Print
Category: Յուշատետր

­4 Փետ­րո­ւա­րը ծննդեան տա­րե­դարձն է Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի, որ իր մնա­յուն եւ բարձ­րա­դիր պա­տո­ւան­դա­նը ու­նի հայ գրա­կա­նու­թեան մէջ՝ իբ­րեւ ա­մէ­նէն տի­րա­կան դէմ­քե­րէն մէ­կը գրո­ղի, մտա­ւո­րա­կա­նի եւ ազ­գա­յին գոր­ծի­չի պա­տո­ւան­դա­նը նո­ւա­ճած մե­ծա­նուն հայ կի­նե­րու փա­ղան­գին։

Հայ գրա­կա­նու­թեան կա­նա­ցի շուն­չին փառքն ու ող­բեր­գու­թիւ­նը խորհր­դան­շող հե­ղի­նա­կու­թիւն­նե­րէն է Զա­պէլ Ե­սա­յեան։ Հայ կնոջ խղճմտան­քի ձայ­նը ա­ռա­ւե­լա­գոյն հնչե­ղու­թեամբ լսե­լի դար­ձաւ Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան մէջ եւ փայլք ու փառք ա­պա­հո­վեց հե­ղի­նա­կին։

Յա­կոբ Օ­շա­կա­նի ար­ժե­ւո­րու­մով՝ «­Մեր գրա­կա­նու­թեան մէջ ա­մէ­նէն կա­նա­ցի զգայ­նու­թիւնն է ա­նի­կա.- քնքշու­թիւն, գո­րով, գութ, վա­յել­չու­թիւն եւ ճա­շակ։ Իր գոր­ծին ե­րեք մեծ կեդ­րոն­նե­րը կազ­մե­ցին Փա­րիզ, Պո­լիս, Հա­յաս­տան, ո­րոնց գոյ­նե­րը կը պա­հեն բնա­կա­նու­թիւն, որ­քան տե­ղա­կան հաս­տատ նկա­րա­գիր։ Զ. Ե­սա­յեա­նի մէջ հայ գրա­կա­նու­թեան ա­մէ­նէն սխրա­լի շնորհ­նե­րը, կա­նա­ցի զգայ­նու­թեան ա­մէ­նէն սրտա­յոյզ խռովք­նե­րը ու մեր ժո­ղո­վուր­դի հո­գիին ա­մէ­նէն խո­րունկ սար­սուռ­նե­րը ի­րա­րու կը միա­նան։ Ա­նի­կա խղճմտանք մըն է, սիրտ մըն է, միտք մըն է, հա­ւա­սար ամ­րու­թեամբ ու ար­դա­րու­թեամբ։ Տի­կին Ե­սա­յեա­նի գոր­ծը ամ­բողջ մըն է։ Ա­նոր եր­կու մեծ բե­ւեռ­նե­րը՝ ան­հատ­նե­րու հո­գին եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն հա­ւա­քա­կան զգայ­նու­թիւ­նը ընդ­միշտ նո­ւա­ճո­ւած կը մնան ան­խոր­տա­կե­լի գոր­ծե­րու մէջ։ Զ. Ե­սա­յեան ա­րեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թեան ա­մէ­նէն ամ­բողջ յա­ջո­ղու­թիւնն է»։

Զա­պէլ Ե­սա­յեան ծնած էր 1878ի Փետ­րո­ւար 4ին, Պոլ­սոյ Ս­կիւ­տար թա­ղա­մա­սին մէջ ապ­րող Յով­հան­նէ­սեան­նե­րու բա­րե­կե­ցիկ օ­ճա­խին մէջ։ Տար­րա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցաւ Պոլ­սոյ Ս. Խաչ վար­ժա­րա­նին մէջ եւ 1895ին գնաց Փա­րիզ՝ բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւե­լու հա­մար։ Յա­ճա­խեց Սոր­պո­նի հա­մալ­սա­րա­նը, բազ­մա­կող­մա­նի զար­գաց­ման տի­րա­ցաւ գրա­կա­նու­թեան եւ փի­լի­սո­փա­յու­թեան մէջ եւ ու­սու­մը ա­ւար­տեց փայ­լուն ար­դիւն­քով։ Փա­րի­զի մէջ ալ ա­մուս­նա­ցաւ նկա­րիչ Տիգ­րան Ե­սա­յեա­նի հետ եւ գրա­կան աս­պա­րէզ մուտք գոր­ծեց Զա­պէլ Ե­սա­յեան ստո­րագ­րու­թեամբ։

