Print
Category: Յուշատետր

Սեպտեմբեր 15ի այս օրը, 96 տարի առաջ, թրքական բանակը Նուրի փաշայի հրամանատարութեամբ գրաւեց Անդրկովկասի նաւթակեդրոն Պաքուն՝ ազերի թուրքերու մուսաւաթական իշխանութիւնը զինու զօրութեամբ պարտադրելու համար քաղաքի հայ եւ ռուս բնակչութեան։

Օսմանեան Կայսրութիւնը այդ օրերուն կը գտնուէր իր ամբողջական փլուզման սեմին։ Առաջին Աշխարհամարտը գրեթէ աւարտած էր Գերմանիոյ անփառունակ պարտութեամբ եւ Թուրքիոյ ջախջախումով։ Բայց Անդրկովկասի մէջ թրքական բանակը դեռ չէր սպառած իր ուժերը, ընդհակառակն՝ պոլշեւիկներու ներքին դժուարութիւններէն առաւելագոյնս օգտուելու ռազմավարութեամբ, տենդագին լծուած էր Պաքուին տիրանալու, հոնկէ դէպի կեդրոնական Ասիա բացուելու եւ համաթրքական կայսրութիւն մը կեանքի կոչելու համաթրքական Ցնորքին իրականացման։
Այդ իմաստով մահամերձ Օսմանեան Կայսրութեան արիւնարբու վերջին գալարումն ու շնչառութիւնը եղաւ թրքական զօրքին Պաքու մուտքը՝ Նուրի փաշայի հրամանատարութեամբ։
Դեկտեմբեր 1917ի վերջերէն իսկ, երբ Պրեսթ-Լիթովսքիի «հաշտութեան» դաշնագիրը ստորագրուեցաւ Ռուսաստանի մէջ իշխանութեան տիրացած պոլշեւիկներուն եւ գերմանացիներուն միջեւ, Գերմանիոյ զինակից Թուրքիան սրեց իր ախորժակները Պաքուին տիրանալու ուղղութեամբ։ Իր կողքին ունենալով Անդրկովկասով մէկ ցրուած թաթար-թուրք բնակչութիւնը եւ վայելելով Գերմանիոյ մերձենալու ուղին ընտրած վրացիներու համակրանքը, չըսելու համար աջակցութիւնը, օսմանեան բանակի արեւելեան զօրամասերը շարժման մէջ դրուեցան՝ Պրեսթի դաշնագրով կատարուած պոլշեւիկեան զիջումներէն շատ աւելին զինու զօրութեամբ ձեռք ձգելու քաղաքական գինովութեամբ։
Համաթրքական այդ ռազմավարութեան առաջին պտուղները թուրքերը քաղեցին Մայիս 1918ին, երբ թրքական զօրքերու ներխուժումով նախ կազմալուծեցին Անդրկովկասեան Սէյմը, ձեւով մը պարտադրեցին Անդրկովկասի մէջ երեք հանրապետութեանց ստեղծումը, որպէսզի ռուսական տիրակալութենէն ամբողջապէս դուրս բերեն տարածաշրջանը։
Աշխարհամարտի աւարտի բուռն հանգրուանն էր, գերմանական զօրքերը վառելանիւթէ կտրուած էին եւ թուրքերը համաթրքական իրենց արշաւանքին ի նպաստ օգտագործեցին Պաքուի նաւթահորերուն տիրանալու խայծը՝ ապահովելու համար գերման սպայակոյտին օրհնութիւնը իրենց զինուորական նոր արկածախնդրութեան...
