Փետրուարի այս օրը պահանջատէր հայութիւնը կը տօնէ 23ամեակը Խոջալուի վտանգազերծումին, որ Արցախեան Ազատամարտի յաղթարշաւին մեծ թափ տուաւ։
Փետրուար 25էն 26 լուսցող գիշերը, 1992ին, Ստեփանակերտէն չորս մղոն դէպի հիւսիս գտնուող Խոջալուի մէջ, արձանագրուեցաւ ռազմա քաղաքական նշանակութեամբ կարեւոր յաղթանակ մը Արցախի ազգային¬ազատագրական պայքարի արիւնալի, այլեւ հերոսական պատմութեան մէջ։
Հայկական ջոկատները այդ օր ընդհանուր յարձակողականի ձեռնարկեցին ատրպէյճանական հրետանիի ահ ու սարսափ եւ մահ սփռող կեդրոն դարձած Խոջալուի վրայ։
Թշնամին անփառունակ պարտութեան մատնելով ու Խոջալուէն դուրս մղելով՝ հայկական ուժերը վտանգազերծեցին Արցախի ոստանները։ Վերջակէտ դրին Խոջալուէն արձակուող Կրատ ու այլ տիպի ռումբերու եւ հրթիռներու ամէնօրեայ տարափին։
Յատկապէս մայրաքաղաք Ստեփանակերտն ու Բերդաձորը ամէնօրեայ ռմբակոծման թիրախ դարձած էին Խոջալուի կողմէ։ Շուշիի անառիկ բարձունքներէն ազերի զինեալներու ծաւալած ռմբակոծումներուն պատճառած քանդումն ու արիւնահեղութիւնը ամբողջացնելու կու գար Խոջալուն։
Ասկերանի շրջանին մէջ ռազմագիտական կարեւոր դիրք գրաւող Խոջալուն նաեւ իրարմէ կտրած էր Մարտակերտն ու Ստեփանակերտը՝ անշարժութեան մատնելով պաշարուած Մարտակերտին մարդկային թէ զինական օգնութիւն հասցնող հայկական ջոկատները։
Թէեւ Արցախ Դեկտեմբեր 1991ին արդէն հռչակած էր իր անկախութիւնը եւ ձեռնարկած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարման համակարգումի ստեղծումին, այսուհանդերձ՝ Շուշին, Խոջալուն եւ Աղդամը, մնացած ըլլալով ատրպէյճանական ուժերու ձեռքը, կը շարունակէին հանդիսանալ հայկական արծուեբոյն լեռնային Արցախը պատուհասելու եւ, մահ ու աւեր սփռելով, ծունկի բերելու ուղին ընտրած ատրպէյճանական բռնութեանց վտանգաւոր յենակէտերը։
Խոջալուի վտանգազերծման գործողութիւնը մեծաթիւ զոհեր խլեց ոչ միայն ազերի զինեալներուն, այլեւ հոն ապրող մեսխեթցի թուրք անզէն բնակչութեան շարքերէն։ Միայն զինեալ ընդհարումներու հետեւանքով չինկան մեսխեթցիները։ Հայկական ուժերուն կողմէ Խոջալուի վտանգազերծման հետեւեցաւ իր տեսակին մէջ «թրքավարի» սադրանք մը, որ նոյնինքն ատրպէյճանեան բանակային ուժերու կողմէ գործուած սպանդն էր Խոջալուն պարպող անզէն մեսխեթցիներուն…
Խոջալուի վտանգազերծումը եւ բնակչութենէ պարպումը վերջ գտան ահաւոր ողբերգութեամբ, երբ հայկական ջոկատներու հսկողութեան տակ առճակատման գիծը կտրած եւ ատրպէյճանական կողմի առաջաւոր դիրքերը հասած մեսխեթցի բնակչութիւնը սպանդի ենթարկուեցաւ նոյնինքն ատրպէյճանական զօրքին կողմէ։
Խոջալուի այդ ողբերգութեան ծալքերը բարդ են եւ երկար ժամանակի պէտք եղաւ, որպէսզի տակաւ առ տակաւ բացայայտուին օրուան Ատրպէյճանի իշխանաւորներուն՝ յատկապէս Հայտար Ալիեւի սադրած դաւադրութեան մանրամասնութիւնները։
Բայց օրին, երբ ատրպէյճանական սադրանքին ծալքերը դեռ բացայայտուած չէին, Պաքու եւ Անգարա անմիջապէս, ձայն-ձայնի տուած, հաւար փրցուցին հայ ազատամարտիկներուն դէմ՝ զանոնք ամբաստանելով իբր թէ Խոջալուի մէջ «ցեղասպանութիւն» գործած ըլլալու մեղադրանքով։
