Print
Category: Յուշատետր

Արամ Ա. կաթողիկոսին Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու թեմին շնորհուած հովուապետական այցելութեան առիթով, ԱՄՆի մէջ հրատարակուող «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութիւնը ի պատիւ վեհափառ հայրապետին կազմակերպուած ընդունելութեան, առիթ ստեղծեց պատուելու՝ բազմաշխատ խմբագիր, մտաւորական, «Ազատ Օր» օրաթերթի աշխատակից ընկ. Նազարէթ Պէրպէրեանը, աւելի քան քառասուն տարիներու վրայ երկարող մամլոյ ու ազգային իր ծառայութիւններուն համար։
«Ազատ Օր»ի ընտանիքի ջերմ շնորհաւորանքը կը փոխանցենք արժանի յարգանքի ուրախառիթ այս պարգեւատրման առիթով:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ի պատիւ ճաշկերոյթի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 14 Հոկտեմբերին, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ  Գօգօ Թօփալեանի հիւրընկալութեամբ, անոր բնակարանին մէջ, աւելի քան 150 ազգայիններու մասնակցութեամբ։ Վեհափառ հայրապետին կողքին, ներկայ էին թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, հոգեւոր հայրեր, Ազգային կեդրոնական վարչութեան ու Արեւմտեան թեմի Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներ, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան եւ անդամներ, «Ասպարէզ»ի խմբագիրներ Արա Խաչատրեան եւ Աբօ Պողիկեան, մեծարեալ խմբագիրին ընտանիքի անդամներ, բարերարներ ու հայ մամուլի բարեկամներ։
Երեկոն ունէր մտերմիկ ու պաշտօնական բաժիններ։
Իր շքախումբին հետ հիւրընկալին բնակարանը հասնելով, վեհափառ հայրապետը կատարեց աղ ու հացի օրհնութիւն, ապա աղօթքով օրհնեց սեղանները։ 
Աբօ Պողիկեան  շնորհակալութեան խօսք ուղղեց վեհափառ հայրապետին, որ ոչ միայն ընդառաջած է Արեւմտեան թեմը հովուապետական այցելութեամբ մը պատուելու առաջնորդ սրբազանին ու թեմի ժողովականութեան հրաւէրին, այլ նաեւ «Ասպարէզ»ի հրաւէրին, ինչ որ բացորոշ արտայայտութիւն է հայ մամուլին, հայերէն լեզուի ու ընդհանրապէս հայ մշակոյթի հանդէպ անոր սիրոյն, նուիրումին ու  յարգանքին։ Ան յիշատակեց, որ վեհափառ հայրապետին նախաձեռնութեամբ, կաթողիկոսութեան յարկին տակ վերջերս տեղի ունեցած համագումարներն ու հայութեան մարդուժի հաւաքագրումի նախաձեռնութիւնները նորագոյն ապացոյցներն են այս նախանձախնդրութեան ու հոգածութեան։ Վերջապէս, «Ասպարէզ»ի խմբագիրը նկատել տուաւ, որ այս երեկոյ, Նազարէթ Պէրպէրեանը  պատիւի արժանացնելու վեհափառի որոշումը վկայութիւն է մամուլին, մշակոյթին ու հայութեան ծառայողներ գնահատելու անոր նկարագրային  գիծին։
Ուրախալի էր այն, որ, ինչպէս յայտարարեց խմբագիրը, ազգային բարերար տէր եւ տիկին Օսկօ եւ Երան Կիրակոսեաններ 25,000 տոլարի նուիրատուութիւն մը կը կատարեն ի յիշատակ տիկին Երանի եղբօր՝ Ազգ. Կեդր. վարչութեան վաղամեռիկ անդամ Տարօն Աւետիսեանի, որ պիտի  տրամադրուի ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէի կեդրոնին։
Ապա  Ա. Պողիկեան հրաւիրեց մեծարեալին տասնամեակներու գործակից ու մտերիմ ընկերներէն Սարգիս Մահսէրէճեանը, որպէսզի ներկայացնէ անոր կեանքի վաստակը։
Ս. Մահսէրէճեան, որ պատանութեան օրերէն եղած է Ն. Պէրպէրեանի մօտիկ ընկերներէն, յուշերու եւ վկայութիւններու ճամբով ներկայացուց խմբագիրին կազմաւորման, կտրած հանգրուաններուն, այս ասպարէզին մէջ ծառայութեան ու նուաճումներուն ընդհանուր բայց սեղմ պատկերը, առանց անտեսելու Դաշնակցութեան ծառայողի, կուսակցական գործի դաշտերուն մէջ ներդրում ու ազդեցութիւն ունեցողի անոր արժանիքները։
Իր խօսքի աւարտին, Ս. Մահսէրէճեան հրաւիրեց ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուիչ Աւետիք Իզմիրլեանը, որպէսզի արտասանէ իր սրտի խօսքը։
Իզմիրլեան դրուատիքով խօսեցաւ Ն. Պէրպէրեանի վաստակին ու նուիրումին մասին, վեր առնելով մամուլին ու ազգային կեանքին անոր նուիրումը։ Այս առիթով ան գեղեցիկ գրիչ մը իբրեւ յուշանուէր յանձնեց Ն. Պէրպէրեանի։

