Յունուար 20ին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը հայ գրականութեան մայրական շունչն ու կանացի հեղինակութիւնը ինքնատիպ գրաւչութեամբ դաշնաւորած Սիլվա Կապուտիկեանի։
Երկրորդ Աշխարհամարտի վերջերուն գրուած իր «Խօսք իմ որդուն» բանաստեղծութիւնը բաւարար եղաւ, որպէսզի քնարերգակ բանաստեղծուհին անմիջապէս գրաւէ սիրտն ու միտքը մեր ժողովուրդին՝ աշխարհի չորս ծագերուն։
Պատգամ ունէր նորայայտ բանաստեղծուհին եւ օժտուած էր իր պատգամը ամենայն քնարականութեամբ, պարզութեամբ ու խոհականութեամբ սերունդներուն կտակելու, Հայու Հոգին յաւերժ ջերմացնելու շնորհալի տաղանդով՝
«Ու տե՛ս, որդիս, ո՛ւր էլ լինես,
Այս լուսնի տակ ո՛ւր էլ գնաս,
Թէ մօրդ անգամ մտքից հանես,
Քո մա՜յր լեզուն չմոռանա՛ս...»
Իր առաջին բանաստեղծութիւններէն իսկ, Սիլվա Կապուտիկեան հանդիսացաւ կանացի եւ մայրական սիրոյ, քնքշանքի ու գեղեցկութեան քնարական ծով աշխարհ մը, ուր կեղծն ու սուտը երբեք տեղ չունեցան։
Իր երգած Սէրը առանց Ցաւի չեղաւ, այլեւ տառապանքի մէջ խորացած եւ արմատաւորուած բիւրեղեայ իրաւութեամբ զատորոշուեցաւ։ Ահա՛ «Լսիր, Սիրելիս» խորագրուած իր խոստովանութիւնը.
Քեզ պիտի գաղտնիք բացեմ ես հիմա.
Ես կը գամ քեզ մօտ -
Գուցէ խենթացած սիրուց ու բախտից,
Գուցէ խստադէմ, մռայլ, ինչպէս մահ.
Մինչ ոսկորներս յոգնած աշխարհի
Սեւից ու ստից:
Սակայն իմացիր,
Երբեք ես չեմ գայ քեզ մօտ դիմակով.
Կը գամ ինչպէս կամ ¬
Սիրիր, ինչպէս կամ ¬
Եւ, աղաչում եմ, դու էլ մի զուգուիր
Լուսապսակով.
Եղիր ինչպէս կաս,
Սիրիր ինչպէս կաս։
Քեզանից առաջ
Ցամաքած, տրտում ջրհոր էր հոգիս,
Դու եկար.
Եւ ես լցուած եմ մի ծովի նման.
Բայց, աղաչում եմ,
Շողուն խօսքերով ինձ մի ամոքիր.
Ատում եմ կեղծը ¬
Ինձ իսկականն է հարկաւոր միայն։
Հրդեհ մի խաղայ ¬
Եթէ կրակդ մարել է իրաւ.
Մի քաշուիր ցաւից ¬
Խաբուելու ցաւը աւելի է մեծ.
Ստից շնչահեղձ այս աշխարհի մէջ
Արի գոնէ մենք չխաբենք իրար...
Անկեղծութեան եւ իրաւութեան երգիչն ու պատգամաբերը եղաւ Սիլվա Կապուտիկեան, որ դրսեւորեց իր բերած պատգամին անմնացորդ նուիրուելու մտաւորականի յանձնառութիւնն ու ազգային¬հասարակական գործիչի հետեւողականութիւնը։
Հայ քաղաքական մտքի անդաստանէն ներս եւս Սիլվա Կապուտիկեան հորիզոն բացաւ.- 1964ին լոյս ընծայեց «Քարաւանները դեռ քայլում են» վիճայարոյց ուղեգրութիւնը, որ ատենի խորհրդային քարոզչութեան տուրք տալով հանդերձ՝ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական մեծ ոճիրին մերկացումը կատարեց ու տարագիր հայութեան ուղղեց հայրենիքին մէջ համախմբուելու եւ հայրենի պետականութեան շուրջ միաւորուելու պատգամը։
Հայութիւնը «իւրայիններու» եւ «դաշնակներու» բաժնելու խորհրդային պառակտիչ կաշկանդումէն ձերբազատուելու վարանոտ քայլերով՝ Սիլվա Կապուտիկեան հնչեցուց հայոց ազգային պահանջատիրութեան վերազարթնումին առաջին զանգերը եւ, իբրեւ այդպիսին, փորձեց երկխօսութեան կամուրջ մը հաստատել հայ ժողովուրդի հայրենաբնակ եւ տարագիր թեւերուն միջեւ։
Գրական¬ստեղծագործական թէ ազգային¬հասարակական տարբեր ուղի չէր կրնար ունենալ 1915ի Վանի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն մասնակից Բարունակ Կապուտիկեանի դուստրը, որ 20 Յունուար 1919ին ծնաւ Երեւանի մէջ, իր ամբողջ կեանքը անցուց Երեւանի մէջ, նոր դարու եւ նոր ժամանակներու ոգիով հնչեցուց հայ կնոջ ու մօր քնարական ձայնը, նոյնքան արդիական եղաւ Հայ Մտքին առջեւ հորիզոն բանալու իր խոհականութեան մէջ, բայց ի՛նչ որ գրեց եւ հանրային պատասխանատուութեան ի՛նչ դիրք ալ գրաւեց՝ շարունակ հաւատարիմ մնաց վանեցիի իր արմատներուն եւ, այդ ճամբով, միշտ ներշնչման աղբիւր ունեցաւ հայ ժողովուրդի արհաւիրքակեդրոն յուզաշխարհը...
