Print
Category: Յուշատետր

Դեկտեմբեր 17ի այս օրը, 94 տարի առաջ, Հայաստանի Հանրապետութեան պարտադրուած խորհըրդային իշխանութիւնը, նորահաստատ Յեղկոմի յատուկ հրամանագրով, որոշեց պետականացնել Ս. Էջմիածնի ազգային հարստութեան գլխաւոր հիմքն ու խորհրդանիշը կազմող Մատենադարանը, ուր մէկտեղուած էին հայ ժողովուրդի բազմադարեան պատմութեան եւ մշակութային ստեղծագործութեան ձե- ռագիր վկաները։

Յեղկոմի հրամանագիրը կը հիմնուէր ինչպէս ցարական Ռուսասատանի, այնպէս ալ Հայաստանի տարածքին գործող մշակութային եւ կրթական բոլոր հաստատութիւնները պետականացնելու խորհրդային ընդհանուր որոշումին վրայ։
Թէեւ խորհրդային լուծի 70ամեայ շրջանին խորհըրդահայ միտքը շարունակ եւ միայն ներբողներ շռայլեց Յեղկոմի այդ հրամանագիրները յղացող պոլշեւիկ գործիչներուն եւ մտաւորականներուն, այդուհանդերձ՝ պետականացման այդ քայլին դրական արդիւնքներուն եւ բացասական հետեւանքներուն առարկայական արժեւորումը դեռ չէ կատարուած ամբողջապէս։
Էջմիածնի Մատենադարանին պետականացման 94րդ տարեդարձը միայն յուշելու առիթ է, նաեւ՝ ընդ- գծելու, որ խորհրդային կարգերու տակ հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանին վերապահուած «պետական հոգատարութիւն»ը լիովին բաժին հանուեցաւ նաեւ հայոց ձեռագրերուն։ 1920էն մինչեւ 1939 թուականը, երբ Էջմիածնի մէջ պահպանուած Հայոց Ձեռագիրները տեղափոխուեցան Երեւանի Պետական Գրադարանը, նաեւ՝ մինչեւ Երեւանի մէջ Մատենադարանի նոր շէնքին կառուցումը, Հայոց Ձեռագիրները արժանացան… Աղքատ Ղազարոսի բախտին։
Երկար դարեր եւ անկախութեան ու պետականութեան կորուստի պայմաններուն մէջ իսկ, մեր ժողովուրդը իր աչքի լոյսին պէս պահած եւ պահպանած էր իր լուսաւորիչ հայրերուն ժառանգ ձգած ձեռագիրները՝ նոյնիսկ իր արեան գնով տէր կանգնելով անփոխարինելի այդ հարստութեան։ Ասպատակող ցեղերու գործած աւերումներն ու աւարումները շատ բան ոչնչացուցին, մարդկային կեանքերու, ինչքերու եւ մշակութային կոթողներու կողքին, նաեւ հայոց ձեռագիր մատեաններէն։ Բայց ինչ որ կրցանք փրկել, վերածեցինք սերունդէ սերունդ հայկական մեր ինքնութիւնը ջրդեղող ներշնչման աղբիւրի։
Էջմիածնի Մատենադարանը պետականացնելու Յեղկոմի որոշումը սկզբնապէս պատճառ դարձաւ, որ ազգային բացառիկ նշանակութեամբ այդ հարստութիւնը շուրջ երկու տասնամեակ զրկուի անհրաժեշտ հոգածութենէն։ Հարկ եղաւ սպասել մինչեւ 1939 թուականը, որպէսզի Երեւանի մէջ Մատենադարանի կառուցումով՝ հայոց ձեռագիր մատեանները գտնեն իրենց վերջնական տունը։
Հանրագիտական տեղեկանք է, որ «Մատենադարանը հիմնադրուած է 405 թուականին, հայերէն գիրերու գիւտէն ետք, Հայաստանի հնագոյն մայրաքաղաքներէն Վաղարշապատի (Էջմիածին) մէջ:
«Հայոց արքայ Վռամշապուհի հովանաւորութեամբ, գրչութեան այս հնագոյն կեդրոնէն իրենց լուսաւորչական գործունէութիւնը սկսած ու ծաւալած են Սուրբ Սահակ Մեծ Կաթողիկոսը եւ հայ գիրերը ստեղծող Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցը: Անոնց հիմնադրած Մատենադարանը, հարիւրամեակներ շարունակ, Հայ Առաքելական Եկեղեցիի Կաթողիկոսարանին մէջ գործած է որպէս Մայր Գրատուն։