 

ՇՔԱՆՇԱՆԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ

Հանդիսավարը այնուհետեւ հրաւիրեց առաջնորդ սրբազանը՝ արտասանելու իր սրտի խօսքը եւ բեմ հրաւիրելու վեհափառ հայրապետը։
Առաջնորդ սրբազանը անդրադարձաւ վեհափառի հովուապետական այցելութեան նախորդած օրերուն,հանդիպումներուն, հանդիսութեանց ու բազմակողմանի այցելութիւններուն, նշելով թէ ահա, այս երեկոյ եւս պիտի կատարուի մեծարանք՝ մեր ժողովուրդին ծառայող արժանաւոր զաւակի մը։  Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ մեծարեալի նուիրումին ու վաստակին մասին, անձնական յուշերու եւ վկայութեանց ճամբով:
Յաջորդաբար Արամ Ա. վեհափառը կատարեց շքանշանի տուչութիւնը, համոզում յայտնելով, թէ մեծ վարդապետը՝ Մաշտոց, վստահաբար ուրախ է այս պահուն, որովհետեւ իր ժառանգութեան ու աւանդին պաշտպան մը, ծառայող մը կը ստանայ իր անունը կրող շքանշան մը։ Ան գնահատանքի խօսք  ուղղեց նաեւ տիկին Էվա Տէրվիշեան-Պէրպէրեանին, որ Նազոյին նման մամուլին նուիրեալ մըն է եղած, նոյնքա՛ն արժանի գնահատանքի ու մեծարանքի։

Երեկոյի պաշտօնական բաժնի աւարտին Նազարէթ Պէրպէրեան երախտագիտութեան խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնցմէ բան մը սորված է ու կազմաւորուած։ Ան ձայնակցեցաւ հանդիսավարին այն  ակնարկութեան, թէ վեհափառ հայրապետը «բարոյականի կողմնացոյց է» եւ աւելցուց, որ 21րդ դարու այժմու պայմաններուն մէջ, նորին Ս. օծութենէն աւելի մեծ ակնկալութիւններ ունինք։ Ան յայտնեց, թէ ինչ որ առած է ժողովուրդէն, զայն կը վերադարձնէ ժողովուրդին, եթէ այս առաքելութեան մէջ յաջողի, բաւարարուած կը զգայ, իսկ եթէ չկարենայ, պիտի շարունակէ այդ գործը, որպէսզի «հայու եւ դաշնակցականի տեսակը մնայ ու գոյատեւէ, որովհետեւ առանց այդ տեսակին ներկայութեան, երկրի ու ժողովուրդին ապագան դժուարութիւն պիտի ունենայ»։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ վեհափառ հայրապետին, այս գնահատումը նկատելով անոր էութեան արտայայտութիւնը։

