204 տարի առաջ, Դեկտեմբեր 8ի այս օրը, Ռուս-Պարսկական առաջին պատերազմի (1804-1813) ծիրին մէջ, ցարական զօրքը պարտութեան մատնեց խանական եւ թրքական ուժերը ու գրաւեց հայակերտ Ախալքալաքը (Նոր Քաղաք)։
Ցարական Ռուսաստանի կայսերապետական ծաւալման ժամանակաշրջանն էր։ Մեծն Պետրոս կայսեր օրով սկսած դէպի Սեւ ծովու աւազան եւ Միջերկրականեան տաք ջուրեր էջքի ռուս պետական քաղաքականութեան փառքի օրերն էին։ Աղեքսանդր Ա. Ցարը նոր բազմած էր գահին եւ մեծ թափով լծուած էր Անդրկովկասը ռուսական տիրակալութեան տակ առնելու ռազմական արշաւի ամբողջացման։ Վրաստանն ու Արեւելեան Հայաստանը՝ Արցախէն մինչեւ Ջաւախք, խանական եւ թրքական տիրապետութենէն անցան ցարական իշխանութեան։
Յաղթական Ռուսաստանը 12 Հոկտեմբեր 1813ին պարտեալ Պարսկաստանին պարտադրեց ստորագրել Կիւլիստանի (Խաչէն - Արցախ) Հաշտութեան Պայմանագիրը, որուն հիման վրայ Արեւելահայաստանը մտաւ ցարական տիրապետութեան տակ։ Պարսկական իշխանութեան ենթակայ մնացին Երեւանի եւ Նախիջեւանի խանութիւնները, որոնք իրենց կարգին պիտի անցնէին ցարական տիրապետութեան՝ 1829ի Թիւրքմէնչայի Դաշնագիրով։
Հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան կարեւորագոյն փուլին սկիզբ դրուեցաւ Ռուս-Պարսկական առաջին պատերազմով, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական ապագան կռուախնձոր դարձնելով թրքական եւ ռուսական կայսերապետական մրցապայքարին համար։
Ախալքալաքի եւ ընդհանրապէս Ջաւախքի վրայ ռուսական տիրապետութեան հաստատումը, այդ առումով, պատմաքաղաքական կարեւոր նշանակութիւն ունի։
Ախալքալաքը այսօրուան Վրաստանի Սամցխէ-Ջաւախք նահանգի կազմին մէջ մտնող համանուն շրջանի կեդրոնն է - Ջաւախք երկրամասի (պատմական Մեծ Հայքի Գուգարք նահանգի Վերին Ջաւախք գաւառի տարածք) կեդրոնը։
Ըստ 2009 թուականի պաշտօնական տուեալներուն, Ախալքալաքի բնակչութիւնը 9,4 հազար մարդ է, որուն 90%ը կը կազմեն հայերը։ Աշխարհագրական առումով՝ քաղաքը տեղակայուած է Ախալքալաքի սարաւանդին վրայ, Փարվանա գետի ավազանին մէջ։
Պատմականօրէն՝ Ախալքալաքը կը յիշատակուի 12րդ դարու վերջերէն, Հիւսիսային Հայաստանի այլ գաւառներուն հետ, վրաց Թամար թագուհիին կողմէ, հայ Զաքարեան իշխաններուն իբրեւ ժառանգական կալուածք փոխանցուելու առիթով։
1637 թուին Ախալքալաքը գրաւուեցաւ օսմանեան թուրքերուն կողմէ, մինչեւ որ 1829ին անիկա վերջնականապէս ինկաւ Ռուսական կայսրութեան տիրապետութեան տակ։
1830ականներուն Ախալքալաք քաղաք եւ գաւառ տեղափոխուեցան - Արեւմտահայաստանէն ետ քաշուող ռուսական զօրքին հետ - Կարինէն (Էրզրումէն) գաղթած հազարաւոր հայեր, որոնք հիմնեցին 50 գիւղ։ 19րդ դարու ընթացքին Ախալքալաքը դարձաւ արհեստաւորական կարեւոր կեդրոն, իսկ գաւառի գիւղերը սկսան կարեւոր դեր խաղալ Անդրկովկասում հացահատիկի ու մսամթերքի արտադրութեան մարզին մէջ։ 1830ականներու սկիզբը Ախալքալաքի մէջ բացուեցաւ Մեսրոպեան ծխական արական դպրոցը։
1918 թուականի Մայիսին, Անդրկովկասի վրայ գործուած թրքական արշաւանքին հետեւանքով՝ Ախալքալաքի եւ գաւառի հայութեան ճնշող մեծամասնութիւնը ստիպուեցաւ արտագաղթել Բակուրեանի անտառներն ու Ծալկայի շրջանը։ Գաղթական 80 հազար հայերէն 35-40 հազարը զոհուեցան։
Նոյեմբեր 1918ի վերջերուն, Ախալքալաք գաւառէն թրքական զօրքերու հեռանալէն յետոյ, Ջաւախքին տիրակալելու տարածքային յաւակնութիւն դրսեւորեց Վրաստանի Հանապետութիւնը։ Դեկտեմբերին Ախալքալաքի ու Լոռիի համար ծագեցաւ Հայ-Վրացական պատերազմը, որ աւարտեցաւ անգլիացիներու միջամտութեամբ։ Ջաւախքը դրուեցաւ Վրաստանի հսկողութեան տակ, սակայն Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր գոյութեան ողջ ընթացքին (1918-1920) չդադրեցուց դիւանագիտական իր ջանքերը հայրենի հողը մեր ժողովուրդին վերադարձնելու ուղղութեամբ։
Բայց Հայաստանի եւ Վրաստանի խորհրդայնացումէն յետոյ, 1921ի Նոյեմբեր 6ին, խորհրդայինները պարտադրեցին դրացի զոյգ հանրապետութեանց միջեւ կնքել պայմանագիր մը, որուն հիման վրայ Ախալքալաքն ու գաւառը կցուեցան Վրաստանի կազմին։
Այդ օրէն ի վեր, հայապատկան ամբողջ Ջաւախքին հետ, Ախալքալաքի հայութեան ինքնորոշման անբռնաբարելի իրաւունքը ոտնակոխուած կը մնայ։ Իսկ Ջաւախքի հայութեան իրերայաջորդ սերունդները կը շարունակեն իրենց պայքարը՝ յանուն իրենց պապենական հողի ազգային դիմագծին պահպանման։
Ն.