- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
- Դպրոցական տարեշրջանը վերջ գտած է Հայաստանի տասը բարձրագոյն վարժարաններուն մէջ: Մօտաւորապէս 3500 երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ մասնագէտ դարձած են գիտութեան եւ թեքնիկի գրեթէ բոլոր կարեւոր բնագաւառներուն մէջ- բնագիտութեան, քիմիագիտութեան, աստղաբաշխութեան, ինքնագործութեան, հեռավարութեան, աշխարհագիտութեան եւ ճարտարապետութեան բնագաւառներուն մէջ:
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
- Տաթեւի ջրելեկտրակայանը մէկն է Զանգեզուրի Որոտան գետին վրայ շինուելիք եօթը ջրելեկտրակայաններէն, որոնց երեքը՝ Ատրպէյճանի սահմաններուն վրայ: Տաթեւի ջրելեկտրակայանը պիտի ըլլայ ամէնէն մեծը՝ երեսուն քիլոմեթր երկարութիւն ունեցող շինութիւններով: Ջուրը դէպի կայանի փոթորակները (թիւրպին) պիտի հասնի վեց հարիւր մեթր բարձրութենէ մը՝ երկու քիլոմեթր երկարութեամբ ջրմուղով:
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ...Պոլսոյ «Մարմարա» թերթին մէջ լոյս տեսած է հետեւեալ թղթակցութիւնը.- Չեխոսլովաքիոյ մայրաքաղաքին՝ Փրակայի մէջ տեղի ունեցաւ հմաքրիստոնէական խաղաղութեան առաջին ժողովը,
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
- Թեսաղոնիկէի «Անաթոլիա» գոլէճի շրջանը փայլուն յաջողութեամբ աւարտեցին հետեւեալ հայուհիները.- Տիրուհի Գալֆայեան, Նատիա Մարուքեան, Մատլէն Գույումճեան եւ Եղիսաբէթ Էսկիճեան: Իսկ Արմենուհի Հեքիմեան յաջող կերպով աւարտեց «Գալամարի» գոլէճը:
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
- Աթէնքի «Էլեֆթերիա» առաւօտեան մեծ օրաթերթի Սան Ֆրանսիսքոյի թղթակից Ս. Ն. Ղրանիցաս կը գրէ իր թերթի 13 Յուլիս թիւին մէջ: Հրապարակային հաւաքոյթներու համար Յունաստանի ամէնէն մեծ սրահներէն մէկը պիտի կառուցուի Գոքինիոյ մէջ, Փիրիա: