Print
Category: Յուշատետր

Հոկտեմբեր 27ի այս օրը, 12 տարի առաջ, քաղաքական հաշուեյարդարի աններելի ոճիր մը գործուեցաւ Հայաստանի    Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ։
Նայիրի Յունանեանի գլխաւորութեամբ արձակազէն մարդասպաններ խուժեցին դահլիճ եւ օր ցերեկով, լուսարձակներու տակ, մահացու կրակ բանալով, հայոց պետականութիւնը քաղաքական գլխատման ենթարկելու ծանրագոյն ոճիրը գործեցին։


Միջազգային հանրային կարծիքի եւ յատկապէս բովանդակ հայութեան զարհուրած աչքերուն առջեւ գործուած եղբայրասպան արիւնահեղութիւնը խլեց կեանքը խորհրդարանական եւ կառավարական կարեւոր դէմքերու, յատկապէս օրուան վարչապետ Վազգէն Սարգսեանի եւ Ազգային Ժողովի նախագահ Կարէն Դեմիրճեանի։
Եւ այդպէս, վայրկեաններու ընթացքին, ոչ միայն մեծ ու անդարմանելի կորուստ կրեցին Հայաստանն ու հայութիւնը, ոչ միայն ծանրօրէն վարկաբեկուեցաւ վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան նորահաստատ ժողովրդավարութիւնը, այլեւ իր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն դժուարին պահերէն ու քննութիւններէն մէկը ապրեցաւ հայոց պետականութիւնը։
Փաստօրէն, բառին ամէնէն մտահոգիչ իմաստով հարցականի տակ դրուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւականութիւնն ու գոյատեւելու արժանաւորութիւնը։ Երկար ժամանակի համար անդամալուծուեցաւ քաղաքական կառավարման համակարգը։ Անվստահութեան ընդհանուր մթնոլորտ մը պարուրեց Հայաստանի ներ¬քաղաքական կեանքը։ Երկփեղկումի մատնուեցաւ իշխանութեան համակարգը՝ օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական կառոյցները բաժնելով ներհակ ճամբարներու, օրուան նախագահի պաշտպաններու եւ հակառակորդներու։
Անվստահութեան, երկփեղկումի եւ հակադրութեան այդ մթնոլորտը, ամբողջ տարիներ, իր շեշտակի դրոշմը դրաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ու հայ քաղաքական մտքին վրայ։ Հակառակ հայոց Պետական Տան կառավարելիութիւնը աստիճանաբար վերականգնելու երեւութական յաջողութիւններուն, գետի ընդերքին հոսող կեղտաջուրի նման, 27 Հոկտեմբեր 1999ի քաղաքական մեծ ոճիրը շարունակեց հոգիներ պղտորել եւ մտքեր թունաւորել։ Մանաւանդ որ մարդասպաններու խմբակին դատավարութիւնը, քաշքշուելով եւ երկարելով, քաղաքական բուն պատուիրատուներու ճշդորոշման հարցով տեւաբար մութի մէջ խարխափելու կացութիւն ստեղծելով, իր կարգին խորացուց եւ ծանրացուց հիւանդագին մթնոլորտը։
Եւ այսօր, երբ 12ամեայ հեռաւորութենէ կը վերաբանանք յուշատետրի 27 Հոկտեմբերի էջը, ողջ հայութիւնը տակաւին համակող ընդվզումի եւ դատապարտանքի ալիքին կողքին կþանդրադառնանք, որ Հ.Հ. Ազգային Ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ օրին բացուած զէնքերու համազարկին արձագանգները լսելի կը դառնան Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի կեանքը խռովող ու տագնապեցնող ծանրագոյն ամէն ցնցումի հետ։
Այդպէ՛ս եղաւ մանաւա՛նդ 1 Մարտ 2008ի ամօթալի խռովութեանց խուժանային աղմուկին մէջ, երբ իրաւական ու քաղաքացիական հասարակութեան հաստատած ներ¬քաղաքական պայքարի ընկալեալ «զէնքեր»ը արհամարհելով, այլ մանաւանդ վարկաբեկելով, ուղղակիօրէն զէնքերու բիրտ ուժին եւ եղբայրասպան արիւնահեղութեան միջոցաւ քաղաքական հաշուեյարդարի փորձ կատարուեցաւ...
Կþըսեն եւ իրաւացի են ըսողները, թէ ժամանակը կը սպիացնէ ամէնէն խոր վէրքերն անգամ։
Այդ իմաստով՝ տարիներու թաւալումին հետ, 27 Հոկտեմբեր 1999ի մեծ զոհերու կորուստին առթած ցաւն ու կսկիծը աստիճանաբար կը մեղմանան եւ կը փոխարինուին յարգանքի ու մեծարման զգացումներով եւ խոհերով։
Բայց նաեւ կþըսեն ու նոյնքան իրաւացի են ըսողները, որ կեանքի մէջ ամէն սխալի համար ուշ կամ կանուխ գին կը վճարենք։
Փաստօրէն, հայոց պետականութեան գլխատման 27 Հոկտեմբեր 1999ի ծանրագոյն ոճիրին համար, անկախ ուղղակի մարդասպան արձակազէններուն եւ անոնց գոյ թէ անգոյ պատուիրատուներու յանցանքէն,  կայ հայ ազգային¬քաղաքական հասարակութեան հաւաքական պատասխանատուութեան ու սխալին երեսը։
Այդօրինակ ահաւոր ոճիրը հնարաւոր դարձաւ, որովհետեւ Հայաստանի ներ¬քաղաքական կեանքէն ներս առաջացած ախտագին բեւեռացման բարոյահոգեբանական հետեւանքները շարունակաբար անտեսուեցան ու կուտակուեցան։ Քաղաքական կամք դրսեւորելու եւ վճռականութեամբ ու հաւաքական ուժերով գործուած սխալները սրբագրելու եւ անոնց հետեւանքները յաղթահարելու փոխարէն, շարունակուեցաւ իշխանութեան տիրանալու համար ինքնանպատակ աթոռակռիւը։
Եւ ծանրօրէն վճարեցինք գինը։
27 Հոկտեմբեր 1999ի մեծ ողբերգութեան տարելիցը այս առումով սթափումի եւ ահազանգի առիթ մըն է, որպէսզի հաւաքաբար պատուաստուինք եւ պաշտպանուինք ներքին խոց, թշնամանք եւ երկփեղկում պատճառող բեւեռացումներու նորանոր վարակներուն դէմ։
Մանաւա՛նդ դաժանագոյն ազդարարութիւն է հայ քաղաքական մտքի բոլոր թեւերուն՝ շարունակ յիշեցնելով, որ կարելի չէ հայոց պետականութեան լիարժէք կայացումն ու հայ քաղաքացիական հասարակութեան ժողովրդավարական հասունացումը ապահովել եւ երաշխաւորել այնքան ժամանակ, որ ամբողջապէս արմատախիլ ըրած չենք ներքին չարիքը՝ բիրտ ուժով եւ եղբայրասպան արիւնահեղութեամբ քաղաքական հաշուեյարդար կատարելու ախտագին վարակը։


Ն.