Դեկտեմբեր 4ին, 132 տարի առաջ, հայակերտ ու հինաւուրց Կարին (Էրզրում) բերդաքաղաքին մէջ, հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժումը իր յեղափոխական շղթայազերծման կարեւորագոյն ոստումներէն մէկը կատարեց։
Ինչպէս որ ազգային-յեղափոխական սիրուած երգը կը յուշէ՝
«Ձայնը հնչեց Էրզրումի հայոց լեռներէն» եւ «թունդ-թունդ ելան հայոց սրտեր զէնքի շաչիւնէն»...
Հայկական Յեղափոխութեան ցուցական ծնունդը տեղի ունեցաւ 1882 թուականի Դեկտեմբեր 4ին, երբ Կարնոյ մէջ հայ երիտասարդութիւնը՝ ըմբոստանալով սուլթանի բռնակալութեան դէմ՝ հայոց ազատամարտի բռնկման ազդանշանը տուաւ իր կազմակերպած մեծ ցոյցով, որմէ ներշնչուած՝ հայ աշուղներն ու մեր ժողովուրդը սերունդներ ոգեշնչող երգի վերածեցին «Ձայնը հնչեց Էրզրումի հայոց լեռներէն» պատգամը։
Հայակերտ Կարին միջնաբերդ քաղաքը 19րդ դարու հայոց պատմութեան բախտորոշ թռիչքներու եւ վերիվայրումներու բնօրրանը հանդիսացաւ։ Յաջորդաբար 1820ական, 1850ական եւ 1870ական թուականներուն, երբ ռուս-թրքական պատերազմներով Մեծ Հայքի եւ Արեւմտահայաստանը ապագան կը վճռուէր, Էրզրումը կամ Կարինը գլխաւոր կռուախնձորը դարձաւ Արեւելքի այդ ատենի երկու հզօր կայսրութեանց մրցապայքարին։
Բուն Հայաստանի ուղղութեամբ յառաջացող ռուսական զօրքին հետ ռազմի դաշտ նետուած հայ կամաւորականները, քանի ու քանի անգամ, ազատագրեցին հայկական այս հինաւուրց օճախը թրքական լուծէն, նոյնիսկ մօտեցան Կարինը հայօրէն շէնշող մայրաքաղաք մը դարձնելու իրենց առաջադրանքի իրագործման, բայց չկրցան երկար վայելել իրենց արեամբ նուաճուած յաղթանակին պտուղը, որովհետեւ ռուսը վերստին թուրքին զիջեցաւ մեր հողը եւ Կարնոյ հայութիւնը դարձեալ ենթարկուեցաւ թրքական ջարդի ու աւերումին...
Կարինը ողբերգական վերիվայրումի այդ հերթական հանգրուաններէն մէկը կþապրէր 1878էն ետք, երբ Պերլինի Դաշնագրով մեծապետական Եւրոպան պարզեց Օսմանեան Կայսրութեան հայկական նահանգներու բարենորոգման պահանջներու դրօշը։
Այդ րերուն Սուլթանական գահին նոր բազմած Ապտիւլ Համիտ Բ. կատաղի պայքար յայտարարեց հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրութեան եւ Հայաստանի անկախութեան շարժումին դէմ։ Իսկ Կարնոյ մէջ, լուսամիտ ու ազատախոհ հոգեւորականներու եւ վարժապետներու գլխաւորութեամբ, հայ երիտասարդութիւնը մեծ խանդավառութեամբ փարեցաւ զինեալ ապստամբութեան գաղափարին։
Ինչպէս որ ազգային-յեղափոխական ծանօթ երգը կþաւետէր այդ շրջանին, մեր ժողովուրդը արդէն սկսած էր սպասել այն օրուան, երբ Կարնոյ մէջ հայոց թագաւորական վերականգնեալ գահին բազմած պիտի տեսնէր... հայ իշխան։