«Այսօր Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին հիմքը կը հանդիսանայ Հայոց Կաթողիկոսարանի հնամեայ ձեռագրատունը, որ դարերու ընթացքին հանգրուանած է տարբեր աթոռանիստ վայրեր, վերջին անգամ Ս. Սիս, ուրկէ 1441ին վերահաստատուած է իր հիմնադրման օրրար Ս. Էջմիածինի մէջ:
«1668 թուին գրուած յիշատակարանի մը հաղորդած տեղեկութեանց համաձայն, Փիլիպոս Կաթողիկոսի օրօք (1633-1655) Էջմիածնի վանքը հարստացած է բազմաթիւ նոր գիրքերով: Ձեռագրերու հայթայթման գործն աւելիով ծաւալած է Յակոբ Ջուղայեցի Կաթողիկոսի աթոռակալութեան տարիներուն (1655-1680):
«1892 թուին Մատենադարանը ունէր 3158, 1897ին‘ 3338, 1906ին‘ 3788, իսկ Առաջին Աշխարհամարդի նախօրեակին (1913 թ.)‘ 4060 ձեռագիր: 1915 թուին Մատենադարան մուտք գործած են Վասպուրականէն բերուած (Լիմ, Կտուց, Աղթամար, Վարագ, Վան եւ այլն), ինչպէս նաեւ Թաւրիզէն ստացուած 1628 ձեռագիր:
«1920 թուի Դեկտեմբերի 17ին Էջմիածնի Կաթողիկոսարանի Մատենադարանին պետականացման հրամանագրէն ետք, 1922 Ապրիլին Մոսկուայէն Հայաստան վերադարձուեցան 4060 ձեռագիրներ, որոնք 1915ին յատուկ արկղներու մէջ դրուած եւ Մոսկուա ղրկուած էին՝ պատերազմի արհաւիրքներէն զանոնք զերծ պահելու մտահոգությամբ: Այդ ձեռագիրներուն միացան նաեւ 1915-1921 թուականներուն հաւաք- ւած 1730 ձեռագիրներ: Մատենադարան բերուեցան նաեւ Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանի, Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցի, Հայկական Ազգագրական Ըն- կերութեան, Երեւանի Գրական Թանգարանի եւ այլ վայրերու ձեռագրական հաւաքածոները:
«1939 թուին Մատենադարանը Էջմիածնէն կը տեղափոխուի մայրաքաղաք Երեւան: Ձեռագրական մշակոյթի պահպանութեան եւ ուսումնասիրութեան զարկ տալու համար, 1959 թուի Մարտ 3ին Խ. Հայաստանի կառավարութեան որոշմամբ Մատենադարանը կը վերածուի գիտահետազօտական հիմնարկի: «1954էն սկսեալ Մատենադարանը ղեկավարած ակադեմիկոս Լեւոն Խաչիկեանի (1918-1982) ջանքերով հաստատութիւնը լիարժէքօրէն կը կայանայ որպէս գիտահետազօտական կեդրոն, կարճ ժամանակուան մէջ կþարժանանայ միջազգային ճանաչման: Ակադեմիկոս Լ. Խաչիկեանի մահէն ետք, 1982էն մինչեւ 2008, Մատենադարանի տնօրէնը եղաւ ակադեմիկոս Սեն Արեւշատեանը: Իսկ 2008էն ի վեր, Մատենադարանի տնօրենն է բանասիրութեան դոկտոր՝ Հրաչեայ Թամրազեան:
«Այսօր Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանը աշխարհի հնագոյն եւ հարուստ ձեռագրատուներէն մէկն է: Հոն հաւաքուած շուրջ 17.000 ձեռագիր մատեանները կþընդգրկեն հայ հին եւ միջնադարեան գիտութեան ու մշակոյթի գրեթէ բոլոր բնագաւառները‘ պատմութիւն, աշխարահագրութիւն, քերականութիւն, փիլիսոփայութիւն, իրաւունքի գիտութիւն, բժըշկութիւն, ուսողութիւն (մաթեմատիկա), տիեզերագիտութիւն, տոմարագիտութիւն, ալքիմիա-քիմիա, թարգմանական գրականութիւն, գրականութիւն, վաւերագիտութիւն, արուեստի պատմութիւն, մանրանկարչութիւն, երաժշտութիւն եւ այլն: Հայերէն մատեաններէն բացի հոս կը պահուին արաբերէն, պարսկերէն, յունարէն, ասորերէն, լատիներէն, եթովպերէն, հնդկերէն, ճափոներէն եւ այլ լեզուներով ձեռագիրներ:
«Մշակութային ժառանգութեան պահպանու- թեան այս հաստատութեան մէջ կորուստէ փրկուած են բազմաթիւ բնագիրներ, որոնք իրենց մայր լեզուով չեն պահպանուած եւ յայտնի են միայն հայերէն թարգմանութիւններով»:

Ն.