Print
Category: Յուշատետր

Սեպտեմբերի առաջին այս օրերուն, 119 տարի առաջ, հայ ժողովուրդը նուաճեց ազատագրական իր պայքարին ամէնէն հերոսական էջերէն մէկը, որ ներշնչման անսպառ աղբիւր դարձաւ հայոց հետագայ սերունդներուն ազատ ու անկախ ապրելու ազգային վճռականութեան եւ մարտունակութեան համար։
3 Սեպտեմբեր 1895ին անառիկ Զէյթունը պարզեց ապստամբութեան դրօշ, ամիսներու վրայ երկարած հերոսական կռիւներ մղեց համիտեան զօրքերուն դէմ, անկախութիւն հռչակեց եւ զէնքը վար դրաւ միայն այն ժամանակ, երբ Կարմիր Սուլթանը տեղի տուաւ Զէյթունի հայութեան պահանջներուն առջեւ։
Ինչպէս օրին, նաեւ հետագայ տասնամեակներուն, հայ ժողովուրդի իրերայաջորդ սերունդները ազգային ինքնավստահութիւն եւ հպարտութիւն ներշնչող վարար աղբիւր մը գտան հերոսական Զէյթունի դիւցազնապատումին մէջ։ Հայ բանաստեղծները անմահացուցին Զէյթունցի Քաջորդիներուն ծառացումն ու անպարտելիութիւնը։ «Կեցցէ՛ Զէյթունը, խրոխտ Սասունը» յանկերգով՝ «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» երգեցին դաշնակցական ֆետայիները...
Առանձնայատուկ է տեղն ու պատգամը հայկական Զէյթունին, որ լեռնային Կիլիկիոյ անառիկ բարձունքներուն վրայ իր կազմութեան ժամանակէն իսկ, Միջնադարէն սկսեալ, շարունակ զէն ի ձեռին պայքարեցաւ օտար ասպատակողներու դէմ, կրցաւ սեփական ուժերով պաշտպանել ազատ ապրելու իր տարրական իրաւունքը եւ, ծանրագոյն պայմաններու մէջ անգամ, դարեր շարունակ, ի վիճակի եղաւ պահպանելու իր կիսանկախ գոյակերպը։
Այսօր, երբ յետադարձ հայեացքով կ՛արժեւորենք Զէյթունի 1895ի ապստամբութեան բռնկման 119րդ տարեդարձը, ամէն բանէ վեր կը վերանորոգենք քաջ զէյթունցիներու օրինակով ազատ ու անկախ ապրելու հայ ժողովուրդին արժանաւորութեան խորհուրդը։
Հանրագիտական տուեալներով՝ ԶԷՅԹՈՒՆը (այժմ՝ Սուլէյմանիէ, Թուրքիա) պատմականօրէն յաջորդած է բիւզանդական Ուլնիա շրջանին։ Զէյթունը քաղաք էր Լեռնային Կիլիկիայի մէջ, Մարաշէն 38 քմ. հիւսիս-արեւմուտք՝ դժուարամատչելի լեռնոտ դիրքով: Շրջապատված է հիւսիսէն Չըրըզ, Բերիտ, Սաղ, Տաղ, Աղաճ, Առ, Եօթնեղբայր, արեւելքէն՝ Պերզինկա, Մաւլա, Աւագ, հարաւէն՝ Կիւվրտին, արեւմուտքէն՝ Սոլախտերէ լեռներով: Շրջակայքում կան օգտակար հանածոններ (երկաթ, արծաթ), հանքային ջրեր: Կþենթադրուի, որ Զէյթուն անունը (առաջին անգամ յիշատակուած է ԺԵ. դարուն) առաջացած է արաբերէն զէյթուն (ձիթենի) բառէն, իսկ Ուլնիա անունը Զէյթունը ժառանգած է նոյն տեղանքը գտնուած բիւզանդական համանուն բնակավայրէն։
