Print
Category: Յուշատետր

­­Փետ­րո­ւար 17ին հայ ժո­ղո­վուր­դը կ­’ո­գե­կո­չէ յի­շա­տա­կը հա­յոց Այ­բու­բե­նի գի­րե­րու ա­րա­րիչ ու հայ գրա­ւոր դպրու­թեան հիմ­նա­դիր ­Սուր­բին՝ ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցի։

 

17 ­Փետ­րո­ւար 440ին վախ­ճա­նե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­յե­րէն գի­րեր պար­գե­ւած եւ ­Հայ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան ու ինք­նու­րոյ­նու­թեան ան­փո­խա­րի­նե­լի կռո­ւա­նին՝ ­Մայ­րե­նիի գրա­ւոր հիմ­նա­քա­րը հաս­տա­տած ­Մեծ ­Վար­դա­պե­տը։

­Մաշ­տո­ցի ­Մեծ ­Գիւ­տէն աս­դին դա­րե­րը սրըն­թաց կը գու­մա­րո­ւին ի­րա­րու վրայ, հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­ներ կու գան ու կ­’եր­թան՝ ի­րենց հետ նաեւ ի­րենց ապ­րած «նոր» ժա­մա­նակ­նե­րը անշր­ջե­լիօ­րէն ան­ցեա­լին ու «հին»ին յանձ­նե­լով։

­Բայց ա­մէն օր ծա­գող ու մայր մտնող ա­րե­ւին հետ ­Մես­րո­պեան ­Գիւ­տը կը վե­րա­նո­րո­գէ ու կը վե­րա­հաս­տա­տէ նոր միտք եւ խօսք ա­րա­րե­լու իր անս­պառ կեն­սու­նա­կու­թիւ­նը՝ հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­զա­րա­մեակ­նե­րու եր­թը հու­նա­ւո­րե­լով եւ լու­սա­ւո­րե­լով։

­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցի կեանքն ու գոր­ծը ար­ժա­նա­ցած են վա­ւե­րագ­րա­կան վկա­յու­թիւն­նե­րու եւ մե­նագ­րու­թիւն­նե­րու ծա­ւա­լուն գրա­կա­նու­թեան մը՝ գրո­ւած թէ՛ իր ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րուն, թէ՛ հե­տա­գայ մա­տե­նա­գիր­նե­րու եւ պատ­մա­գիր­նե­րու կող­մէ։

Գ­րա­կան այդ հա­րուստ ժա­ռան­գու­թեան մէջ կ­՛ա­ռանձ­նա­նայ կո­թո­ղա­կան գոր­ծը ­Մես­րո­պի ա­շա­կերտ­նե­րէն ­Կո­րիւ­նի, որ իր «­Վարք ­Մաշ­տոց»ի եր­կով հի­մը դրաւ ­Մաշ­տո­ցա­գի­տու­թեան։

­Նո­ւազ ար­ժէ­քա­ւոր չեն ­Մաշ­տո­ցի նո­ւի­րո­ւած ­Մով­սէս ­Խո­րե­նա­ցիի, ­Ղա­զար ­Փար­պե­ցիի, ­Մով­սէս ­Կա­ղան­կա­տո­ւա­ցիի եւ ­Կա­րա­պետ ­Սաս­նե­ցիի օ­րի­նա­կով մե­ծա­նուն մա­տե­նա­գիր­նե­րու ըն­դար­ձակ վկա­յու­թիւն­նե­րը։

­Կի­սազ­նո­ւա­կան ծա­գում ու­նե­ցող ­Վար­դա­նի որ­դին էր ­Մես­րոպ ­Մաշ­տոց։ 362ը ընդ­հան­րա­պէս ըն­դու­նո­ւած է իբ­րեւ ­Մես­րո­պի ծննդեան թո­ւա­կան, բայց վա­ւե­րաց­ման կա­րօտ ո­րոշ աղ­բիւր­ներ 5 Ապ­րիլ 361ը կը յի­շա­տա­կեն իբ­րեւ ճշգրիտ ծննդեան թո­ւա­կան։ Ծ­նած էր ­Տա­րօ­նի ­Հա­ցե­կաց գիւ­ղը եւ բնա­տուր ձիրք ցու­ցա­բե­րած էր լե­զու­նե­րու ի­մաց­ման եւ իւ­րաց­ման մէջ։ ­Հա­յե­րէ­նի կող­քին կը տի­րա­պե­տէր ա­սո­րե­րէ­նի, յու­նա­րէ­նի, պարս­կե­րէ­նի եւ վրա­ցե­րէ­նի։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին, 385 թո­ւին, գրա­գի­րի ու ա­տե­նադ­պի­րի պաշ­տօ­նին կը կո­չո­ւի Ար­շա­կու­նեաց ար­քու­նի­քին մէջ, ­Վա­ղար­շա­պատ (Էջ­միա­ծին), ­Խոս­րով Գ.ի օ­րով։

