2 Նոյեմբերի այս օրը, 164 տարի առաջ, Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին, Սուլթանի «Կայսերական Իրատէով» (հրամանագրով), բողոքականութիւնը պաշտօնապէս ճանչցուեցաւ իբրեւ օրինական «միլլէթ» (ուրոյն համայնք)։
Թէեւ սուլթանական հրամանագիրը կը վերաբերէր Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին ապրող ընդհանրապէս բոլոր ազգութեանց բողոքականներուն, բայց իրողապէս կայսերական ճանաչումի դիմում կատարած էր 1846ին նոր հաստատուած «Հայ Աւետարանական Եկեղեցի»ին կողմէ, որ 2 Նոյեմբեր 1847ի սուլթանի հրամանագրով արժանացաւ պաշտօնական ճանաչումի եւ օրինական ասպարէզ գտաւ իր գործունէութիւնը ծաւալելու համար։
Շատ գրուած է հայ իրականութեան մէջ բողոքական շարժումին օտարամուտ ըլլալու, մինչեւ իսկ ատենի մեծ պետութեանց թափանցումի շահերուն ծառայելու հանգամանքին մասին։ Իրականութենէն այնքան ալ հեռու չէին, ատենին, այդօրինակ մեղադրանքները։ Նոյնինքն թրքական պետութեան կողմէ 164 տարի առաջ «շնորհուած» սուլթանական ճանաչումը մեծապետական մըրցապայքարի հաշիւներէն թելադրուած էր եւ ինքնին կը վկայէ, որ բողոքականութիւնը «կարեւոր խաղաքար» էր մեծապետական հաշուեյարդարներու համար։
Բայց նոյնպէս իրականութիւն է, որ բողոքականութեան համար իսկապէս պատրաստի հող կար թէ՛ յատկապէս հայ ժողովուրդին պարտադրուած ազատազրկման ու ստրկացման պայմաններուն մէջ, թէ՛ ընդհանրապէս Օսմանեան Կայսրութեան մականին տակ գերեվարուած բոլոր ազգութեանց մօտ։ Աւելի՛ն. հայ ժողովուրդին մէջ բողոքական շարժումի տարածման խնդիր կը դիմագրաւէին նաեւ Ցարական Կայսրութիւնն ու Իրանը, որոնց տիրապետութեան գօտիին մէջ եւս մեծապետական մրցապայքարի «խաղաքար» դարձած էր մեր ժողովուրդը։
Իբրեւ ուրոյն համայնք Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ «Հայ Աւետարանական Եկեղեցի»ին շնորհուած օրինական ճանաչումին տարեդարձը, անցեալ երկու տարիներուն, արդէն լուսարձակի տակ բերուած է «Յուշատետր»ի սիւնակներէն։ Ընդհանուր անդրադարձ մը կատարուած է հայ աւետարանչական շարժման ծնունդի պայմաններուն եւ պատճառներուն, ինչպէս նաեւ հետագային հայ աւետարանականներու մղած ինքնահաստատման երկար եւ դժուար պայքարին՝ ի խնդիր ազգային դիմագիծի եւ ազգային առաքելութեան հունաւորման ու արմատաւորման։
Այսօրուան «Յուշատետր»ով՝ կþարժէ լուսարձակը կեդրոնացնել այն հարցադրումին վրայ, թէ թրքական պետութիւնը ինք ինչպէ՞ս վարուեցաւ ու, մանաւա՛նդ, այսօր ինչպէ՞ս կը վարուի 164 տարի առաջ Բողոքականութեան շնորհած իր պաշտօնական՝ «կայսերական» ճանաչումին հետ։
Հարցադրումը այժմէական է նախ այն պատճառով, որ վերջին շուրջ տասը տարիներուն թրքական պետութիւնը ղեկավարող ուժը՝ վարչապետ Էրտօղանի գլխաւորած իսլամամէտ շարժումը պարբերաբար կոչեր կþուղղէ սուլթանական ժամանակներու համիսլամական ժառանգութեան տէր կանգնելու անհրաժեշտութեան մասին... Եւ եթէ անկեղծ է Էրտօղան իր կոչերուն մէջ, այդ պարագային կ'արժէ յիշեցնել, թէ սուլթաններու համիսլամական ժառանգութեան վերարժեւորման ճամբան կþանցնի սուլթանական պարտաւորութեանց նորովի ստանձնումէն՝ Թուրքիոյ մէջ ապրող ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութեանց նկամամբ։
