Print
Category: Յուշատետր

«1. Պէտք է նկատել աշխարհաբարն իբրեւ դիւրացուցիչ եւ իբրեւ առաջին աստիճան՝ գրաբարի ելլելու:

«2. Պէտք է նկատել գրաբարն իբրեւ էապէս հարկաւոր՝ աշխարհաբարի կատարելութեանը:
«Ասանկո՛վ կարելի է տեսնել մեր ներկայ եւ ապագայ գրականութեան պայծառութիւնը:

«Աշխարհաբարը գրաբարէն ինչպէս իր ծնունդն առած է, նոյնպէս դեռ իր զարդարանքը, մանաւանդ թէ դեռ իր հոգին ու շունչը կ'առնէ: Միշտ ստոյգ կը մնայ, թէ նոր լեզուի մը բոլոր գանձը հինին մէջն է, եւ հինն ստացողը տիրած է նորին»:
Այսպիսի՛ ժողովրդային պարզութեամբ եւ գիտական խորաթափանցութեամբ զինուած լեզուագէտ ու քերականագէտ էր Հայր Արսէն Այտընեան, որուն վախճանման 112րդ տարելիցը կþոգեկոչենք Յուլիս 21ի այս օրը։
1902 թուականի Յուլիսի այս օրը հայ ժողովուրդը կորսնցուց իր հոգեւորականութեան ամէնէն գիտուն եւ մեծավաստակ ներկայացուցիչներէն Հայր Արսէն Այտընեանը։
1866էն մինչեւ 1902ի իր վախճանը, Հայր Արսէն Այտընեան եղաւ Աբբահայրը Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան։ Լեզուագէտի, քերականագէտի եւ արուեստագէտի իր վաստակով՝ ան դարձաւ հայոց աշխարհաբարի գիտական ուսումնասիրման եւ հունաւորման նախակարապետը, որուն մօտեցումներն ու տեսաբանական եզրայանգումները մինչեւ այսօր ուղեցոյցի նշանակութիւն ունին հայ լեզուագէտներուն եւ քերականագէտներուն համար։
Ծնած էր 19 Յունուար 1825ին, Պոլիս, ուր չորս տարի տեղական նախակրթարան յաճախելէ ետք, 10 տարեկան մանուկ հասակին, 1835ին, ղրկուած էր Վիեննա՝ Մխիթարեան Միաբանութեան աշակերտելու համար։
Ուսումնատենչ պատանիին առջեւ բացուեցաւ ոչ միայն հոգեւորական իր կոչումին իրականացման լայն ասպարէզ, այլեւ լեզուագիտական եւ բանասիրական իր ունակութեանց ու հետաքրքրութեանց բաւարարման եւ ընդլայնման անպարագիծ ամբողջ աշխարհ մը։
Հայր Արսէն Այտընեանի կեանքը այդպէ՛ս հարստացաւ ու հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութիւնը հարստացուց կոթողական գործերով։ Յատկապէս 1866ին լոյս տեսած «Քննական քերականութիւն աշխարհաբար կամ արդի հայերէն լեզուի» իր աշխատութիւնը գլուխ-գործոց մըն է, որ հետագայ բոլոր լեզուագէտներու վկայութեամբ նոր դարաշրջան բացաւ հայոց լեզուագիտութեան եւ քերականագիտութեան առջեւ։
Նորօծն վարդապետին երիտասարդական տարիները անցան Զմիւռնիայի եւ Կ. Պոլսոյ մէջ, ուր ան կոչուեցաւ կրթական բեղուն գործունէութեան՝ միաժամանակ իր բոլոր ուժերով նուիրուելով լեզուաբանի գիտական աշխատանքին։ Լեզուներ սորվելու բացառիկ ընդունակութիւն ունէր եւ հին թէ նոր 7 լեզուներու՝ հայերէնի կողքին իտալերէնին, ֆրանսերէնին, անգլերէնին, գերմաներէնին, արաբերէնին եւ թուրքերէնին կատարելապէս կը տիրապետէր։
1866ին ընտրուեցաւ Աբբահայր Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան եւ այնուհետեւ, մինչեւ մահ, երեք ուղղութիւններով մեծարժէք վաստակ մը կապեց իր անունին։
- Իբրեւ մանկավարժ՝ ամբողջ սերունդներ հասցուց իր մտքի եւ հոգիի շունչով ու լոյսով։