Աշ­խար­հա­կան ու պա­լա­տա­կան այդ ծա­ռա­յու­թեան շրջա­նին ­Մես­րոպ ­Մաշ­տոց ցա­ւով ու դառ­նու­թեամբ անդ­րա­դար­ձաւ, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­պա­գան վտանգո­ւած է եւ ի սպառ ձու­լու­մի վտան­գը օր­հա­սա­կան դար­ձած է։ ­Մա­նա­ւանդ որ նոյն այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, 387 թո­ւին, ­Հա­յաս­տան բաժ­նո­ւե­ցաւ եր­կու­քի։ Ա­րե­ւե­լեան ­Հա­յաս­տա­նը ին­կաւ ­Պարս­կա­կան տի­րա­պե­տու­թեան տակ եւ, Ար­շա­կու­նեաց թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը պահ­պա­նո­ւե­լով հան­դերձ, պարս­կե­րէնն ու պարս­կա­կան մշա­կոյ­թը սկսան ա­րա­գըն­թաց տա­րա­ծո­ւիլ հա­յե­րու մէջ։ Ա­ւե­լի ծան­րակ­շիռ վի­ճա­կի մէջ յայտ­նո­ւե­ցաւ Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նը, որ ­Բիւ­զան­դիո­նի տի­րա­պե­տու­թեան տակ ոչ միայն կորսն­ցուց թա­գա­ւո­րա­կան իր պե­տա­կա­նու­թիւ­նը՝ են­թար­կո­ւե­լով յու­նաց կայ­սեր, այ­լեւ ան­ջա­տո­ւե­ցաւ ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թե­նէն եւ ին­կաւ յոյն ե­պիս­կո­պո­սա­պետ­նե­րու տի­րա­կա­լու­թեան տակ։

­Մես­րոպ ­Մաշ­տոց նաեւ անդ­րա­դար­ձաւ, որ 301 թուին քրիս­տո­նէու­թիւ­նը պե­տա­կան կրօն հռչա­կած ­Հա­յաս­տա­նը աս­տի­ճա­նա­բար կը կորսնց­նէր ազ­գա­յին իր ինք­նու­թեան պահ­պան­ման ու զար­գաց­ման ծա­ռա­յող կա­րե­ւո­րա­գոյն զէն­քը, որ ինք­նու­րոյն հա­ւատ­քին եւ սե­փա­կան մշա­կոյ­թին կառ­չած մեր ժո­ղո­վուր­դին հայ­կա­կան դի­մա­գիծն էր։ ­Հա­յը չու­նէր իր սե­փա­կան՝ հա­յե­րէն գի­րե­րը եւ ի վի­ճա­կի չէր իր հա­րա­զատ լե­զո­ւի գի­րե­րով թարգ­մա­նե­լու եւ հա­ղոր­դո­ւե­լու քրիս­տո­նէա­կան ուս­մուն­քի օ­տա­րա­լե­զու աղ­բիւր­նե­րուն հետ, կամ՝ հա­յե­րէ­նով ստեղ­ծե­լու եւ տա­րա­ծե­լու իր գրա­ւոր մշա­կոյ­թը։

­Մես­րոպ ­Մաշ­տոց անձ­նա­տուր չե­ղաւ եւ չհա­մա­կեր­պե­ցաւ ստեղ­ծո­ւած օր­հա­սա­կան ի­րա­վի­ճա­կին։ 395 թո­ւին հրա­ժեշտ տո­ւաւ աշ­խար­հա­կա­նի կեան­քին, ճգնա­ւո­րու­թեան դի­մեց եւ սկսաւ ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հով մէկ շրջիլ, հե­տե­ւորդ­ներ հա­ւա­քել իր շուրջ եւ քրիս­տո­նէու­թիւ­նը ու­սու­ցա­նել՝ իբ­րեւ հա­յոց ինք­նու­թեան պահ­պան­ման ան­փո­խա­րի­նե­լի ե­րաշ­խի­քի։

­Հո­գե­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան նո­ւի­րո­ւե­լով՝ ­Մես­րոպ ­Մաշ­տոց ըստ էու­թեան կը զի­նո­ւո­րագ­րո­ւէր ­Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին¬քա­ղա­քա­կան մե­ծա­գոյն մար­տահ­րա­ւէ­րը դի­մագ­րա­ւե­լու, հա­յոց ազ­գա­յին միաս­նու­թիւ­նը եւ պե­տա­կան ան­կա­խու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նե­լու պայ­քա­րին։