Մին­չեւ 1908ի Օս­մա­նեան Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մը, Փա­րիզ ապ­րե­լով եւ ստեղ­ծա­գոր­ծե­լով, Զա­պէլ Ե­սա­յեան իր ա­ռա­ջին գոր­ծե­րը լոյս ըն­ծա­յեց Ար­շակ Ջո­պա­նեա­նի «­Ծա­ղիկ» եւ «Ա­նա­հիտ» գրա­կան հան­դէս­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ ֆրան­սա­կան պար­բե­րա­կան­նե­րու մէջ։ Այդ շրջա­նի իր եր­կու ու­շագ­րաւ գոր­ծերն են «Ս­պաս­ման սրա­հին մէջ» (1903) եւ «Շ­նորհ­քով մար­դիկ» (1907) վէ­պե­րը։

Իր մշա­կո­ւած ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով, պարզ ու հա­ղոր­դա­կան, այ­լեւ խո­րազ­գած ո­ճով եւ ազ­գա­յին, քա­ղա­քա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան, յատ­կա­պէս կա­նանց ի­րա­ւունք­նե­րու եւ ա­զա­տագ­րու­մին առ ի պաշտ­պա­նու­թիւն խի­զախ պատ­գա­մով՝ Զա­պէլ Ե­սա­յեան ար­դէն ու­շադ­րու­թիւն գրա­ւած հե­ղի­նակ էր, երբ 1908ի Օս­մա­նեան Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մէն ետք վե­րա­դար­ձաւ Պո­լիս եւ լծո­ւե­ցաւ գրա­կան թէ հա­սա­րա­կա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թեան։

Շռն­դա­լից ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծեց 1909ին լոյս տե­սած իր «­Կեղծ հան­ճար­ներ» վէ­պը, ուր անխ­նայ հեգ­նան­քի նշա­ւակ դար­ձուց այ­լա­պէս հայ գրա­կա­նու­թեան իւ­րօ­րի­նակ ու տա­րօ­րի­նակ հսկա­նե­րէն Տի­րան Չ­րա­քեա­նը՝ ԻՆՏՐԱն։ Այդ շրջա­նէն իսկ զգա­լի դար­ձաւ հա­կա­սու­թիւ­նը Զա­պէլ Ե­սա­յեան «մե­տալ»ի եր­կու՝ ներ­հակ ե­րես­նե­րուն.- որ­քան սի­րե­լի եւ հո­գե­հա­րա­զատ էր վի­պա­գի­րը, այն­քան յա­ւակ­նոտ եւ ինք­նա­կեդ­րոն էր մտա­ւո­րա­կա­նը։

1909ին, Ա­տա­նա­յի կո­տո­րած­նե­րուն ա­ռի­թով, Զա­պէլ Ե­սա­յեան մաս կազ­մեց ջար­դի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու Քն­նիչ Յանձ­նա­խում­բին։ Մօ­տէն ի­րա­զեկ դար­ձաւ ոչ միայն հա­յոց ող­բեր­գու­թեան, այ­լեւ՝ ընդ­հան­րա­պէս Կի­լի­կիոյ հա­յու­թեան մեծ տա­ռա­պան­քին թրքա­կան բռնա­տի­րու­թեան ներ­քեւ։ Այդ ամ­բող­ջը գրա­կա­նօ­րէն յա­ւեր­ժու­թեան յանձ­նեց 1911ին լոյս տե­սած իր «Ա­ւե­րակ­նե­րու մէջ» վէ­պով, որ կը նկա­տո­ւի Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի կա­րե­ւո­րա­գոյն գոր­ծե­րէն մէ­կը։

