Print
Category: Յուշատետր

74 տարի առաջ այս օրը, 1940ի Դեկտեմբեր 29ին, Երկրորդ Աշխարհամարտի թոհուբոհով կլանուած Փարիզի մէջ, համազգային յուղարկաւորութեամբ եւ քաղաքական հանդիսաւորութեամբ, տարագրութեան ու օտարութեան ցուրտ հողին յանձնուեցաւ վահագնատիպ, այլ յոգնաբեկ ու անկենդան մարմինը հայ ժողովուրդի նուիրեալ ծնունդներէն Արշակ Ջամալեանի։

Հայաստանի Անկախութեան Սերունդի ամէնէն ներկայացուցչական դէմքերէն ու Գաղափարի առաջնորդներէն եղաւ դաշնակցական այս հսկան, որ շուրջ քառասուն տարի իր իւրայատուկ դրոշմը դրաւ հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական կեանքի հունաւորման վրայ։
Արշակ Ջամալեան Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընտրուեցաւ Դաշնակցութեան ամէնէն դժուարին Ընդհանուր Ժողովներէն մէկուն՝ 1924ին գումարուած Հ.Յ.Դ. 10րդ Ընդհանուր Ժողովին կողմէ։
Հայաստանի անկախութեան եւ ազատութեան նուաճումին մէջ պատմակշիռ դեր կատարած, բայց Ռուսական Մուրճին եւ Թրքական Սալին միջեւ անդամահատուած Հայաստանէն տարագիր դարձած Դաշնակցութեան սփիւռքեան գործունէութիւնը հունաւորող առաջին Ընդհանուր Ժողովն էր ատիկա։
Քեմալական վտանգին եւ Խորհրդային չարիքին դէմ հայ ժողովուրդը պաշտպանելու ազգային ռազմավարութիւնը հունաւորելու կոչուած այդ ժողովը ճշդեց, նաեւ, առաջին նշանաձողերը հայրենազուրկ հայութեան սփիւռքեան կազմաւորման, հայապահպանման եւ գաղափարական ու բարոյական ինքնահաստատման երկարաշունչ պայքարին։
Շրջադարձային այդ հանգրուանին, Դաշնակցութեան ղեկին յաղթահասակ կանգնեցաւ Արշակ Ջամալեան եւ իր մտածողութեամբ ու գործով ուղի հարթեց սփիւռքահայութեան ինքնակազմակերպման տոգորումին առջեւ։
Հայ մտքի եւ քաղաքական կամքի դարբին մը ըլլալու ճակատագրուած էր Գանձակի մէջ 22 Սեպտեմբեր 1882ին ծնած բազմաշնորհ Արշակը։ Հայրը՝ բարեկեցիկ ոսկերիչ Ջամալ Իսահակեանը (որուն անունով Արշակ ընտրեց Ջամալեան մականունը հետագային, երբ Դաշնակցութեան անդամագրուեցաւ) յատուկ պատճառ ունէր իր զաւկին ուսումնառութիւնը քաջալերելու եւ ապահովելու, որովհետեւ ոչ միայն Արշակ ինք ընդունակ աշակերտ էր, այլեւ՝ Արշակի վաղամեռիկ մօր կտակն էր, որ իր տղան անպայման ուսանի եւ բարձրագոյն կրթութեան տիրանայ։
Արշակ Իսահակեան իր նախնական կրթութիւնը ստացաւ Գանձակի հայոց ծխական դպրոցին մէջ, ապա՝ երբ 1892ին ցարական հրամանագրով փակուեցան հայոց ծխական վարժարանները, յաճախեց Գանձակի ռուսական գիմնազիան։ Ռուսացման ալիքը ուժեղ էր այդ շրջանին եւ Արշակ սկսաւ տարուիլ հոսանքէն, բայց հայրը հոսանքին դէմ պայքարող մարդ էր եւ ամէն ճիգ թափեց, որպէսզի հայեցի կրթութիւն ապահովէ իր տղուն։ Զուգադիպութիւն մը օգնեց, որպէսզի Արշակի կեանքը հիմնովին նոր ուղղութիւն մը ստանայ։ 1896ի Վանի կոտորածներէն ետք, Ս. Էջմիածին ապաստանած գաղթական բազմութեան հետ էր ազգային հեղինակաւոր մանկավարժ Պլուզ Կարօ, որ Խրիմեան Հայրիկի կողմէ անմիջապէս ղրկուեցաւ Գանձակ՝ հայ դպրոցէ զրկուած սերունդին ազգային դաստիարակութիւն ջամբելու առաքելութեամբ։ Ջամալ Իսահակեան Պլուզ Կարոյէն խնդրեց, որ իր տղուն հայերէնի եւ հայոց պատմութեան մասնաւոր դասեր տայ։ Այդպէս ալ եղաւ։ Արշակի ընդունակութիւններուն ծանօթանալով՝ Պլուզ յորդորեց ու համոզեց Ջամալին, որ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը ղրկէ Արշակին։ Եւ այդպէս, 1897ին, Արշակ ընդունուեցաւ Գէորգեան Ճեմարան։
