5 Օգոստոսին, 127 տարի առաջ, Փարիզի մէջ վտարանդի կեանքի դատապարտուած, 53 տարեկանին վախճանեցաւ արեւմտահայոց ազգային զարթօնքին ամէնէն հեղինակաւոր դէմքերէն Գրիգոր Օտեան։
Օտեաններու հռչակաւոր տոհմէն սերած էր. ծնած էր Պոլիս, 1834ին. զաւակն էր Պօղոս Օտեանի, որուն հիմնած դպրոցին մէջ ալ ստացաւ իր նախնական կրթութիւնը։
Բարձրագոյն ուսումը ստացաւ Փարիզ, որ 1840ականներու վերջերուն դարձեալ կ'ապրէր յեղափոխական բուռն վերիվայրումներու մէջ։ Ազատական եւ ընկերվարական հոսանքներու մակընթացութեան ժամանակներն էին՝ Մարքսը կը հրապարակէր իր «Կոմունիստական Մանիֆեստ»ը, իսկ Ֆրանսայի մէջ ազատականները կը հասնէին իշխանութեան՝ ժողովրդավարական բարեկարգումները իրենց գաղափարական հունով յառաջ մղելու համար։
Գրիգոր Օտեանի քաղաքական եւ գաղափարական կազմաւորումը արմատաւորուեցաւ 1848ին Եւրոպան ցնցած ժողովրդավարական բարեկարգութեանց ու ազատական մտածողութեան հունով։ Գրողի, հասարակական գործիչի եւ քաղաքական մարդու հարուստ պաշարով զինուած՝ 1851ին ան վերադարձաւ Պոլիս եւ անմիջապէս նետուեցաւ արեւմտահայոց ազգային զարթօնքի բուռն շարժումին մէջ։
Իր գաղափարներն ու համոզումները տարածելու համար դարձաւ կանոնաւոր աշխատակիցը Յարութիւն Սվաճեանի «Մեղու» թերթին, որ այդ շրջանին կը հանդիսանար յանուն աշխարհաբարի մղուող պայքարին գլխաւոր բեմերէն մէկը։ Գրիգոր Օտեան զգալի ազդեցութիւն ունեցաւ ընդհանրապէս «Մեղու»ի եւ որոշապէս Յ. Սվաճեանի գաղափարական ուղղութեան վրայ։
Արեւմտահայ ազատական մտածողութեան մշակման, տարածման ու զարգացման մէջ մեծ ներդրում ունեցան Օտեան եւ Սվաճեան, որոնք 1860ականներու սկզբնաւորութեան՝ Ազգային Սահմանադրութեան պատրաստութեան եւ հաստատման թէժ պայքարներու շրջանին, իրարմէ որոշակի հեռաւորութիւն առին՝ գաղափարական իրենց մօտեցումներուն մէջ հետզհետէ շեշտուած տարակարծութեանց հետեւանքով։
Գրիգոր Օտեան արմատական յեղաշրջումներու մարդը չէր, մինչ Սվաճեան կողմնակից էր ժողովրդային խաւերու իշխանութեան ամրապնդումը մինչեւ վերջ տանելու մտածողութեան։
Նաեւ շնորհալի հռետոր էր Օտեան, որ իր հրապարակային ելոյթներով ու մշակուած ատենախօսութիւններով առաջացուց համախոհներու եւ հետեւորդներու ազդեցիկ շարժում։
Յատկապէս մշակութային կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ մեծակշիռ եղաւ Օտեանի ներդրումը, որ հայոց լեզուի բիւրեղացման, աշխարհաբարի յղկման եւ ընդհանրապէս արեւմտահայոց մշակութային զարգացման ուղղութեամբ յառաջապահ դիրքերու վրայ կանգնեցաւ հետեւողականօրէն։
Գրիգոր Օտեանի հեղինակութիւնը չսահմանափակուեցաւ միայն հայ իրականութեամբ։ Օսմանեան Կայսրութեան լայն ընդգրկումով եւս, Օտեան աշխոյժ եւ ազդեցիկ մասնակցութիւն ունեցաւ եւրոպական արժէքներով ու գաղափարներով յառաջ եկած եւ ժողովրդավարական-ազատական շարժում ծաւալած թուրք քաղաքական-պետական գործիչներու պայքարին։