Ժամանակն ու ազգային մթնոլորտը այդպիսի՛ն էին 1881ի Մայիսին, երբ Կարնոյ մէջ հիմնուեցաւ Հայկական Գաղտնի Ընկերութիւնը, որ սկզբնապէս «Արարատ Լերան Ընկերութիւն - Պաշտպան Հայրենեաց» անունը կը կրէր եւ, հետագային, հռչակուեցաւ իր անուան «Պաշտպան Հայրենեաց» մակագրով։
Խաչատուր Կերէկցեանի ղեկավարութեամբ եւ ատենի Կարնոյ հայոց առաջնորդ Օրմանեան Եպիսկոպոսի օրհնութեամբ կեանքի կոչուած գաղտնի այդ կազմակերպութիւնը, ուղղակիօրէն, ընդառաջումն էր Պերլինի Վեհաժողովի աւարտին Խրիմեան Հայրիկի արձակած «Երկաթէ Շերեփ» ունենալու պատգամին։ Խրիմեան, որ այդ օրերուն Վանի հայոց առաջնորդն էր, իր կարգին սատար կանգնեցաւ «Պաշտպան Հայրենեաց»ի ստեղծումին եւ, քսաներորդ դարավերջին բացայայտուած արխիւային նիւթերու համաձայն, Վանի հայ երիտասարդութեան կազմած «Սեւ Խաչ» գաղտնի կազմակերպութիւնը ճիւղաւորումներէն մէկն էր «Պաշտպան Հայրենեաց»ի։
Յեղափոխական ընդյատակեայ կազմակերպութիւն էր «Պաշտպան Հայրենեաց»ը։ Կը յատկանշուէր զինուորական կառոյցով ու երկաթեայ կարգապահութեամբ։ Ունէր 7 հոգինոց «Գերագոյն Խորհուրդ» անունով ղեկավար մարմին մը, որուն անդամները իրաւասութիւն ունէին, անհատաբար, յեղափոխական այս գաղտնի ուխտին միանալու երդում վերցնելու կամաւոր հայ երիտասարդներէ։ Նորագիր իւրաքանչիւր յեղափոխական, իր երդումով, յանձնառութեան տակ կը մտնէր իր շուրջ խմբելու տասը հոգինոց ուխտեալներ, որոնք միասնաբար պիտի կազմէին «Պաշտպան Հայրենեաց»ի բջիջ մը՝ հրամանատար ունենալով զիրենք անդամագրող յեղափոխականը։
Ծրագրով՝ զուտ ազգային-ազատագրական գաղափարներու հետամուտ շարժում էր «Պաշտպան Հայրենեաց»ը, որ կ'առաջադրէր երիտասարդները զինել եւ պատրաստել համաժողովրդական ապստամբութեան՝ օսմանեան-սուլթանական կարգերու տապալումը եւ հայոց ազգային պետականութեան վերականգնումը նպատակ ունենալով։
Կարնոյ Հայկական Գաղտնի Ընկերութիւնը կարճատեւ կեանք ունեցաւ. թուրք ոստիկանութիւնը շատ կանուխ տեղեկացաւ նորաստեղծ միութեան մասին եւ, պատրուակ գործածելով կազմակերպութեան նախաձեռնած 4 Դեկտեմբեր 1882ի մեծ ցոյցը, ընդհանուր հալածանքի ձեռնարկեց հայ յեղափոխականներուն դէմ։
Կարնոյ մեծ ցոյցը հանդիսացաւ Հայկական Բարենորոգումներու իրագործման պահանջով Երկրի մէջ կազմակերպուած ժողովրդային բողոքի առաջին գործողութիւնը։ Սուլթան Համիտ որոշեց մահացու հարուած հասցնել Կարնոյ հայ երիտասարդութեան յեղափոխական խմորումներուն։ Շուրջ 300 հայ երիտասարդներ բանտերը նետեց՝ իր սաղմին մէջ խեղդել փորձելով հայ ազգային-ազատագրական շարժման յեղափոխական առաջին պոռթկումը։