1990ին հրատարակուած «Հայկական Համառօտ Հանրագիտարան»ի Ա. հատորի նոյն աղբիւրին համաձայն՝ «Բագրատունիների թագաւորութեան անկումէն (1045թ.) յետոյ Զէյթունի տարածքը հաստատուած են Անիէն գաղթած 7 հայ ընտանիքներ՝  բնակավայրը անուանելով «Անի-Ձոր»: 1080-1375 թուականներուն, Զէյթունը մտած է Կիլիկիոյ հայկական պետութեան մէջ: Զէյթունի բնակչութիւնը բազմացած է Շիրակէն, ինչպէս նաեւ Կիլիկիայէն ու այլ բնակավայրերէ եկած հայերով: XVդ-XVIդ. սկիզբը ինկած է թուրքմէնական ցեղերու տիրապետութեան տակ: 1517 թուին ընդունած է թրքական հպատակութիւն: Թուրք սուլթան Մուրադ Չորրորդը 1626-27ին Զէյթունի հայերուն շնորհած է կիսանկախութեան հրովարտակ (ֆերման):
«Քաղաքը եւ գաւառը ղեկավարած են 4 իշխանական տուներ՝ Շովրոյեանները, Եաղուպեաննները, Ենի-Տունեանները, եւ Սուրէնեանները, որոց անունով են կոչուած Զէյթունի թաղերը (անոնց ժառանգական տիրոյթները): Գաւառին վերաբերող հարցերը լուծած է իշխանական խորհուրդը, ուր վճռական խօսքի իրաւունքը վերապահուած է աւագ իշխանին եւ Զէյթունի Արքեպիսկոպոսին»:
Պատմականօրէն անկախ կամ կիսանկախ ապրած Զէյթունը միշտ ալ գրգռեց թուրք իշխանաւորներու ախորժակները, որոնք ամէն առիթ օգտագործեցին ազատ ու անկախ հայութեան այս արծուեբոյնը գրաւելու եւ իրենց  բռնատիրութեան ենթարկելու համար։ Բայց Զէյթունը միշտ ալ զէնքով դիմադրեց եւ ետ շպրտեց թրքական այդ նկրտումները՝ ամէն պարագայի իր ինքնիշխանու- թիւնը պահպանելով եւ յոռեգոյն պայմաններու տակ զիջելով հարկ վճարել թուրք սուլթանին...
19րդ դարուն Զէյթունը իր ազատութեան եւ անկախութեան սպառնացող մեծագոյն վտանգը դիմագրաւեց 1862ին, երբ սուլթանական կառավարութիւնը փորձեց զինու զօրութեամբ խորտակել հայոց անառիկ այս ամրոցը։ Բայց Զէյթուն կրկին անգամ յաղթական դուրս եկաւ ինքնապաշտպանութեան թէժ կռիւներէն, վերահաստատեց ինքնավար ու կիսանկախ կեանքի իր իրաւունքը եւ այդպէս ապրեցաւ մինչեւ 1890ականները։
Յատկապէս 1878ի ռուս¬թրքական պատերազմի ժամանակ զէյթունցիք վճռական ծառացան՝ օսմանեան բռնակալ լուծը մէկանգամընդմիշտ թօթափելու յոյսերով, բայց յաղթական իրենց կռիւները քաղաքականօրէն անպտուղ մնացին, որովհետեւ Ցարական Ռուսաստանը աշխարհաքաղաքական այլ հաշիւներ կը հետապնդէր եւ լքեց իր փոքր զինակիցը…
Ապտիւլ Համիտ Բ.ի սուլթանական գահ բարձրանալով՝ թուրք պետական քաղաքականութիւնը վճռեց մէկանգամընդմիշտ «ձերբազատուիլ» Հայկական Հարցէն՝ հայաջնջման ճամբով։ Յատկապէս Զէյթունն ու Սասունը կոկորդի կեցած փուշ էին Մեծ Մարդասպանին համար։ Եւ Համիտ շարունակ կþորոճար յարմար պահուն մահացու հարուած տալու ծրագիրներ...