Ե­ղեռ­նի նա­խօ­րեա­կին, Պոլ­սոյ հայ կեան­քին եւ յատ­կա­պէս գրա­կան-մշա­կու­թա­յին մեծ զար­թօն­քին գլխա­ւոր դրօ­շա­կիր­նե­րէն ե­ղաւ Զա­պէլ Ե­սա­յեան։ Գե­ղա­պաշտ սե­րուն­դի յա­ռա­ջա­պահ­նե­րէն էր, միա­ժա­մա­նակ՝ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման պատ­գա­մա­բեր­նե­րուն ա­մէ­նէն դիւ­րա­հա­ղորդ եւ ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն վա­յե­լող կին հե­ղի­նակն էր, որ իր պատ­կա­նած կու­սակ­ցու­թեան՝ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան Պոլ­սոյ պաշ­տօ­նա­թերթ «Ա­զա­տա­մարտ»ի է­ջե­րուն, ըն­թեր­ցող հա­սա­րա­կու­թեան փնտռո­ւած ստո­րագ­րու­թիւ­նը դար­ձաւ։

Թր­քա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­խօ­րէին Զա­պէլ Ե­սա­յեան ան­ցաւ Պուլ­կա­րիա՝ խոյս տա­լով թրքա­կան ոս­տի­կա­նու­թեան հե­տապն­դում­նե­րէն։ Հոն­կէ՝ Սեւ Ծո­վի վրա­յով ան­ցաւ Թիֆ­լիս, ուր շա­րու­նա­կեց իր աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը թէ՛ գրա­կանստեղ­ծա­գոր­ծա­կան, թէ՛ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ։ Այդ շրջա­նին կա­րե­ւոր աշ­խա­տակ­ցու­թիւն բե­րաւ Ռու­բէն Դար­բի­նեա­նի խմբագ­րած «­Գործ» հան­դէ­սին։ Այդ շրջա­նին գրեց նաեւ Սե­բաս­տա­ցի Մու­րա­տի սեւ-ծո­վեան հե­րո­սա­կան ո­դի­սա­կա­նին նո­ւի­րո­ւած յու­շա­վէ­պը։

1919ին, երբ վերս­տին հաս­տա­տո­ւած էր Փա­րիզ, Զա­պէլ Ե­սա­յեան մաս կազ­մեց Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեա­նի գլխա­ւո­րած Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան պա­տուի­րա­կու­թեան, որ մաս­նակ­ցե­ցաւ Խա­ղա­ղու­թեան հա­մար գու­մա­րո­ւած խորհր­դա­ժո­ղով­նե­րուն՝ հա­յոց ի­րա­ւունք­նե­րը յի­շեց­նե­լով եւ Ար­դա­րու­թեան ու Ի­րա­ւուն­քի մեր դա­տին պա­հան­ջա­տէր կանգ­նե­լով։

Նոյն այս շրջա­նին Զա­պէլ Ե­սա­յեան ապ­րե­ցաւ իր կեան­քին մե­ծա­գոյն շրջա­դար­ձը։ Ամ­բող­ջա­պէս հիաս­թա­փո­ւե­ցաւ Եւ­րո­պա­յէն եւ կա­տա­ղօ­րէն հա­կադ­րո­ւե­ցաւ մե­ծա­պե­տա­կան շա­հա­մո­լու­թեան, ինչ որ պոլ­շե­ւի­կեան «ա­րե­ւա­ծագ»ին նկատ­մամբ թիւ­րա­հա­ւա­տու­թեան մղեց զինք։ Զա­պէլ Ե­սա­յեան ապ­րե­ցաւ կտրուկ դա­ւա­նա­փո­խու­թիւն՝ գի­նիէն դար­ձած քա­ցա­խի պէս... ոչ միայն կռնակ դար­ձուց ե­րէ­կի իր պաշ­տա­մուն­քին ա­ռար­կան ե­ղող ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ար­ժէք­նե­րուն, այ­լեւ՝ ան­հաշտ եւ մաղ­ձոտ պայ­քար բա­ցաւ ան­ցեա­լին դէմ։