Պաքուն այդ շրջանին բազմազգեան քաղաք էր՝ բառին բուն իմաստով, որովհետեւ թաթար-թուրքերը համեմատաբար փոքրամասնութիւն էին քաղաքի հայ, ռուս եւ վրացի բնակիչներուն միացեալ համրանքին բաղդատած։ Աւելի՛ն. Պաքուի մէջ այդ օրերուն կեդրոնացած էր ռուսական զօրքի հայ զինուորականներու մեծ թիւ մը, որ անցած էր պոլշեւիկներու կողմը եւ իր ռուս ու հայ հրամանատարութեամբ կը հակակշռուէր Լենինի հաւատարիմ զինակիցներէն ու գլխաւոր գործակիցներէն հայ պոլշեւիկ ղեկավար Ստեփան Շահումեանի կողմէ։
Պաքուի մէջ նոյնպէս նկատառելի ուժ կը ներկայացնէր, թէ՛ քաղաքական եւ թէ զինուորական առումներով, Դաշնակցութեան Պաքուի Կեդրոնական Կոմիտէն՝ իր գլխաւորած Պաքուի Հայոց Ազգային Խորհուրդով։ Պաքու հաստատուած էր, այդ շրջանին, Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան վերջին մոհիկանը՝ Ռոստոմը, որ Թիֆլիսի եւ Երեւանի հետ ամբողջական համակարգում առաջացուցած էր եւ ձեռնարկած Պաքուի պաշտպանութեան՝ իթթիհատ-մուսաւաթ համաթրքական նկրտումներուն դէմ։
Նման պայմաններու մէջ եւ յատկապէս Ռոստոմի ու Շահումեանի միջեւ գոյացած համախոհութեամբ՝ Պաքուի հայ, ռուս եւ վրացի զինուորականութիւնը, պոլշեւիկ-դաշնակցական աննախադէպ համագործակցութիւն մը հաստատելով, ամբողջ թափով պայքարի դաշտ իջան դիմագրաւելու համար թրքական յարձակողականը։
Պաքուի հերոսամարտը տեւեց Յունիսէն մինչեւ Սեպտեմբեր՝ արձանագրելով յաղթանակի անմոռանալի պահեր եւ պատմութեան յանձնելով ազգային մեր ինքնավստահութիւնն ու հպարտութիւնը վարարող ռազմական նուաճումներ։ Ռոստոմի կողքին Պաքու փութացած էին ֆետայական սերունդին մեծանուն հերոսները, որոնք Սարդարապատեան հերոսամարտներու իրենց յաղթական նուաճումներէն խանդավառ, հաւաքուած էին Պաքու՝ նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան թիկունքը վնասազերծելու նպատակով։
Անհաւասար ուժերով կռուի պայմաններուն մէջ մղուեցաւ Պաքուի հերոսամարտը, որ մինչեւ Սեպտեմբեր 14 կրցաւ դիմադրել թրքական գրոհներուն։ Պաքուի դիմադրութիւնը ծանր հարուած ստացաւ, երբ Լենինի ցուցմունքով պոլշեւիկեան ուժերը Պաքուն պարպելու հրահանգ մտացան եւ նաւ բարձրանալով հեռացան քաղաքէն, իրենց հետ տանելով մեծաքանակ ռազմամթերք եւ ոսկի…
Դաշնակցութիւնը մինչեւ Սեպտեմբեր 14 առանձինն ղեկավարեց Պաքուի հերոսական դիմադրութիւնը թրքական բանակին դէմ եւ քաղաքէն հեռացաւ միայն այն ատեն, երբ Պարսկաստանէն օգնութեան հասած Դաշնակից զօրքի հրամանատարութիւնը որոշեց Պաքուն յանձնել թուրքերուն։
Սեպտեմբեր 14էն 15ի լոյս գիշերն իսկ, հայկական դիմադրութեան ուժերու հեռանալով անպաշտպան մնացած Պաքուին տիրանալով, Նուրի փաշայի թրքական զօրքն ու մուսաւաթական թաթարները անմիջապէս լծուեցան քաղաքի անզէն հայ բնակչութեան համատարած ջարդին։ Օրեր տեւած ջարդին, քանդումին ու թալանին զոհ գացին շուրջ 6 հազար հայեր։
Պաքուի մէջ հայերու դէմ գործուած երկրորդ ցեղասպանութիւնը եղաւ 15 Սեպտեմբեր 1918ին սկսած ջարդը՝ «կատարելագործելով» 13 տարի առաջ, 1905ի սկզբնաւորութեան, թաթար ամբոխին կողմէ իրագործուած ազգային «մաքրազտում»ի նախադէպ կոտորածները։ Հակահայ խժդժութիւնները, վայրագ սպանութիւններն ու աւեր-աւարումը թրքական միեւնոյն մատնահետքերը ունէին՝ գլխաւոր ու հիմնական երկու տարբերութիւններով։ Առաջին. 1905ին կատղած թուրք-թաթար ամբոխն էր ջարդարարը, իսկ 1918ին թրքական զօրքն ու այսպէս կոչուած «Ատրպէյճանի Հանրապետութեան» կանոնաւոր բանակի զինուորները ուղղակի մասնակցեցան հայերու սպանդին։ Երկրորդ. 1905ին ռուս ցարական իշխանութիւնները հրահրեցին հակահայ յարձակումները, իսկ 1918ին Պաքու մտած թրքական բանակն էր հակահայ ազգային «մաքրազտման» ձեռնարկողը...
