Print
Category: Յուշատետր

Նոյեմբերի այս օրերուն՝ 19ին կամ 20ին, 111 տարի առաջ, Պոլսոյ մէջ մահացաւ հայ ժողովուրդի մտաւորական մեծութիւններու փաղանգին արժանաւոր ներկայացուցիչներէն Մատաթիա¬Անտոն Գարագաշեան։
Հայ Մտքի իւրօրինակ հսկայ մը եղաւ Մատաթիա¬Անտոն Գարագաշեան, որ ոչ միայն հիմը դրաւ հայ քննական պատմագրութեան, այլեւ՝ ընդհանրապէս հայկական իմաստասիրութիւնն ու հայագիտութիւնը, հասարակական միտքն ու ազգային աշխարհայեացքը բացաւ նոր հորիզոններու՝ արդի ժամանակներու ոգիին եւ նորարարութեան համահունչ թռիչքով։
Մինչեւ չափահաս 38 տարեկանը, Մատաթիա¬Անտոն Գարագաշեան եղաւ հայ կաթողիկէ կուսակրօն քահանայ, իսկ այնուհետեւ արմատական շրջադարձ կատարեց դէպի անաստուածութիւն...
Մինչեւ ծերունազարդ 85 տարիքը, իր կեանքն ու միտքը ան նուիրեց հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր լուսաւորման գործին՝ իմաստասիրական¬գիտական մեծակշիռ ներդրումներու կողքին, բոլոր իրաւ Մեծութեանց պէս, իր կարգին անձնատուր ըլլալով ծայրայեղական ու մոլեռանդ իմաստասիրական յայտնագործումներու։
Ծնած էր Պոլիս, 11 Փետրուար 1818ին։ Մանուկ տարիքին ղրկուեցաւ Վիեննա, Մխիթարեաններու մօտ ուսում ստանալու համար։ Փայլուն արդիւնքով աւարտեց նաեւ Վիեննայի համալսարանը։ 1836ին միացաւ Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան, իսկ 1844ին ձեռնադրուեցաւ կուսակրօն քահանայ։ 12 տարի կրօնական ծառայութեան մէջ մնալէ ետք, 1856ին պաշտօնապէս հրաժարեցաւ հոգեւորական իր կոչումէն եւ ընդգրկեց անաստուածութիւնն ու Նիւթապաշտական (Materialist) աշխարհայեացքը։
Պոլիս վերադառնալով, Գարագաշեան ամբողջութեամբ նուիրուեցաւ գիտական¬ուսումնասիրական աշխատանքի՝ հասարակական գործունէութեան առումով «Արեւելեան Թատրոն»ի հիմնադիրներէն եւ կազմակերպիչներէն մէկը դառնալով։
Գլխաւոր երեք ուղղութիւններով ընթացաւ Մատաթիա¬Անտոն Գարագաշեանի գիտական¬ուսումնասիրական աշխատանքը։
Առաջին եւ տիրական ուղղութիւնը պատմագրութիւնը եղաւ։ Տակաւին կաթողիկէ քահանայ՝ 1845ին, ան աւարտեց «Նկարագիր Ուսմանց» աշխատասիրութիւնը, ուր մշակուած են քննական պատմագրութեան իր սկզբունքները։ Գարագաշեան մերժեց ժողովրդային առասպելներու վրայ հիմնուած պատմագրութիւնը եւ շեշտեց գիտական մօտեցման հրամայականը։ Իբրեւ այդպիսին, հայ ժողովուրդի հնագոյն պատմութեան իր ուսումնասիրութիւնը հունաւորուեցաւ ժամանակի ընդհանուր եւ հայոց մասնայատուկ պայմաններուն՝ աշխարհագրութեան, ազգային կազմախօսութեան, ընկերատնտեսական հոլովոյթի քննարկման ուղղութեամբ։ Յատուկ կարեւորութիւն ընծայեց սկզբնաղբիւրներու, ինչպէս նաեւ հայ եւ օտար վկայութիւններու բաղդատական ուսումնասիրութեան։
