Սեպտեմբերի վերջին եւ Հոկտեմբերի առաջին օրերուն, 97 տարի առաջ, Առաջին Աշխարհամարտի բախտորոշ մէկ պահուն, երբ Փետրուար 1917ի համառուսական մեծ յեղափոխութեան եւ խմորման մէջ գտնուող պոլշեւիկեան յեղաշրջման հետեւանքով՝ աշխարհաքաղաքական քաոսի մատնուած էր ամբողջ Կովկասը, Թիֆլիսի մէջ գումարուեցաւ Արեւելահա- յոց Առաջին Համագումարը։
Սեպտեմբեր 28ին տեղի ունեցաւ Համագումարի կազմակերպիչ Միջ-կուսակցական Մարմնին վերջին խորհրդակցութիւնը, Թիֆլիսի հայոց Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, վերջնական եզրակացութեան յանգելու համար համաժողովի նախագահութեան կազմին շուրջ։
Համագումարի նախապատրաստութեան ձեռնարկուած էր Ապրիլ 1917ին, համառուսական Սահմանադիր Ժողովի գումարման համար կատարուած համաժողովրդական ընտրութիւններէն ետք, որոնց մասնակցեցան ռուսական կայսրութեան բնակիչ բոլոր ազգութիւնները, այդ շարքին նաեւ կայսրութեան ողջ տարածքին ցրուած հայ ժողովուրդը։
Համառուսական Սահմանադիր Ժողովի հայ պատգամաւորներու ընտրութեանց ընթացքին, հայութիւնը գրեթէ երկու երրորդ մեծամասնութեամբ իր վստահութեան քուէն տուաւ Դաշնակցութեան, որ մինչ այդ եղած էր Հայ Կամաւորական Շարժման մղիչ ուժը եւ նախաձեռնողն ու ղեկավար կամքը Հայ Ազգային Բիւրոյին։
Սահմանադիր Ժողովի ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք, Դաշնակցութիւնը հայ քաղաքական բոլոր կուսակցութեանց առաջարկեց միասնաբար նախաձեռնել Հայ Ազգային Համագումարի մը կազմութեան։ Առաջարկը ընդունելութիւն գտաւ եւ ստեղծուեցաւ Համագումարը նախապատրաստող Միջ-կուսակցական Մարմինը՝ բժիշկ Համօ Օհանջանեանի նախագահութեամբ, որ միաժամանակ կը գլխաւորէր համառուսական Սահմանադիր Ժողովի դաշնակցական ֆրակցիան։
Համաժողովին սկզբնական պատկերացումը Հայ Ազգային Համագումարի մը առաջացումն էր՝ ներառելով նաեւ արեւմտահայութիւնը, որ սակայն ժողովրդային քուէներով ընտրուած ներկայացուցչական ժողովներ կամ մարմիններ չունէր։ Բայց ի տարբերութիւն արեւելահայութեան, 1916ի գարնան արդէն, Արեւմտահայաստան մուտք գործած ցարական զօրքին հետ՝ կայսերական որոշումով, հաստատուած էր Արեւմտահայաստանի հայ ազգային ինքնավար իշխանութիւնը, որ նոյնպէս կը ղեկավարուէր Դաշնակցութեան կողմէ։ Այդ հիման վրայ, Մայիս 1917ին, տեղի ունեցած էր Արեւմտահայոց Առաջին Համագումարը, որ շաբաթ մը տեւած իր եւ իր խորհրդակցութեանց աւարտին ընտրած էր բազմանդամ Արեւմտահայոց Կեդրոնական Խորհուրդ մը՝ Անդրանիկի եւ Կոմսի գլխաւորութեամբ։ Խորհուրդը իր կազմէն առաջացուց Արեւմտահայ Բիւրօ, որուն վստահուեցաւ Արեւմտահայոց Առաջին Համագումարի որոշումներուն գործադրութիւնը։
Հետեւաբար, Արեւմտահայոց ներկայացուցչական ժողովի գումարումով ու ղեկավար մարմնի ընտրութեամբ՝ Հայ Ազգային Համագումարի սկզբնական պատկերացումը ինքնաբերաբար փոխարինուեցաւ Արեւելահայոց Առաջին Համագումարի տարազով։
Ապրիլ 1917էն մինչեւ Սեպտեմբերի վերջին օրերը, Արեւելահայոց Առաջին Համագումարի նախապատրաստութեան համար առաջացած Միջ-կուսակցական Մարմինը իր խորհրդակցութիւնները կեդրոնացուց Համագումարի կազմն ու պատգամաւորներու ընտրութեանց սկզբունքները ճշդելու, ինչպէս նաեւ օրակարգի հիմնական հարցերը նախապատրաստող յանձնախումբերը կազմելու աշխատանքին վրայ։
Մարմինը ունեցաւ երկարատեւ ու բուռն բանավէճեր, որոնց առանցքը Դաշնակցութեան տիրական ներկայութիւնը սահմանափակելու պնդումն էր միւս կուսակցութեանց կողմէ։ Բուռն բանավէճեր տեղի ունեցան նոյնիսկ Համագումարի նախօրէին, Սեպտեմբեր 28ի Միջ-կուսակցական Մարմնի վերջին նիստին, Համագումարի նախագահութեան կազմին շուրջ։
