Print
Category: Յուշատետր

Հոկտեմբերի այս օրերուն (որոշ աղբիւրներու ճշգրտումով՝ Հոկտեմբեր 17ին) կը զուգադիպի ծննդեան տարեդարձը հայկական հրապարակագրութեան լուսամիտ դէմքերէն Մատթէոս Մամուրեանի։
Ներհուն մտաւորական, մանկավարժ, գրող, հանրային գործիչ, թարգմանիչ եւ, ամէն բանէ առաջ եւ վեր, տաղանդաւոր հրապարակագիր մը եղաւ Մատթէոս Մամուրեան, որ յատկապէս 1871ին իր հիմնած եւ ամբողջ երեսուն տարի խմբագրած թերթով՝ «Արեւելեան Մամուլ»ով, իրաւամբ հանդիսացաւ 19րդ դարավերջի հայ ազգային-քաղաքական մտքի մեծարժէք մշակներուն եւ գաղափարի սերմնացաններուն ամէնէն արժանաւորներէն մէկը։


Ծնած էր Զմիռնիա, 1830ին, ուսումը ստացած էր Փարիզի Մուրատեան վարժարանին մէջ, ուր իր դրսեւորած արժանիքներուն եւ ձեռքբերած փայլուն արդիւնքներուն համար արժանացած էր բարձրագոյն մրցանակի, որ իրեն յանձնուեցաւ Լամարթինի ձեռամբ եւ որ կը վկայէր Մամուրեանի «միշտ բարեբարոյ, խոհական, ուշիմ, ճարտար եւ յամենայնի յառաջադէմ» ըլլալուն մասին։
Ունեցաւ ազգային եւ հանրային ծաւալուն գործունէութիւն, ուսուցիչի եւ կրթական տեսուչի պաշտօններ վարեց իր ծննդավայր Զմիռնիայի եւ Պոլսոյ մէջ, տարիներով դիւանապետը եղաւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանին, ուսումը կատարելագործելու համար 1857-1860 ապրեցաւ Լոնտոն (ուր գրեց իր նշանաւոր «Անգլիական նամականի» յօդուածներու շարքը), Հայոց Ազգային Սահմանադրութեան մշակման եւ որդեգրման համար անխոնջ պայքար մղողներէն եղաւ։ Բայց ո՛ւր որ գտնուեցաւ եւ ի՛նչ աշխատանք որ ստանձնեց՝ Մ. Մամուրեան հրապարակագրի իր գրիչը միշտ կենսունակ եւ բեղուն պահեց, մինչեւ որ «Արեւելեան Մամուլ»ի հիմնումով գտաւ իր հոգեհարազատ բեմը։
Իր թերթի (սկզբնապէս՝ ամսաթերթ, ապա՝ կիսամսեայ, իսկ իր մահէն ետք նաեւ շաբաթաթերթ ու օրաթերթ) էջերուն ցրուած «Հայկական նամականի» վերտառութեամբ եւ Վրոյր ստորագրուած քրոնիկներու շարքով՝ Մ. Մամուրեան ոչ միայն հրապարակագրական այդ ոճին դրօշակիրը հանդիսացաւ հայ մամուլին մէջ, այլեւ՝ լուսարձակի տակ առաւ իր ժամանակի դէմքերն ու զարգացումները, գաղափարական հարցերն ու հասարակական դժուարութիւնները, հետագայ սերունդներուն ժառանգ ձգելով այդ ժամանակաշրջանի համաշխարհային եւ հայ իրականութեան զարգացումները քննականօրէն արտացոլող ընդգրկուն հայելի մը։
Արգասաբեր եղաւ Մամուրեանի գրիչը գրական¬գեղարուեստական եւ թարգմանչական գործերու արտադրութեան առումով։ Այսուհանդերձ՝ ինչպէս որ մեծն Յակոբ Օշական դիտել կու տայ, Մամուրեան տարածուեցաւ ամէն բնագաւառի վրայ եւ, բացառութեամբ հրապարակագրական իր վաստակին, ի վիճակի չեղաւ ամբողջական ինքնադրսեւորման ու ինքնահաստատման յաղթանակի պսակը նուաճել։
Գեղարուեստական արժէքէ աւելի հրապարակագրական արժանիք ունեցաւ հայ գրականութեան ժառանգ մնացած Մամուրեանի «Սեւ լեռին մարդը» անունով միակ վէպը, որ Ներսէս Աշտարակեցի Կաթողիկոսի ժամանակաշրջանի ազգային-ազատագրական խմորումներուն նուիրուած է եւ Ռուսաս- տանի կապուած հայ ժողովուրդի յոյսերն ու հեռանկարները հայրենասիրական շունչով կþանմահացնէ։
Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ ճակատագիրը ի վերուստ հրապարակագրի ցայտուն շնորհներով             օժտուած Մատթէոս Մամուրեանի, որուն ստորագրութիւնը կրող հրապարակագրական իւրաքանչիւր էջ կը կրէ շեշտակի դրոշմը գեղարուեստական արձակի եւ արեւմտահայ աշխարհաբարի ինքնա-      մաքրման եւ բիւրեղացման հետեւողական ճիգի։
Բայց մանաւանդ իր բարեբարոյ անհատականութեամբ, խոհականութեամբ եւ մտաւորականի լայնաբաց հորիզոնով՝ Մամուրեան յաջողեցաւ իսկական ուսուցիչ մը ըլլալ իր ընթերցողներուն համար։ Անպաճոյճ ու գեղեցիկ իր լեզուին եւ գրելաոճին միացուց, միշտ եւ անպայման, գիտելիք մը փոխանցելու, քննական խորհրդածութիւն կատարելու եւ, յատկապէս, յառաջադէմ մտքի զարգացման հունով յառաջ ընթանալու մեծ արժանիքը։
Ազատախոհական եւ ազգային-հայրենասիրական մտածողութեան հաւատաւոր դրօշակիր մըն էր, որ ազգային¬քաղաքական թէ հանրային-մանկավարժական իր բազմամեայ ու ծաւալուն գործունէութեան ընթացքին միշտ առաջնորդուեցաւ ինքնահաւատարմութեան սկզբունքով։
Իբրեւ այդպիսին՝ հայ ժողովուրդին պարտադրուած արեւելեան խաւարամտութեան վրայ լուսաւորութեան պատուհան բացող արժանաւոր հրապարակագիրը հանդիսացաւ Մատթէոս Մամուրեան։

Ն.