Print
Category: Յուշատետր

­Փետ­րո­ւար 24ի այս օ­րը կը լրա­նայ մա­հո­ւան 40ա­մեա­կը հայ գե­ղան­կար­չա­կան տա­ղան­դի ա­մէ­նէն փայ­լուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն ­Մի­նաս Ա­ւե­տի­սեա­նի։

­Քա­ռա­սուն տա­րի ա­ռաջ, 23էն 24 ­Փետ­րո­ւար 1975ի ա­ռա­ւօ­տեան վաղ ժա­մե­րուն, իր վեր­ջին շուն­չը ա­ւան­դեց բա­ռա­ցիօ­րէն զգետ­նո­ւած մար­մի­նը հայ գե­ղան­կար­չու­թեան մե­ծա­տա­ղանդ հսկա­յին՝ ­Մի­նա­սի։

­Մի­նաս բնա­կան մա­հով չհե­ռա­ցաւ մեր աշ­խար­հէն։ Ոչ ալ ինք­նա­կամ հրա­ժեշտ տո­ւաւ կեան­քին։ Ո՛չ. ­Մի­նա­սը պար­զա­պէս եւ նենգ ու տմար­դի ե­ղա­նա­կով խլե­ցին մեր կեան­քէն ու առ­յա­ւէտ... աք­սո­րե­ցին։

16 ­Փետ­րո­ւար 1975ին, քա­ղա­քա­մայր Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նին մէջ, օր ցե­րե­կով, Ա­բո­վեան-­Սա­յաթ ­Նո­վա փո­ղոց­նե­րու խաչ­մե­րու­կին վրայ, իբր թէ պա­տա­հա­կան ար­կա­ծով մը, ինք­նա­շարժ մը լայն մայ­թը ե­լաւ եւ մա­հա­ցու վնա­սո­ւած­քով տա­պա­լեց մար­մի­նը մայ­թեզ­րին հան­դար­տօ­րէն քա­լող ­Մի­նաս Ա­ւե­տի­սեա­նի։

Ամ­բողջ շա­բաթ մը, հայ գե­ղան­կար­չու­թեան 47ա­մեայ վար­պե­տը մա­քա­ռե­ցաւ մա­հո­ւան դէմ։ ­Մա­հա­ցու ծանր էր մարմ­նին հաս­ցո­ւած հա­րո­ւա­ծը, բայց ­Մի­նաս մար­տու­նակ էակ էր եւ լի էր ապ­րե­լու, վե­րա­կանգ­նե­լու կամ­քով։ ­Դեռ չէր ա­ւար­տած իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը, ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան իր հա­սու­նաց­ման եր­կուն­քին մէջ էր եւ այն­քան բան ու­նէր տա­լու. ինչ­պէ՜ս հե­ռա­նար իր պաշ­տած հո­ղէն ու ժո­ղո­վուր­դէն...

Եւ հա­յու­թիւ­նը, ի ­Հա­յաս­տան թէ սփիւռս աշ­խար­հի, չհա­ւա­տաց օ­րին աշ­խար­հով մէկ սփռո­ւած խորհր­դա­յին պաշ­տօ­նա­կան այն լրա­տո­ւու­թեան, թէ ինք­նա­շար­ժի դժբախտ ար­կա­ծի մը զոհ գնաց հա­յաս­տա­նեան գե­ղան­կար­չու­թեան հան­ճա­րեղ վեր­ջին ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը։

Եւ ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի էր հա­ւա­տալ պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րուն այն ­Չա­րի­քի ­Կայս­րու­թեան, որ ոչ միայն մի­լիո­նա­ւոր­նե­րու ֆի­զի­քա­կան եւ հո­գեմ­տա­ւոր «մաք­րա­գործ­ման» ծան­րա­գոյն յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը կա­պած էր իր ա­նու­նին, այ­լեւ՝ խորհր­դա­նի­շը դար­ձած էր «պե­տու­թեան մէջ ստո­ւե­րա­յին պե­տու­թեան»՝ այ­սինքն գաղտ­նի ու յա­տուկ ծա­ռա­յու­թեանց քմա­հա­ճոյ­քին լքո­ւած՝ խա­թա­րո­ւած կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գի...

­Մա­նա­ւանդ որ ­Մի­նաս դեռ հաշ­տո­ւած չէր իր ա­րուես­տա­նո­ցը հրկի­զե­լու ա­ռա­ջին՝ իբր թէ «նա­խազ­գու­շա­կան ազ­դա­րա­րու­թեան» եւ այս­պէս կոչուած «ար­կած»ին հետ, երբ քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ, մութ պայ­ման­նե­րու տակ, հրկի­զո­ւե­ցաւ ա­նոր ա­րո­ւես­տա­նո­ցը՝ ­Մի­նա­սի բա­զում գոր­ծեր հրոյ ճա­րակ դարձ­նե­լով։

Այդ­պի­սին էին ժա­մա­նակ­նե­րը եւ ­Մի­նաս Ա­ւե­տի­սեան միա­կը չէր խորհր­դա­յին խոր­շա­կին հայ ժո­ղո­վուր­դին տո­ւած ա­րեան... յա­ւե­լեալ հար­կին։ Ի­րեն ժա­մա­նա­կա­կից հայ­կեան հան­ճա­րի միւս ճա­ռա­գայ­թում­նե­րը եւս՝ ­Պա­րոյր

­Սե­ւակն ու ­Մու­շեղ ­Գալ­շո­յեա­նը, նոյն­պէս մութ պայ­ման­նե­րու մէջ պա­տա­հած «ար­կած»նե­րու հե­տե­ւան­քով, խլո­ւե­ցան մեր կեան­քէն ու ժո­ղո­վուր­դէն՝ պար­զա­պէս ի­րենց այն «մեղք»ին հա­մար, որ խորհրդա­յին պաշ­տօ­նա­կան «ճշմար­տու­թե­նէն» էա­պէս տար­բեր եւ ներ­հակ ազ­գա­յին ճշմար­տու­թեան՝ ար­ժէք­նե­րու եւ ի­րա­ւու­թեան նո­ւի­րա­բե­րե­ցին ի վե­րուստ ի­րենց շնոր­հո­ւած տա­ղան­դը։

Ա­զա­տա­խոհ եւ ա­զա­տա­շունչ ­Մի­նաս Ա­ւե­տի­սեան ­Շի­րա­կի մար­զի փոք­րիկ ­Ջա­ջուռ գիւ­ղի զա­ւակ էր, ծնած էր 20 ­Յու­լիս 1928ին։ ­Հայ­րը ­Մու­շէն՝ ­Մեծ Ե­ղեռ­նէն մա­զա­պուրծ փրկո­ւած եւ ­Ջա­ջուռ հաս­տա­տո­ւած դար­բին էր՝ ­Կա­րա­պետ Ա­ւե­տի­սեան։ ­Մայ­րը՝ ­Սո­ֆոն, ­Կար­սէն գաղ­թած քա­հա­նա­յի դուստր էր։ ­Հո­ղի մշակ­ման եւ գիւ­ղա­կան աշ­խար­հի լու­սա­ւոր­ման նո­ւի­րո­ւած պարզ, այ­լեւ հա­յու ի­րենց ար­մատ­նե­րուն փա­րած մար­դիկ էին։ Եւ ­Մի­նաս ­Ջա­ջու­ռի բնու­թե­նէն ու ջա­ջուռ­ցի­նե­րու յու­զաշ­խար­հէն վեր­ցուց իր ե­րան­գապնա­կին ողջ հարս­տու­թիւ­նը՝ գոյ­նե­րու շռայ­լանքն ու խստա­բիբ աշ­խար­հա­յեաց­քը, լոյ­սի եւ ստո­ւե­րի խոր հա­կադ­րու­թիւն­ներն ու թանձ­րա­ցեալ ըն­դե­լու­զում­նե­րը, մէկ կող­մէ ան­հուն սի­րոյ ու բա­րու­թեան եւ միւս կող­մէ դառ­նու­թեան ու ընդվ­զու­մի մի­ջեւ բուռն ա­լե­կո­ծում­նե­րը։

­Մի­նաս եր­կար ճամ­բայ կտրեց գե­ղան­կար­չա­կան իր պատ­րաս­տու­թիւ­նը, գի­տու­թիւնն ու հմտու­թիւ­նը ուս­ման մի­ջո­ցաւ կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու հա­մար։ Ե­րե­ւա­նի մէջ ­Փա­նոս ­Թեր­լե­մե­զեա­նի ա­նո­ւան ­Գե­ղարուես­տա­կան ­Վար­ժա­րա­նը եւ ­Գե­ղա­րո­ւես­տա­թա­տե­րա­կան ­Հիմ­նար­կը ա­ւար­տե­լէ ետք, 1953ին, ­Մի­նաս մաս­նա­գի­տա­կան ուս­ման հե­տե­ւե­ցաւ ­Լե­նինկ­րա­տի ­Ռե­պի­նի ա­նո­ւան ­Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան Ա­կա­դե­միա­յին մէջ՝ 1960ին վկա­յո­ւե­լով պա­տո­ւոյ յի­շա­տա­կու­թեամբ։

