Print
Category: Յուշատետր

21 ­Փետ­րո­ւա­րին, քա­ղա­քա­կիրթ ողջ մարդ­կու­թեան հետ, աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թիւ­նը եւս կը նշէ «­Մայ­րե­նի ­Լե­զո­ւի ­Մի­ջազ­գա­յին Օր»ը։

21 ­Փետ­րո­ւա­րը իբ­րեւ «­Մայ­րե­նի ­Լե­զո­ւի ­Մի­ջազ­գա­յին Օր» հռչա­կե­լու ո­րո­շու­մը կա­յա­ցուց ԵՈՒՆԵՍՔՕն՝ ­Միա­ցեալ Ազ­գե­րու Կր­թա­կան, ­Գի­տա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին ­Կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը (United Nations Educational, Scientific and Cultural Organization)։

Ո­րո­շու­մը տրո­ւե­ցաւ 2009ի ­Նո­յեմ­բե­րին, ԵՈՒՆԵՍՔՕի Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վի 30րդ ­նիս­տին՝ լե­զու­նե­րու եւ մշա­կոյթ­նե­րու բազ­մա­զա­նու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու եւ զար­գաց­նե­լու գլխա­ւոր ա­ռա­ջադ­րան­քով։

ԵՈՒՆԵՍՔՕի ո­րո­շու­մը կ­þա­ռա­ջադ­րէր, պաշ­տօ­նա­կան բա­նա­ձե­ւու­մով, մի­ջազ­գա­յին ճի­գե­րով ա­ջակ­ցիլ «մայ­րե­նի լե­զու­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րուն ճա­նաչ­ման եւ գոր­ծա­ծու­թեան»։

Այդ­պէ՛ս, ­Նո­յեմ­բեր 1999ի ԵՈՒՆԵՍՔՕի ո­րո­շու­մին հի­ման վրայ, 21 ­Փետ­րո­ւար 2000էն սկսեալ, ա­մէն տա­րի, աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն, ­Փետ­րո­ւար 21ին կը նըշ­ւի քա­ղա­քա­կիրթ մարդ­կու­թեան մե­ծա­գոյն հարս­տու­թեան՝ ­Մայ­րե­նիի պահ­պան­ման, պաշտ­պա­նու­թեան եւ զար­գաց­ման նո­ւի­րա­կան այս տօ­նը։

­Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ կը նշո­ւի այս Օ­րը եւ ող­ջու­նե­լի ա­ւան­դու­թիւն դար­ձած է, որ ­Հան­րա­պե­տու­թեան ­Նա­խա­գա­հը հան­դի­սա­ւո­րա­պէս Ո­ղերձ կը նո­ւի­րէ ­Մայ­րե­նիի մի­ջազ­գա­յին օ­րո­ւան։

­Հե­տաքրք­րա­կան է գիտ­նալ, թէ ին­չո՞ւ ո­րո­շա­պէս ­Փետ­րո­ւար 21ին կը նշո­ւի «­Մայ­րե­նի ­Լե­զո­ւի ­Մի­ջազ­գա­յին Օ­րը»։

­Հան­րա­գի­տա­կան աղ­բիւր­նե­րուն հա­մա­ձայն՝ մայ­րե­նի լե­զու­նե­րուն մի­ջազ­գա­յին օր նո­ւի­րե­լու գա­ղա­փա­րը հնչե­ղու­թիւն ստա­ցաւ 1950ա­կան­նե­րուն, երբ 1947ին կեան­քի կո­չո­ւած եւ մե­ծա­մաս­նա­բար Ուր­տու­նե­րէ բաղ­կա­ցած ­Փա­քիս­տա­նի մէջ, ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թեան կար­գա­վի­ճա­կով յայտ­նո­ւած պեն­կալ­ցի­նե­րը լըծ­ւե­ցան, կեան­քի գնով, ի­րենց ­Մայ­րե­նիի՝ ­Պեն­կա­լե­րէ­նի պահ­պա­նու­թեան եւ պաշտ­պա­նու­թեան պայ­քա­րին։