Շուրջ քառասուն տարուան իր ժրաջան աշխատանքին՝ հետազօտութեանց եւ բաղդատական ուսումնասիրութեանց արգասիքը եղաւ 1880էն 1895 չորս հատորներով լոյս տեսած Մ. Գարագաշեանի «Քննական Պատմութիւն Հայոց» կոթողական գործը, որ ուղի բացաւ հետագայ պատմագիրներու առջեւ։ Գարագաշեանի մշակած հայ ժողովուրդի քննական պատմութիւնը կը հասնի մինչեւ Ք.Ե. 5րդ դարու հայ ազգային¬ազատագրական շարժումները։ Հայոց պատմութիւնը կը բաժնէ գլխաւոր երկու շրջանի՝ «Նախնական» եւ «Պատմական»։ «Նախնական»ը կը սկսի անյիշատակ ժամանակներէն եւ կը հասնի մինչեւ Տիգրան Մեծ։ Իսկ «Պատմական»ը կը ներառնէ Տիգրան Մեծէն մինչեւ 5րդ դար երկարած ժամանակաշրջանը։
Գարագաշեանի քննական պատմագրութեան կարեւորագոյն եզրայանգումներէն են, իր հաւաքած ու գիտական արժեւորման ենթարկած սկզբնաղբիւրներու եւ վկայութեանց հարուստ պաշարին կողքին, հայ ժողովուրդի հնդեւրոպական ծագման հիմնաւորումը, Առաջաւոր Ասիոյ մէջ հռոմէական ազդեցութեան գօտիի ընդլայնման ուղղութեամբ հայկական ներդրումին կարեւորութիւնը եւ, վերջապէս, ժամանակի քաղաքակրթական հակամարտութեանց ու զարգացումներու խաչմերուկին վրայ գտնուելու, ազդըւելու եւ իր կարգին ներգործելու հայ ժողովուրդին առանձնայատկութիւնը։
Մատաթիա¬Անտոն Գարագաշեան գիտական մօտեցում ցուցաբերելու իր առաջադրանքով այնքան կլանուեցաւ, որ անհիմն ծայրայեղութեամբ ամբողջական մերժումի արժանացուց Մովսէս Խորենացին՝ անոր Հայոց Պատմահայրի անվիճելի կոչումը կասկածի տակ առնելով եւ հետագայ նմանօրինակ պնդումներու հիմը դնելով։
Գարագաշեանի գիտական աշխատասիրութեանց երկրորդ ուղղութիւնը եղաւ հայկական իմաստասիրութեան արդիականացումը։ Յատկապէս «Սկզբունք Տրամաբանութեան» իր գործով, որ լոյս տեսաւ 1864ին, Գարագաշեան ի մի բերաւ Նիւթապաշտական աշխարհայեացքի իր տեսութիւնները, որոնց առանցքը բնական գիտութեանց եւ հասարակագիտական մտքի հիման վրայ փիլիսոփայական բարդ խնդիրներու լուծում գտնելու մօտեցումը եղաւ։ Առարկայական գործօններու հետազօտութեան եւ հաւաքուած տուեալներու ենթակայական արժեւորման իւրայատուկ հայեցակարգ մը մշակեց ան եւ, այդ մարզէն ներս եւս, յառաջապահ մտածողներէն մէկը եղաւ եւրոպական արդի մտածողութեան հայացումին։
Մատաթիա¬Անտոն Գարագաշեանի վաստակին երրորդ բնագաւառը եղաւ հայագիտութիւնը, յատկապէս հայերէն լեզուի ծագման, զարգացման եւ արդիականացման հոլովոյթին քննական ուսումնասիրութիւնը։ Գրաբարի եւ աշխարհաբարի միջեւ «դասական հայերէն»ի սեփական պատկերացումը մշակեց եւ իր աշխատասիրութեանց մէջ կիրարկեց։ Կարեւոր ներդրում ունեցաւ ուղղագրութեան եւ քերականութեան կանոններու ուսումնասիրութեան եւ զարգացման մէջ։ Բայց այս մարզէն ներս եւս ծայրայեղական յայտնագործումներէ զերծ չմնաց ան. ամէնէն ցայտուն եւ անընդունելի յայտնագործումներէն մէկը եղաւ, օրինակի համար, Մ. Գարագաշեանի այն պնդումը, թէ հայերէնը մոնկոլական ծագում ունէր։ Հայերէնագիտութեան մարզին մէջ իր գլուխ¬գործոցը կը հանդիսանայ 1862ին հրատարակուած «Դպրութիւն կամ Քերականութիւն Հայերէնի» դասագիրքերու շարքը։
Այս աստիճան իւրօրինակ յայտնագործումներով յատկանշուող հայ մտքի հսկաներէն է Մատաթիա-Անտոն Գարագաշեան։
Ն.