Print
Category: Յուշատետր

Հայ ժողովուրդի մեծարժէք հոգեւորականներու համաստեղութեան մէջ յաւերժ ճառագայթող դէմք է Օրմանեան Պատրիարքը, որուն վախճանման տարելիցը կ'ոգեկոչենք ամէն Նոյեմբեր 19ի օրը։
Մաղաքիա Արք. Օրմանեան կը գրաւէ բարձր դիրք մը հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր հարուստ ժառանգութեան անխոնջ ու բազմահմուտ պահապաններուն եւ վաստակաշատ երախտաւորներու փաղանգին մէջ։

Օրմանեան Պատրիարք 12 տարի ղեկավարեց Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը - իր ատենին համազգային կարեւորութեամբ մեծագոյն նուիրապետական աթոռը -, հայ ժողովուրդին համար ծայր աստիճան վճռորոշ ու փոթորկալի ժամանակաշրջանի մը մէջ։
Օրմանեան նաեւ ամբողջ կեանք մը նուիրաբերեց հայ ազգային հոգեմտաւոր արժէքներու ճանաչման, վերծանման, քարոզչութեան ու վերանորոգման գործին։
Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք իր ընտրութենէն առաջ արդէն մեծ հեղինակութիւն էր Օրմանեան՝ իբրեւ գիտուն աստուածաբան եւ ներհուն հայագէտ, որ իբրեւ այդպիսին պատնէշի վրայ մնաց ու անխոնջ աշխատանքով հարստացուց հայ հոգեմտաւոր ժառանգութիւնը՝ ինչպէս պատրիարքութեան շրջանին, նոյնպէս եւ այնուհետեւ, մինչեւ իր վերջին շունչը։
Ծնած էր Պոլսոյ հայաբնակ արուարձաններէն Բերայի մէջ, 23 Փետրուար 1841ին, հայ կաթողիկէ ընտանիքի մը յարկին տակ եւ մկրտուած էր Պօղոս անունով։
Նախնական կրթութիւնը ստացաւ կաթողիկէ Հայր Աթանասի դպրոցին մէջ եւ 10 տարեկանին ծնողքը զինք ուղարկեց Հռոմ՝ Անտոնեանց միաբանութեան Ս. Լուսաւորիչ վանքը։ 1856ին իբրեւ կրօնաւոր օրհնուեցաւ վանահայր Հայր Կղեմէս Միքայէլեանի ձեռամբ՝ Մաղաքիա անուանակոչուելով։
Հռոմի Վենետիկեան Դպրոցին մէջ լատիներէնը զօրացնելէ եւ Ճարտասանութիւն ուսանելէ ետք, ընդունուեցաւ աստուածաբանական Ս. Ապողինարի Վարժարանը, որուն չորս աստիճանները յաջողութեամբ աւարտեց եւ 1863ին Քահանայ ձեռնադրուեցաւ Երուանդ Արք. Հիւրմէզեանի ձեռամբ։ 1865ին պաշտպանեց աստուածաբանական իր աւարտաճառը, արժանացաւ Եպիսկոպոսի աստիճանին եւ հայերէնի ուսուցիչ նշանակուեցաւ Վատիկանի Փրոփականտայի Դպրանոցին մէջ։
1866ին վերադարձաւ Պոլիս, ուր տարի մը Անտոնեան Միաբանութեան Աբբահայր Սուքիաս Եպս. Գազանճեանի քարտուղարութիւնը ստանձնելէ ետք՝ նշանակուեցաւ տեսուչ եւ ուսուցիչ Թագսիմի Անտոնեան վարժարանին։ Շարունակեց աստուաբանական, իմաստասիրական եւ եկեղեցական իրաւագիտութեան մէջ իր ուսումնասիրութիւնները եւ 1867ին Հռոմ մեկնեցաւ՝ մագիստրոսի իր աւարտաճառը պաշտպանելու համար։ Փայլուն յաջողութիւն արձանագրեց եւ արժանացաւ Հռոմի Աստուածաբանական Կաճառի անդամակցութեան։
