Փետրուար 19ին, 84 տարի առաջ, Թիֆլիսի մէջ անշուք կեանքի դատապարտուած, ցաւատանջ իր աչքերը առյաւէտ փակեց հայոց նորագոյն պատմութեան կերտիչներէն զօրավար Թովմաս Նազարբէգեան։
Խորհրդային մամուլը օրին չտուաւ նոյնիսկ գոյժը հայոց մեծանուն Սպարապետի մահուան։ Խորհրդահայ մամուլը նոյնպէս լուռ անցաւ ազգային մեծ կորուստին վրայէն։ Խորհրդային ամբողջատիրութեան «ինքնահաստատման» չարաբաստիկ ժամանակներն էին ու ազգային արժէքներու եւ ազգային յիշողութեան դէմ կատաղի պայքարը տակաւ կը սրէր իր մահացու ժանիքները...
Իսկ սփիւռքեան կողմն հայաշխարհի, 19 Փետրուար 1931ի հայոց մեծ կորուստին առիթով, ընդհանուր սուգը պատեց տարագիր հայաշխարհը։ Արտերկրի հայ մամուլը, որոշապէս դաշնակցական իր օրկաններով, Հարաւային Ամերիկայի «Արմենիա»յէն ու Մ. Նահանգներու «Ասպարէզ»էն եւ «Հայրենիք»էն մինչեւ Փարիզի «Յառաջ»ն ու Գահիրէի «Յուսաբեր»ը, համազգային յարգանքի իր տուրքը մատուցանեց Ազգային Հերոսին՝ հայոց նորահաս սերունդներու յիշողութեան մէջ ամրագրելով անզուգական տեղն ու արժէքը զօրավար Թովմաս Նազարբէկեան անուն Մեծ Հայուն։
Դրօ եւ Համօ Օհանջանեան, Աւետիս Ահարոնեան եւ Շաւարշ Միսաքեան, Սիմոն Վրացեան եւ Վահան Նաւասարդեան՝ փաստօրէն Հայաստանի Անկախութեան Սերունդի տարագիր բոլոր նուիրեալները փութացին, մամուլի էջերէն ու բեմերէն, մեծարելու կերպարն ու գործը Անկախ Հայաստանի վերջին Սպարապետին, որ վճռորոշ ներդրում ունեցած էր Հայաստանի անկախութեան ու ազգային պետականութեան կերտումին եւ անոր հիմնարար կռուաններու ամրապնդման մէջ։
Իրաւամբ ազգային հերոս էր Թովմաս Նազարբէգեան՝ բառին թէ՛պարզ, խորունկ ու դասական նշանակութեամբ, թէ՛ իր դարաշրջանին յատուկ խորհուրդով ու հպարտութիւն ներշնչող հնչեղութեամբ։
Ռուսացած ու ռուս կայսերական բանակին մէջ կազմաւորուած եւ մարտական փայլուն ասպարէզ նուաճած զօրավար էր Նազարբէգով, որ իր ազգային արմատներուն ամբողջապէս տէր կանգնելով՝ հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան եւ ազգային ազատագրութեան թէժ մարտերը ղեկավարող փայլուն հրամանատարը դարձաւ, Հայաստանի անկախութեան կերտումի ճակատամարտներուն մէջ հիմնական ներդրում ունեցաւ եւ դարաւաոր գերութենէ ազատագրուած հայ ժողովուրդին ու Հայաստանի ազգային բանակին հիմնադիր Սպարապետը եղաւ։
Թովմաս Նազարբէգեան ծնած էր 4 Օգոստոս 1855ին Թիֆլիս, ունեւոր ընտանիքի յարկին տակ։ Ընդհանրապէս ռուսական շրջանակի մէջ կազմաւորուեցաւ, զինուորականի իր կրթութիւնը ստացաւ Մոսկուայի մէջ, ցարական զինուորական բարձրագոյն վարժարանը աւարտեց եւ նորահաս սպայ էր տակաւին, երբ ռազմական իր տաղանդին ու քաջագործութիւններուն կրակի մկրտութիւնը ստացաւ 1877-1878ի ռուս-թրքական պատերազմի ընթացքին։ Բայց յատկապէս 1904-1905ի ռուս-ճափոնական պատերազմին գնդապետի աստիճանով իր մասնակցութեամբ է, որ հայազգի այս զինուորականին հերոսական սխրանքները մեծ հռչակ ապահովեցին անոր եւ արժանացուցին Ցարական բանակի հրամանատարութեան ոսկեայ սուրի պարգեւին։
1903-1905 թուականները նաեւ Ցարական Ռուսաստանի հակահայ ոտնձգութիւններու ժամանակաշըրջանն էին։ Հայ եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման փորձով իր բարձրակէտին հասած «Հայաստան առանց հայու» Ցարիզմի ծաւալած հալածանքը իր հակահայ դրսեւորումը ունեցաւ նաեւ ռուս կայսերական բանակէն ներս, երբ հայ ծագումով բարձրաստիճան զինուորականները հեռու պահուեցան զօրաբաժիններու հրամանատարութեան իրենց նուաճած պաշտօններէն։