Թէեւ Միջ-կուսակցական Մարմինը համաձայնութիւն գոյացուց Համագումարի պատգամաւորները ընտրովի կատարելու սկզբունքին շուրջ՝ 10 հազար ռուսահայերու 1 պատգամաւոր ընտրելու իրաւունքը հաստատելով, այսուհանդերձ՝ միշտ եւ ամէն տեղ կարելի չեղաւ այդ որոշումը յարգել։ Հետեւանքը եղաւ այն, որ Համագումարը ունեցաւ ե՛ւ ընտրովի, ե՛ւ նշանակովի պատգամաւորներու խառն կազմ՝ ընդամէնը 203 հոգի։ Նշանակովի եղաւ հաստատումը յատկապէս այն պատգամաւորներուն, որոնք անկուսակցական էին եւ ժողովրդային քուէ ստանալու հնարաւորութիւն չունէին, բայց հայ ազգային-քաղաքական իրականութեան մէջ յարգուած հեղինակութիւններ էին։
Արեւմտահայոց Խորհուրդը հրաւիրուեցաւ եւ յատուկ ներկայացուցչութեամբ մասնակցեցաւ Համագումարին։
Սեպտեմբեր 29ի կէսօրին, Թիֆլիսի Արտիստական Թատրոնի մեծ դահլիճին մէջ, Միջ-կուսակցական Մարմնի նախագահ Համօ Օհանջանեան պաշտօնապէս կատարեց բացումը Արեւելահայոց Առաջին Համագումարին։ Մասնակից 203 պատգամաւորներէն 113ը դաշնակցական էր, 43ը՝ աջակողմեան Ժողովրդական կուսակցութեան անդամ էր, 23ը՝ Սոցիալիստ-Յեղափոխական էր, իսկ 9 պատգամաւորներ կը ներկայացնէին Սոցիալ-Դեմոկրատ հոսանքը (մենշեւիկ, պոլշեւիկ եւ հնչակեան). անկուսակցական պատգամաւորները 7 հոգի էին։
Ինչպէս որ Սիմոն Վրացեան կը վկայէ՝ «Համագումարին կազմը պատկառելի էր։ Համախմբուած էր ռուսահայութեան ընտրանին, ամէնէն աչքի ընկնող գործիչները։ Բոլոր կուսակցութիւններն ուղարկել էին իրենց լաւագոյն ուժերը։ Նախագահութեան մէջ ընտրուեցին (Միջ-կուսակցական Մարմնի մէջ համաձայնաբար հաստատուած տոկոսային համեմատութեամբ - Ն.) Յ. Քաջազնունին, Ա. Խատիսեանը, Ա. Ահարոնեանը (դաշնակցականներ), Բժ. Այվազեանը (ժողովրդական), Լ. Աթաբէգեանը (սոց.-յեղ.), Ղ. Տէր-Ղազարեանը (սոց.-դեմ.), Ստ. Մամիկոնեանը (անկուս.)»։
Պաշտօնապէս եւ իրաւականօրէն՝ միայն ռուսահայոց համաժողովը ըլլալով հանդերձ, Համագումարը իրողապէս եւ էապէս դարձաւ Հայոց Ազգային Համագումարը։
Աւելի քան երկու շաբաթ տեւողութեամբ, Համագումարը քննութեան առարկայ դարձուց եւ համապատասխան ուղեգիծ ու աշխատանքի ծրագիր կազմեց ամբողջ հայ ժողովուրդի ներկան ու գալիքը յուզող բոլոր խնդիրներուն վերաբերեալ։
Համագումարը փաստօրէն դարձաւ հայ ժողովուրդի գերագոյն՝ անպաշտօն խորհրդարանը, որ քննեց եւ լուծումներ առաջադրեց համայն հայութեան առջեւ ծառացած հարցերուն ու մարտահրաւէրներուն, ինչպէս՝
- Արեւմտահայ գաղթականութեան պատսպարումը, պարենաւորումը եւ ընդհանուր հոգատարութիւնը։
- Անդրկովկասի վարչաքաղաքական ապագային ազգային պատկերացումը եւ, այդ շրջագիծէն ներս, Արեւմտահայաստանի ինքնավարութեան ամրապնդումը։
- Հայ Կամաւորական Գունդերու ուժեղացումը եւ միջ-կուսակցական համերաշխ գործակցութեան ընդլայնումը։
Իր աշխատանքներու աւարտին, Արեւելահայոց Առաջին Համագումարը ընտրեց Հայոց Ազգային Խորհուրդը, որ Թիֆլիսը նստավայր ունենալով՝ շուտով առաջացուց տեղական իր Ազգային Խորհուրդները, յատկապէս Կարս-Ալեքսանդրապոլի, Երեւանի, Զանգեզուր-Ղարաբաղի եւ Բագուի շրջաններուն մէջ։
Համագումարէն ծնունդ առած Հայոց Ազգային Խորհուրդն էր, որ մինչեւ 28 Մայիս 1918ի Հայաստանի անկախութեան կերտումի հերոսամարտներուն յաղթական աւարտը, իր ուսերուն շալկեց պատասխանատուութիւնը հայ ժողովուրդի ֆիզիքական պաշտպանութեան ու ազգային-պետական վերականգնումին՝ հայոց պատմութեան ներկայ դարաշրջանի ուղին հարթելով։
Ն.