1869ին, Գազանճեան Եպիսկոպոսին հետ Պոլսոյ Անտոնեան Միաբանութիւնը ներկայացուց Հռոմի մէջ գումարուած Վատիկանեան ժողովին, որ դարձակէտ կազմեց Օրմանեանի կեանքին մէջ։ Ազգային իր ներշնչումներուն եւ Հայոց Հաւատքի դաւանաբանական առանձնայատկութեանց կառչելու իր մօտեցումներուն պատճառով՝ բուռն քննադատութեանց եւ դատապարտանքի արժանացաւ։ Գազանճեան Աբբահօր հետ բառացիօրէն խոյս տուին Հռոմէն՝ պապական շրջանակներու հալածանքէն ազատելու համար եւ վերադարձան Պոլիս։
Այդ օրէն սկսաւ Օրմանեանի եւ իր գաղափարակիցներու Կաթոլիկ եկեղեցիէն աստիճանական հեռացումը, որ մերձեցման ու հաշտեցման տասնամեայ ուղի մը կտրելէ ետք, ի վերջոյ, յանգեցաւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մայր գիրկը վերադառնալու 1879ի պաշտօնական քայլին։
1979ին սկսաւ Օրմանեան Սրբազանի առաքելական ծառայութեան շուրջ քառասնամեայ շրջանը, որուն 12 տարիները, 1896էն 1908, Օրմանեան արդիւնաւորեց իբրեւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք։ Բայց մինչեւ իր պատրիարք ընտրութիւնը, յատկապէս նշանակալից եղաւ Կարնոյ մէջ, 1880ականներուն, հայ յեղափոխական շարժումներու բռնկման ժամանակաշրջանին, Օրմանեանի ծաւալած ուսուցչական գործունէութիւնը Սանասարեան վարժարանի մէջ եւ, ապա, սուլթանական իշխանութեանց մօտ իր միջնորդական առաքելութիւնը՝ ի նպաստ հարիւրներով բանտ նետուած հայ երիտասարդներու ազատ արձակման։
1886ին, Կարնոյ հայոց առաջնորդի իր պաշտօնէն հրաժարելով, Օրմանեան անցաւ Ս. Էջմիածին, ուր Մակար Կաթողիկոսի կողմէ Եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ Գարեգին Սրուանձտեանցի եւ այլոց հետ։ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանի մէջ երկու տարի աստուածաբանութեան դասախօս ըլլալէ ետք, նշանակուեցաւ Արմաշի վանքին տեսուչ եւ այդ պաշտօնին վրայ ունեցաւ, սերունդ պատրաստելու եւ պատմագրական իր գործերը ամբողջացնելու առումներով, բեղուն գործունէութիւն։
1896ին, երբ Մատթէոս Իզմիրլեան Պատրիարքի հրաժարումով Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան նոր գահակալ ընտրելու անհրաժեշտութիւնը առաջացաւ, աչքերը ուղղուեցան դէպի Արմաշի երախտաշատ վանահայրը եւ Օրմանեան արժանացաւ Պատրիարքի պաշտօնին։
Հեզասահ չընթացաւ Օրմանեանի պատրիարքութիւնը՝ ոչ միայն Պոլսոյ հայոց պատրիարքական շրջանակներու ներքին հակասութեանց եւ մրցակցութեանց հեղձուցիչ մթնոլորտին առումով, այլեւ Համիտեան բռնատիրութեան հետ տեւական շփման, բախման եւ համերաշխութեան սահմանագիծը գտնելու ամէնօրեայ դժուարութեանց հետեւանքով։
Օրմանեանի պատրիարքութեան շրջանը անփառունակ վախճան ունեցաւ 1908ին, երբ իրմէ դժգոհներու հանրագրութեամբ Պատրիարքը թիրախ դարձաւ ամէն կարգի մեղադրանքի. նաեւ՝ պահանջուեցաւ իր հրաժարականը։ Օրմանեան կաթուած ունեցաւ, բայց վերապրեցաւ ու տարիներ պայքար մղեց, որպէսզի իր անձին դէմ եւ անուան շուրջ կատարուած վերագրումներն ու մեղադրանքները սրբագրել տայ։
Տարի մը ետք, Եղիշէ Արք. Դուրեան Պատրիարքի օրով, Օրմանեան Սրբազան անպարտ հռչակուեցաւ իր դէմ եղած բոլոր ամբաստանութիւններէն։
Բայց ազգային-հանրային պառտօնավարութեան վերջնականապէս հրաժեշտ տուած էր այլեւս Օրմանեան։ Ամբողջապէս նուիրուեցաւ իր գիտաշխատութեանց եւ ամբողջացուց իր կոթողական գործերը՝ «Հայապատում»ը եւ «Ազգապատում»ը, որոնք հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր մեծարժէք ժառանգութեան կտակարանը կը հանդիսանան՝ Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի անունը յաւերժացնելով։
1914ին աքսորուեցաւ Երուսաղէմ, ուր մնաց մինչեւ 1917 եւ իր աշխատասիրութիւնները ամբողջացուց։ Անցաւ Դամասկոս, իբրեւ տարագիր, ուր լոյս ընծայեց իր «Խոհք եւ Խօսք» հաւաքածոն։
1918ի Մայիսին յաջողեցաւ վերադառնալ Պոլիս, բայց քանի մը ամիս ետք՝ Նոյեմբեր 19ին, առյաւէտ փակեց այնքան բան տեսած ու ապրած իր իմաստուն, այլեւ տառապած աչքերը։
Օրմանեան Պատրիարքի յիշատակին ահա՛ համացանցի վրայ վերջերս զետեղուած ժողովրդային մանրավէպ մը՝ «Սուլթան Համիտը եւ Օրմանեան պատրիարքը» խորագրով.-

Օրին մէկը Ապտիւլ Համիտի խորհրդականները կ’ըսեն անոր.
- Սուլթա՜ն, գիտե՞ս, որ հայոց պատրիարք Մաղաքիա Օրմանեան առանց աղօթելու ճաշի չի նստիր: Ան ճաշէն առաջ անպայմա՛ն խաչ կը հանէ:
- Իրա՞ւ կ'ըսէք: Անանկ է նէ, օր մը զինքը ճաշի հրաւիրենք, տեսնանք ճաշէն առաջ իմին դէմս պիտի համարձակուի” խաչ հանել:
Ապտիւլ Համիտը կը հրամայէ մեծ ճաշկերոյթ մը պատրաստել եւ հրաւիրել հայոց պատրիարքը:
Մաղաքիա Օրմանեան իր պատկառազդու տեսքով կը ներկայանայ սուլթանին: Կը տեսնայ պատրաստուած ճոխ սեղանը:
Բոլորը սեղանի շուրջ կը նստին: Դեռ ուտելու չսկսած Օրմանեան պատրիարքը աջ ձեռքը վեր կը բարձրացունէ, իբր ձեոքով ցոյց կուտայ սեղանին վրայ դրուած տեսակ-տեսակ ճաշերը, բայց աննկատօրէն խաչակնքելով կ’ըսէ.
- Առաջ՝ ա՛ս պիտի ուտենք, ետքը՝ ա՛ս պիտի ուտենք, ետքը՝ ա՛ն, պիտի ուտենք, վերջն ալ՝ ա՛ն: Ուրեմն՝ Ամէ՜նը, - կ’ըսէ ու կը սկսի ուտել:
ճաշկերոյթը կը լմննայ: Օրմանեան պատրիարքը շնորհակալութիւն կը յայտնէ ընդունելութեան համար, հրաժեշտ կուտայ, կþերթայ:
Սուլթան Համիտը ուրախ-ուրախ կ’ըսէ իր խորհրդականներուն.
- Տեսա՞ք, որ հայոց պատրիարքը ինծմէ վախցաւ եւ խաչ չի կրցաւ հանել:
Խորհրդականները կ'ըսեն.
- Կը սխալիք, Սուլթա՜ն, հայոց պատրիարքը, երբ ճաշէն առաջ ձեռքով կը ցուցանէր սեղանին դրուած ուտելիքները, իր ձեռքի շարժումներով արդէն իսկ խաչակնքեց սեղանը, բայց անանկ մը խաչակնքեց, որ դուն չնշմարեցիր:

Ն.