Նոյեմբեր 4, 1892ին, վաթսուն տարեկան հասակին, Պոլսոյ ոստիկանական կեդրոնի մը մէջ թունաւոր սուրճի միջոցաւ սպաննուելով, վախճանեցաւ հայ հոգեւորականի եւ մտաւորականի իւրայատուկ դէմք մը՝ Խորէն Արք. Գալֆայեան։
Խորէն Նար-Պէյ գրչանունով հռչակուած՝ ան մնայուն տեղ գրաւեց ինչպէս իր ժամանակակիցներուն, նոյնպէս եւ հետագայ սերունդներու յիշողութեան մէջ, իբրեւ հայ ժողովուրդի արժէքաւոր, այլեւ վիճայարոյց ծնունդներէն մէկը։
Դժուար է հանդիպիլ ազգային կազմաւորման տէր հայ մարդու, որ իր մանկութեան օրերէն սորված ու յուզմունքով արտասանած չըլլայ Նար-Պէյի «Հայ ապրինք» խորագրով հետեւեալ քերթուածը
Հայ ապրինք եղբայրք, մարդկութեան մէջը,
Հայ կնքեր է մեզ պատմութեան էջը.
Հայ անուամբ զմեզ կ’ողջունէ երկինք,
Եղբայրք Հայ ապրինք:
Հայ ապրինք, որ ազգ կայ Հայու նման?
Որ ունենայ հին պարծանք այսքան,
Որ ազգ Հայուն պէս շքեղ Հայրենիք?
Եղբայրք Հայ ապրինք:
Ո՛չ, ճակատագիր մեր չէ միշտ տխուր,
Զթշուառութեան ուտել հացն ու ջուր,
Նոր երջանկութեան ապագայ մ’ունինք.
Եղբայրք, Հայ ապրինք։
Հայ ապրինք, որ մեր որդիք ալ, եղբայրք,
Կարենան պարծիլ որ զմեզ ունին հարք,
Չըլլանք Հայ անուան, չըլլանք նախատինք
Եղբայրք, Հայ ապրինք:
Գալֆայեան Խորէն ծնած էր 1 Հոկտեմբեր 1832ին Կ. Պոլիս։ Ծննդավայրի թաղային վարժարանին մէջ տարրական կրթութիւն ստանալէ ետք, մանուկ տարիքին, եղբօր՝ Ամբոսիոսի հետ ղրկուած էր Վենետիկ, իբրեւ Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանի սան։
Ուսումնական շրջանը աւարտելէ ետք, Խորէն միացաւ Մխիթարեան Միաբանութեան եւ դարձաւ անոր ամէնէն աշխոյժ մտաւորական գործիչներէն մէկը։
Եւրոպական լեզուներուն հմուտ, հայ հոգեմտաւոր ժառանգութեան տիրապետած եւ եւրոպական մշակոյթին սերտօրէն կապուած երիտասարդ վարդապետը շուտով ուշադրութիւն գրաւեց՝ «Բազմավէպ»ի էջերուն լոյս ընծայած իր ինքնուրոյն եւ թարգմանական երկերով։ Նար-Պէյ գրչանունը հոմանիշ դարձաւ գեղարուեստական բարձրորակ պատրաստութեամբ խոստմնալից բանաստեղծի մը, որ գրաբարի եւ աշխարհաբարի կամրջման մէջ իր ուրոյն ներդրումը ունեցաւ՝ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի ազգային-հայրենասիրական շունչով առաջնորդուելով եւ Շէյքսփիրի, Լամարթինի ու Հիւկոյի տարողութեամբ մեծութիւններու լաւագոյն գործերուն հայերէն թարգմանը հանդիսանալով։
Անհանդարտ խառնուածքի տէր անհատականութիւն էր Խորէն Նար-Պէյ, որ երկար չդիմացաւ Մխիթարեան միջավայրին մէջ։ 1854ին ան միացաւ Գաբրիէլ Եպս. Այվազովսքիի (որ «Բազմավէպ»ի հիմնադիր խմբագիրներէն եղած էր) գլխաւորած երիտասարդ միաբաններու՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ գիրկը վերադառնալու շարժումին։ Այդպէ՛ս, Նար-Պէյ հրաժարեցաւ Մխիթարեաններէն եւ, ընդհանրապէս, Կաթոլիկ եկեղեցիէն ու անցաւ Փարիզ, ուր ոգեւորութեամբ փարեցաւ Այվազովսքիի նախաձեռնած «Մասեաց Աղաւնի» հանդէսի հրատարակութեան գործին՝ միաժամանակ շարունակելով Մխիթարեաններու կողմէ իրեն վստահուած ուսուցչական պաշտօնը Փարիզի «Մուրատեան» վարժարանին մէջ։
