հայապահպանման անդուլ պայքար, այլեւ՝ ազգային-պետական ինքնապահպանման ու վերականգնման անվհատ եւ հերոսական պայքար։
Հայրենի ոստաններուն մէջ, 1936-37 տարիներու ստալինեան մշակութասպանութենէն վերապրելու եւ Երկրորդ Աշխարհամարտի այսպէս կոչուած «Հայրենական Մեծ Պատերազմ»ի արիւնաքամ հարուածէն վերականգնելու գնով՝ մեր ժողովուրդը անձնատուր չեղաւ խորհրդային ամբողջատիրութեան լուծին։
Ոչ միայն տքնեցաւ եւ բարելաւեց իր կեանքի պայմանները, այլեւ իր մտքին ու սրտին մէջ անմար պահեց ազգային իր պետականութեան անկախութիւնը վերականգնելու գաղափարական հուրը։
Իսկ երբ խորհրդային «չարիքի կայսրութեան մեծ բանտ»ին անկման առաջին ճարճատումները զգալի դարձան՝ հայրենի հայութիւնը եղաւ իրերայաջորդ իր սերունդներուն անքակտելի միասնականութեամբ առաջին պոռթկացողը՝ Արցախի միացման պայքարը շղթայազերծելով եւ, այդ ճամբով, Հայաստանի անկախութիւնը վերականգնելու ուղին հարթելով։
Թէեւ հիմնովին տարբեր պայմաններու տակ մղուեցաւ, բայց ազգային նշանակութեամբ համահունչ ուղիով ընթացաւ արտերկրի հայօճախներու մղած պայքարը՝ հայրենամերձ թէ հեռաւոր սփիւռքի ափերուն վրայ։
Նորահաս սերունդներու օտարացման եւ ազգային կորստեան վտանգին դէմ բոլորանուէր իր պայքարին մէջ, հայապահպանման դրօշը պարզած տարագիր հայը աչքի լոյսի պէս գուրգուրաց վերապրող իր հայրենիքին ապահովութեան եւ հայոց պետականութենէն ժառանգ մնացած Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի տեսլականին ու խորհրդանիշներուն, յատկապէս Եռագոյնին վրայ։
Այս իմաստով՝ աշխարհի չորս ծագերուն Եռագոյնի ծածանումը տեսնելու իսկական երազ մը ներքնապէս միացուց տարագիր հայութեան սերունդները, մինչեւ իսկ Հայ Դատի ուժական պայքարի նորագոյն զարթօնքի սանձազերծման մղիչ ուժը դարձաւ։
Ահա այսպիսի՛ դժուարին՝ 70ամեայ մաքառումներու յաղթական պսակումը եղաւ 2 Մարտ 1992ին, Հայոց Եռագոյնին ծածանումը Մ.Ա.Կ.ի ճակատին։
Թէեւ մեր ժողովուրդը արդէն 23 Օգոստոս 1990ին, Անկախութեան Հռչակագրով, յայտարարած էր իր վճռակամութիւնը՝ 28 Մայիս 1918ին հիմնուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը ազգային-գաղափարական իր աւանդներով ու խորհրդանիշներով վերականգնելու մասին, այսուհանդերձ՝ 1991ի Դեկտեմբերին Խորհըրդային Միութեան պաշտօնական լուծարումէն ետք էր միայն, որ միջազգային ընտանիքը Մ.Ա.Կ.ի մայր դուռը բացաւ վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութեան առջեւ։
Հայաստանի Մ.Ա.Կ. մուտքին առաջին քայլը նետուեցաւ 23 Յունուար 1992ին, երբ Մ.Ա.Կ.ի Ապահովութեան Խորհուրդը որոշեց Մ.Ա.Կ.ի Նոր Անդամներու Ընդունման Յանձնաժողովին յղել Հ.Հ. կառավարութեան ներկայացուցած Մ.Ա.Կ.ի անդամակցութեան պաշտօնական դիմումը՝ առ ի քննարկում եւ զեկուցում։
Այդ հիման վրայ, 29 Յունուար 1992ին, իր 3041րդ նիստին, ստանալէ եւ քննելէ ետք յիշեալ Յանձնաժողովի դրական զեկոյցը, Մ.Ա.Կ.ի Ապահովութեան Խորհուրդը որդեգրեց թիւ 735 (1992) որոշումի բանաձեւ մը, որ Մ.Ա.Կ.ի Ընդհանուր Ժողովին կը յանձնարարէր հաստատել Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութիւնը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան։
Առ այդ, 2 Մարտ 1992ին, իր 46րդ նստաշրջանի 82րդ լիագումար նիստին, A/RES/46/227 անուն որոշումով մը, Մ.Ա.Կ.ի Ընդհանուր Ժողովը պաշտօնապէս ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութիւնը։
Այդպէ՛ս իրաւական իր ամրագրումին ու միջազգային ճանաչումին արժանացաւ ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան վերականգնումը՝ իրականացնելով երազը Հայաստանի անկախութեան եւ հայ ժողովուրդի ազատութեան ճանապարհին զոհուած մեր բիւրաւոր նահատակներուն։
Կը մնայ, որ նահատակ մեր ցեղին յարութեան երթը անդեդեւ շարունակուի, մինչեւ իրականացումը ամբողջական Հայաստանի եւ ամբողջական հայութեան անժամանցելի տեսլականին։
Ն.