1935ին լոյս տեսած իր առաջին ոտանաւորէն մինչեւ 2002ին լոյս տեսած «Իմ կածանը աշխարհի ճանապարհներին» մտորումները, Սիլվա Կապուտիկեան բեղուն գրիչ ունեցաւ։ Տասնեակաւոր գրքոյկներու եւ հատորներու ժառանգութիւն մը թողուց մեր սերունդներուն։
Գիտական պատրաստութիւն ունէր. աւարտած էր Երեւանի Պետական համալսարանի լեզուագիտութեան բաժանմունքը, ինչպէս նաեւ Մոսկուայի Կորքիի անուան գրականութեան կաճառը։
Կեանքի ընկերն էր մեծն Յովհաննէս Շիրազի։
1941էն սկսեալ Հայաստանի Գրողներու Միութեան անդամ էր, իսկ 1945ին անդամագրուած էր Համայնավար կուսակցութեան։ Զոյգ հանգամանքներով՝ երկար տարիներ գտնուեցաւ պետական պատասխանատու պաշտօններու վրայ. պարտաւորուեցաւ իր տուրքը վճարելու խորհրդային կարգերուն, բայց առիթները ստեղծեց, որպէսզի կարենայ իր խղճի պարտքը կատարել հանդէպ բազմաչարչար հայութեան։
Դէպի սփիւռքեան հայօճախները կատարուած իր պարբերական այցելութիւններով եւ երբեմն երկարատեւ ուղեւորութիւններով՝ Կապուտիկեան ոչ միայն մօտէն ճանչցաւ Հայկական Արտերկիրը եւ շատ բան վերատեսութեան ենթարկեց խորհրդահայու իր ներաշխարհին մէջ, այլեւ՝ հայրենիքը աւելի հարազատ ու ճանաչելի դարձուց սփիւռքահայութեան։
Պատահական չէր, հետեւաբար, որ երբ զարթնումի ժամը հնչեց Արցախեան Պահանջատիրութեան ճակատին վրայ, 1980ականներու երկրորդ կիսուն, Սիլվա Կապուտիկեան ազգային¬հասարակական գործիչը հաստատակամ կանգնեցաւ Արցախը Հայաստանին վերամիացնելու համաժողովրդային շարժման յառաջապահ դիրքերուն վրայ, իբրեւ աննկուն դրօշակիր։
Բանաստեղծը միշտ տիրական մնաց եւ իր ոգեղէն հուրը վարար պահեց Սիլվա Կապուտիկեան մտաւորականին եւ ազգային գործիչին մէջ՝ հաւատարիմ մնալով իր ծանօթ բանաստեղծութեան պատգամին.-
Ասում են, երբ փայտահատը՝ կացինն առած
Մօտենում է, որ ճիւղատի ծառը կանգուն,
Ծառն զգում է կացնի շունչը մահատարած,
Ծառն զգում է, ինչպէս մարդն է ահը զգում։
Ծառն զգում է եւ օրհասի իր բնազդով
Ճիւղերի մէջ, ճիւղերից ներս՝ լարուած ցաւից,
Հաւաքում է հիւթերը ողջ, սաղմ ու աւիշ
Ու մղում վար, արմատներն է մղում տենդով։
Զուր են սրում կացինները, զուր են սրում,
Կարծում են, թէ ա՛յդ ես, որ կաս՝ թոյլ ու հլու։
Բիւր անգամներ ճիւղատել են քեզ դարերում,
Բիւր անգամուայ դու փորձ ունես ընձիւղելու...
25 Օգոստոս 2006ին, անցաւոր մեր կեանքին հետ հաշուեյարդար կատարած՝ Սիլվա Կապուտիկեան առյաւէտ մեկնեցաւ մեր աշխարհէն եւ գնաց միանալու հայոց անմահներու համաստեղութեան։
Ն.