Ե­թէ ե­րե­ւա­նեան ուս­ման տա­րի­նե­րը ­Մի­նա­սի առ­ջեւ լայն բա­ցին հայ­կա­կան ման­րան­կար­չու­թեան ան­սահ­ման աշ­խար­հը, լե­նինկ­րա­տեան տա­րի­նե­րը ­Մի­նա­սին զի­նե­ցին ի­տա­լա­կան ­Վե­րած­նուն­դի նկար­չու­թեան խոր ճա­նա­չո­ղու­թեամբ եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ինք­նա­կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­մով։

­Վե­րա­դառ­նա­լով Ե­րե­ւան՝ ­Մի­նաս նո­ւի­րո­ւե­ցաւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան բե­ղուն աշ­խա­տան­քի։ ­Նոյն տա­րին իսկ տո­ւաւ իր ան­հա­տա­կան ա­ռա­ջին ցու­ցա­հան­դէ­սը՝ ռում­բի պէս ցնցիչ ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծե­լով ա­րո­ւես­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան վրայ։

Ա­ռա­ջին այդ քայ­լէն իսկ ա­րո­ւես­տի քննա­դատ­նե­րը բաժ­նո­ւե­ցան հա­կա­դիր ճամ­բար­նե­րու՝ ­Մի­նա­սի ա­րո­ւես­տին եւ տա­ղան­դին գնա­հատ­ման հար­ցին շուրջ։

­Պաշ­տօ­նա­կան քննադա­տու­թիւ­նը եր­կար ժա­մա­նակ փոր­ձեց ան­տե­սել եւ լու­սար­ձակ­նե­րէ հե­ռու պա­հել ­Մի­նա­սի ստեղ­ծած գոր­ծե­րը, բայց ժա­մա­նա­կը քայլ առ քայլ յաղ­թա­հա­րեց ա­րո­ւես­տա­կա­նօ­րէն ­Մի­նա­սի եր­թը ար­գե­լա­կել փոր­ձող այդ պա­տո­ւար­նե­րը։ ­Տա­ղան­դա­շատ այն­պի­սի՜ շունչ եւ թռիչք կար ­Մի­նա­սի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան մէջ, որ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ա­կա­մայ պա­տու­հան­նե­րը բա­ցին աշ­խար­հին առ­ջեւ՝ ճանչ­նա­լու եւ ըմ­բոշխ­նե­լու հա­մար ­Մար­տի­րոս ­Սա­րեա­նի ար­ժա­նա­ւոր այս ժա­ռան­գոր­դին գե­ղան­կար­չու­թիւ­նը։

­Միայն 15 տա­րի տե­ւեց ­Մի­նա­սի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան յաղ­թար­շա­ւը՝ 1960էն մին­չեւ 1975ի իր ող­բեր­գա­կան վախ­ճա­նը։ ­Բայց այդ­քանն իսկ բա­ւա­րար ե­ղաւ, որ­պէս­զի ­Մի­նաս ձեռ­նա­մուխ ըլ­լա­լու գե­ղանը­կար­չու­թեան բո­լոր ճիւ­ղե­րու մէջ ինք­նադր­սե­ւոր­ման եւ ինք­նա­հաս­տատ­ման ար­գա­սա­բեր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան։ ­Դի­ման­կար­չու­թիւն եւ բնան­կար­չու­թիւն, գծան­կար եւ որմ­նան­կար, բե­ման­կար­չու­թիւն եւ շար­ժա­պատ­կե­րի նկար­չու­թիւն՝ բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով ­Մի­նաս իր ներդ­րու­մը ու­նե­ցաւ եւ բարձ­րար­ժէք գոր­ծե­րով հարս­տա­ցուց հայ ժո­ղո­վուր­դին մշա­կու­թա­յին գան­ձա­րա­նը։

­Հայ­րե­նի գիւ­ղաշ­խար­հը, իր վառ գոյ­նե­րով եւ խո­րա­շունչ պա­հե­րով, ան­սահ­ման հո­րի­զոն­ներ բա­ցաւ ­Մի­նա­սի վրձի­նին առ­ջեւ։ Եւ հան­ճա­րեղ ջա­ջուռ­ցին իր մէջ մթե­րո­ւած հո­գեմ­տա­ւոր ամ­բողջ հարս­տու­թիւ­նը վե­րա­ծեց գոյ­նի եւ լոյ­սի ու իբ­րեւ հայ­կա­կան նշխարհ բաշ­խեց մարդ­կու­թեան։