Արխիւային նիւթերու համաձայն՝ «1913թ.ի տուեալներով Բաքւում ապրում էր շուրջ 215 հազար մարդ, այդ թւում ռուսներ, ուկրաինացիներ եւ բելառուսներ՝ 76,3 հազար կամ 35,5 տոկոս. Կովկասի թաթարներ՝ 46 հազար կամ 21,4 տոկոս. հայ՝ 42 հազար կամ 19,4 տոկոս. պարսիկ՝ 25 հազար կամ 11,7 տոկոս. հրեայ՝ 9,7 հազար կամ 4,5 տոկոս. վրացի՝ 4 հազար կամ 1,9 տոկոս. գերմանացի՝ 3,3 հազար կամ 1,5 տոկոս. Կազանի թաթար՝ 2,3 հազար կամ 1,1 տոկոս։ Ապա 1920 թ.ին,,բոլշեւիկների Բաքու վերադառնալուց յետոյ, քաղաքի բնակչութիւնը հիմնական ազգութիւններով բաշխւում էր հետեւեալ կերպ.- Ադրբեջանի թուրքեր՝ 59,6 հազար մարդ, ռուսներ, ուկրաինացիներ եւ բելառուսներ՝ 52,6 հազար մարդ. հայեր՝ 36,1 հազար մարդ. պարսիկներ՝ 22,2 հազար մարդ. եւրոպացի եւ լեռնեցի հրեայ՝ 13,7 հազար մարդ: Մնացած ազգութիւնները՝ գերմանացիներ, վրացիներ, լեզգիներ եւայլն» էին։ Սեպտեմբեր 1918ի հայերու սպանդէն եւ 1920ին խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք, Պաքուի բնակչութեան ընդհանուր թիւը իջած էր ընդամէնը 193,6 հազար մարդու՝ հիմնականին մէջ հայ զոհերու հաշւոյն:
Պաքուի հայութեան 1918ի սպանդը նախատիպ ծառայեց 1990ի մերօրեայ եղեռնագործութեան, որ գրեթէ հայաթափ դարձուց ատրպէյճանի մայրաքաղաքը, որուն շէնացման մէջ իր անմրցելի ներդրումը ունեցած է հայութիւնը։
Նման տարողութեամբ ազգային աղէտի մը տարելիցն է 15 Սեպտեմբերը, որուն հետեւանքով Պաքուի հայութիւնը մեծագոյն կորուստներ կրեց՝ մարդկային եւ նիւթական։ Հիմնովին տկարացաւ նաեւ հայկական ազդեցութիւնը Պաքուի վրայ... Բայց հայեր շարունակեցին կառչած մնալ Պաքուին՝ մինչեւ որ 20 դարու վերջին տասնամեակին ցեղասպան Փանթուրքիզմը իր մահացու վերջին հարուածը տուաւ Պաքուի վերապրող հայերուն։
Պաքուի գրաւման եւ ամբողջ տարածաշրջանի հայութեան դէմ գործադրուած ջարդերուն տարելիցը յատուկ նշանակութիւն ունի մանաւանդ այս օրերուն, երբ մեր աչքերուն առջեւ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ համաթրքական հայատեացութիւնը նորովի մոլեգնած է... Հայասաանութեան անաատիժ մնացած պետական մեծ ոճիրը մարդկութեան յիշողութենէն ամբողջապէս ջնջելու կատաղութեամբ։

Ն.