Print
Category: Յուշատետր

Հոկտեմբեր 13ին, 48 տարի առաջ, նոր թեւակոխած գրական¬ստեղծագործական իր կեանքի հասունացման փուլը, 51 տարեկանին ապաժամ վախճանեցաւ սփիւռքահայ գրականութեան եզակի դէմքերէն Եդուարդ Պոյաճեան։
Հայրենի կորուսեալ Հողին ինքնատիպ երգիչը եղաւ Մուսա Լերան Խտըր¬Պէկ գիւղի ծնունդ Եդուարդ Պոյաճեանը։
«Հողը ամէ՜ն բան» էր անոր համար. թէ՛ շօշափելի գեղեցկութիւններու եւ հմայքներու անպարագիծ աշխարհ մըն էր, թէ՛ կորսուած ճշմարտութեան եւ խոցուած էութեան որոնումով աշխարհին ու ժամանակներուն բացուած մարդոց թանձրացեալ տարերքն էր, թէ՛ անանց արժէքներու կենսատու աղբիւրն էր եւ թէ, մանաւա՛նդ, համապարփակ խորհուրդ էր, անծայրածիր հորիզոններու եւ խորագոյն թափանցումներու ընդգրկո՜ւն խորհուրդ։
Իր ողջ էութեամբ բանաստեղծ եղաւ ու մնաց Պոյաճեան ոչ միայն իր խոհուն քերթուածներով, այլեւ՝ կեանքը իր բարդութեամբ վերծանող արձակ էջերով, հողի մարդոց ներաշխարհը պեղող ու շնչաւորող պատմուածքներով, հայ մտքի, մշակոյթի եւ գրականութեան մեծամեծները դիմաքանդակող իր իմացապաշտ վկայութիւններով։
Ինչպէս որ ինք կը վկայէ իր ինքնակենսագրութեան մէջ, Եդուարդ Պոյաճեան երեք ամսու նորածին մըն էր, երբ Մուսա Լերան բուռ մը հայութիւնը բոլորով, մեծով¬պզտիկով, բարձրացաւ իր լեռները՝ դիմադրելու համար ցեղասպան թուրք պետութեան եղեռնագործ սադրանքին։
Մանկութեան չորս տարիները անցուց Փոր Սայիտ, Եգիպտոս, վրաններու տակ, ուր ֆրանսական փրկարար ռազմանաւերը փոխադրած էին Մուսա Լերան հերոսական ժողովուրդը։ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին իրենց ծննդավայրը վերադարձած մուսա¬լեռցիներուն հետ, Պոյաճեաններու ընտանիքը եւս վերահաստատուեցաւ Խտըր¬Պէկ, ուր Եդուարդ ստացաւ իր նախնական կրթութիւնը՝ ծննդավայր գիւղի եւ հարեւան Օղուն¬Օլուքի «երկու համեստ վարժարաններուն մէջ»։
14 տարեկանին, ուսումնատենչ եւ գրելու շնորհքով օժտուած պատանի, Պոյաճեան ղրկուեցաւ Պէյրութ, Համազգայինի նորաբաց Հայ Ճեմարանը, բարձրագոյն իր ուսումը ստանալու համար։ Շանթի, Աղբալեանի եւ Ճեմարանի հիմնադիր սերունդի շունչին տակ կազմաւորուեցաւ եւ ծաղկեցաւ գրական¬գեղարուեստական եւ ազգային¬քաղաքական նկարագիրը երիտասարդ հայ գրողին։ 1930էն 1935, Եդուարդ Պոյաճեան մնաց Ճեմարան, ուր տակաւին ուսանող՝ սկսաւ աշխատակցիլ ժամանակի հայ մամուլին, Պոսթընի «Հայրենիք Ամսագիր»ին, Փարիզի «Յառաջ»ին եւ Պէյրութի «Ազդակ»ին։ 1932ին լոյս տեսաւ իր առաջին աշխատակցութիւնը։