Միայն մէկ օ­րի­նակ տա­լու հա­մար կ­՛ար­ժէ ա­ռանձ­նաց­նել Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեա­նի նկատ­մամբ Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի... «սրտա­փո­խու­թիւն»ը։

Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի կող­մէ 1910ա­կան­նե­րուն «­Հայ գրա­կա­նու­թեան թուխ Ա­րա­մազդ»ը հռչա­կո­ւած Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեան 1926ին թի­րախ դար­ձաւ ար­դէն խորհր­դա­յին հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան մաղ­ձով թու­նա­ւո­րո­ւած Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի վա­րա­բե­կիչ գրոհ­նե­րուն։ Զա­պէլ Ե­սա­յեան միայն հեգ­նան­քի եւ ար­գա­հա­տան­քի ար­ժա­նի նկա­տեց… Հայ­կա­կան Ա­զա­տա­մար­տի մե­ծա­գոյն եր­գի­չին։

Իր վե­րի­վայ­րում­նե­րով հան­դերձ՝ Զա­պէլ Ե­սա­յեան հայ ժո­ղո­վուր­դին կտա­կեց գրա­կան-մտա­ւո­րա­կան հա­րուստ ժա­ռան­գու­թիւն մը, որ ներշնչ­ման աղ­բիւր դար­ձաւ յետ-Ե­ղեռ­նեան հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն։

Զա­պէլ Ե­սա­յեան ե­ղաւ իր սե­րուն­դի ա­րեւմ­տա­հայ ա­ռա­ջին գրողն ու մտա­ւո­րա­կա­նը, որ փա­րի­զեան իր հան­գիստ կեանքն ու ու­նե­ցո­ւած­քը ե­տին ձգած, իր եր­կու զա­ւակ­նե­րով 1934ին փու­թաց Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տան՝ վերջ­նա­կա­նա­պէս հոն հաս­տա­տո­ւե­լու ո­րո­շու­մով։

Իր ընտ­րան­քը օ­րի­նա­կե­լի դարձ­նե­լու մղու­մով՝ 17 Դեկ­տեմ­բեր 1934ին, Ե­րե­ւա­նէն Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեա­նի ուղ­ղո­ւած նա­մա­կի մը մէջ, Զա­պէլ Ե­սա­յեան ջեր­մա­գին կը յոր­դո­րէր այդ ժա­մա­նակ դեռ ար­տա­սահ­ման ապ­րող Ի­սա­հա­կեա­նին, այ­լեւ ընդ­հան­րա­պէս Ս­փիւռ­քի իր գրչեղ­բայր­նե­րուն, որ այ­լեւս վե­րա­դառ­նան Հա­յաս­տան, ուր կը կեր­տո­ւի հայ ժո­ղո­վուր­դին լու­սա­ւոր գա­լի­քը։

Ող­բեր­գա­կա­նօ­րէն, Զա­պէլ Ե­սա­յեան միայն ե­րեք տա­րի կրցաւ վա­յե­լել բերկ­րան­քը հայ­րե­նի հո­ղին. Ս­տա­լի­նեան հա­լա­ծանք­նե­րու շրջա­նին, 1937ին, Զա­պէլ Ե­սա­յեան իր կար­գին ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ եւ աք­սո­րո­ւե­ցաւ...

Տա­ղան­դա­ւոր գրո­ղի եւ հա­մար­ձա­կա­խօս մտա­ւո­րա­կա­նի կա­նա­ցի դէմ­քը վախ­ճա­նե­ցաւ աք­սո­րի մէջ, ո­րոշ աղ­բիւր­նե­րու հա­մա­ձայն՝ 1943 թուին։

Ն.