Փարիզեան իր գործունէութեան շրջանին Նար-Պէյ մօտէն ծանօթացաւ ֆրանսացի գրողներու եւ մտաւորականներու, ինչպէս նաեւ քաղաքական երիտասարդ գործիչներու, որոնց հետ կապ պահպանեց մինչեւ վերջ։ Յատկապէս Լամարթինի մտերիմն էր, որուն «Դաշնակք» գործը հայերէն թարգմանութեամբ լոյս ընծայեց 1859ին։
1860ականներուն սկիզբը հեռացաւ Փարիզէն եւ գործեց, յաջորդաբար, Թէոդոսիայի, Էջմիածնի ու Երուսաղէմի մէջ, ուր Եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ 1867ին։ Իբրեւ թեմակալ առաջնորդ կարճատեւ շրջան մը Ռումանիա ապրելէ ետք՝ 1870ին փոխադրուեցաւ Պոլիս, ուր ծաւալեց ազգային-հոգեւորական եւ գրական-հասարակական բեղուն գործունէութիւն։
Նար-Պէյ 1863ին լոյս ընծայեց իր բանաստեղծական երեխայրիքը՝ «Վարդենիք»ը, որ մէկ կողմէ գրաբարեան արտայայտելաոճի իր կապուածութեամբ, իսկ միւս կողմէ ժամանակի մտայնութեան հետ անհաշտ որոշակի սեռականութիւն (erotism) մատնող յուզաշխարհով՝ տեղիք տուաւ թեր եւ դէմ գնահատականներու։
Իսկ 1868ին եւ 1874ին լոյս տեսած իր միւս գործերուն՝ «Քնար Պանդուխտի» եւ «Ստուերք Հայկականք» հաւաքածոներուն մէջ, Նար-Պէյ հիմնովին շրջադարձ կատարեց դէպի հայ իրականութեան ազգային-հասարակական վէրքերն ու ցաւերը։ Իբրեւ այդպիսին, 1870ականներուն, Նարպէյի քերթուածները լայն ժողովրդականութիւն գտան յատկապէս նորահաս սերունդին մօտ։
Նար-Պէյ ծաւալեց նաեւ քաղաքական աշխոյժ գործունէութիւն, յատկապէս 1877-1878ի Ռուս-Թրքական պատերազմի ժամանակ, երբ ոչ միայն հանդէս եկաւ Հայկական Հարցի պաշտպանութեան նուիրուած հրապարակային ու ատենախօսական ելոյթներով ու յօդուածներով, այլեւ՝ դիւանագիտական աշխոյժ աշխատանքներով, ցարական իշխանութեանց հայանպաստ դիրքորոշումը ապահովելու առաջադրանքով։ Այդ նկատառումով ալ Խրիմեան Հայրիկ իբրեւ խորհրդական ու թարգման Պերլինեան պատուիրակութեան կազմին մէջ առաւ Նար-Պէյը։
Բայց թէ՛ հայ եկեղեցականութեան շարքերուն մէջ իր մրցակիցներուն չարախօսութիւնները եւ թէ ցարական իշխանութեանց կողմէ իրեն հանդէպ ցուցաբերուած մեծարանքները պատճառ դարձան, որ Ապտիւլ Համիտ կասկածելի հռչակէ Նար-Պէյին։ Սուլթանական վերապահութիւնը այնքան խորացաւ, որ Պատրիարքը ստիպուեցաւ կարգալոյծ հռչակել արժանաւոր
եկեղեցականին։ Բայց Նար-Պէյ շարունակեց իր գործունէութիւնը մինչեւ հոն, ուր ֆրանսացի իր մտերիմներուն միջոցաւ հայանպաստ քարոզչութեան ձեռնարկեց եւրոպական տարողութեամբ, ինչ որ արիւնարբու սուլթանի աչքին... «բաժակը յորդեցուց»։
Եւ 4 Նոյեմբեր 1892ին, լուսաբանական տեսակցութեան մը համար Պոլսոյ ոստիկանութեան կեդրոններէն մէկը հրաւիրուելով ու թունաւոր սուրճով հիւրասիրուելով՝ կտրուեցաւ կեանքի թելը Խորէն Արք. Գալֆայեանի (Նար-Պէյ), որ իբրեւ հոգեւորականի եւ բանաստեղծի, մանկավարժի ու հասարակական գործիչի, իր ուրոյն պատուանդանը ունի հայ ժողովուրդի յիշարժան դէմքերու շարքին։
Հակառակ Նար-Պէյի գրական ժառանգութեան հանդէպ քննադատներու, յատկապէս մեծն Օշականի ունեցած անողոք գնահատումին, թէ «Նար-Պէյ հայ ժողովուրդէն ոչ մէկ բան է ըսած, որ հասնէր մեզի եւ անցնէր մեզմէ», այսուհանդերձ՝ իբրեւ ինքնատիպ երեւոյթ, աւելի ճիշդ՝ չկենսագործուած արժէք, Նար-Պէյ փաստօրէն կþապրի ազգային մեր յիշողութեան մէջ։
Ն.