1890ականներու սկզբնաւորութեան թափ առած հայ յեղափոխական շարժումը, յատկապէս Հնչակեան կուսակցութեան սկզբնական մակընթացութեան շըրջանին, լաւապէս կը գիտակցէր, որ հարկ էր պատրաստ ըլլալ սուլթանի մշակած ջարդի ծրագրին ու դիմագրաւել զայն։
1895ի ամառը հնչակեան գործիչներ փութացին շրջանը՝ Զէյթունի եւ Լեռնային Կիլիկիոյ միւս բնակավայրերու հայութիւնը ինքնապաշտպանութեան եւ զինեալ պայքարի նախապատրաստելու համար: Բայց սուլթանը արդէն սկսած էր զօրք կեդրոնացնել այդ շրջաններուն մէջ՝ Զէյթունը վերջնական հաշուեյարդարի ենթարկելու նպատակով։
Հնչակեան գործիչները շտապ խորհրդակցութեան հրաւիրեցին Զէյթունի իշխանները, շրջանի գիւղապետերը եւ հոգեւորական գործիչները։ Քաջարի Զէյթունը որոշեց կանխել վտանգը եւ ձեռնարկեց ապըստամբութեան։
3 Սեպտեմբերին Զէյթունը պարզեց ապստամբութեան դրօշը եւ շարժման ղեկավարը դարձաւ Նազարէթ Չաւուշ Նորաշխարհեան: Երեք օր ետք քաջարի հայ լեռնականները գրաւեցին Զէյթունի կառավարչատունը եւ գերի բռնեցին բոլոր պաշտօնեաները։ Ապա՝ յարձակեցան գիւղաքաղաքի թրքական զօրանոցին վրայ, գրաւեցին զայն եւ գերի ինկած 700 թուրք զինուորներուն ստիպեցին՝ իրենց գլուխները խոնարհած՝ անցնիլ վանահօր սուրին տակով: Հայերու ձեռքը անցան թշնամիէն գրաւուած եր- կու թնդանօթ, երեք հարիւրէ աւելի հրացան եւ մեծաքանակ ռազմամթերք: Ստեղծուեցաւ Զէյթունի ժամանակաւոր կառավարութիւն՝ Աղասիի գլխաւորութեամբ: Կազմուեցաւ նաեւ զինուորական խորհուրդը: Զօրանոցին վրայ բարձրացուեցաւ «Զէյթունի անկախ իշխանութեան» կարմիր դրօշը:
Ահա այսպիսի՛ յաղթանակի մը 119ամեակը կը տօնենք այսօր՝ Սեպտեմբեր 3ին։
Սուլթանական կառավարութիւնը զէյթունցիներուն դէմ ուղարկեց 30 հազարանոց կանոնաւոր եւ քանի մը հազարի հասնող անկանոն զօրքեր: Զէյթունը զանոնք դիմաւորեց 6000 կռուող քաջերով եւ, ամիսներու վրայ երկարած մարտերով, շարունակ ետ մղեց թշնամիի գերակշիռ ուժերով յարձակումները։
Թէեւ ապստամբութեան շուրջ 4 ամիսներու ընթացքին զէյթունցիները ունեցան 3500 զոհ, բայց  թըշնամիէն խլեցին աւելի քան 20.000 սպանեալ։
Դեկտեմբեր 2¬3ին Զէյթունը նուաճեց իր մեծագոյն յաղթանակը, երբ կրցաւ անփառունակ պարտութեան մատնել թրքական ընդհանուր յարձակողականը։ Սուլթան Համիտ ստիպուած տեղի տուաւ եւրոպական մեծ տէրութեանց միջնորդութեան առաջարկին եւ համաձայնութիւն յայտնեց սկսելու, եւրոպացի դիւանագէտներու հովանաւորութեամբ, Հալէպի մէջ, Զէյթունի հերոս ներկայացուցիչներուն հետ բանակցութեանց, որոնք 30 Յունուար 1896ին յանգեցան փոխադարձ զիջումներու պայմանագրի մը ստորագրութեան։
Այդպէ՛ս, բախելով Զէյթունի հերոսական դիմադրութեան, Սուլթան Համիտ ստիպուած ընդառաջեց շրջանին մէջ քրիստոնեայ կառավարիչ (ազգութեամբ՝ յոյն) մը նշանակելու եւ տեղական ինքնակառավարման սկզբունքը յարգելու յաղթական Զէյթունի պահանջներուն։
Զէյթունի ապստամբութեան յաղթական աւարտը, միաժամանակ, ուսանելի պատգամ եւ ներշնչման աղբիւր դարձաւ ամբողջ Հայաստանի տարածքին բնաջնջման վտանգը դիմագրաւող մեր ժողովուրդի յեղափոխական զաւակներուն համար, որոնք սեփական զէնքով ծառանալու եւ ընդհանուր ինքնապաշտպանութեան ձեռնարկելու ողին հարթեցին՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի հիմերը նուաճելով իրենց գերագոյն զոհաբերութեամբ։

Ն.