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յայտարարեց, թէ Ն. Պէրպէրեանի հետ իր ծանօթութիւնը հաստատուած է Լիբանանի տագնապի այն օրերուն, 1978ին, երբ կոչուած է Լիբանանի առաջնորդի պաշտօնին եւ ուսումը կիսաւարտ թողած՝ վերադարձած է պատրերազմական գործողութիւններու հետեւանքով կիսաւեր դարձած Լիբանան։ Ան յիշեց, թէ Նազօն մէկն էր այն երիտասարդ ծառայողներէն՝ դաշնակցութեան հաւատաւոր անդամներէն, որոնք այդ օրերուն լծուած էին գաղութի հարցերուն դարմանումին ու ծանր կացութիւնը հակակշռելու գործին։  «Երիտասարդ դաշնակցականներու այդ սերունդը կենսունակութիւն ներշնչեց գաղութին ու գործեց ի խնդիր հայկական կեանքի վերականգնումին, ու այդ ըրաւ պատասխանատուութեանց բաժնեկցութեամբ, զիրար ամբողջացնելով», շեշտեց վեհափառը ու կանգ առաւ մեծարեալը յատկանշող երկու գլխաւոր երեւոյթներու վրայ. նախ եւ առաջ, ան նուիրեալ մէկ անդամն է իր կուսակցութեան, որուն ծառայելը յաճախ նախամեծար համարած է իր սեփական ընտանիքէն, անձնականը զոհելով՝ նուիրուած է մեծ ընտանիքին, իսկ երկրորդ արժանիք՝ լուրջ հրապարակագիրի անոր արժանիքն է, որուն «ստորաբաժանումներն» են գեղեցիկ լեզուն, խիտ ոճը, ընտրեալ բառերու եւ դարձուածքներու գործածութեան վարպետութիւնը, հարցեր ու երեւոյթներ տեսնելու եւ վերլուծելու կարողութիւնը, ի հարկին քաջաբար քննադատելու իր նկարագիրը ու մանաւանդ ըսելիք ունեցողի իր յատկանիշը։ Այս բոլորով, շարունակեց վեհափառ հայրապետը, զինք արժանի կը գտնենք բարձր գնահատանքի ու որոշեցինք «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պատուել զինք։



 ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉ ՃԵՐԻ ՊՐԱՈՒՆԻ ՀԵՏ

 Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս Հինգշաբթի, 13 Հոկտեմբերի յետմիջօրէին տեսակցութիւն մը ունեցաւ Քալիֆորնիոյ կառավարիչ Ճերի Պրաունի հետ։
Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Պեւըրլի Հիլզի «Հիլթըն» պանդոկին մէ։ Ներկայ էին թեմիս առաջնորդ  Տ. Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ ներկայացուցչական հանգամանքով ազգայիններ։ Հանդիպումը անցաւ մտերմիկ ու ջերմ մթնոլորտի մէջ։ Խորհրդակցութեան նիւթերն էին Քալիֆորնիոյ հայութիւնը յուզող ու շահագրգռող հարցեր, ինչպէս նաեւ միջ-եկեղեցական ու մասնաւորաբար կաթողիկէ-ուղղափառ յարաբերութիւնները։ Նկատի ունենալով, որ կառավարիչը ստացած է նաեւ աստուածաբանական ուսում, յիշեալ հարցերուն արծարծումը ընդգրկեց աստուածաբանական ոլորտը։
Խորհրդակցութեան նիւթ եղան նաեւ Միջին Արեւելքի զարգացումներն ու քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ընթացքը, նկատի ունենալով, որ վեհափառ հայրապետը կարեւոր դերակատարութիւն ունի այս ոլորտին մէջ։
Կառավարիչ Պրաուն խոստացաւ օգտակար ըլլալ հայութեան ծրագիրներուն իրականացման։

 

UCLA-Ի ՄԷՋ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Ինչպէս նախընթաց հովուապետական այցելութեանց առիթով, այս անգամ եւս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր ժամանակացոյցին մէջ տեղ յատկացուցած էր մտաւորական հանդիպումի մը, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 14 Հոկտեմբերի կէսօրին, UCLA համալսարանին մէջ, հայրապետական դասխօսութեամբ մը։ Մեծ թիւով ունկնդիրներ, հայ թէ օտար, մեծ մասամբ երիտասարդներ, լեցուցած էին սրահը։ Անոնց շարքին էին Ազգ. Ֆերահեան երկրդ. վարժարանի վերին կարգի աշակերտները, ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցիչներուն։
Փրոֆ. Ռ. Յովհաննէսեանը ներկաներուն ծանօթութիւն տուաւ բանախօս հովուապետին մասին։
Նիւթն էր «Քրիստոնէութեան ապագան Միջին Արեւելքի մէջ»։ Իբրեւ շրջանի անցեալի ու այժմու իրադարձութեանց քաջածանօթ առաջնորդ՝ վեհափառ հայրապետը դասախօսութիւնը բացաւ հակիրճ կերպով ներկայացնելով միջին արեւելեան երկիրներու նորագոյն զարգացումները, աշխարհաքաղաքական իրավիճակները եւ ծանօթ դէպքերուն ու զարգացումներուն հետեւանքով գոյացած բարդ իրավիճակը։