Հայ ազգային¬ազատագրական շարժման եռուն ժամանակաշրջանն էր, իսկ Գէորգեան Ճեմարանը, հակառակ հոգեւոր հաստատութիւն մը ըլլալու իր պաշտօնական հանգամանքին, փաստօրէն վերածուած էր յեղափոխական շարժման հնոցի մը, ուր կը տիրէր յատկապէս դաշնակցական ոգին։ Նիկոլ Աղբալեանի եւ Ա. Վռամեանի օրինակով դաշնակցական մեծութիւններու հոգեմտաւոր կազմաւորման օրրանը դարձած Ճեմարանը իր բարեբեր ազդեցութիւնը ունեցաւ նաեւ ու մանաւանդ Արշակ Ջամալեանի վրայ, որ իր սերունդին յեղափոխական խմորումներուն եւ աշակերտական ըմբոստացումներուն մղիչ ուժն ու յառաջապահը եղաւ շուտով։
Կենսագիրներուն վկայութեամբ՝ Ջամալեան գաղափարական շարժման փոթորիկ մը առաջացուց Ճեմարանի մէջ.- Խմբագրեց ձեռագիր «Նաւակ» աշակերտական թերթը, աշակերտական շարժում կազմակերպեց եւ գաղափարական պայքար ծաւալեց ի խնդիր հայաստանեայց եկեղեցին ծիսապաշտութենէ դուրս բերելու եւ բարեկարգելու նպատակին։
Յատկապէս Երկրի մէջ սաստկացած յեղափոխական կենդանի կռուին նուիրուելու իր կոչերով՝ արդէն դաշնակցականի ուղին գտած Ջամալեանը, շուտով, իր դէմ լարեց Ճեմարանի պահպանողական պատասխանատուներուն դժգոհութիւնը։
Հակառակ իր աշակերտական փայլուն արդիւնքներուն, Ճեմարանի լսարանական (համալսարանական) բաժնի առաջին տարին հազիւ աւարտած, 1902ին, Ջամալեան տուն ճամբուեցաւ եւ Ճեմարանի դռները իր առջեւ վերջնականապէս փակուեցան։
Քսանամեայ երիտասարդ՝ Ջամալեան քանի մը տարի մնաց իր ծննդավայրին՝ Գանձակի մէջ, ուր ծաւալեց դաշնակցական աշխոյժ գործունէութիւն՝ գաղափարական մթնոլորտ ստեղծելու եւ տեղւոյն երիտասարդութիւնը կազմակերպելու ուղղութիւններով։
Երբ վրայ հասան 1905ի հայ-թաթարական ընդհարումները եւ բացայայտ դարձաւ ցարական ոստիկանութեան գրգռիչ դերակատարութիւնը ազգամիջեան թշնամանքի հրահրումին մէջ, Ջամալեան մասնակցեցաւ ոստիկանապետի մը դաշնակցական ահաբեկումին, որուն հետեւանքով 7 ամիս բանտարկուեցաւ, իսկ ազատ արձակուելէ ետք՝ անցաւ Եւրոպա, ուսումը շարունակելու համար։
Ճեմարանական տարիներէն իսկ, Արշակ Ջամալեան շեշտակի հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց հայ հասարակագիտական մտքի զարգացման եւ հարստացման ուղղութեամբ։ Լսարանական առաջին տարուան իր ծաւալուն շարադրութիւններէն մէկը, որ կը վերաբերէր Րաֆֆիի պատմավէպերուն մէջ արծարծուած հասարակական խնդիրներու ուսումնասիրութեան, արժանացաւ Ճեմարանի ատենի ուսուցչական կազմին բարձր գնահատանքին։ Հետեւաբար, երբ Ջամալեան հասաւ Եւրոպա եւ արձանագրուեցաւ Պերլինի համալսարանը, աւելի քան բնական էր, որ ընկերային գիտութեանց վրայ կեդրոնացաւ անոր բարձրագոյն ուսումը։
Եւրոպայի մէջ ուսանողական տարիները Ջամալեանի առջեւ բացին ոչ միայն գաղափարական իր հետաքրքրութեանց ու ծանօթութեանց հորիզոնը ընդարձակելու, այլեւ կազմակերպական իր բնածին տաղանդը մշակելու եւ զարգացնելու լայն հորիզոններ։ Եղաւ հիմնադիրներէն մէկը Եւրոպայի Հայ Ուսանողական Միութեան եւ անոր պաշտօնաթերթ «Ուսանող»ին, որուն էջերէն Արիսեան ստորագրութեամբ հանդէս եկաւ հայ միտքը աշխուժացնող եւ ազգային ու հասարակական խնդիրներու գիտական քննարկումը հարստացնող յօդուածներով եւ աշխատասիրութիւններով։
