Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Իզմիռի ոտնագնդակի առաջին հայկական խումբը «Արմենիա»ն, կազմուեցաւ 1900ին, շնորհիւ Պետրոս Մելիքեանի ջանքերուն։

Խումբին կը մասնակցէին՝ Մկրտիչ Եանըգեան, Թորոսեան, Գասպար Թովմասեան, Օհան Մանիկեան, Գուրգէն, Հրանդ Փափազեան, Սրապիոն Յակոբեան, Յովհաննէս Պալապանեան, Չարլս Ռաութհ - մայրը հայ - Զարեհ Գույումճեան, Վրոյր եւ ուրիշներ։ Զարեհ Գույումճեան, բարձրահասակ եւ բացառիկ կարողութեամբ նշանաւոր մարզիկ մը եղած է։


Իզմիռ հաստատուած անգլիացիներէ կազմուած «Պուռնովա» ոտնագնդակի խումբը, երբ Աթէնքի 1896-ի միջազգային առաջին ողիմպիական մրցումներուն մասնակցելու հրաւիրուեցաւ, անգլիացիք իրենց խումբը զօրացնելու համար Զարեհն ալ տարին Աթէնք։
Մրցումներուն, Զարեհ իր բացառիկ խաղարկութեան եւ մարզական ոգիին համար արժանացաւ բոլորի գնահատանքին։
«Արմենիա» պաշտօնական հանդիպումներ կ'ունենայ անգլիական «Պուռնովա», «Պուճա» եւ անգլիական ու տեղական, ինչպէս նաեւ յունական «Բանիոնիոս», Գորտէլիոյի «Արիս», Գարաթաշի «Բելոբս» եւ «Աբոլոն» խումբերուն հետ, ապահովելով պատուաբեր արդիւնքներ։
1908-ի սահմանադրութենէն ետք, Իզմիռի մէջ, հետզհետէ կը կազմուին հայկական ոտնագնդակի «Վասպուրական», - լաւագոյնը - «Քնար», Գարաթաշի «Վարդանեան» եւ Գորտէլիոյի խումբերը։
1910-ին, շնորհիւ Հայ Որսորդաց Ակումբի եւ մանաւանդ Մկրտիչ Եանըգեանի անխոնջ ջանքերուն, ոտնագնդակի հայկական նորակազմ խումբերու լաւագոյն եւ երիտասարդ բոլոր ուժերը «Արմենիա» խումբին շուրջ համախմբուելով, լաւագոյն խումբերէն մէկը կը կազմեն։ Խումբին կազմը կ'ըլլայ. - Օհան Մանուկեան, Չարլս Ռաութհ, Գէորգ Յաբէթեան, Բարքէնոն, Յարութիւն Թոքաթլեան, Արտաշէս Ղարիպեան, Կարօ Յովհաննէսեան, Սարգիս Թիւթինճեան, Հրանդ Փափազեան, Լեւոն Քէշիշեան եւ Պօղոս Պերկամալեան։
Մինչեւ 1914 - պատերազմի սկիզբները, շնորհիւ իրենց լաւ խաղարկութեան, Մկրտիչ Եանըգեան, Գէորգ Յաբէթեան եւ Հրանդ Փափազեան, Իզմիռի խառն խումբի անբաժան մասը կը կազմէին։
1911-ին, «Արմենիա» առաջին անգամ ըլլալով կ'արձանագրուի Իզմիռի ոտնագնդակի յունական ֆետերասիոնին։ Նոյն տարին ֆետերասիոնի ախոյենութեան մրցաշարքի խաղերուն «Արմենիա» բոլոր խումբերը յաղթելով, պաշտօնապէս շրջանի ախոյեանը կը հռչակուի։
Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի կ'ունենայ ազգային Հռիփսիմեան աղջկանց վարժարանի ընդարձակ սրահին մէջ, ներկայութեամբ 1922-ի Իզմիռի Աղէտին նահատկուած տեղւոյն յուոնաց մետրոպոլիտ Գեր. Խրիսոսթոմոս Սրբազանի, ֆետերասիոնի անդամներու եւ բազմահանդիսականներու, ուր «Արմենիա» խումբը ախոյենութեան արծաթէ բաժակը եւ մարզիկները մետալներ ստանան։
Հանդիսութենէն ետք, «Արմենիա» խումբի շրջապատուած համակիրներով եւ հայկական ֆանֆառի առաջնորդութեամբ, ճամբու տեւողութեան ժողովուրդի համակրական եւ խանդավառ արտայայտութիւններու մէջ կ'երթան Որսորդաց Ակումբի սրահը, տօնակատարելու մեծ յաղթանակը։
Նոյն տարին, «Արմենիա» կը հրաւիրուի Պոլիս, տեղւոյն վրայ կ'ունենայ «Կալաթա Սերայ», «Հայկական Միացեալ», «Ֆենէր Պահչէ», եւ Պոլսոյ միացեալ խումբերուն հետ, հանդիպումներ ու կ'ապահովէ լաւագոյն արդիւնքներ եւ մամլոյ եւ մարզասէր հասարակութեան գնահատանքին կ'արժանանայ։
Համաշխարհային առաջին պատերազմը սակայն, պատճառ կ'ըլլայ որ հայկական մարզական բոլոր խումբերը ցրուին։
Պատերազմի աւարտին, 1918-ին, «Արմենիա»ի լաւագոյն խաղացողներէն Կարապետ Յովհաննէսեանի անատոլուի խորհերը նահատակուած ըլլալու լուրը կը հասնի Պոլիս։
Շնորհիւ Վարպետեան եղբայրներու ջանքերուն, Մալթայէն ոտնագնդակի գոյքեր բերելով, կը վերակազմուի Որսորդաց Ակումբը, «Արմենիա»ն, եւ ոտնագնդակի չորս միութիւնները։
Վերակազմուած «Արմենիա»ին մաս կը բերեն մարզիկներ՝ Հայկ Տէտէյեան, Գէորգ Յաբէթեան, Խորէն Ահարոնեան, Միհրան Սարաֆեան, Յարութիւն Թոքաթլեան, Արտաշէս Գարաճեան, Արտաշէս Ղարիպեան, Մանուկ Հէքիմեան, Համբարձում Կիւտէնեան, Օհան Օհանեան, Քէշիշեան, Մկրտիչ Յաբէթեան, Կարօ Շահինեան, Զ. Մինասեան եւ Ապրօ Ֆընտըքեան։
1922-ի Իզմիռի աղէտին, «Արմենիա»ի եւ յունական խումբերու տղաքը կը յաջողին ապաստանիլ Յունաստան եւ մեծ մասամբ Աթէնք։ Հելլէն պետութեան օժանդակութեամբ, շուտով կը վերակազմուի Իզմիռի յունական «Բանիոնիոս» խումբը եւ որուն կþարձանագրուին նաեւ մարզիկներ Գէորգ եւ Մկրտիչ Յաբէթեաններ, Համբարձում Կիւտէնեան եւ Խորէն Ահարոնեան։
Մրցումներու շրջանը հազիւ լրացած, նախանձախնդրութենէ մղուած հայ տղաքը, Աթէնքի մէջ կը կազմեն «Արմենիա» ոտնագնդակի խումբը, որուն սկզբնական շրջանին կը մասնակցին, Հայկ Տէտէյեան, Գ. Յաբէթեան, Խորէն Ահարոնեան, Միհրան Սարաֆեան, Արտաշէս Գարաճեան, Յարութիւն Գպրզլեան, Համբարձում Կիւտէնեան, Պոլսեցի Մանուկ, Մը- կըրտիչ Յաբէթեան, Կարօ Շահինեան, Զարեհ Մինասեան, Վահան Պոզուկեան եւ Հայկ Հայկազ։