Հարցադրումը այժմէական է նաեւ ու մանաւանդ այն իմաստով, որ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 165ամեակը։ Անցնող Յուլիս 3ին, Պէյրութի Հայ Աւետարանական Առաջին Եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսաւոր շուքով տեղի ունեցաւ 165ամեակին նուիրուած պաշտամունքի յատուկ արարողութիւն, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին տարբեր գաղութներէ վերապատուելիներ Հրայր Չոլաքեան, Րաֆֆի Մսըրլեան, Սողոմոն Քիլաղպեան, Յովհաննէս Սվաճեան, Փօլ Հայտոսեան եւ Վիգէն Չոլաքեան։ Պաշտօնական արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառն ու Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ գահակալ Ներսէս-Պետրոս 19րդ Պատրիարքը յաջորդաբար ներկայացնող Գեղամ Արք. Խաչերեան եւ Հայր Վարդան Աշգարեան։ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 165ամեակը առիթ մը եղաւ, որպէսզի ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ հայ աւետարանչութեան ունեցած դերին ու կարեւորութեան անդրադառնալու կողքին՝ հայ քաղաքական միտքը լուսարձակի տակ առնէ Հանրապետական Թուրքիոյ մէջ հայ աւետարանականներու նկատմամբ կիրարկուած ճնշումի եւ հալածանքի քաղաքականութիւնը։
Հայաստանեան «Նորավանք» հանդէսի էջերուն իր լոյս ընծայած ուսումնասիրութեան մէջ՝ «Թուրքիոյ հայ բողոքական համայնքը» խորագրին տակ, Վահրամ Հովեան վերջերս կը հաստատէր, թէ «Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքում իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ դրան յաջորդած քրիստոնեաների շարունակական հալածանքները Թուրքիայում խիստ բացասական ազդեցութիւն ունեցան նաեւ հայ բողոքական համայնքի վրայ՝ յանգեցնելով վերջինիս թուաքանակի խիստ նուազմանը։ Եթէ մինչեւ Առաջին Աշխարհամարտը բողոքական հայերի թիւը Թուրքիայում անցնում էր 60 հազարից, ապա Ցեղասպանութիւնից յետոյ նրանց թիւը կազմում էր 14 հազար։ Հայ բողոքականների մի մասը զոհուեց Ցեղասպանութեան հետեւանքով, մի զգալի մասն էլ բովանդակ հայութեան հետ միասին տարագրուեց, որով էլ «սկսվեց հայ աւետարանականութեան սփիւռքի շրջանը»։ Ցեղասպանութիւնից յետոյ արդէն հանրապետական Թուրքիայում հայ բողոքական համայնքի թուաքանակը շարունակեց նուազել քրիստոնեաների նկատմամբ շարունակուող անհանդուրժողականութեան եւ հալածանքների հետեւանքով»։
Նոյն ուսումնասիրողին համաձայն՝ թրքական պաշտօնական տուեալներով միայն 500 հայ աւետարանական մնացած է այսօրուան Թուրքիոյ մէջ, բայց իսկական թիւը բազմապատիկ շատ աւելի է, մանաւանդ որ թաքնուած կամ բռնի իսլամացուած հայերու միլիոնը անցնող զանգուածէն ներս, վերջին տասնամեակին թափ առած վերաքրիստոնէացման շարժումին լոյսին տակ, մեծ թիւ կը կազմեն անոնք, որոնք բողոքականութեան մէջ կը գտնեն իրենց հայ քրիստոնեայի արմատները։
Մեծ Եղեռնի նախօրեակին հայ աւետարանական համայնքի թուական պատկերին եւ կազմակերպական իրավիճակին մասին մանրամասն տուեալներ կու տայ Վերապատուելի Պարգեւ Տարագճեանի վերջերս լոյս ընծայած անգլերէն յօդուածը՝ «Աւետարանչութիւնը Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ սկզբնական շրջանին» խորագրին տակ։ Այսպէս, օրինակ՝
- Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին, 1914ին, կը գործէին 150 աւետարանական եկեղեցիներ, որոնք ունէին 100 հազար հաւատացեալներ։
- 1870ականներուն, տարեկան 30 հազար Ս. Գիրք կը վաճառուէր հայերու եւ օրական 300 հազար Ս. Գիրք կþընթերցուէր։
- Մեծ Եղենէն առաջ 675 հայ աւետարանական դպրոցներ կը գործէին Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին։
Այդ պատկերին լոյսին տակ պարզապէս աւելիով կը շեշտուի ահաւորոթիւնը թրքական պետութեան կիրարկած ճնշումի եւ հալածանքի քաղաքականութեան, որուն վերաբերեալ Վ. Հովեան կþաւելցնէ հետեւեալը.
- «Թուրքիայում փոքրամասնութիւնների նկատմամբ իրականացուած հալածանքները յանգեցրին նաեւ հայ բողոքականների կազմակերպական կառոյցների կրճատմանը: Ի տարբերութիւն այլ երկրների հայ բողոքական համայնքների, որոնց բնորոշ է տարատեսակ (հոգեւոր-եկեղեցական, կրթամշակութային, սոցիալական, տեղեկատուական) կառոյցների առատութիւնը, Թուրքիայի հայ բողոքական համայնքի կազմակերպական կառոյցները ներկայումս կազմում են խիստ սահմանափակ թուով եկեղեցական ու կրթական հաստատութիւնները: Երբեմնի բազմաթիւ աւետարանական եկեղեցիների փոխարէն, որոնք սփռուած էին Թուրքիայի հայաշատ վայրերում, կայ ընդամէնը երկու Հայ Աւետարանական եկեղեցի‘ Կ.Պոլսի Կետիքփաշա եւ Պէյօղլու թաղամասերի Հայ Աւետարանական եկեղեցիները: Եթէ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի նախօրէին հայ բողոքական համայնքն Օսմանեան Կայսրութիւնում ունէր բազմաթիւ դպրոցներ, ապա այժմ կայ միայն Կ.Պոլսի Կետիքփաշա թաղամասի Հայ Աւետարանական եկեղեցուն կից դպրոցը: Այլ կարգի հաստատութիւնները‘ բարեգործական, տեղեկատուական եւ այլն, բացակայում են:
«Նախկինում գործող Հայ Աւետարանական եկեղեցիներն աւերուած ու լքուած են:
«Թուրքական կառավարութիւնը թոյլ չի տալիս վերանորոգել եւ վերագործարկել դրանք, իսկ իր կողմից վերանորոգուածները ծառայում են միայն որպէս թանգարանային նմոյշ‘ զբօսաշրջութեան զարգացման համար: Ինչ վերաբերում է Հայ Աւետարանական եկեղեցու երբեմնի հարուստ կալուածներին (դպրոցներ, ճամբարներ, որբանոցներ եւ այլն), ապա դրանք բռնագրաւուած են պետութեան կողմից: Դրանք վերադարձնելու ջանքերն առայժմ արդիւնք չեն տուել: Խնդիրն այն է, որ Թուրքիայում կրօնական համայնքներին արգելուած է սեփականութիւն ունենալ: Բռնագրաւուած գոյքի մի մասն էլ թուրքական կառավարութիւնը վաճառել է մասնաւոր անձանց, ինչն աւելի է դժուարացնում դրանց վերադարձման գործը»:
Ահա՛ խիստ համառօտ պատասխանը այն հարցադրումին, թէ թրքական պետութիւնը ինչպէ՞ս վարուեցաւ 165 տարի առաջ սուլթանական հրամանագրով Բողոքականութիւնը՝ իմա՛ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին ճանչնալու իր որոշումին հետ։ Ամբողջ հայ ժողովուրդին եւ անոր կազմակերպ բոլոր կառոյցներուն դէմ պետականօրէն գործադրուած ցեղասպանական մեծ ոճիրին ենթարկուեցաւ ճակատագիրը նաեւ հայ աւետարանականներուն ու Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ։
Այդ առումով ալ, Թուրքիոյ Հանրապետութեան ղեկին կանգնած այսօրուան իշխանութիւնները, եթէ լուրջ են օսմանեան համիսլամական ժառանգութեան տէր կանգնելու իրենց նկրտումներուն մէջ, առաջնահերթաբար պարտին հաշիւ տալ նաեւ հայ աւետարանականներու նկատմամբ իրենց խոստմնադրուժ, այլեւ ուրացման քաղաքականութեան համար՝ հայ ժողովուրդին դէմ պետականօրէն գործադրուած ցեղասպանութիւնը ճանչնալու, դատապարտելու եւ քաղաքական հատուցում կատարելու իրենց անժամանցելի պարտաւորութեան ի վերջոյ տէր կանգնելով։
Ն.