Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Յունիս 1ին զուգադիպող երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան օրէն մէկ օր առաջ ներկայ գտնուեցանք Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրի եզրափակիչ հանդիսութեան,

որուն ընթացքին 69 հրեշտակներ բեմ բարձրանալով ներկաները փոխադրեցին իրենց երանելի եւ անմեղ աշխարհը՝ պահ մը մոռցնել տալով առօրեայ կեանքը՝ իր հեւքով, դժուարութիւններով եւ մտահոգութիւններով: Այս իմաստով բուժական եղող հանդէսի աւարտին, Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ իր խօսքին մէջ իրաւամբ ընդգծեց հայկական վարժարանի մէջ գործող մանկամսուրներու կարեւորութիւնը:

Մանկամսուրներու գոյութիւնը ներկայիս փրկութեան լաստ մըն է ծնողներուն համար, որոնք արդի կեանքի պայմաններուն բերմամբ ստիպուած են աշխատիլ իրենց ընտանիքին ծախսերը հոգալու համար: Ստեղծուած կացութեան մէջ հայկական վարժարաններու մէջ մանկամսուրներու գոյութիւնը յատուկ նշանակութիւն մը ունի հայ ծնողներու այն մեծամասնութեան մօտ, որոնք ի տարբերութիւն իրենց պարտաւորութիւնը սպասուհիներու ուսերուն բեռցնողներուն, իրենց զաւակներուն հոգատարութեան նկատմամբ պատասխանատու եւ լուրջ վերաբերմունք ունին, ինչպէս նաեւ իրենց զաւկին հայ ինքնութեան կազմաւորման նկատմամբ նախանձախնդիր են:
Աստուածատուր զաւակներու խնամքը ընդհանրապէս, եւ մասնաւորաբար երբ անոնք հազիւ 2-3 տարեկան են, մեծ պատասխանատուութիւն մըն է, թէ՛ մարդկային եւ թէ՛ կրօնական գետնի վրայ: Պայմաններու բերմամբ այդ պատասխանատուութենէն մաս մը կարելի է զիջիլ միայն հարազատին՝ այս պարագային հայկական վարժարանին, որ վստահելի է եւ կրնայ ապահո-վել անոնց հոգատարութեան տարբեր երեսները:
Հայկական վարժարաններուն մաս կազմող մանկամսուրները ոչ միայն այդ հիմնական պահանջները կը բաւարարեն, այլ նաեւ հայեցի դաստիարակութեան եւ կրթութեան բնական միջավայրեր են: Կեանքի ներկայ պայմաններուն մէջ այսպիսի մանկամսուրներու գոյութիւնը հրամայական մըն է եւ այլընտրանքներ կ՛ապահովէ հայ ծնողներուն, որոնք ըստ յարմարութեան, կրնան ընտրել մէկը կամ միւսը՝ իրենց երեխաները հեռու պահելով շահադիտական նպատակներով սունկի պէս բուսած անձնական մանկամսուրներէն, որոնց մէջ խնամքին մասին երբեմն ժխտական պատմութիւններ կը լսենք:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