­Փա­քիս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը փոր­ձեց ա­րեան մէջ խեղ­դել պեն­կալ­ցի­նե­րու յա­նուն ­Մայ­րե­նիի ծա­ւա­լած պայ­քա­րը։ 1952ին փա­քիս­տա­նեան կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժե­րը բրտօ­րէն ճզմե­ցին, ­Տաք­քա­յի մէջ, պեն­կա­լե­րէ­նի ա­զատ գոր­ծա­ծու­թեան եւ պե­տա­կան պաշտ­պա­նու­թեան պա­հան­ջով պեն­կալ­ցի ու­սա­նող­նե­րու կազ­մա­կեր­պած ցոյ­ցը։ ­Բազ­մա­թիւ պեն­կալ­ցի ու­սա­նող­ներ զոհ- ­հո­ւե­ցան այդ բա­խու­մին հե­տե­ւան­քով։ Այ­դու­հան­դերձ՝ պայ­քա­րը ոչ միայն կանգ չա­ռաւ, այ­լեւ յա­ւե­լեալ թա­փով շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ տա­րի­ներ, մին­չեւ որ 1956ին մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւնն ու ­Փա­քիս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ճանչ­ցան ­Պեն­կա­լե­րէ­նը իբ­րեւ պե­տա­կան լե­զու։ Իսկ 1971ին, երբ ի վեր­ջոյ ­Փա­քիս­տա­նէ­նիր ան­կա­խու­թիւ­նը ստա­ցաւ եւ կեան­քի կո­չո­ւե­ցաւ ­Պենկ­լա­տէշ պե­տու­թիւ­նը, նո­րան­կախ երկ­րի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ո­րո­շե­ցին ­Փետ­րո­ւար 21ը հռչա­կել ի­րենց մայ­րե­նի լե­զո­ւին՝ ­Պեն­կա­լե­րէ­նի պահ­պան­ման ու պաշտ­պա­նու­թեան ազ­գա­յին Օր։

­Հե­տե­ւա­բար, մին­չեւ 2000 թո­ւա­կա­նը, մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը չու­նէր ­Փետ­րո­ւար 21ին նշո­ւող ­Մայ­րե­նիի մի­ջազ­գա­յին Օր։

Ա­մե­նայն­դէպս, ­Մայ­րե­նի ­Լե­զու­նե­րու ­Մի­ջազ­գա­յին Օ­րը, թէեւ ու­շա­ցու­մով, ե­կաւ նո­ւի­րա­գոր­ծե­լու քա­ղա­քա­կիրթ մարդ­կու­թեան կտրա­կան Ո՛­Չը ընդ­դէմ աշ­խար­հի տա­րած­քին յա­մե­ցող խտրա­կա­նու­թեանց ա­մէ­նէն ա­հա­ւոր դրսե­ւո­րում­նե­րէն մէ­կուն՝ մայ­րե­նի լե­զու­նե­րու պահ­պան­ման, ա­զատ գոր­ծա­ծու­թեան ու ան­կաշ­կան զար­գաց­ման դէմ շա­րու­նա­կո­ւող ան­հան­դուր­ժո­ղու­թեան ու այ­լա­մեր­ժու­թեան։

­Փաս­տօ­րէն, քա­ղա­քակր­թու­թեանց պատ­մու­թեան բազ­մազ­գեան բո­լոր մա­տեան­նե­րուն մէջ, հա­զա­րա­ւոր տա­րի­նե­րէ ի վեր, մարդ­կու­թիւ­նը դէմ յան­դի­ման գտնո­ւած է բռնա­կալ ու տի­րա­կալ հզօր ազ­գե­րու մայ­րե­նի լե­զուն - նաեւ այդ ճամ­բով ա­նոնց գե­րիշ­խող մշա­կոյ­թը - փոքր ու տկար ազ­գե­րուն պար­տադ­րե­լու մեղ­սա­գոր­ծու­թեան։

Այն աս­տի­ճան, որ քա­ղա­քակր­թու­թեանց պատ­մու­թեան ճա­կա­տին իբ­րեւ ցե­ղա­պաշ­տու­թեան մուր եւ ա­մօ­թի խա­րան դրոշ­մո­ւած է ան­պաշտ­պան ազ­գե­րու ­Մայ­րե­նին աշ­խար­հի ե­րե­սէն սրբե­լու մե­ծա­գոյն յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը...

­Յատ­կա­պէս քսա­նե­րորդ դա­րու ամ­բողջ եր­կայն­քին, գա­ղու­թա­տի­րու­թեան եւ կայ­սե­րա­պաշ­տու­թեան կա­պանք­նե­րէն ա­զա­տագ­րո­ւե­լու քա­ղա­քակր­թա­կան դըժո­ւա­րին պայ­քա­րին հետ, մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը բաղ­կաց­նող մի­ջակ ու փոքր ազ­գերն ու ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը օր­հա­սա­կան կռիւ մղե­ցին ի խնդիր ի­րենց մայ­րե­նի լե­զո­ւին պաշտ­պա­նու­թեան՝ ­Մայ­րե­նիի ան­հետ կո­րուս­տի վտան­գին դէմ մա­քա­ռե­լով ի­րենց բո­լոր ու­ժե­րով։

Ա­հա այդ պայ­քա­րին ար­գա­սի­քը ե­ղան «­Մայ­րե­նի ­Լե­զո­ւի ­Մի­ջազ­գա­յին Օր»ո­ւան աշ­խար­հով մէկ հռչա­կումն ու նո­ւի­րա­գոր­ծու­մը։

Ո­րո­շա­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար տա­րո­ւան տօ­նա­կան օ­րե­րուն ա­մէ­նէն նո­ւի­րա­կա­նը կը հան­դի­սա­նայ ­Մայ­րե­նիին Օ­րը։

Այդ­պէ՛ս է ոչ միայն Ս­փիւռ­քի տա­րած­քին, ուր ա­մէն վայր­կեան զգա­լի են եւ տագ­նա­պեց­նող՝ ­Մայ­րե­նիի նա­հանջն ու տե­ղա­տո­ւու­թիւ­նը, այ­լեւ հայ­րե­նի հո­ղին վրայ, ուր հա­յու­թիւ­նը տա­կաւ կը թօ­թա­փէ խորհր­դա­յին կար­գե­րու տակ ­Մայ­րե­նիին պար­տադ­րո­ւած գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան ամ­բող­ջա­տի­րու­թեան կա­պանք­նե­րը։ ­Փաս­տօ­րէն, ամ­բողջ 70 տա­րի ­Հա­յե­րէ­նին ոչ¬պե­տա­կան լե­զու հռչա­կո­ւե­լու վտան­գին դէմ մղո­ւած պայ­քա­րէն ետք, ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման պայ­ման­նե­րուն մէջ ալ, ­Մայ­րե­նիի պահ­պա­նումն ու լիար­ժէք զար­գա­ցու­մը կը դի­մագ­րա­ւեն ծան­րակ­շիռ գրո­հը հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման հար­թիչ գլա­նին։

­Հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման նո­րօ­րեայ ճնշումն ու վտան­գը դի­մագ­րա­ւե­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ է, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին ինք­նա­պահ­պան­ման ու հա­յօ­րէն զար­գաց­ման Օ­րա­կար­գին ա­ռաջ­նա­հերթ խնդի­րը կը շա­րու­նա­կէ մնա­լէ ­Հայ ­Լե­զո­ւի ա­նա­ղարտ պահ­պա­նումն ու ժա­մա­նա­կի ո­գիով վե­րա­թար­մա­ցու­մը։

­Հայ­րե­նա­կան եւ սփիւռ­քեան միաս­նա­կան զօ­րա­շար­ժով եւ պե­տա­կան թէ հա­սա­րա­կա­կան ու­ժե­րու լա­րու­մով՝ հա­յոց ­Մայ­րե­նիին պարտք ենք իր ու­րոյն զար­գաց­ման ա­պա­հո­վու­մը, որ­պէս­զի հա­յաշ­խար­հով մէկ հնչէ մե­ծա­գոյն ի­մաս­տու­թիւ­նը մեր ազ­գա­յին ա­ծո­ւին՝ մես­րո­պեան տա­ռե­րով բա­նա­ձե­ւո­ւած «­Ճա­նա­չել զի­մաս­տու­թիւն եւ զխրատ, ի­մա­նալ զբանս հան­ճա­րոյ» պատ­գա­մով։

Ի վեր­ջոյ ունկն­դիր պէտք է մնալ հա­յոց մե­ծե­րուն ան­փո­խա­րի­նե­լի այն ի­մաս­տու­թեան, որ երբ ­Հայ­րե­նին՝ հո՛­ղը կ­’ե­րե­րայ հայ ազ­գի ոտ­քին տակ, ­Մայ­րե­նի՛ն է միակ ու կե­նա­րար ա­պաս­տա­նը հա­յուն։

Աչ­քի լոյ­սի պէս պէտք է գուր­գու­րալ ­Մայ­րե­նիի պաշտ­պա­նու­թեան եւ ա­զատ զար­գաց­ման վրայ, ո­րով­հե­տեւ Ազ­գի եւ ­Հայ­րե­նի­քի հո­գեմ­տա­ւոր ­Տու­նը ա­նե­րեր պա­հե­լու ան­փո­խա­րի­նե­լի ե­րա­խիքն է ա­տի­կա, ինչ­պէս որ մեր բա­նաս­տեղծ­նե­րը կը պատ­գա­մեն՝

«­Հայ լե­զուն տունն է հա­յուն աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն»։

Ն.