Print
Category: Յուշատետր

8 Հոկտեմբերին հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը իր հանճարեղ զաւակներէն Ռուբէն Մամուլեանի, որ կը հանդիսանայ 20րդ դարու ամերիկեան թատրոնին եւ շարժանկարին ամէնէն տաղանդաւոր բեմադրիչներէն մէկը, որուն նորարարական նուաճումները համաշխարհային հռչակ ապահովեցին ՀԱՅ անունին։

Ինչպէս որ աշխարհահռչակ հայազգի բեմադրիչը ինք կը նշէ՝
«Եթէ որեւէ արժանիք ունեմ, ապա դրա համար պարտական եմ նախ եւ առաջ ինձ ծնող ազնուական հայ ժողովրդին»:
Իսկ արժանիքով մեծահարուստ ընտրեալ էր, ի վերուստ հանճարեղ տաղանդով օժտուած բեմադրիչ էր Ռուբէն Մամուլեան, որ իր կենդանութեան արդէն արժանացաւ «Պրոտուէյի Հրետանին» եւ «Սինեմայի Նափոլէոնը» պատուաբեր անուանումներուն։
Հանրագիտական ընդհանուր գնահատումով՝ հայազգի բեմադրիչը եղաւ առաջինը, որ՝
- Օգտագործեց երկու խօսափողով ձայնագրումի եւ մէկ ձայներիզի վրայ մոնթաժի նորարարութիւնը։
- Նկարահանումները կատարեց սթիւտիայէ դուրս, շարժական տեսախցիկով, նաեւ՝ օգտագործելով միաժամանակ մի քանի տեսախցիկ։
- Իր «Քաղաքի փողոցները» շարժանկարով նուաճեց քատրէ դուրս ձայնի հնչեցման նորարարութիւնը։
- Իր «Արիւն եւ աւազ» գործով հանրութեան կտակեց շարժանկարի արուեստի պատմութեան առաջին գունաւոր լիամեթրաժ ժապաւէնը։
Ռուբէն Մամուլեան ծնած է Թիֆլիս, 1897 թուականի Հոկտեմբեր 8ին, վիրահայ մեծահարուստ դրամատնային գործարարի մը ընտանեկան յարկին տակ։
Հակառակ կանուխ տարիքէն իր դրսեւորած գեղարուեստական հակումներուն եւ ընդունակութիւններուն, Ռ. Մամուլեան իրաւաբանական ուսման հետեւեցաւ Մոսկուայի եւ Լոնտոնի համալսարաններուն մէջ։
1918ին, որոշ ժամանակ, Թիֆլիսի մէջ յաճախեց Եւգենի Վախթանգովի թատերական արուեստանոցը։
1920ին մեկնեցաւ Եւրոպա, եղաւ Իտալիա, Լոնտոն ու Փարիզ, ուր կատարեց թատերական բեմադրութեան իր առաջին փորձերը։
1923ին Ռ. Մամուլեան վերջնականապէս հաստատուեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր Նիւ Եորքի թատրոններէն ներս, տարիներու ընթացքին, իրականացուց շուրջ 60 տռամաթիք եւ երաժշտական բեմականացումներ, որոնք մեծ ազդեցութիւն գործեցին ամերիկեան թատրոնի եւ շարժանկարի ձեւաւորման ու զարգացման վրայ։
Թատերական իր նուաճումներու շարքին կը դասուին.- «Դրան թակոց»ը (Օսթին Փէյճ), 1922, Լոնտոն։ «Ֆաուստ»ը (Կէօթէ), 1925, Ռոչեսթըր (Ա.Մ.Ն.)։ «Գարմէն» (Պիզէ), 1926, Ռոչեսթըր։ «Քոյր Պէաթրիս» (Մեթերլինկ), 1926, Ռոչեսթըր։ «Փորքի» (Հէյվըրտ), 1927, Նիւ Եորք։ «Փորքի եւ Պես (Կերշվին), 1927, Նիւ Եորք։ «Ամիս մը գիւղին մէջ», 1929, Նիւ Եորք։ «Օքլահոմա» (Ռոճըրս, Համմերսթայն), 1943, Նիւ Եորք։ «Կարուսել» (Ռոճըրս, Համմերսթայն), 1945, Նիւ Եորք։
