Print
Category: Յուշատետր

3 Հոկտեմբերին, 141 տարի առաջ, Ռոտոսթոյի մերձակայ Մալկարայի մէջ, լոյս աշխարհ եկաւ Արտաշէս Յարութիւնեան անունով մանուկ մը, որ ճակատագրուած էր դառնալու հայ ժողովուրդի ամէնէն արուեստագէտ մտաւորականներէն մէկը։

Հայ գիւղի ծնունդ էր Արտաշէս Յարութիւնեան՝ հայոց հողին բոյրն ու գոյնը, լոյսն ու շաղը, համն ու յագեցնող ջուրը ամբողջապէս իւրացուցած, իր մտքին ու հոգիին շաղախը դարձուցած ըլլալու իմաստով։
Արեւմտահայ գրողներու գեղապաշտ սերունդին տաղանդաւոր այս ներկայացուցիչը օժտուած էր իր ներաշխարհը՝ յոյզերն ու խոհերը ամենայն պարզութեամբ եւ գեղեցկութեամբ ընթերցողին առջեւ բանալու բնատուր ձիրքով, ինչպէս որ կը հաստատէ, օրինակի համար, «Կարօտներս» խորագրով 1912ին գրուած իր բանաստեղծութիւնը.

Հոգւոյս խորը կարօտներ կան՝
Որ կը քանդեն զիս օրէ օր,
Ինչպէս բոցին կարմիր լեզուն՝
Մոմին ճերմակ մարմինն աղուո՜ր։

Կարօտներ կան խորը մըտքիս,
Որ անդադար զայն կը փորեն.
Լա՛ւ, ի՞նչ է վերջն այս ցաւերուն,
Լուռ՝ կը խորհիմ ես ինքնիրեն։

Ու կը լայննա՜յ վէրքը տակաւ
Չըդարմանուած կարօտներուն.
Ո՛չ ո՛ք գիտէ զանոնք, - ի՜նչ փոյթ,
Ես դագաղն եմ այդ ցաւերուն։

Չընչի՞ն ցաւեր. է՜, ո՜վ գիտէ.
Խորհուրդներն են անոնք հոգւոյս.
Մեծ երազներ եւ իղձեր վառ՝
Կը մարին խորն այդ ցաւերուս։

Ու կարօտներն իմ մեծամոլ
Կը սպառեն զիս մինչեւ ըզմահ,
Ինչպէս բոցի կարմիր լեզուն՝
Մոմին մաքուր մարմի՜նն աղուոր։

Ա. Յարութիւնեան եղաւ Հայաստանեա՛ն Գրականութեան բարձրաճակատ դրօշակիր մը, որ իր քերթողութեամբ, արձակ բանաստեղծութիւններով ու գրական-քննադատական էջերով գեղարուեստական շքեղութեան հասցուց արեւմտահայ աշխարհաբարը։
Ան գրեթէ ամբողջ կեանքը ապրեցաւ իր ծննդավայրին մէջ, թէեւ վաղաժամ պոկեցին անոր կեանքին թելը, որովհետեւ նոր թեւակոխած էր 42 տարիքը, երբ 1915ին առաջին զոհերէն մէկը դարձաւ Թուրքիոյ գործադրած հայասպանական մեծ ոճիրին։
Համեստ պայմաններու մէջ ապրող ընտանիքի մը ծնունդը ըլլալով՝ Արտաշէս հնարաւորութիւն չունեցաւ բարձրագոյն ուսման հետեւելու։ Ստիպուեցաւ կանուխ տարիքէն կեանքի ասպարէզ նետուիլ եւ ապրուստը ապահովել։ Բայց իր ծննդավայրի միջնակարգ դպրոցէն ստացած ուսումը եւ ֆրանսերէնի իմացութիւնը ինքնաշխատութեամբ այնքան զարգացուց, որ կրցաւ ոչ միայն ֆրանսական գրականութեան նորաշունչ հոսանքներուն մօտէն հետեւիլ եւ անոնց հետ քայլ պահել, այլեւ՝ համապատասխան նորարարական շունչ բերել քսաներորդ դարասկիզբի հայ գրականութեան։
Իբրեւ բանաստեղծ մուտք գործեց հայ գրականութեան անդաստանէն ներս։ 1890ականներուն լոյս տեսան անոր «Լքուած Քնար» եւ «Երկունք» բանաստեղծական ժողովածուները, որոնք այնքան ալ չգրաւեցին ընթերցողին ուշադրութիւնը։ Լեզուական գեղեցկութեամբ, խոհական պատկերներով եւ արուեստագէտի ճոխ երանգապնակով յատկանշուող ոտանաւորներ էին, որոնց սակայն կը պակսէր բանաստեղծական թռիչքն ու իրա՛ւ յուզականութիւնը։ Սկզբնական շրջանի այդ գործերը կը վկայէին գրականագիտական եւ գեղարուեստական բարձր մշակուածութեան տէր գրողի մը առկայութեան մասին, բայց անոնց կը պակսէր բանաստեղծի՛ դրոշմը, շո՛ւնչը։
Տասնամեակ մը ետք միայն, 1910ին իր լոյս ընծայած բանաստեղծական երրորդ հատորով՝ «Նոր Քնար»ով, Արտաշէս Յարութիւնեան հայ գրականութեան ընծայեց ուշագրաւ եւ մնայուն էջեր։
Ինչպէս, օրինակ, «Մեսրոպ Մաշտոց»ի նուիրուած իր քերթուածը.-