­Մի­նա­սի գե­ղան­կար­չու­թեան մէջ տի­րա­պե­տող ե­ղաւ ինչ­պէս ­Ջա­ջու­ռի բնան­կար­նե­րով հա­յոց աշ­խար­հի բնա­կան գե­ղեց­կու­թիւ­նը, նոյն­պէս եւ իր մօր կեր­պա­րով հա­յոց մայ­րա­կան աշ­խար­հի խո­րա­խոր­հուրդ յու­զաշ­խար­հը։ ­Յա­տուկ շեշ­տադ­րու­մի ար­ժա­նի է նաեւ ու մա­նա­ւանդ, ­Մեծ Ե­ղեռ­նի ­Յիս­նա­մեա­կին ա­ռի­թով, ­Մի­նա­սի ստեղ­ծած նկա­րա­շա­րը՝ «­Ճա­նա­պարհ. ծնող­նե­րիս յի­շո­ղու­թիւն­նե­րը» եւ «­Դէր-­Զօ­րի ճա­նա­պար­հին» ա­նո­ւա­նում­նե­րով։

­Մի­նաս յա­ջո­ղե­ցաւ իր ա­րո­ւես­տին նկատ­մամբ յար­գանք պար­տադ­րել նաեւ պաշ­տօ­նա­կան Ե­րե­ւա­նին, ո­րով­հե­տեւ հայ ժո­ղո­վուր­դը իր սրտին եւ հո­գիին մէջ ան­խոր­տա­կե­լի գա­հի ար­ժա­նա­ցուց մե­ծա­տա­ղանդ նկա­րի­չին։ Ան դար­ձաւ ոչ միայն ­Հա­յաս­տա­նի նկա­րիչ­նե­րու միու­թեան գոր­ծօն ան­դամ եւ ա­նոր նա­խա­գա­հու­թեան մղիչ ու­ժը, այ­լեւ՝ գա­ղա­փա­րա­կան իր հիմ­նա­րար ներդ­րու­մը ու­նե­ցաւ 1960ա­կան­նե­րու հայ­րե­նի մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ազ­գա­յին զար­թօն­քին մէջ։

­Բայց դժբախ­տու­թիւ­նը կամ ան­հան­դուր­ժո­ղու­թեան չա­րի­քը շատ շուտ հա­րո­ւա­ծեց իր ծաղկ­ման փու­լը թե­ւա­կո­խած ­Մի­նա­սին։ 1972ին ան ապ­րե­ցաւ ոե­ւէ նկա­րի­չի վի­ճա­կո­ւած դա­ժա­նա­գոյն եւ դառ­նա­գոյն ող­բեր­գու­թիւ­նը, երբ հրդե­հը հրոյ ճա­րակ դար­ձուց ա­նոր աշ­խա­տա­նո­ցը՝ ա­ւե­լի քան 300 ա­ւար­տուն գոր­ծե­րու փճաց­ման պատ­ճառ դառ­նա­լով։ ­Մի­նաս եր­կար ժա­մա­նակ չկրցաւ վե­րագտ­նել իր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան թա­փը։ ­Բայց իր ներ­քին կրա­կը ա­ւե­լի զօ­րա­ւոր էր եւ կրցաւ յաղ­թա­հա­րել այդ հա­րո­ւածն ալ։

­Մեր ժա­մա­նակ­նե­րու հայ գե­ղան­կար­չու­թեան լու­սապ­սակ այս գա­գա­թը, սա­կայն, ան­զօր ե­ղաւ յաղ­թա­հա­րե­լու շնչա­ւոր իր մարմ­նին հաս­ցո­ւած մա­հա­ցու հա­րո­ւա­ծը 16 ­Փետ­րո­ւար 1975 ին, երբ այդ­պէս ինք­նա­շար­ժի «ար­կած»ի տակ ֆի­զի­քա­պէս զգետ­նո­ւե­ցաւ... մին­չեւ որ 23-24 ­Փետ­րո­ւա­րին առ­յա­ւէտ փա­կո­ւե­ցան բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու հա­յոց աշ­խար­հի գոյ­ներն ու լոյ­սի խա­ղե­րը այն­քան խո­րու­թեամբ խտա­ցու­ցած աչ­քե­րը ան­զու­գա­կան ­Մի­նա­սի։

Ն.