Print
Category: Յուշատետր

Հայոց յուշատետրին մէջ իրենց տեղը ունին նաեւ օտարազգի դէմքեր, որոնք դրական թէ բացասական ներգործութիւն ունեցած են հայ ժողովուրդի ազգային ինքնահաստատման հազարամեակներու երթին վրայ։

Այդօրինակ դէմքերու շարքին է Արդի Գերմանիոյ միութեան եւ մեծապետական հզօրացման դրօշակիրներէն Օթթօ ֆոն Պիսմարք, որուն մահուան 116րդ տարելիցը կը զուգադիպի Յուլիս 30ի այս օրուան։

Հայկական Հարցի միջազգայնացումը, արդի ժամանակներու հասկացողութեամբ, իրաւական իր հունաւորումը ստացաւ 1878ի Պերլինի Վեհաժողովին, որուն «կնքահայր»ը ատենի եւրոպական մեծ տէրութեան՝ Կայսերական Գերմանիոյ «երկաթեայ վարչապետ» Օթթօ ֆոն Պիսմարքն էր։
Պերլինի Վեհաժողովին ստորագրուած խաղաղութեան եւ հաշտութեան Դաշնագիրը, հայոց արդի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, միջազգային իրաւական ճանաչումի արժանացուց հայ ժողովուրդի ազգային իրաւունքներուն պաշտպանութեան քաղաքական դատը։ Թէեւ Պերլինի Դաշնագիրը ետ քայլ արձանագրեց իրմէ առաջ ստորագրուած Սան Սթեֆանոյի ռուսեւթրքական հաշտութեան Դաշնագիրէն՝ այս վերջինի 16րդ յօդուածը փոխարինելով իր 61րդ յօդուածին տարտամ տրամադրութիւններով, այսուհանդերձ՝ Պերլինի Դաշնագրով սկսաւ երթը Հայկական Հարցին քաղաքական արդար լուծում մը գտնելու միջազգային օրէնքի եւ մեծապետական դիւանագիտութեան աւելի քան 136ամեայ դեգերումներուն։
Իսկ Գերմանիան եւ ատենի իր վարչապետը՝ Պիսմարք բախտորոշ նախադէպը հաստատեցին հայ ժողովուրդի արեան եւ իրաւունքներուն հաշւոյն թրքական պետութեան հետ «սիրաբանելու» մեծապետական քաղաքականութեան մինչեւ մեր օրերը շարունակուող վարքագծին։
Այլապէս, իբրեւ քաղաքական ու պետական մարդու մեծավաստակ դէմք, Պիսմարք կը հանդիսանայ արդի Գերմանիոյ գլխաւոր հիմնադիրներէն մէկը եւ անոր միացեալ՝ մէկ ու ամբողջական պետականութեան ջերմեռանդ դրօշակիրը։
83 տարի ապրեցաւ համեւրոպական եւ, իր ժամանակաշրջանի առումով, միջազգային տարողութեամբ պետական ու քաղաքական այս հռչակաւոր գործիչը, որ աշխարհով մէկ հռչակուեցաւ իբրեւ «Երկաթեայ Վարչապետ»՝ առաւելագոյնս մարմնաւորելով Մաքիավելլիի գրչով իտէալականացուած արդի դարու «Իշխանը»՝ իր ամենայն պատեհապաշտութեամբ ու դաժանութեամբ։ «Իշխան» մը՝ որ իր քաղաքական ասպարէզին մէջ սպասարկեց միայն «Նպատակը կ'արդարացնէ ամէն միջոց» սկզբունքին, եթէ անշուշտ կարելի է բարոյականօրէն սկզբունք նկատել ամէն գնով՝ ուժը իրաւունքէն վեր դասելով եւ ամէն արժէք ու սրբութիւն ոտնակոխելով եւ զոհաբերելով յաջողութեան հասնելու, յաղթանակ նուաճելու քաղաքական-պետական գործիչի մը վճռակամութիւնը։
Պիսմարք ոչ միայն միաւորեց եւ միաձոյլ մեծ պետութեան մը վերածեց գերման ծագումով աւատապետական կեդրոնախոյս թագաւորութիւններն ու իշխանութիւնները, այլեւ իր ստեղծած մեծապետական ուժը՝ արդի Գերմանիան վերածեց ինչպէս 19րդ դարուն, նոյնպէս եւ մինչեւ մեր ժամանակները ողջ աշխարհի ճակատագիրը ղեկավարող գերուժի մը։
Փրուսիացի այդ աւատապետ ազնուականը ապրեցաւ եւ գործեց ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ թագաւորներով ու կղերապետներով ղեկավարուող միապետական հին աշխարհը փուլ կու գար։ Այս վերջինի փլատակներուն վրայ մարմին ու կերպարանք կ'առնէր, պետական կառավարման ու քաղաքական իշխանութեան մէջ, ժողովրդային խաւերու մասնակցութիւնը նուիրագործող ժողովրդավարական նոր աշխարհը՝ ազգերու պետական ձեւաւորման, միաւորման եւ անկախացման յաղթական հոսանքին անդառնալի ճնշումին տակ։