Նոյնը պատահեցաւ նաեւ զօր. Նազարբէկեանի պարագային, որ անվարան ներկայացաւ իր գերադասին եւ ներկայացուց Ցարական Բանակէն իր հրաժարականը՝ խրոխտութեամբ յայտարարելով, թէ ոչ միայն հայկական ծագում ունի, այլեւ լիարժէք հա՛յ է ու հպարտ է իր հայութեամբ։
Ամբողջ տասը տարի ռուսական բանակէն հեռու մնալէ ետք, 1914ին, Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին հետ, երբ Ցարական քաղաքականութիւնը շրջադարձ ապրեցաւ հայութիւնը ներգրաւելու ուղղութեամբ, ռուսական բանակի վերին հրամանատարութիւնը վերստին ծառայութեան կանչեց զօր. Նազարբէկեանին՝ անոր վստահելով Բ. Կովկասեան Հրացանաձիգ Զօրաբաժնի հրամանատարութիւնը։
Այդպէ՛ս վերսկսաւ հայոց զօրավարին հերոսական քաջագործութեանց շարքը. յատկապէս պատմական Աւարարայրի դաշտէն ոչ շատ հեռու գտնուող Տիլմանի ճակատամարտին, ուր զօր. Նազարբէկեան, իր կողքին ունենալով Կամաւորական Առաջին Գունդը հրամանատար հերոս Անդրանիկը, ջախջախիչ պարտութեան մատնեց հարաւ-արեւելքէն՝ պարսկական սահմանէն Հայաստանի ուղղութեամբ արշաւող Խալիլ Փաշայի զօրքը։
Նոյնքան մեծակշիռ դերակատարութիւն ունեցաւ Զօր. Նազարբէկեան, երբ յաղթական մուտք գործեց Պիթլիս, ազատագրեց Մուշը եւ արշաւեց Վանի ուղղութեամբ եւ ազատագրեց Վասպուրականի հայութիւնը։
1917ի Հոկտեմբերին տեղի ունեցած պոլշեւիկեան յեղաշրջումէն ետք, երբ Լենինի «տուն դարձ»ի հրահանգին ընդառաջող ռուս զինուորներու դասալքութեամբ քայքայուեցաւ Ցարական Բանակը, Թիֆլիս հաստատուած Հայ Ազգային Խորհուրդը Հայկական Կորպուսի ընդհանուր հրամանատար կարգեց զօրավար Նազարբէկեանին, որ իր այդ հանգամանքով պատմակշիռ ներդում ունեցաւ Հայաստանի անկախութիւնը կերտած Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի հերոսական ճակատամարտներուն ղեկավարման մէջ՝ այնուհետեւ արժանանալով նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Բանակի Սպարապետի բարձրագոյն պաշտօնին։
Զօրավար Նազարբէգեան գերազանցապէս զինուորական մարդ էր ու, այդ առումով, մեծատաղանդ զօրավար մը, որ գիտէր արժէքն ու հզօրութիւնը կռուի դաշտ նետուող մարտունակ ժողովուրդի ենթակայական գործօնին։ Իբրեւ այդպիսին հայոց Սպարապետը արժեւորեց դերակատարութիւնը ազգային-ազատագրական պայքարի եւ ֆետայական կռուի դաժան դպրոցը անցած հայ յեղափոխականներուն՝ Անդրանիկին ու Դրոյին, Քեռիին ու Նժդեհին, Ռուբէնին ու Արամ Մանուկեանին, որոնցմով շրջապատեց հրամանատարական իր կազմերը՝ յաղթանակի առաջնորդելու համար հայ ժողովուրդը։ Ազգային միեւնոյն հոգեխառնութեամբ՝ զօրավար Նազարբէգեան լծուեցաւ, Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին, Հայկական Բանակի կազմակերպումին ու հզօրացումին։
Այդ պատճառով ալ, Լենին-Քեմալ մեղսակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան տիրացած հայանուն պոլշեւիկները իրենց առաջին հարուածը ուղղեցին Հայոց Սպարապետին՝ Յունուար 1921ին, 1200 սպաներու հետ, զինք հետիոտն աքսորելով մինչեւ Մոսկուայի մերձակայքը։
Թէեւ քանի մը ամիս ետք՝ Մայիս 1921ին խորհրդայինները ներում շնորհեցին եւ վերջ տուին Հայոց Սպարապետի աքսորին, բայց զօրավար Նազարբէգեանի առջեւ վերջնականապէս փակուած էին ազգային ծառայութեան բոլոր դռները...
Ան որոշեց հաստատուիլ իր ծննդավայր Թիֆլիսի մէջ, ուր եւ 1931ի Փետրուար 19ին առյաւէտ փակուեցան ընդ հուր եւ ընդ սուր այնքա՜ն հերոսական ուղի տեսած ու նուաճած՝ Անկախ Հայաստանի կերտման նուիրուած Սպարապետին յոգնատանջ աչքերը։
Ն.