Օրին միջազգային հանրային կարծիքը հալած իւղի պէս կուլ տուաւ ատրպէյճանական կողմի եւ անոր թափ տուող թրքական շրջանակներու հակահայ քարոզարշաւին տարածած այդ անհիմն վերագրումներն ու մեղադրանքները։
Մինչեւ այսօր, մեծապետական քաղաքականութեան ծառայող զանգուածային լրատուութեան միջորցները, այլեւ ու մանաւանդ համացանցի թրքամէտ կայքերը, սուտ ու կեղծ հազարումէկ «փաստ»եր հնարելով՝ կը շարունակեն ջուր հոսեցնել ատրպէյճանական եւ թրքական կայքէջերու կողմէ հրամցուող «Խոջալուի Ցեղասպանութեան»... խեղաթիւրումներու ջաղացքին։
Իրենց խիղճը վարձու հանած թղթակիցներ ու պատմաբաններ միշտ ալ գտնուած են եւ, այս պարագային ալ, բացառութիւն չեն կազմեր բոլոր անոնք, որոնք այսպէս կոչուած «Խոջալուի Ցեղասպանութեան» սուտ վկաները կþուզեն դառնալ՝ ձայնակցելով ատրպէյճանական եւ թրքական աղբիւրներու հակահայ քարոզչութեան։
Դժբախտաբար միեւնոյն դատապարտելի ընթացքին մէջ կը յայտնուին նաեւ միջազգային ատեաններու կողմէ եւ անոնց անունով հանդէս եկող որոշ հեղինակութիւններ, որոնք իրենց կարգին, այսօր եւս, կը շարունակեն արցախահայութեան վերագրել Խոջալուի մէջ «ազերիները ցեղասպանութեան ենթարկած ըլլալու յանցագործութիւն»ը։
23 տարի անցած է Խոջալու վտանգազերծումէն ասդին։ Վաւերագրական ամբողջ գրականութիւն մը արդէն գոյութիւն ունի, որպէսզի պատասխանատու դիրքերու վրայ գտնուող եւ հեղինակութիւն նկատուող անձնաւորութիւններն ու շրջանակները քիչ մը ժամանակ տրամադրեն եւ ստուգեն փաստերը, փոխանակ կուլ տալու ատրպէյճանական քաղցրապատ թոյները։
Իսկ վաւերական փաստերը բազում են՝ նոյնինքն Ատրպէյճանի այդ ժամանակուան նախագահ Մութալիպովի խոստովանութիւններէն սկսելով, հակահայ վերագրումները հետազօտած օտար լրագրողներու եւ պատուիրակութիւններու զեկոյցներէն անցնելով եւ Խոջալուի արիւնալի ողբերգութենէն վերապրողներու վկայութեանց հասնելով։
Այսօր արդէն արար¬աշխարհին ներկայացուած են փաստացի բաւարար տուեալներ, որպէսզի մէկանգամընդմիշտ պարզ ու յստակ դառնայ ամբողջական ճշմարտութիւնը՝ Խոջալուի բնակչութեան դէմ նոյնինքն ազերի բանակայիններու եւ զինեալներու գործադրած սպանդին մասին։ Ալիեւ հօր՝ Հայտար Ալիեւի մատնահետքերով սադրանք մըն էր եղածը Խոջալուի բնակիչներուն դէմ... Եւ ի՞նչ նպատակով. մէկ կողմէ օրուան նախագահ Մութալիպովի դէմ ժողովուրդը գրգռելու եւ իշխանափոխական յեղաշրջում իրականացնելու նպատակով, իսկ միւս կողմէ՝ Պաքուի եւ Սումկայթի մէջ հայերու բնաջնջումին դէմ բարձրացած միջազգային դատապարտանքի ալիքին պատասխանելու... «Խոջալուի մէջ հայերու գործած ցեղասպանութեան» յերիւրանքով եւ համապատասխան հակահայ ապատեղեկատուութեամբ։
Արար-աշխարհ շատ լաւ կը գիտակցի, թէ ո՞վ է ցեղասպանը…
Կը մնայ, որ քաղաքակիրթ աշխարհը ղեկավարող ուժերը արդարութեան եւ ճշմարտութեան չգերադասեն իրենց նաւթային ու ռազմաքաղաքական ինչ¬ինչ հաշիւներն ու ախորժակները։
Կը բաւէ, որ վերջ տրուի քաղաքական աշխարհը երկու չափ եւ երկու կշիռով ղեկավարելու մեծապետական պատեհապաշտութեան։
Խոջալուի վտանգազերծումը, ի վերջոյ, միակ ելքն ու գրաւականն էր հայկական Արցախի ինքնապաշտպանութեան՝ ազատ ու անկախ ապրելու անոր բնական եւ անբռնաբարելի իրաւունքին նուաճումին։
Ն.