13 Յունուարի 1878-ին, 137 տարի առաջ, Ցարական Ռուսաստանի ծովուժը գրաւեց Պոլսոյ արւարձաններէն Սան Սթեֆանոն՝ ծանր պարտութեան մատնելով Օսմանեան Թուրքիոյ ռազմական նաւատորմը։
Հայոց Յուշատետրին մէջ կարեւոր իր տեղը վստահաբար պիտի չունենար Սան Սթեֆանոյի մէջ Ցարական զօրքին արձանագրած ռազմական
յաղթանակը, եթէ Օսմանեան Թուրքիոյ անփառունակ պարտութեան անմիջապէս չհետեւէր ստորագրութիւնը Սան Սթեֆանոյի հռչակաւոր դաշնագիրին՝ յաղթանակած Ցարական եւ պարտեալ Օսմանեան կայսրութեանց միջեւ։
Իսկ Սան Սթեֆանոյի դաշնագիրը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունեցաւ հայ ժողովուրդին համար, որովհետեւ անիկա եղաւ միջազգային այն առաջին պայմանագիրը, ուր յիշատակուած է Հայկական Հարցը՝ առանձին յօդուածով մը յատուկ շեշտ դնելով Օսմանեան Կայսրութեան հայկական նահանգներուն մէջ անհրաժեշտ բարենորոգումներ կատարելու հրամայական պահանջին վրայ։
Սան Սթեֆանոն ծովեզերեայ արուարձան մըն է Պոլսոյ արեւմուտքը եւ ներկայիս, թրքացուած անւանումով, ծանօթ է իբրեւ Եշիլքէոյ (կանաչ գիւղ)։ Այսօր առեւտրական եւ վարչական կարեւոր կեդրոն մըն է Եշիլքէոյը, ուր կը գործէ Աթաթուրքի անուան միջազգային օդակայանը, որ իր կարգին անուանափոխուած է Եշիլքէոյի միջազգային օդակայանի։
1878ին, պատմութեան մէջ ծանօթ իր յունարէն անուանումով՝ Այոս Սթեֆանոն ցանցառ բնակչութեամբ ծովեզերեայ հանգստարան մըն էր, Պոլսոյ կեդրոնէն 11 քիլոմեթր դէպի արեւմուտք։ Մաս կը կազմէր Պոլսոյ վարչական թաղամասերէն Պաքըրքէոյի։
1877-1878ի ռուս-թրքական պատերազմի ժամանակ, երբ Պալքաններէն եւ Կովկասեան սահմանագիծէն ցարական բանակը յաղթական կ’արշաւէր օսմանեան մայրաքաղաքի գրաւման ուղղութեամբ, ռուսական նաւատորմը 1877ի վերջերուն արդէն հասած էր Պոլսոյ նաւամատոյցներուն։ Ցարական Կայսրութեան այդ ատենուան գլխաւոր մրցակիցը՝ Մեծն Բրիտանիան իր նաւատորմով միջամտեց եւ արգելք կեցաւ, որ Ցարը իրականացնէ իր զօրքը Պոլիս մտցնելու մտադրութիւնը։ Բայց օսմանեան բանակը արդէն ջախջախիչ պարտութիւն կրած էր եւ սուլթանական գահին նոր բազմած Համիտ Բ. ստիպուեցաւ 31 Յունուար 1878ին զէնքերը վար դնել եւ հաշտութիւն ու խաղաղութիւն աղերսել Ցարական Ռուսաստանէն։
Ահա այդ պայմաններուն մէջ 3 Մարտ (հին տոմարով՝ 19 Փետրուար) 1878ին կնքուեցաւ Սան Սթեֆանոյի Դաշնագիրը, որ ինչպէս Պալքանեան ժողովուրդներուն, այնպէս ալ հայ ժողովուրդին համար դարձաւ միջազգային իրաւունքի եւ օրէնքի հիմքը՝ թափով փարելու համար օսմանեան լուծէն ազատագրուելու իրենց հետագայ պայքարին։
Թէեւ Ցարական Կայսրութիւնը սուլթանի բռնատիրութեան դէմ մղուած պատերազմին մէջ մտաւ իբր թէ Օսմանեան Կայսրութեան քրիստոնեայ ժողովուրդները թրքական խժդժութիւններէն պաշտպանելու կարգախօսով, բայց ըստ ամենայնի հետամուտ էր Միջերկրականի տաք ջուրերուն հասնելու ռազմավարական Մեծն Պետրոս Ցարի հին ծրագրին իրագործման։