­Հա­յոց հա­ւատքն ու հայ մշա­կոյ­թը սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին ծա­նօ­թաց­նե­լու եւ գրա­կան նոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով հարս­տաց­նե­լու հո­գեմ­տա­ւոր պայ­քարն էր ­Մաշ­տո­ցի ընտ­րած ու­ղին։

­Բայց որ­քան ընդ­լայ­նեց հո­գե­ւո­րա­կան վար­դա­պե­տի եւ հայ մշա­կոյ­թի ու­սուց­ման իր գոր­ծու­նէու­թեան ծի­րը, այն­քան ­Մես­րոպ ­Մաշ­տոց սուր կեր­պով անդ­րա­դար­ձաւ հայ գի­րե­րու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան։ Ա­ռանց հա­յե­րէն տա­ռե­րու եւ գրա­ւոր հարս­տու­թեան, ան­յոյս էր հայ մար­դոց ա­սո­րե­րէ­նով կամ յու­նա­րէ­նով քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քը հա­յաց­նե­լը, ո՜ւր մնաց բազ­մա­դա­րեան հայ մշա­կոյ­թի ար­ժէք­նե­րը նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն սոր­վեց­նե­լը...

Հ­րա­մա­յա­կան այդ մար­տահ­րա­ւէ­րին ըն­դա­ռա­ջե­լու ա­ռու­մով՝ ­Մաշ­տոց կա­տա­րեց իր ա­մե­նա­յան­դուգն քայ­լը, երբ օ­րո­ւան ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սին՝ ­Սա­հակ ­Պար­թե­ւին դի­մեց հա­յոց գրե­րու մշակ­ման եւ հայ գրա­ւոր գրա­կա­նու­թեան ստեղծ­ման, յատ­կա­պէս քրիս­տո­նէա­կան սկզբնաղ­բիւր­նե­րու հա­յաց­ման ա­ռա­ջար­կով։ Այդ­պէ՛ս, ­Սա­հակ ­Պար­թե­ւի մէջ ­Մես­րոպ ­Մաշ­տոց գտաւ ոչ միայն գա­ղա­փա­րա­կից ազ­գա­յին հո­գեմ­տա­ւոր գոր­ծիչ մը, այ­լեւ՝ հա­յոց ­Գի­րե­րու ­Գիւ­տին հո­վա­նա­ւոր ­Կա­թո­ղի­կո­սը։

­Հա­յոց Այ­բու­բե­նի 36 տա­ռե­րը հնա­րե­լու հա­մար ­Մաշ­տոց տա­րի­ներ ճգնե­ցաւ. ա­սո­րի եւ յոյն լե­զո­ւա­գէտ­նե­րու հետ մօ­տէն աշ­խա­տե­ցաւ, շատ բան սոր­վե­ցաւ ա­նոնց­մէ, բայց ինչ որ սոր­վե­ցաւ՝ նախ իր հա­յու ազ­գա­յին շա­ղա­խին պատ­շա­ճե­ցուց եւ յե­տոյ միայն գի­րե­րու վե­րա­ծեց։ 405 թո­ւին ար­դէն ­Մես­րոպ ­Մաշ­տոց սկսաւ իր յայտ­նա­գոր­ծած հա­յե­րէն տա­ռե­րով գրա­ւոր մշա­կոյթ ստեղ­ծել՝ ա­ռա­ջին հեր­թին ­Սո­ղո­մոն Ի­մաս­տու­նի ա­ռակ­նե­րը թարգ­մա­նա­բար հա­յաց­նե­լով։ ­Մաշ­տո­ցի նո­րաս­տեղծ հա­յե­րէն տա­ռե­րով գրո­ւած ա­ռա­ջին նա­խա­դա­սու­թիւ­նը ե­ղաւ՝ «­Ճա­նա­չել զի­մաս­տու­թիւն եւ զխրատ, ի­մա­նալ բանս հան­ճա­րոյ» (­Ճա­նա­չել ի­մաս­տու­թիւնն ու խրա­տը, ի­մա­նալ հան­ճա­րի խօս­քե­րը...) ։

­Հա­յոց ­Գի­րե­րու ­Գիւ­տին հե­տե­ւե­ցաւ հո­գե­ւոր քա­րո­զի­չի, հայ բա­նաս­տեղ­ծի եւ մեծ ու­սու­ցի­չի շուրջ քա­ռաս­նա­մեայ ծա­ռա­յու­թիւն մը, որ ­Մես­րոպ ­Մաշ­տոց ա­նու­նը ոչ միայն ան­մա­հա­ցուց իբ­րեւ հա­յոց գրա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան հիմ­նա­դի­րին, այ­լեւ՝ սրբա­ցուց եւ ար­ժա­նա­ցուց հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին ինք­նու­թեան հո­գեմ­տա­ւոր ա­զա­տագր­ման նա­հա­պե­տի դափ­նեպ­սա­կին։

­Մես­րո­պի ­Մաշ­տո­ցի մա­հո­ւան 1575ա­մեա­կը ո­գե­կո­չե­լու հո­գե­պա­րար խոր ու ջերմ պա­հեր ըն­թեր­ցո­ղին կը պար­գե­ւէ ­Պա­րոյր ­Սե­ւա­կի «Եւ Այր մի՝ ­Մաշ­տոց ա­նուն» եր­կա­րա­շունչ քեր­թո­ւա­ծէն ար­տատ­պո­ւած քո­վի հա­տո­ւա­ծը։

ԵՒ ԱՅՐ ՄԻ՝ ՄԱՇՏՈՑ ԱՆՈՒՆ

Նրանք ծնւում են, որ ապացուցեն,

Թէ հրաշք չկա՜յ,

Կայ միայն կարի՛ք:

Նրանք ծնւում են, որ ապացուցեն,

Թէ այնտեղ է լոկ սխրանքն սկսւում,

Ուր վերջանում է ամէ՜ն մի հնար...

Այսպէս էլ ծնուեց մէկը Նրանցից,

Ծնուեց Նա՝

Այր մի՝

Մաշտոց անունով:

Եւ նա չծնուեց, որ աւելացնի

Հարց տուողների քանակն անպակաս:

Նա եկաւ աշխարհ՝ պատասխանելու,

Եւ պատասխանը գտաւ իսկապէս...

...Քաջերի սահմանն իրենց զէնքն է հէնց:

Քաջեր մի՛շտ էլ կան,

Զէ՜նք է հարկաւոր:

Քաջեր մի՛շտ էլ կան,

Պէտք է ասպարէ՜զ:

Եւ նա էր ահա, որ ձեւաւորեց

Մի զէնք ժանգախոյս,

Եւ ծովաւորեց

Ասպարէզ մի նոր,

Ուր թոյլ-ուժեղի,

Շատ ու սակաւի,

Քիչ ու բազումի

Մրցութեան համար ասպարէզ չկա՜յ,

Քանզի նորատիպ այդ մաքառման մէջ

Այրուձիի տեղ մտքերն են կռւում,

Թանաք է հեղւում արեան փոխարէն,

Եւ յաղթանակը կոչւում է Մատեան...

Մենք կայինք, այո՛, Նրանից առաջ:

Սակայն Նա ծնուեց,

Որ գայ ու դառնայ ինչ-որ նոր Սկիզբ:

...Նրանից առաջ կային աստուածներ՝

Երկընքի, սիրոյ, պտղաւորումի,

Ինչպէս փոթորկի, նաեւ... դպրութեան:

Եթէ բոլորը՝ մինչեւ իսկ ստոյգ,

Վերջինըս սուտ էր, սուտ ստուգապէս.

- Աստուած կար, սակայն դպրութիւն չկա՜ր:

Նա՝ հաւատավորն իր նոր հաւատի,

Դպրութեան մեր սուտ աստծուն վըռնտեց

Եւ Ինքը մնաց նրա փոխանակ:

Բայց մինչ դպրութեան հին աստուածը մեր

Շարունակ միայն մի գործ էր անում՝

Մարդկանց հոգին էր առնում ու տանում,

Սա եկաւ, որ մեզ հոգի՜ պարգեւի...

Այո՛, մենք կայինք Նրանից առաջ.

Հզօր թե տկար՝

Մարմին էինք մենք:

Սակայն Նա եկաւ, որ Հոգի՛ դառնայ,

Շօշափուո՜ղ հոգի,

Եւ անմե՜ռ հոգի:

Այո՛, մենք կայինք Նրանից առաջ.

Քիչ թէ շատ՝ կար հաց,

Եւ ունեէնք ջուր:

Սակայն Նա ծնուեց, որ Սնո՜ւնդ դառնայ:

Ծնուե՛ց, որ ծնե՜նք,

Եղա՛ւ, որ լինե՜նք,

Եւ անմահացա՛ւ,

Որ անմահանա՜նք...

 

Ն.