Իբրեւ այդպիսին՝ 1875-1876 թուականներուն, Գրիգոր Օտեան աջ բազուկը դարձաւ Օսմանեան Կայսրութիւնը բարեկարգչական-սահմանադրական կարգերով օժտելու դրօշը պարզած Միտհաթ փաշային՝ ճարտարապետի դեր ստանձնելով 1876ի հռչակաւոր Թանզիմաթի (Բարենորոգումներու) մշակման մէջ։
Նոյն տարիներուն, երբ ռուս-թրքական պատերազմի աւարտին Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը կը պատրաստուէր Պերլինի վեհաժողովին ներկայացնելու Օսմանեան Կայսրութեան հայերուն ազգային-քաղաքական պահանջները, Գրիգոր Օտեան եղաւ հայկական բարենորոգումներու իր սեփական պատկերացումը մշակող հեղինակութիւններէն մէկը։ Այդպէ՛ս գրուեցաւ «Ծրագիր կազմակերպական կանոնագրի Օսմանեան Հայաստանի» խորագրով իր առաջարկած բարեկարգութեանց նախագիծը։
Գրիգոր Օտեանի ազգային-հասարակական եւ քաղաքական-պետական գործունէութիւնը ծանր հարուած ստացաւ 1880ին, երբ Սուլթան Ապտիւլ Համիտ առկախեց Միտհաթեան սահմանադրութիւնը եւ կատաղի հալածանք սկսաւ բարեկագչական շարժման պարագլուխներուն դէմ։ Օտեան իր կարգին հեռացուեցաւ Օսմանեան Կայսրութենէն եւ դատապարտուեցաւ վտարանդի կեանքի՝ Փարզի մէջ։
Գրիգոր Օտեանի տարողութեամբ գործիչը բնականաբար վար չդրաւ իր զէնքերը։ Փարիզէն շարունակեց իր պայքարը յանուն թէ՛ օսմանեան ընդհանուր բարեկարգումին, թէ՛ արեւմտահայոց ազգային-քաղաքական իրաւունքներու պաշտպանութեան։ Եւ երբ 1885ին հիմնուեցաւ Արմենական կուսակցութիւնը, Գրիգոր Օտեան անվարան իր աջակցութիւնը ցուցաբերեց Մկրտիչ Փորթուկալեանին՝ Արմենականներու հիմնադիր խորհուրդին մաս կազմելով։
Բայց 1887ին վաղաժամ ընդհատուեցաւ կեանքի թելը արժանաւոր եւ հեղինակաւոր այս մեծանուն հայուն։ Գրիգոր Օտեան աչքերը փակեց Փարիզի մէջ եւ թաղուեցաւ Փեր Լ'աշէզի մէջ։
Յետ մահու հրատարակուեցան Գրիգոր Օտեանի «Սահմանադրական խօսքեր ու ճառեր» (1910ին) եւ «Գրիգոր Օտեանի գոհարները» (1931ին, երկու հատոր) գործերը։
Պատգամ ունեցող եւ պատգամաբերի կոչումով եւ առաքելութեամբ իր ապրած կեանքը իմաստաւորող արժանաւորը եղաւ Գրիգոր Օտեան, որ գործեց այն խոր հաւատքով, թէ՝
«Մարդս, որ աշխարհիս մէջ կը թաւալի ու կեանքի պատերազմը կը մղէ, պիտի տեսնէ պայծառ ու զուարթ օրեր, այլեւ շատ անգամ՝ անձրեւոտ օրեր. հողմ ու փոթորիկ պիտի փչեն ու կայծակ պիտի գոռայ, ու սլաքներ ու ռումբեր պիտի գոռան չորս կողմը, եւ երբեմն ալ պիտի հարուածեն զինքը։
«Ա՛յս է բաժինը ամէն մարդու, որ կ'ապրի։ Կեանքը պատերազմ մըն է թէ՛ նիւթապէս եւ թէ բարոյապէս։ Այն մարդը որ միշտ լսած է իր ներսիդին Աստուծոյ ձայը՝ եւ այն ձայնին միշտ հնազանդած, ան կը վայելէ ներքին երանութիւն մը, որուն չեն հասնիր ու չեն ազդեր փոթորիքներն ու սլաքները. ան կը վայելէ խղճմտանքի զուարթութիւնը զոր ոչ ոք կրնայ կապտել իրմէ։
«Մարդս այնքա՜ն վտանգներով շրջապատուած է, այնքա՜ն թշնամիներ ունի եւ իր ամէնէն մեծ թշնամին ի՛նք է, իր տկարութիւնները՝ իր մոլութիւններն են։ Իյնալէն ետք նորէն ո՞վ պիտի կանգնէ զինքը, եթէ ոչ աղօթքը»…
Այսպիսի՛ խոհականութեամբ, իմաստութեամբ եւ հաւատքով իր կեանքը արժեւորեց հայ ժողովուրդի Ազգային Զարթօնքի Սերունդին ամէնէն հեղինակաւոր դէմքերէն Գրիգոր Օտեան։
Ն.