- Իբրեւ հայ մտքի մշակ՝ 1887ին հիմը դրաւ Վիեննայի Մխիթարեաններու «Հանդէս Ամսօրեայ» գիտական պարբերականին, որ իր անխափան հրատարակութեամբ եւ հրապարակ բերած մտաւորական ուժերով՝ ուրոյն դպրոց մը դարձաւ հայոց հետագայ սերունդներուն համար։
- Յատկապէս լեզուագիտական, քերականագիտական եւ բանասիրական աշխատութեանց բնագաւառին մէջ, Հայր Արսէն Այտընեան նուաճեց բարձունք մը, որ հայ ժողովուրդի մեծանուն անմահներու շարքին արժանաւոր տեղ ապահովեց իրեն։
Հայր Արսէն Այտընեան ապրեցաւ ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ լեզուագիտութիւնը ընդհանրապէս կը բոլորէր որոնումներու հանգրուանը։
Մինչ այդ լեզուագիտութեան մէջ կ'իշխէր բնագիտական դպրոցը, որ լեզուներուն կը նայէր իբրեւ բնական օրկանիզմներ՝ լեզուներու կազմաւորման ու զարգացման մէջ վճռորոշ նշանակութիւն տալով բնախօսական գործօններուն։
Այտընեան կանուխէն վիճարկեց բնագիտական դպրոցի ընդհանուր մօտեցումը եւ ընտրեց հասարակական հայեցակարգը՝ լեզուներու բնաշրջական զարգացման տեսութեան փարելով եւ մայրենի լեզու-ազգային հասարակութիւն փոխազդեցութեան տալով հիմնական կարեւորութիւն։
Այդ մօտեցումով Հայր Արսէն Այտընեան լծուեցաւ հայոց լեզուի զարգացման հոլովոյթը գիտականօրէն բնորոշելու, բնաշրջման փուլերու բաժնելու եւ դասակարգելու աշխատանքին։
Հին հայերէնի պատմական զարգացման տարբեր շրջանները, միջին հայերէնի առաջացումն ու բիւրեղացումը, բայց մանաւանդ աշխարհաբարի երկու ճիւղերով՝ արեւմտահայերէնով եւ արեւելահայերէնով զարգացումը գիտական հայեցակարգի բերուեցան Այտընեանի աշխատասիրութիւններով։
Նոյնպիսի ընդգրկումով ան լծուեցաւ նաեւ հայոց բարբառներու ուսումնասիրութեան եւ գիտական վերծանման՝ աշխարհագրական բաժանումներու հիման վրայ անոնց իւրայատուկ բարեշրջման հոլովոյթը ներկայացնելով եւ համապատասխան դասակարգում կատարելով։
Անշուշտ իր որոշակի ծայրայեղութիւններն ալ ունեցաւ Հայր Այտընեան, որ հայոց լեզուի բնաշրջական հոլովոյթը հայոց հասարակական զարգացման կշռոյթին կապելու իր հետեւողական ճիգին մէջ, հետագայ լեզուագէտներու վկայութեամբ, յանգեցաւ բացարձակապաշտութեան՝ պաշտպանելով այն տեսակէտը, որ ք.ե. հինգերորդ դարուն տարբեր հայերէններ կը գործածէին հայ ժողովուրդի ռամիկ խաւերն ու իշխանաւոր ազնուականութիւնն ու կղերը։
Բայց այդ չափազանցութիւնները ոչինչ կը պակսեցնեն Հայր Արսէն Այտընեանի մեծավաստակ ներդրումէն հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան գանձարանին մէջ։
Ընդհակառակն կը շեշտեն Այտընեանի գործին եւ վաստակին հսկայական արժէքն ու կարեւորութիւնը՝ հայոց լեզուն արդի ժամանակներու գիտական պաշարով ուսումնասիրելու եւ կարգաւորելու կենսական բնագաւառին մէջ։
Իբրեւ այդպիսին՝ 112 տարի առաջ այս օրը իր քրտնաջան աչքերը առյաւէտ փակած Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան Աբբահայրը, իր մեծավաստակ գործով, դարձաւ նահապետը նոր ժամանակներու հայութեան լեզուագիտական զարթօնքին։

Ն.