Երանելին մենակեաց մ՛էր նորատի,
Հոգին՝ ազատ անցաւորին պայմանէն,
Եւ անձնատուր Երազի մը տարօրէն,
Որ մենութեան անկիւնին մէջ կը փըթթի:

Տըւայտանք մը խոր, անըսփոփ կարօտի
Մենակեացին կը պրկէր սիրտն ուժգնօրէն.
Պիտի գըտնէ՜ր, երբ գար շընորհն հրեղէն,
Պայծառ բըխում աստուածային ոլորտի:

Եւ աղօթքի պահու մը մէջ վերասլաց,
Հոգւոյն վըճիտ ամենատես աչքը բա՜ց,
Տեսա՜ւ շարանն հըրաքանդակ տառերուն…

Ու դարեր վերջ, նոյնիսկ դըպիր մ՛աննշան
Այդ նիշերով թեւ կու տայ իր ներշնչման՝
Սուրբին ձօնուած իր այս տաղովն անանուն:

1895-96ին, Համիտեան կոտորածները Պոլսահայ գրական հրապարակը ամայացուցած էին։ Տաղանդաւոր մեր գրողներէն շատեր կա՛մ պարտադրաբար Պոլսէն հեռացուած էին, կա՛մ ազատ ոստաններ նետուած էին՝ իրենց ստեղծագործական աշխատանքը շարունակելու համար։
Ամայութիւնը «լեցնելու» եկան անորակ եւ օսմանեան գրաքննչութիւնը բաւարարելու ելած ծառայամիտ գրողներ։
Ահա՛ այդ մթնոլորտին մէջ, Պոլսոյ «Հայրենիք» օրաթերթի էջերուն, սկսան լոյս տեսնել Մալկարայէն երիտասարդի մը գրականագիտական եւ ազգային-մշակութային ընդգրկուն յօդուածները։ Արեւմտահայ արձակի իրենց բարձրորակ մշակումով եւ դարաշրջանի ամէնէն յառաջապահ շարժումներու արձագանգով՝ Արտաշէս Յարութիւնեանի հրապարակումները անմիջապէս գրաւեցին ընթերցող հասարակութիւնը։ Աւելի՛ն. Պոլսոյ գրական ամայացած հրապարակը լեցուցին եւ ջերմացուցին Հայաստանեան Գրականութեան կրակը արծարծող վերլուծումներով, խորհրդածութիւններով եւ գրախօսականներով։
Իբրեւ այդպիսին՝ Արտաշէս Յարութիւնեան մինչեւ 1908ի Սահմանադրութեան հռչակումը, բառին լաւագոյն իմաստով տեղապահի դեր կատարեց արեւմտահայ գրականութեան մէջ։ Նորահաս գրողներուն եւ ընթերցող հասարակութեան միջեւ կամուրջի դեր ստանձնեց։ Եւրոպական մտքի եւ գրական շարժումներուն առջեւ փակուած լուսամուտները ետ բացաւ՝ յատուկ ճիգ թափելով, որպէսզի Հայաստանեան Գրականութեան պատուաստումին ծառայեն այդ ներարկումները։ Բայց մանաւանդ ներքին գաւառներու հայութեան ձայնը լսելի դարձուց հետեւողականօրէն՝ հայրենի հողն ու տոհմիկ աւանդութիւնները հաղորդական եւ սիրելի ընծայելով օսմանեան մայրաքաղաքի հայութեան։
1908ի Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, երբ արեւմտահայ գրականութեան գեղապաշտ սերունդը իր փառքերի օրերը ապրեցաւ, երբ «Մենք»ն ու «Մեհեան»ը, «Նաւասարդ»ն ու «Ազատամարտ»ը նոր ու լայն հորիզոններու բացին հայ գրականութիւնն ու ընդհանրապէս Հայ Միտքը, Արտաշէս Յարութիւնեան աշխոյժ մասնակիցն ու յառաջապահ դրօշակիրը մնաց վերազարթնումի եւ վերանորոգման այդ բոլոր շարժումներուն։
1913ին վերջնականապէս հաստատուեցաւ Պոլիս՝ աւելի գործօն մասնակցութիւն բերելու համար գրական հրապարակի աշխուժացման։
Բայց հասունացման իր տարերքին հազիւ հասած Արտաշէս Յարութիւնեանի երթը յանկարծ խափանուեցաւ 1915ի Ապրիլ 24ին, երբ մեր հոգեմտաւոր ամբողջ սերուցքը բրտօրէն ձերբակալուեցաւ, հաւաքաբար աքսորուեցաւ եւ թրքական վայրագութեան ու գազանութեան «խրախճանքներ»ու մէջ նահատակուեցաւ։
Արտաշէս Յարութիւնեան իր ուրոյն տեղը նուաճած է հայ գրականութեան մէջ։ Իր քերթուածներն ու գրական-քննադատական էջերը այսօր հաւանաբար շատ ընթերցող չունին։ Բայց խիտ ու պատկերաւոր, խոհուն եւ գեղեցիկ իր աշխարհաբարով ու իմացական զեղումներով՝ ան մնայուն ներդրում ունեցաւ հայ գրականութիւնը ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ իր ակունքներով ու աւանդներով վերանորոգելու եւ արդիականացնելու շարժումին մէջ։
«Ժայռերը» խորագրով իր արձակ բանաստեղծութիւնը միշտ ալ հայրենական յոյզ եւ շունչ արթնցուցած է ընթերցողին մէջ.-