Յատկապէս Կովկասեան ճակատի պարագային՝ անվիճելի ճշմարտութիւն էր Ցարիզմի ռազմավարական այդ նպատակադրումը։
Այսուհանդերձ՝ ոչ միայն Պալքաններու մէջ պուլկարներն ու սերպերը, յոյներն ու չեխերը ուղղակիօրէն մաս կազմեցին պատերազմին, այլեւ Արեւմտահայաստանի ռուս-թրքական սահմանը հատող եւ Պոլսոյ ուղղութեամբ արշաւող ռուսական զօրքերը, Կովկասի ընդհանուր կառավարիչ մեծն դուքս Միխայիլ Նիկոլայեւիչի ընդհանուր հրամանատարութեան տակ գտնուելով հանդերձ՝ փաստօրէն ռազմական իրենց յաղթարշաւին մէջ ղեկավարուեցան ցարական բանակի հայազգի հրամանատարներուն կողմէ։ Զօրավարներ Բէյբուտ Շելքովնիքով, Միխայիլ Լորիս-Մելիքով, Իվան Լազարեւ եւ, յատակպէս, Արշակ Տէր-Ղուկասով բառին բուն իմաստով յաղթանակէ յաղթանակ առաջնորդեցին ռուսական զօրքը։
Այս բոլոր առումներով աւելի քան բնական էր, որ Սան Սթեֆանոյի գրաւման հետեւած եւ նոյն արուարձանին մէջ գումարուած խաղաղութեան խորհրդաժողովէն ծնած Սան Սթեֆանոյի Դաշնագիրը, իր առաջնահերթ 16րդ եւ 19րդ յօդուածներով, յատուկ պահանջներ դրաւ Արեւմտահայաստանի վերաբերեալ։
Դաշնագրի 16րդ յօդուածը պարտաւորեցուց Սուլթանին, որ անյապաղ բարեկարգութիւններ իրագործէ հայկական բոլոր նահանգներուն մէջ՝ թրքական, քրտական եւ չերքէզական խժդժութեանց վերջ տալու համար, իսկ ցարական Ռուսաստանին վերապահեց անհրաժեշտ միջամտութիւնը կատարելու եւ յօդուածի իրագործման հսկելու երաշխաւորի իրաւասութիւնը։
Իսկ 19րդ յօդուածով՝ պատերազմի հետեւանքով Ռուսաստանի նիւթական կորուստները հատուցանելու համար, Սուլթանը պարտաւորուեցաւ Ցարական Կայսրութեան զիջիլ Արտահանը, Կարսը, Պաթումը եւ Պայազիտը։
Սան Սթեֆանոյի Դաշնագիրը դժբախտաբար մեռեալ ծնունդ եղաւ, յատկապէս հայ ժողովուրդին վերաբերող իր յօդուածներով, որովհետեւ Եւրոպան չուզեց համակերպիլ Օսմանեան փլուզուող կայսրութեան աւարը իւրովի սեփականացնելու Ցարական նկրտումներուն։
Մեծն Բրիտանիա յաջողեցաւ իր կողքին ունենալ կայսերական Գերմանիան եւ Ֆրանսան, որպէսզի միասնաբար արգելք կանգնին Ցարական Կայսրութեան ախորժակներուն եւ ձախողութեան մատնեն Օսմանեան աւարին յաղթականի դիրքէն միանձնեայ տիրանալու Ցարին նպատակը։
Առ այդ, Եւրոպայի ճնշումին տակ, Սան Սթեֆանոյի պարտութեան պայմանագիրը փոխարինուեցաւ Պերլինի այսպէս կոչուած խաղաղութեան Դաշնագրով, ուր Հայկական Բարենորոգումներուն վերաբերեալ 16րդ յօդուածը մղուեցաւ արդէն 61րդ տեղը։
Պերլինի դաշնագրին 61րդ յօդուածը բաւարա-
րուեցաւ Սուլթանի կառավարութեան վրայ պարտք դնելով բարենորոգումներուն իրականացումը, առանց այդ բարեկարգումներուն քաղաքական բովանդակութիւնը յստակացնելու եւ, մանաւանդ, առանց անոնց գործադրութեան հսկելու եղանակը եւ հսկող-երաշխաւորը ճշդելու։
Բայց այդ ամէնը առանձին քննարկման նիւթ է։
Ն.