Print
Category: Յուշատետր

29 Յուլիս 1904ի թուակիր հեռագիր մը, որ Թաւրիզի վրայով Թիֆլիսէն Ժընեւ՝ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ին ուղարկուած էր, հետեւեալը կը տեղեկացնէր.
«Հայ յեղափոխականների երկու խումբ, բաղկացած 61 հոգուց, որոնց թւում եւ մի հասակաւոր քահանայ, մի բժիշկ, վիրաբոյժ, Մոսկուայի համալսարանի երկու ուսանող եւ բաւականաչափ ուրիշ ինտելիգենտ անձինք, Յուլիս 15/28ի գիշերը կռուի են բռնւում՝ Զարդանիս գիւղի աւերակների մօտ, Էրզրումի վիլայէթում, թուրք սահմանապահ զինուորների եւ քրդերի հետ։ Հայդուկները՝ բաժանուած երկու խմբի, մի վիրաւոր տալով եւ բազմաթիւ զոհեր առնելով թշնամուց՝ կռւում են մինչեւ կէսօր։
«Այդ ժամանակ Օլթիի շրջանի ռուսական սահմանագլխից՝ կոզակներ, պլաստուններ եւ սահմանապահ զինուորներ, թուով աւելի քան 300 հոգի, հրամանատար Բիկովի (Պէքոֆ) եւ մի քանի օֆիցէրների (սպաներ) առաջնորդութեամբ, մտնում են թիւրքաց հողը, շրջապատում հայկական խումբը եւ տեղում խիստ կրակ։
«Հայերը՝ չնայելով իրենց յաջող դիրքերին, ոչ մի գնդակ չեն արձակում ռուսների վրայ եւ շարունակում են կռիւը թիւրքերի հետ։ Քիչ անցած ուղարկում են մի պատգամաւոր ռուսների մօտ եւ բացատրելով իրենց կռուի նպատակը՝ խնդրում են դադարեցնել հրացանաձգութիւնը։ Պատգամաւորը կալանաւորւում է։ Ուղարկւում է երկրորդը։ Նրա հետ՝ միեւնոյն վարմունքը։ Ապա քահանան՝ մի ձեռքին խաչ, միւսում սպիտակ դրօշակ, դիմում է դէպի ռուս զօրքերը, բայց դեռ տեղ չհասած՝ ստորաբար գնդակահար է լինում ռուսներից։ Ի վերջոյ ինքը խմբապետը իր ընկերներով սպիտակ դրօշակը պարզած, իբրեւ վերջին փորձ, շարժւում է դէպի ռուսները, բայց սրանք նրան էլ գնդակահար են անում ընկերների հետ։ Մնացածները ստիպուած են լինում փախուստ տալ։ Ռուսաց կոզակները անպատմելի անգթութիւններ են կատարում։ Մանրամասները՝ նամակով»։
Ահա այսպէ՛ս արձանագրուեցաւ, 110 տարիներ առաջ, Յուլիս 1904ի այս օրերուն, հայ ժողովուրդի ազգային¬ազատագրական պայքարին արիւնալի պատմութեան ամէնէն դառն ու ողբերգական էջերէն մէկը։
Ռուս¬թրքական սահմանին վրայ, Կարսի մերձակայ Օլթիի շրջանին մէջ, Թիֆլիսէն եւ Երեւանէն հաւաքուած ու Սասունի օգնութեան փութացող հայ յեղափոխականներու 61 հոգինոց «Որսկան» արշաւախումբը երկու կրակի մէջ յայտնուեցաւ։ Մէկ կողմէ թուրք սահմանապահներն ու անոնց զօրակցող քիւրտերը, իսկ միւս կողմէ ռուս սահմանապահ ուժերը «գործակցութեան» ձեռք երկարեցին իրարու եւ անխնայ կոտորածի ենթարկեցին հայոց քաջերը։
Առաջին անգամը չէր, որ սահմանը կտրող դաշնակցական ֆետայիները թրքական եւ քրտական յարձակումի կþենթարկուէին։ Բայց առաջին անգամն էր, որ ռուս սահմանապահները այդ աստիճան մոլուցքով եւ դաւադրական ոգիով կռնակէն կը դաշունահարէին բացառապէս թրքական բռնատիրութեան դէմ զէնք բարձրացուցած հայ յեղափոխականները։
Ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի ազգային¬ազատագրական շարժման համար ծանրակշիռ, այլեւ մահացու հարուածներու ժամանակաշրջան մը եղաւ 1904ի ամառը։ Մայիսի վերջերուն Սասնոյ երկրորդ ապստամբութիւնը օրհասական դրութեան մէջ էր։ Ֆետայիներու ղեկավար դէմքերէն Հրայր¬Դժոխք եւ Վահան զոհուած էին։ Անդրանիկ, Գէորգ Չաւուշ, Սեբաստացի Մուրատ, Սեպուհ եւ Սասնոյ լեռներու անպարտելի միւս բոլոր հերոսները, աւելի քան 20 հազար տեղահան դարձած մեր ժողովուրդին գլուխն անցած, նահանջի դիմած էին թրքական եւ քրտական անհամեմատօրէն գերակշիռ զօրքերու յարձակման ու ճնշման տակ։
Հայոց Քաջերուն առաջնորդութեամբ Սասնոյ ժողովուրդը իջաւ Մշոյ դաշտ. միջազգային պաշտպանութիւն պահանջելով մեծապետական Եւրոպայէն։ Բաղդատած անցեալի նմանօրինակ դիմումներուն, 1904ին եւրոպական մեծ տէրութեանց հիւպատոսական միջամտութիւնները համեմատաբար աւելի ազդու եղան եւ որոշ չափով սանձեցին Համիտի ջարդարար ախորժակները՝ փրկելով տեղահան անզէն հայութիւնը ստոյգ բնաջնջման վտանգէն։ Իսկ ֆետայական ուժերն ու անոնց միացած բազմահարիւր հայ զինեալ երիտասարդները շարունակեցին կռիւը՝ հայոց յեղափոխական ուժը ի սպառ ջլատելու ելած թրքական զօրքերու եւ քրտական հրոսակախումբերու դէմ։
Քաղաքական այս շրջագիծին մէջ, Որսկան խումբին վիճակուած եղերական վախճանը եկաւ հաստատելու, թէ Սասնոյ դէմ Համիտի նախաձեռնած ընդհանուր յարձակողականը որոշապէս քաջալերուած էր ցարական իշխանութեանց հայահալած քաղաքականութեան սաստկացումէն, որուն բարձրակէտը եղաւ 1903ին հրապարակուած հայոց եկեղեցապատկան կալուածները բռնագրաւելու ցարական հրամանագիրը։
Համիտ փաստօրէն ունէր այն երաշխիքը, թէ ցարական իշխանութիւնը այս անգամ պիտի չուզէր խոչընդոտել հայոց յեղափոխական ողնաշարը փշրելու իր քայլերը։ Այդ ինքնավստահութեամբ ալ, Համիտ շուրջ 20 հազար զօրք եւ քրտական հրոսակներ արձակեց Սասնոյ քաջարի հայորդիներուն եւ ֆետայիներուն վրայ։ Միաժամանակ շարժման մէջ դրաւ Վասպուրական աշխարհի տարածքին իր ուժերը, որպէսզի նաեւ կարենայ կանխել Վանի Դաշնակցութեան մարտական ուժին օգնութիւնը պաշարուած Սասունին։
Ահա՛ այս խորապատկերին վրայ՝ «Որսկան» խումբին ողբերգութիւնը, իր ամբողջական տարողութեամբ, տեսանելի եւ հասկնալի կը դառնայ։
Արշաւախումբին կազմութիւնը փաստօրէն կþարտայայտէր ամբողջ կովկասահայութիւնը համակած յեղափոխական վճռականութեան ալեկոծումը։ Հայոց ազատագրական շարժման միջնաբերդ Սասունը վտանգուած էր եւ անհրաժեշտ էր փութալ դէպի պաշարուած հայոց արծուեբոյնը։ Հայ երիտասարդութիւնը ոտքի ելած էր՝ Անդրանիկին օգնութեան հասնելու...