Կարնոյ ազատատենչ հայութեան եւ յատկապէս անոր մարտունակ երիտասարդութեան ապստամբական այդ առաջին շարժումը անարձագանգ չմնաց։ Հակառակ թրքական բանտերուն, յեղափոխական կայծերը սրտէ սիրտ տարածուեցան ու ոտքի հանեցին պայքարունակ հայութիւնը՝ ի Հայաստան թէ ի Կովկաս։
Այդպէ՛ս, «Պաշտպան Հայրենեաց» կազմակերպութեան ընկրկումի պայմաններուն մէջ անգամ, Կարնոյ հայութեան 4 Դեկտեմբեր 1882ի մեծ ցոյցը բոցավառեց հայկական յեղափոխութեան խարոյկը, որ իր վարակիչ թափով մինչեւ Հայաստանի անկախութիւն եւ հայոց ազգային պետականութեան վերականգնում առաջնորդեց դարաւոր գերութեան տակ հիւծած հայ ժողովուրդին։
«Պաշտպան Հայրենեաց» կազմակերպութեան ուղղուած Համիտեան հարուածէն հազիւ երեք տարի ետք, փաստօրէն, կեանքի կոչուեցան լիարժէք յեղափոխական կուսակցութիւնները հայ ժողովուրդի իրականութեան մէջ։ Ծնունդ առին նախ՝ Արմենականը, ապա՝ Հնչակեանը եւ ի վերջոյ Դաշնակցութիւնը, որ Մոսկուայի ու Թիֆլիսի հայ ուսանողական-յեղափոխական խմբաւորումները ի մի բերելու իր երկունքին մէջ, յատուկ կարեւորութեամբ մերձեցաւ եւ դաշն կնքեց Կարնոյ Հայկական Գաղտնի Ընկերութենէն վերապրած մարտունակ տարրերու «Պաշտպան Հայրենեաց»ին հետ։։
Ճիշդ է, 4 Դեկտեմբեր 1882ին համիտեան բռնակալութիւնը իր առաջին ծանր հարուածը հասցուց հայ յեղափոխական շարժման։ Կարնոյ ապստամբութիւնը ճզմուեցաւ, բայց կախարդական սրուակէն արդէն դուրս ելած փերիի պէս՝ հայկական յեղափոխութիւնը այլեւս կարելի չէր խցկել ու դատապարտել... անշարժութեան։
Եւ հայոց աշխարհով մէկ իրերայաջորդ մեր սերունդները արձագանգեցին՝
Ձայնը հնչեց Էրզրումի Հայոց լեռներէն,
Թունդ թունդ ելան Հայոց սրտեր զէնքի շաչիւնէն:
Հայ գիւղացին դարուց ի վեր սուր, զէնք չէր տեսած,
Դաշտը թողուց, սուր, հրացան բահի տեղ առած:
Քնքոյշ կեանքը ծանր է թւում հայ օրիորդին,
Զէնքը ձեռին յորդորում է Հայոց քաջերին:
Հայ տիկինը ստիպում է ամուսնոյն գնալ,
Պատերազմի դաշտին վրայ վէրք տալ՝ ստանալ:
Հայ ծերուկը ցուպը ձեռին լալով խնդրում է,
Հայրենիքի ազատութիւն տեսնել ու մեռնիլ:
Անմիութիւն տունը քանդող հայոց խեղճ ազգին,
Հրաժարեցաւ, տեղի տուաւ միութեան ձայնին:
Լսեց թուրքը ու սառեցաւ արիւնը վատին,
Չէր երազել Հային տեսնել նա այդ վիճակին:
Ուրախացաւ Մայր Հայաստան, ելաւ կանգնեցաւ,
Հինգ դարերի սուգ, տառապանք մի քիչ մեղմացաւ:
Հոն կանգնեցաւ սուրբ դրօշակ արիւնով ներկուած,
Անոր վրայ Ազատութիւն կամ Մահ էր գրուած։
Ն.