Նորակամզ խումբը յունական խումբերու հետ հանդիպումներ ունենալով կþապահովէ լաւ արդիւնքներ։
1924-ին, Փարիզէն Աթէնք կու գայ մարմնամարզի վկայեալ ուսուցիչ՝ Մկրտիչ Մամուլեան որու նախաձեռնութեամբ որոշ ազգայիններու խորհրդակցական մէկ նիստին, կը կազմուի Յունաստանի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաջին վարչութիւնը, յանձին՝ Առաքէլ Պետրոսեանի (ատենապետ), Ստեփան Տամլամայեանի (ատենադպիր), Պատուելի Աճէմեանի (գանձապահ), Գէորգ Յաբէթեանի (մարզական ճիւղերու պատասխանատու), Պետոս Գայեանի (սկաուտիզմի պատասխանատու) եւ Հայկ Տէտէեանի, Արտաշէս Յակոբեանի եւ Սեդրակ Նիկողոսեանի (խորհրդականներ)։ Նորակազմ Հ.Մ.Ը.Մ.ը, հելլէն մարզական եւ սկաուտական ֆետերասիոններու կողմէ պաշտօնապէս ճանչցուելով կը մասնակցի ոտնագնդակի մրցումներուն եւ սկաուտական ելոյթներուն։
Յիշենք թէ՝ 1924-25 մարզական շրջանին, Հ.Մ.Ը.Մ. իր ունեցած յաղթանակներով կը հասնի մինչեւ աւարտական խաղերուն, ուր կը մնան չորս խումբեր՝ «Աէք», «Բանաթինայիքոս», «Աթրոմիթոս» եւ «Հ.Մ.Ը.Մ.»։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ին կը վիճակուի մրցիլ «Աէք»ի հետ, իսկ «Բանաթինայիքոս»ին «Աթրոմիթոս»ին հետ։ «Բանաթինայիքոս»-«Աթրոմիթոս» մրցումը կ'աւարտի 4-0, «Բանաթինայիքոս»ի յաղթանակով։
Հ.Մ.Ը.Մ. - «Աէք» մրցումը տեղի կþունենայ 1925 Փետրուար 25-ին, «Բանաթինայիքոս»ի դաշտին վրայ, բազմահազար հայ եւ յոյն մարզասէրներու ներկայութեան, հետաքրքրաշարժ մթնոլորտի մը մէջ։ Հակառակ երկու կողմերու ճիգերուն, ոչ մէկ կէտ կը նշանակուի եւ խաղը կ'աւարտի հաւասարութեամբ 0-0։ Մարզական կանոններու համաձայն, բաժակի խաղերուն, պայման է որ խումբերէն մին յաղթական դուրս գալ։ Որով՝ խաղը իր կանոնաւոր աւարտումէն ետք կէս ժամով եւս կ'երկարաձգուի։
Հոս սակայն բախտը չի ժպտիր Հ.Մ.Ը.Մ.ին. վերջին վայրկեանին, իր բերդապահի մէկ ակամայ սխալէն օգտուելով «Աէք» կը յաջողի նշելու իր միակ յաղթական կէտը եւ որմէ ետք արդէն խաղը կը լրանայ։
Այս հանդիպումին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի կազմը հետեւեալն էր.- Մանուկ Իւթիւճեան, Յարութիւն Գբրզլեան, Մկրտիչ Յաբէթեան, Կարօ Շահինեան, Գէորգ Յաբէթեան, Համբարձում Կիւտէնեան, Հայկ Տէտէեան, Վահան Պոզիկեան, Հայկ Պարսիկեան, Խորէն Ահարոնեան, Միհրան Սարաֆեան, Արտաշէս Գարաճեան, Զարեհ Մինասեան եւ Մուրատ ու Սերովբէ։


Կ. Գ.