Գաղափարական ու կազմակերպական իր դէմքը արդէն հաստատած էր Արշակ Ջամալեան 1907ին, երբ Եւրոպայի Հայ Ուսանողութեան կողմէ պատգամաւոր ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովին։ Այդ ժողովին էր, որ Դաշնակցութիւնը սուր կերպով դիմագրաւեց երկփեղկման վտանգը։
Մէկ կողմէ արեւմտահայ մարտական գործիչները վարակած Միհրանական շարժումը կատաղի պայքար բացած էր Դաշնակցութեան ընկերվարական գործունէութեան դէմ՝ դատապարտելով համառուսական յեղափոխական շարժումներուն մասնակցութիւնը։
Իսկ միւս կողմէ արեւելահայ մտաւորականութիւնն ու ուսանողութիւնը վարակած ձախապաշտ հակումները յանգած էին Դաշնակցութեան մէջ անջատողական շարժման մը առաջացումին՝ արեւմտահայ եւ արեւելահայ դատերը իրարմէ անջատ կուսակցութիւններով ղեկավարելու պահանջով։
Ահա ա՛յդ մթնոլորտին մէջ ուղղակի փրկարար դեր կատարեց Ջամալեան՝ դաշնակցական երիտասարդ ուսանողի դիրքերէն պահապան կանգնելով կուսակցութեան ներքին միասնութեան եւ ազգայնականն ու ընկերվարականը համադրելու դաշնակցական աշխարհայեացքին։
1908ին Ջամալեան վերադարձաւ Կովկաս եւ հաստատուեցաւ Թիֆլիս, ուր Ներսիսեան վարժարանի մէջ իր ստանձնած ուսուցչական պաշտօնի կողքին գաղափարական եռուն գործունէութիւն ծաւալեց՝ Աղբալեանի հետ «Հորիզոն»ի խմբագրութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնելով։ Ռուսերէնի, գերմաներէնի եւ ֆրանսերէնի իր տիրապետումը մեծապէս օգնեց, որ այդ ժամանակներէն իսկ Ջամալեան կեդրոնական դէմքերէն մէկը դառնայ ռուս, վրացի եւ թաթար յեղափոխական շրջանակներու հետ Դաշնակցութեան հաստատած յարաբերութեանց։
Թէ՛ հայ մտքի արդիականացման, թէ՛ համառուսական միջավայրի մէջ հայ քաղաքական կամքի արմատաւորման ի խնդիր Ջամալեանի թափած ճիգերը եւ կատարած մեծ ներդրումները բաւարար նկատուեցան, որպէսզի 1914ի Հ.Յ.Դ. 8րդ Ընդհանուր Ժողովին եւ ի բացակայութեան՝ ան ընտրուի Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ շարունակէ մնալ այդ պաշտօնին վրայ մինչեւ 1933, երբ Հ.Յ.Դ. 12րդ Ընդհանուր Ժողովի որոշումով ան կոչուեցաւ Դաշնակցութեան մնայուն քաղաքական գործիչի աշխատանքին ու պատասխանատուութեան։
1914էն 1921 երկարող եւ հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամէնէն բախտորոշ ժամանակաշրջանը հանդիսացած տարիներուն, Արշակ Ջամալեան բառին բուն իմաստով փոթորկաշունչ ներկայութիւն եղաւ հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան, Հայաստանի անկախացման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական ամրապնդման յառաջապահ դիրքերուն վրայ։ Եղաւ Հայ Կամաւորական Շարժման ղեկավարներէն։ 1917ի համառուսական յեղափոխութեան երկար ամիսներուն, ներկայացուց Դաշնակցութիւնը բոլոր մակարդակներուն վրայ։ Անդրկովկասեան Սէյմի կառավարութեան մաս կազմեց եւ Երզնկայի մէջ հաշտութեան բանակցութիւնները վարեց թուրքերուն հետ՝ յանուն Սէյմի։ Նշանակուեցաւ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վրաստանի մօտ։ Ընտրուեցաւ Հայաստանի խորհրդարանի պատգամաւոր եւ Երեւան տեղափոխուեցաւ Թիֆլիսէն։ 1919ի հայ-վրացական պատերազմին շուտափոյթ դադրեցումը ապահովող գլխաւոր դերակատարը եղաւ։ 1920ին մաս կազմեց Համօ Օհանջանեանի Բիւրօ-կառավարութեան, իբրեւ հաղորդակցութեան նախարար։ Իսկ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, 1922ին, պոլշեւիկներու հետ Դաշնակցութեան բանագնացը եղաւ Րիկայի խորհրդակցութեանց ժամանակ։
Տարագրութեան մէջ իր ծաւալած շուրջ քսանամեայ ղեկավար դերակատարութեամբ, Արշակ Ջամալեան վճռորոշ դերակատարութիւն ունեցաւ, սփիւռքեան պայմաններու մէջ եւ հակադաշնակցական բուռն պայքարի այդ տարիներուն, Դաշնակցութեան գաղափարական վերաշխուժացումը նուաճելու եւ դաշնակցական ներքին միակամութիւնը ամրապնդելու ճակատներուն վրայ։
Յատկապէս կարեւոր եղաւ Ջամալեանի ներդրումը Եւրոպայի տարածքին Հայ Կապոյտ Խաչի հիմնադրութեան, տարածման եւ ժողովրդականացման գործին մէջ։ Իր կենսագիրներէն Գաբրիէլ Լազեան յատուկ կարեւորութեամբ եւ անձնական վկայութեամբ կը հաստատէ, թէ մանաւանդ Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի զարգացման հոլովոյթին մէջ հիմնական եղած է Ջամալեանի ներդրումը՝ պարբերական այցելութիւններով։
Իր կեանքի վերջալոյսին, երբ Ջամալեանի վստահուեցաւ Հ.Յ.Դ. մնայուն գործիչի պարտականութիւնը, յատկապէս նորահաս սերունդներուն գաղափարական կազմաւորումը ամուր հիմքի վրայ դնելու պատասխանատուութիւնը, ան գործի վերածեց ուսանողական տարիներէն իր մէջ արմատաւորուած այն համոզումը, թէ՝
«Պէտք է նկատի ունենալ, որ արտասահմանեան այսօրուայ պայմաններում մէկին իսկական դաշնակցական դարձնելը այլեւս այնպէս դիւրին չէ, ինչպէս որ էր երէկ՝ երկրի մէջ։ Այնտեղ դաշնակցականը իր կուսակցական աշխատանքն սկսում էր, կարելի է ասել, հէնց առաջին օրից գործօն պայքարի թոհ ու բոհի մէջ նետուելով, յաճախ հրի ու սրի դէմ կանգնելով։ Սրա՛ համար էլ երկրում դաշնակցական արձանագրուածը շատ կարճ ժամանակամիջոցում թրծւում էր կուսակցական կարգապահութեան եւ պարտաճանաչութեան մէջ։ Այստեղ, արտասահմանում, յեղափոխական գործի այդ նպաստաւոր պայմանները չկան եւ, դրա համար, կրկնակի եւ եռակի աշխատանք է հարկաւոր Դաշնակցութեան շարքերը դիմող երիտասարդներին կուսակցական գիտակցութեան բերելու, նրա քաղաքական մտածողութիւնը յստակացնելու եւ կարգապահութեան ու պարտաճանաչութեան ոգին նրա մէջ մշակելու համար»։
Արշակ Ջամալեան, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, 1940 թուականի Դեկտեմբեր 27ին, առյաւէտ փակեց աչքերը։ Անոր յուղարկաւորութեան օրը՝ Դեկտեմբեր 29ին, յարգանքի իրենց տուրքը մատուցանելու եկան ոչ միայն հայ կեանքի գլխաւոր հոսանքներու ներկայացուցիչները, այլեւ՝ արտասահման աքսորուած ռուս, վրացի եւ ատրպէյճանցի ծանօթ հեղինակութիւններ, ինչպէս նաեւ Ընկերվար Միջազգայնականը ներկայացնող ֆրանսացի եւ եւրոպացի ականաւոր գործիչներ։
Հայ մտքի եւ քաղաքական կամքի փոթորկաշունչ դարբինին՝ Արշակ Ջամալեանի յիշատակը միշտ վառ պահելու համար, յիշե՛նք Հ.Յ.Դ. 40ամեակին նուիրուած եւ «Դրօշակ»ի էջերուն լոյս տեսած անոր գաղափարական կտակը.-
«Հայ ժողովուրդը գիտէ, որ Դաշնակցութիւնը միշտ կանգնած է եղել իր վճռած կամ պաշտպանած գործի յետեւը ամբողջ հասակով, կատարեալ անկեղծութեամբ եւ բոլորանուէր անձնազոհութեամբ։ Հայ ժողովուրդը համոզուած է նաեւ, որ եթէ վաղը նոր զոհաբերութեան եւ նոր արիւնի հարկադրանքն ստեղծուի Հայկական Դատը «մեռեալ կէտից» շարժելու համար՝ դարձեալ դաշնակցականներն են շարժուելու վտանգաւոր դիրքերի վրայ, դարձեալ նրանք են նուիրաբերելու առաջին լուման - լինի դա չարքաշ աշխատանք, դրամ թէ արիւն - որպէսզի գործը քալէ»։

Ն.