Սա ժայռերը, որոնց վըրայ բազէները կը ճախրեն,
Ուր օձերը՝ գալարուն՝ կը սողան ու կը սուլեն,
Եւ մամուռներ փաթթըւած են անոնց խիզախ կողերուն,
Ատենօք,
Աւանդութիւն մը կ՛ըսէ,
Այդ ժայռերը մարդիկ էին մեզ պէս՝ միսէ:

Անյիշատակ օրեր առաջ, օր մը, հո՛ն,
Խոպան ու չոր այդ ամայի վայրերէն,
Հպարտ ամբոխ մը կ՛անցնէր.
Հարսնեւորի խուժան մը՝ երկիրներէ հեռաւոր:
Եւ թմբուկին, դափին ձայնը յաղթական,
Երգողներուն, ծնծղաներուն հնչիւնն անուշ
Եւ շողիւններն ըզգեստներուն երփներանգ,
Դէպի հեռո՛ւն, կ՛երկննային դաշտին մէջ:

Հարսն ալ՝ քօղքին տակ ծածկըւած՝
Իր գեղն ամուր կը պահէր:
Յանկարծ, սակայն, անզուսպ փափաք մը՝ հարսին
Կ՛ուռեցընէ սիրտը՝ որ դէմքը բանայ,
Ու բարբարոս, վայրի սիրով մը ուժգին,
Այս անծանօթ, այս ամայի վայրերուն՝
Հանդիսադրէ գեղեցկութիւնն իր թրթռուն:
Ու նետելով իր քօղն անդին՝
Հոն ցոյց կու տայ կուսական չքնաղ դէմք մը՝ Արեւին:

Ալ բնութիւնը զայրացած
Ամբարտաւան գեղեցկութեան այս ցոյցէն,
Այդ ամբոխը կ՛անիծէ իր շանթերուն
Անէծքներովն անկարեկիր.
Ու բոլորն ալ քար կը դառնան, կը սառին՝
Գամուած, անշարժ ու լըռին:

Հիմակ, այնտեղ, ըսպասումով մըշտական,
Այդ ժայռերը - սառած մարդիկ - կը սպասեն:
Կը նշմարուին այնտեղ շփոթ, աւրըւած,
Ու խանգարուն դիմագիծեր բազմաթիւ
Մանուկներու, պարմաններու, պառաւի:
Վայրագ աչքեր կան, ահռելի սեւեռմամբ,
Ու մոլեգին կիրքով մը բաց մընացած,
Ու կծկըւած, խորշոմած երեւոյթներ դիւահար,
Որ կը թուէր պիտի լային՝ ու չեն լար՝
Ցաւ մը անհուն կը յայտնըւի համօրէն,
Որ այդ պահուն տանջեց զանոնք ուժգնօրէն:

Եւ դեռ հոն են, անոնք յաւէ՛տ
Պիտի մնան դեռ այնտեղ,
Արշալոյսի արեւին տակ ձիւնաւէտ
Կամ իրիկուան ցոլքերուն մէջ ոսկեհեղեղ:

Ն.