Արշաւախումբին նախաձեռնողները վստահ էին, որ 61 մարտիկներով պիտի կարենային յաղթահարել սահմանը անցնելու ճամբուն թրքական եւ քրտական խոչընդոտները, որովհետեւ 1903ի վերջերուն, «Որսկան» խումբի երկու ղեկավարներէն Թորգոմը (Թուման Թումեանց) յաջողած էր, իր «Մրրիկ» խումբով, կտրել միեւնոյն ճամբան եւ առանց կորուստի, կռիւ մղելով, հասնիլ Սասուն, ընդհանուր խանդավառութեան ու ինքնավստահութեան ալիք բարձրացնելով հաւասարապէս թէ՛ ժողովուրդին եւ թէ ֆետայիներուն մօտ։
«Որսկան»ի հայդուկները ոչ միայն լաւապէս զին-ւած էին, այլեւ՝ իրենց հետ Սասուն կը տանէին մեծաքանակ փամփուշտ։ Արշաւախումբը բաժնուած էր երկու մեծ խումբի։ Առաջինին հրամանատարն էր Թորգոմ, իսկ երկրորդին հրամանատարը Որսորդն (Գէորգ) էր։ Երկուքն ալ երիտասարդ, զինուորական պատրաստութեան տէր եւ ֆետայական կռուի մէջ փորձառու մարտիկներ էին։ Արշաւախումբին մաս կը կազմէին նաեւ երկու բժիշկ ու Տէր Ղազար յիսնամեայ քահանան։
Փաստօրէն արշաւախումբը ամբողջապէս պատրաստ էր դիմագրաւելու սահմանին թրքական կողմը իրեն սպասող դժուարութիւններն ու վտանգները։ Նախատեսած չէր, սակայն, ռուսական դաւադրութեան եւ մեղսակցութեան գործօնը։ Եւ ճիշդ կռնակէն ստացուած այդ հարուածն էր, որ աւելիով ծանրակշիռ դարձուց «Որսկան»ի հերոսական ֆետայիներուն վիճակուած ողբերգութիւնը։
Թէ՛ Միքայէլ Վարանդեան, թէ՛ Սիմոն Վրացեան եւ թէ Արամ, «Որսկան» արշաւախումբի ողբերգութեան անդրադարձող իրենց վկայութեանց եւ յուշերուն մէջ, առանձին շեշտով եւ մանրամասնութեամբ կը նկարագրեն ռուս սահմանապահ ուժերու հրանատարին՝ Պէքոֆի հրահանգով կոզակներու գործած կատաղի յարձակումը հայ ֆետայիներուն վրայ։ Թուրք եւ քիւրտ զօրքին դէմ խիզախօրէն կռուող հայ յեղափոխականները անակնկալօրէն կրակի տակ ինկան նաեւ իրենց թիկունքէն։ Ռուս զօրքին վրայ կրակելու վարանեցան՝ յուսալով եւ սպասելով, որ ռուս սահմանապահ հրամանատարը կþանդրադառնայ իր սխալին ու կը դադրեցնէ թուրքերու եւ քիւրտերու դէմ կռուող հայ մարտիկները այդպէս դաւադրաբար կռնակէն դաշունահարելու մեղսակցութիւնը։
Պատահեցաւ ճիշդ հակառակը։ Որքան ֆետայիները իրենց կռիւը կեդրոնացուցին թուրքերուն ուղղութեամբ, այնքան «համարձակ» դարձան ռուս սահմանապահները։ Թորգոմ երեք անգամ բանագնաց, վերջինը՝ Տէր Ղազարը ուղարկեց ռուս հրամանատար Պէքոֆին մօտ, որպէսզի ռուս զօրքին նկատմամբ հայ յեղափոխականներուն ունեցած համակրանքը փոխանցէ եւ ռուսներուն չէզոքութիւնը ապահովէ թրքական զօրքի հետ բռնկած կռուի ընթացքին։ Բայց ոչ միայն բանագնացները կալանաւորուեցան ու սպաննուեցան (Տէր Ղազար  ճերմակ դրօշն ու խաչը ձեռքին ուղղակի սպաննուեցաւ), այլեւ մինչեւ ուշ երեկոյ տեւած կռիւներէն արդէն ուժասպառ դարձած հայ մարտիկները, երբ Թորգոմի առաջնորդութեամբ ճերմակ դրօշ բարձրացնելով սկսան յառաջանալ դէպի ռուս սահմանապահները, Պէքոֆ հրահանգեց անխնայ կրակել անձնատուութեան դրօշ բարձրացուցած հայ մարտիկներուն վրայ։
Այդպէ՛ս, ռուս կոզակներու կրակին տակ զոհուեցան Թորգոմ եւ իր 10-12 ընկերները, որոնք չուզեցին հաւատալ, թէ ռուսը մեղսակից էր թուրքին...