Պիսմարք անվիճելիօրէն իր ժամանակին ծնունդը եղաւ՝ Նափոլէոն Պոնափարթով սկսած հին թագաւորութեանց անկումի եւ նոր կայսրութեանց առաջացման յորձանուտին գերմանացի ախոյեանը դառնալով։ Այդ իմաստով է, որ Պիսմարք ոչ միայն Գերմանիոյ միութիւնը կերտեց եւ Գերմանական կայսրութիւնը աննախընթաց հզօրացման առաջնորդեց, այլեւ՝ դաժանօրէն եւ խորամանկութեամբ իր կամքին ու գերման կայսերապետական շահերուն ծառայեցուց 19րդ դարու աշխարհասասան յորձանուտը։
Իրենց ազգային զարթօնքին, միաւորման ու ազատագրութեան համար Արդարութեան եւ Իրաւունքի պայքար մղող շատ ազգեր, փոքր ու տկար ա- ծուները մանաւա՛նդ, Պալքաններէն մինչեւ Մերձաւոր Արեւելք եւ հիւսիսային Ափրիկէ, ոտքի կոխան գացին ինչպէս Բրիտանական, այնպէս ալ Պիսմարքեան Գերմանիոյ մեծապետական յաղթարշաւին։
Զոհաբերուած ազգերու շարքին յայտնուեցաւ նաեւ մեր ժողովուրդը, յատկապէս 1878ի Պերլինի դաշնագրով հայկական իրաւունքներուն դէմ գործուած մեծապետական ոտնակոխումով, Սան Սթեֆանոյի դաշնագրին հայանպաստ 16րդ յօդուածը Պերլինի մէջ 61րդ տխրահռչակ յօդուածով փոխարինումով, որուն քաղաքական ճարտարապետը ինք՝ Պիսմարք հանդիսացաւ, Մեծն Բրիտանիոյ ատենի վարչապետ Տ'իզրայէլիի հետ մեղսակցաբար։
Մեր ժողովուրդին դէմ գործուած իրաւազրկման առաջացուցած դառնութեամբ է, հետեւաբար, որ 1898ի Յուլիս 31ի իր համարով, Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ը, ծաւալուն յօդուածով մը անդրադառնալով Պիսմարքի մահուան, ծայրէ ծայր դատապարտանքի ու դաժանութեան խարանին արժանացուցած է մեծանուն այս գերմանացին։ Ի վերջոյ Պիսմարքին կը պատկանի տխրահռչակ այն յայտարարութիւնը, թէ՝ «ամբողջ Արեւելեան Հարցը չþարժեր բոմերանացի զինուորի մը ոսկորը»...
Այդպէ՛ս ալ մտածեց ու գործեց Պիսմարք Պերլինի Վեհաժողովի ընթացքին, երբ հայ ու պուլկար ժողովուրդներու զոհաբերումով սիրաշահեցաւ Սուլթանը՝ Ցարական Ռուսաստանի դէպի հարաւ ու արեւմուտք ծաւալումը խափանելու եւ Օսմանեան Կայսրութեան անխուսափելի անկումին աւարէն օգտուելու հաշուարկներով։
Պերլինի արեւմուտքը գտնուող Փրուսիական Սաքսոն նահանգի Շէօնհաուզէնի մէջ ծնած էր Պիսմարք 1 Ապրիլ 1815ին։ Թէեւ ուսանեցաւ եւ իր բախտը փորձեց փաստաբանութեան ու ազատ ասպարէզի մէջ, բայց յաջողութիւն չգտաւ եւ ստանձնեց ընտանեկան իր կալուածին ղեկավարումը, որ նիւթապէս լայն հնարաւորութիւններ տուաւ մարմնապէս յաղթահասակ, խոժոռադէմ եւ պահեստի զին-ւորական երիտասարդ ազնուականին։
Կենսագիրներու վկայութեամբ, ընթերցասէր եւ բանիմաց մարդ էր Պիսմարք, որ երիտասարդ տարիքին արդէն, գերմաներէնի կողքին, լաւապէս տիրապետած էր ոչ միայն ֆրանսերէնին, անգլերէնին եւ ռուսերէնին - կը կարդար ու կը գրէր սահուն կերպով, այլեւ՝ Շէյքսփիրի եւ Պայրընի տարողութեամբ մեծ հեղինակներու գրական ժառանգութեան - իր ելոյթներուն եւ նամակներուն մէջ յաճախ կը մէջբերէր անոնց իմաստուն եւ թեւաւոր խօսքերը։
Կեանքն ու իշխանութեան փորձութիւնները Պիսմարքի մէջ կոփեցին աւատապետական դարաշրջանի ազնուականութեան արժէքներու համակարգին մոլեռանդօրէն կառչած մարդու հոգեկերտուածքը, որ անգթութեան ամէնէն բիրտ դրսեւորումներով արտայայտուեցաւ անոր հանրային եւ պետական ասպարէզի ողջ ընթացքին։
Երբ 1870ականներու սկիզբը, Պիսմարքի վարչապետութեամբ, Գերմանիան գրաւեց Ֆրանսան եւ պաշարեց Փարիզը, ուր կիներն ու մանուկները սովամահ կ'ըլլային, դարձեալ «երկաթեայ վարչապետ»ին կը վերագրուի պաշարեալներու հասցէին արտասանուած այն հեգնական ու թունաւոր արտայայտութիւնը, թէ՝ «դեռ չկերա՞ն իրենց մանուկները»...