1935ին, աւարտելով Ճեմարանը, Եդուարդ Պոյաճեան նետուեցաւ ուսուցչական ասպարէզ՝ մինչեւ մահ նուիրուելով նորահաս սերունդներու հայեցի դաստիարութեան սրբազան գործին։ Ուսուցչական առաքելութեամբ գործեց Սուրիոյ Թէլ Ապեատ գիւղին, ծննդավայր Խտըր¬Պէկի, Այնճարի, Հալէպի, Քեսապի եւ Պէյրութի մէջ։ Հասցուց սերունդներ, որոնք կապուեցան հայ գրականութեան եւ մշակոյթին՝ պաշտամունքի աստիճան փարելով ազգային մեր արժէքներուն։ Ունեցաւ աշակերտներ, որոնք տիպար ուսուցիչի եւ տաղանդաւոր  գրողի իր կերպարն ու ժառանգութիւնը կեանքի ուղեցոյց դարձուցին։
Ուսուցչական իր ծառայութեան զուգահեռ՝ Եդուարդ Պոյաճեան թափ տուաւ գրական¬ստեղծագործական աշխատանքին։ Մնայուն աշխատակցութիւն բերաւ Կ. Սասունիի եւ Մ. Իշխանի խմբագրած «Ազդակ Շաբաթօրեակ»ին, Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նայիրի»ին, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Հասկ»ին, Համազգայինի «Ակօս»ին եւ Մանուկ Ասլանեանի «Ազդարար»ին։ Մաս կազմեց «Բագին» ամսագրի հիմնադիր եռանդամ խմբագրութեան՝ Կարօ Սասունիի եւ Պօղոս Սնապեանի հետ։
1944ին լոյս ընծայեց իր առաջին հատորը՝ «Սէր եւ Վիշտ»ը, որուն յաջորդեցին «Հողը» (1948), «Պայքարողներ, պայքարողներ դուք գազազած» (1958), «Թուղթ Զաւակներուս» (1961), «Տոմար Տարագրի» (1963) եւ «Երկու Նամակ» (1964) գործերը։ Իսկ յետ մահու, Եդուարդ Պոյաճեանի գործերէն լոյս տեսան «Դէմքեր» (1967), «Երկեր ¬ Ա. հատոր» (1968), «Ծննդավայր Կորուսեալ» (1984), «Ընտրանի» (Երեւան, 1994), «Կեանքի Ափերէն» (1995) եւ, քանի մը տարի առաջ, «Դուն» ժողովածուները։
Եդուարդ Պոյաճեանի գրականութեան մէջ ինքնուրոյն համադրումի արժանացան աւանդապահութիւնն ու նորարարութիւնը, զգացականութիւնն ու խոհականութիւնը, անցելապաշտութիւնը եւ վերաթարմացումը, հայրենաբաղձութիւնն ու մարդկայնապաշտութիւնը։
Ընկալեալ իմաստով գիւղագիր մը չեղաւ Պոյաճեան, այլ հողի մարդիկը ապրեցուց եւ շնչաւորեց Երկրորդ Աշխարհամարտին յաջորդած մարդկային             մեծ հոգերով ու խնդիրներով։
Հայ ժողովուրդի ազգային արժանաւորութեան եւ մշակութային կենսունակութեան պատգամաբերը դարձաւ, առանց որ անձնատուր ըլլայ անցեալի մեծ ժառանգութիւնը պարզապէս ըմբոշխնելու եւ սպառելու փորձութեան։
Անցեալին նայեցաւ ու փարեցաւ՝ ներկայի խնդիրները ուղիղ ճակատէն դիմագրաւելու, ինքնահաւատարմութեամբ առաջնորդուելու եւ նոր ժամանակներուն համահունչ գալիքի ուղին հարթելու հաստատակամութեամբ։
Բայց մանաւանդ անխոնջ պայքարող մը եղաւ ընդդէմ կեղծ արժէքներուն եւ հայ մշակոյթի, գրականութեան ու ազգային աւանդներու փարիսեցիական պաշտամունքին։
Հայ լեզուն իր ամբողջ հմայքով ու գանձերով ճառագայթեց Եդուարդ Պոյաճեանի գրականութեան էջերէն, ուր բանաստեղծական շունչն ու պատկերաւոր խոհականութիւնը ամբողջապէս կը գրաւեն ու իրենց հմայքով կը պարուրեն ընթերցողի միտքն ու հոգին։
Ապաժամ իր մահով մեծ կորուստ ունեցաւ հայ գրականութիւնը։

Ն.