Արշաւախումբին մէջ գտնուեցան նաեւ մարտիկներ, որոնք կռիւ մղելով՝ կրցան ճեղքել թուրք¬ռուսական պաշարումը եւ փրկուիլ։
«Որսկան» արշաւախումբի մնացեալ ֆետայիները, որոնք շարունակեցին թուրքերու դէմ կռիւը, անգութօրէն կոտորուեցան, երբ երեկոյեան ժամը 7ին ռուսեւթուրք զօրքերը միացեալ գրոհով մը յարձակեցան հայոց դիրքերուն վրայ։
Աւելի՛ն. Պէքոֆ եւ իր զինուորները բարբարոսաբար պղծեցին զէն ի ձեռին ինկած հայ ֆետայիներու դիակները...
Հարուածը շատ ծանր եղաւ։
Ցնցուեցաւ ողջ հայութիւնը։
Ամէն կողմէ բարձրացան «վրէժ» պահանջող ձայներ։
Հ.Յ.Դ. Կարսի Կեդրոնական Կոմիտէի որոշումով, քանի մը շաբաթ ետք, 1904ի Օգոստոս 31ին, Օլթիի մէջ Պէքոֆ իր արդար պատիժը ստացաւ եւ ահա- բեկուեցաւ՝ դաշնակցական ահաբեկիչ Համօ Ջամ- փոլատեանի արձակած ատրճանակի երեք փամփուշտներով։
Անշուշտ մեծ էր ռուս հրամանատարին՝ Պէքոֆի անձնական պատասխանատուութեան բաժինը, բայց շատ աւելի ծանրակշիռ էր եւ հեռահար հետեւանքներ ունեցաւ Ցարական Ռուսաստանի շրջադարձը դէպի հակահայ քաղաքականութիւն, որ 1909ին յանգեցաւ Դաշնակցութեան «մաքրագործման» փորձին՝ արեւելահայ մտաւորականութեան եւ ազգային¬քաղաքական գործիչներու սերուցքը բանտերը նետելով...
Իսկ աւելի ահաւորը այն է, որ Որսկան խումբի սպանդին այդպիսի՛ մոլուցքով՝ միացեալ ուժերով գրոհի ձեռնարկած ռուսեւթուրք սահմանապահ զօրքերու «գործակցութիւն»ը նախադէպ ստեղծեց հայոց ժամանակակից պատմութեան քաղաքական ամէնէն դառն ու դաժան պատուհասին համար, որ թուրքեւռուս մեծապետական ուժերու հակահայ մեղսակցութիւնն է։
Հայ Դատին տապարի հարուած հասցնող մեծագոյն մեղսակցութիւնը արձանագրուեցաւ 1920 թուականին, երբ Լենին¬Քեմալ միացեալ գրոհը երկու կրակի մէջ առաւ ու կործանեց Հայաստանի անկախութիւնը։
Մինչեւ մեր օրերը կը թեւածէ ռուսեւթուրք հակահայ մեղսակցութեան ուրուականը եւ հայ քաղաքական միտքը իր մեծագոյն անտեսումներէն մէկը կը գործէ, երբ մտահան կþընէ 1904ի Յուլիսին պաշարուած Սասունին օգնութեան փութացող «Որսկան» խումբին դէմ գործուած սպանդով սկսած եւ պարբերաբար պարզուած թուրքեւռուս «գործակցութեան» հայակործան դասերը։
Ռուսեւթուրք միեւնոյն մեղսակցութեան նորագոյն դրսեւորումներէն է Հայաստանի ու յատկապէս Արցախի դէմ Ատրպէյճանը զինելու եւ արիւնալի նոր բախումի մը հաւանականութիւնը սրելու ռուսական մերօրեայ քաղաքականութիւնը։

Ն.