Այդպէ՛ս միշտ անգութ արտայայտուեցաւ եւ գործեց Պիսմարք՝ տիրանալու համար «երկաթեայ վարչապետ»ի իր դաժանութեան ... «փառք»ին։
Գերմանիոյ կայսերապետական հզօրացման սիրոյն՝ հագուստի պէս դաշնակիցներ եւ զինակիցներ փոխեց։ Աւստրիոյ եւ Իտալիոյ հետ դաշնակցեցաւ՝ Ֆրանսան խեղճացնելու եւ իր ետին ձգելու համար։ Ֆրանսայի հետ զինակցեցաւ՝ Աւստրիան իբրեւ կայսրութիւն ջլատելու եւ Իտալիոյ վրայ ասպատակելու համար։ Ռուսաստանի հետ դաշնակցեցաւ՝ Մեծն Բրիտանիոյ դէպի Արեւելք ծաւալումը սանձելու եւ սեփական կայսերապետութեան հաշւոյն գաղութներ նուաճելու մտօք։ Իսկ Մեծն Բրիտանիոյ հետ մեղսակցեցաւ՝ Ռուսաստանի Պալքաններ էջքը հակակշռի տակ պահելու ռազմավարութեամբ։
Աւելի՛ն. իբրեւ կայսերական Գերմանիոյ փառքի օրերուն կերտիչը՝ Պիսմարք անզիջող կռիւ յայտարարեց ամէն կարգի ազատական բարեկարգումի նախաձեռնութեանց դէմ։ Յատկապէս կատաղի պայքար մղեց ընկերվարական շարժման Գերմանիա մուտքին ու ծաւալումին դէմ՝ ուղղակի արգիլելով անգամ ընկերվարութեան հետ հեռուէն կապ ունեցող գրականութեան հրատարակութիւնն ու տարածումը։
Պերլինի վեհաժողովը եղաւ «երկաթեայ վարչապետ»ին վերջին «սխրագործութիւնը», որ Եւրոպայի տարածքին ու այլուր իր հաստատած անարդար սահմանագծումներով եւ Իրաւունքի շարժումներ խեղդելու վարգածով՝ փաստօրէն նախապատրաստեց Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին պատճառ հանդիսացած մեծ հակասութիւններու վառօդի տակառը։
Իր կեանքի վերջալոյսին Պիսմարք շնորհազուրկ ապրեցաւ։ 1890ին հրաժարեցաւ վարչապետութենէն, քաշուեցաւ իր դղեակը, գրեց իր յուշերը եւ սպասեց ու պահանջեց, որ կայսերական արքունիքը իրմէ խորհուրդ հայցէ եւ ուղղութիւն խնդրէ...
Եւ մինչեւ մահ իր մտերմութեան արժանացուց միայն երկու գամբռեր, որոնք պատմութեան անցան Օթթօ ֆոն Պիսմարքի հռչակին հետ՝ իբրեւ հաւատարմութեան, այլեւ ու մանաւանդ իբրեւ «երկաթեայ վարչապետ»ին դաժանութեան ու կատաղութեան վերջին խորհրդանիշները։
Պիսմարք պատեհապաշտ, դաժան եւ յախուռն բռնակալ մը եղաւ այն աստիճան, որ ատենի սովորական ու պարզ մարդոց տպաւորութեան մէջ, նաեւ հայ իրականութենէն ներս, սկսաւ լայն հող գտնել այն համոզումը, թէ «աշխարհ կը դառնայ ոչ թէ իր առանցքին, այլ... Պիսմարքի մատներուն շուրջ»։

Ն.