Մամուլեանի ինքնատիպ բեմադրութիւնները կը յատկանշուէին արուեստագէտի հարուստ երեւակայութեամբ, երաժշտական եւ տռամաթիք գործողութիւններու ներդաշնակ լուծումներով ու կերպարներու հոգեբանական վերլուծութիւններով:
1929 թուականէն սկսեալ Ռ. Մամուլեան տենդագին նետուեցաւ շարժանկարի ժապաւէններու բեմադրութեան եւ նկարահանման ասպարէզը՝ անմիջապէս գրաւելով Հոլիվուտի շարժանկարի արտադրիչներուն ուշադրութիւնը։
1929ին նկարահանեց իր անդրանիկ՝ «Ծափահարութիւններ» ժապաւէնը, ուր առաջին անգամ օգտագործուած արհեստագիտական նոր հնարքներով՝ Մամուլեան հասաւ աննախադէպ յաջողութեան:
«Քաղաքային փողոցներ» (1931ին) ժապաւէնով՝ առաջին անգամ կիրարկեց Քատրէ դուրս խօսքի օգտագործման հնարքը:
Իսկ «Փեկի Շարփ» (ըստ Վիլեամ Թեքերէյի «Սնափառութեան տօնավաճառ» վէպի) եւ «Արիւն եւ աւազ» (ըստ Վինսենթէ Բլասկօ Իբանիէսի վէպի, 1941ին) ժապաւէններով՝ գունային համակարգի կիրարկման շնորհիւ, Մամուլեան առաւել ցայտուն արտայայտութիւն տուաւ եւ երանգաւորեց բարդ հոգեբանական ու թատերային խնդիրները:
Ինչպէս որ արուեստաբանները կ'ընդգծեն՝ «Բեմադրական վարպետութիւնը եւ յատկապէս տաղանդաւոր դերասաններու հնարաւորութեանց բացայայտման մղումը առաւել արտայայտուած են Մամուլեանի «Դոկտոր Ճեքըլը եւ միսթըր Հայտը» (ըստ Ռոբերթ Լուիս Սթիվընսոնի վէպին, 1932), «Սիրէ՛ ինձ այս գիշեր» (1932, գլխաւոր դերով՝ Մորիս Շըվալիէ), «Երգ երգոց» (1933, գլխաւոր դերով՝ Մառլէն Տիթրիխ), «Քրիստինա թագուհին» (1934, գլխաւոր դերով՝ Կրեթա Կարպօ), «Մենք կրկին կ'ապրինք» (1934, ըստ Լեւ Թոլստոյի «Յարութիւն» վէպի), «Ուրախ հրոսակ» (1936), «Ամառային արձակուրդ» (1948) եւ այլ ժապաւէններուն մէջ»։ Մեծ յաջողութիւն արձանագրած է նաեւ «Զորրոյի նշանը» (1940, գլխաւոր դերով՝ Թայրոն Փաուեր) արկածային կինոնկարը, որ ամերիկեան շարժանկարի դասական նմոյշներէն է:
1935ին Մամուլեան բեմադրեց Ճորճ Կերշվինի «Փորքին եւ Պեսը» օփերան:
1971ին Մամուլեան առաջին անգամ այցելեց Խորհրդային Հայաստան: Իսկ 1997ին, յետ մահու, Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ Մամուլեանի ծննդեան 100ամեակին նուիրուած փառատօն:
Ամերիկեան եւ միջազգային մեծահռչակ մրցանակներու եւ կոչումներու դափնեկիր՝ Ռուբէն Մամուլեան երկար կեանք ապրեցաւ եւ վախճանեցաւ 1987 թուականին, ծերունազարդ 90 տարեկան հասակին։
Թատրոնի եւ շարժանկարի աշխարհահռչակ բեմադրիչին «Նիւ Եորք Հերըլտ Թրիպիւն» թերթը նուիրեց հետեւեալ արժեւորման վկայականը.-
«Շատ տրամաբանական է, որ եթէ Հոլիվուտի մէջ տեղի ունենայ գեղարուեստական որեւէ յեղափոխութիւն, զայն պիտի ղեկավարէ Ռուբէն Մամուլեանը»:
Այս աստիճան բարձրարուեստ տաղանդի տէր համաշխարհային արժէք է հայ բեմադրիչ Ռուբէն Մամուլեան, որուն կտակն է՝
«Իսկական արուեստագէտ-ստեղծողը ա՛ն է, ով ցերեկը աստղերն կը տեսնէ, իսկ գիշերը՝ արեւը...»:
«Իմ կարծիքով՝ գոյնը էկրանին պէտք է գործածուի որպէս զգացմունք»:

Ն.