Մոնտիալ է դարձեալ. ֆութպոլի սպասուած տօնը, տօնահանդէ՛սը: Աշխարհի չորս ծագերուն տօնական ցնծութիւն է 32 օր: Մարդկութիւնը կ՛ապրի մոնտիալի կշռոյթով, մրցակցութեան, բախտի եւ յաղթանակի անսահման վայելքով: Երազն ու իրականութիւնը խառնուած են իրարու: Մարզասէրներ ֆութպոլի անցեալը, ներկան ու ապագան կը փորձեն տեսնել մոնտիալի ընդմէջէն:
Բոլոր ճամբաները կը տանին… Պրազիլ, ուր մոնտիալի կազմակերպիչները կը խոստանան ներկայացնել անմոռանալի ու գեղեցիկ աւարտականներ: Գեղեցիկ աւարտականներ՝ գեղեցիկ ֆութպոլի հայրենիքին մէջ, ուր Փելէն եւ Կարինչան, Զիքոն եւ Սոկրատեսը, Ռոմարիոն եւ Ռոնալտոն ֆութպոլի պատմութեան փառքը հիւսած են յաղթանակի իրենց սամպաներով:
Գրաւիչ է մոնտիալը՝ կախարդական նկատուելու աստիճան: Մոնտիալի «փոքրիկ կախարդ»-ին՝ կլոր գնդակին շուրջ կը միանան աշխարհի բոլոր ժողովուրդները: Կը խօսին անոր լեզուով: Կ՛ենթարկուին նոյն օրէնքներուն եւ պատիժներուն: Քաղաքականութեան բաժնածը կը միացնէ մոնտիալը: Կրօնական, ցեղային թէ գաղափարական բոլոր տարբերութիւնները կը ջնջէ ան:
Իր գրաւչութեամբ, մոնտիալը կը մօտեցնէ ժողովուրդներու աշխարհագրական հեռաւորութիւնները, կը հեռացնէ հարուստ-աղքատի անոնց ընկերային պատնէշները: Կանաչ դաշտերու շուրջ բոլորը երկրպագուները կը դառնան միեւնոյն «կրօն»-ին՝ ֆութպոլին: Մոնտիալը աշխարհի նորագոյն այս «կրօն»-ին կարեւորագոյն «ծիսակատարութիւններէն» մէկն է:
Մոնտիալը նորութիւններու մրցաշարքն է նաեւ: Բոլորը անհամբեր կը սպասեն չորս տարին անգամ մը ծնող ֆութպոլի նոր աստղերուն («կրօն»-ի չաստուածներուն), մարզիչներու նորարար խաղաոճերուն, համակիրներու գիւտարար խենթութիւններուն: Ուշագրաւ նորութիւնները կը հետաքրքրեն բոլորը: Արիւնը կ՛եռայ մարզասէրներու երակներուն մէջ, հոգիները կը լեցուին խանդավառութեամբ, սիրտերը՝ անձկութեամբ.
- Օ՛ն, յառա՜ջ, դէպի փոքր քառակուսի, հարուածէ՛, կոոո՜լ…
Կոլէն ետք կարգը կու գայ հռչակին ու համբաւին: Մոնտիալը ամէնէն աւելի փայլելու եւ անուն շահելու տեղն է: Մոնտիալին փայլող ֆութպոլի աստղեր կրնան գնուիլ ու ծախուիլ աստղաբաշխական գումարներով:
Անշուշտ, կայ նաեւ ազգային արժանապատուութեան հարցը: Մոնտիալի մասնակից խումբերը կը ցանկան ու կ՛երազեն իրենց հայրենիքները վերադարձին դիմաւորուիլ օդակայաններու մայր դռներէն, յաղթական հերոսներու վայել ընդունելութեամբ: Ո՞վ պիտի փափաքէր դուրս գալ օդակայաններու ետեւի դռներէն, լոլիկի եւ հաւկիթի տարափներու տակ…:
Կամենալը սակայն այս պարագային կարենալ չէ: Մրցակից 32 խումբերուն համար ալ օրացոյցի բախտի վերջին թերթիկը կախուած է պատէն: Խումբերէն 31-ը պիտի պատռեն ու նետեն զայն մոռացութեան գիրկը, իսկ միայն մէկը, փրցուածին փոխարէն, 13 Յուլիս 2014-ին տեղ պիտի զետեղէ մոնտիալի ախոյեան հռչակման ի՛ր թերթիկը:
Բախտն ու բաժակը խումբերէն մէկուն կրնան ժպտիլ: Մենք կը սպասենք այդ ժպիտին, Պրազիլի մոնտիալի գեղեցկագոյնի՛ն:
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ՄԱՐԶԻԿ»-Ի
ՄՈՆՏԻԱԼԻ ՅԱՏՈՒԿ ԹԻՒԻ
-------------
ՔՍԱՆԵՐՈՐԴ ՄՈՆՏԻԱԼԻ
ՀԱՅ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐԸ
Թէեւ Հայաստան դուրս մնացած է Աշխարհի ոտնագնդակի աւարտական մրցաշարքէն՝ մոնտիալէն, սակայն երկու սփիւռքահայեր, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աշխարհի ամենէն աւելի խանդավառութիւն ստեղծող եւ ժողովրդականութիւն վայելող այս մրցաշարքին: Այս երկու հայորդիներն են Իրանահայ Անդրանիկ Թէյմուրեանն ու Իտալահայ Մաթէօ Տարմեանը:
Ասիոյ ցամաքամասի ներկայացուցիչը համեմատած Եւրոպահային, շատ աւելի ծանօթ է, մանաւանդ որ երկրորդ անգամ ըլլալով իր մասնակցութիւնը կը բերէ այս մրցաշարքին: 31 տարեկան միջնապահ Թէյմուրեան (ծնած՝ Մարտ 6, 1983-ին) որ ճանչցուած է նաեւ Անդօ ծածկանունով, 2010-ի մոնտիալին Հարաւային Ափրիկէի մէջ եղած էր իր կազմի լաւագոյն մարզիկներէն մէկը, եւ մամուլը, օրին անդրադարձած էր իր հայ ծագումին մասին: Ան քանի մը տարի մաս կազմած է բրիտանական կազմերու, որոնց կարգին՝ Պոլթըն եւ Ֆուլհամ:
Համեմատաբար անծանօթ մըն է Իտալահայ Մաթէօ Տարմեանը…գէթ սփիւռքահայութեան համար: Ոտնագնդակի սիրահարներ քաջատեղեակ են, եւ մօտէն կը հետեւին այս երիտասարդ յետսապահի սխրանքներուն: Պատանի տարիքէն Ա.Սէ. Միլանի անդամակցած, ան այժմ մաս կը կազմէ Ա.Սէ. Թորինոյին: Ծնած Դեկտեմբեր 2, 1989-ին, Տարմեան նոր միացած է ՝՝Սքուատրա Ազզուրա՝՝ին, եւ մեծ վստահութիւն կը ներշնչէ մարզիչ Չեզարէ Քլաուտիօ Փրատելլիին: Անցեալ շաբաթավերջին, Անգլիոյ դէմ 2-1 արդիւնքով յաղթանակին, Տարմեան աջ յետսապահ դիրքի վրայ լաւապէս կատարեց իր պաշտօնը: Անոր ծննդավայրն է Միլանոյի մօտակայքը գտնուող՝ Լենիանօ քաղաքը:
---------------
Ֆութպոլային աղմկարարութիւն եւ… խաղաղութիւն
Ձեր ծանօթ գրասէր բարեկամը՝ Կեդրոնականցի Արմենակ, չեմ գիտեր ինչո՛ւ, Զարեհ Խրախունիէն զոյգ բանաստեղծութիւններու պատճէնա- հանուած էջերը բերաւ:
Սեղանիս վրայ դրաւ եւ գնաց:
Կը դիտէի Լիբանանի գունազարդումը դրօշակներով, ոչ թէ այս կամ այն երկրին հանդէպ սէր սնուցանելու համար, այլ կողմնապաշտութեամբ, այդ երկրի «ոտնագնդակ»-ի խումբին համար, խումբ, զոր մարդիկ տեսած են… հեռատեսիլէն կամ անոնց մասին հազուադէպօրէն կարդացած են թերթի մը սիւնակներէն: Դրօշակային զբօսաշրջութիւն:
Բարեկամի մը վաճառատան մէջ բազմերանգ դրօշակներ կային, երկար ձողով, կարճ ձողով, կը կենային, կ’ընտրէին, կտաւը կը քնէին: Ի վերջոյ կը վճարէին… չնչին գումար մը, 500 լիբանանեան թղթադրամ, երկրի մը մէջ, ուր նուազագոյն մանրադրամը 250 է: Կը մեկնէին գոհունակութեամբ, իրենց ախոյեանը ընտրած ըլլալով:
Ոտնագնդակ
Քիչ բան
Քիչ բան այնքան
Կը մօտեցնէ կը միացնէ կը միաձուլէ մեզ իրարու
Որքան գնդակը որ կը վազէ ոտքէ ոտք
Կամ ոտքերը տասնըմէկ զոյգ
Որ կը վազեն այդ գնդակին ետեւէն.
Հիմա
Հիմա-իբրեւ վերջին յոյս
Կը սպասենք որ շատ զօրաւոր խումբ մը գայ
անջրպետի յառաջացեալ մէկ կէտէն
Որպէսզի մեր այս աշխարհը բազմաբաժան
Ըլլայ մէկ սիրտ մէկ հոգի
պոռայ կանչէ մէկ բերնէ
շարժի գործէ միակամ
Ու կարկտան կապոց դարձած երկրագունդն այս ձեւազեղծ
Վերածուի
Մեծ ու պզտիկ
Հնգանկիւններով վեցանկիւններով կազմուած
Հսկայական գնդակի մը գունագեղ…:
(Զարեհ Խրախունի, 14.6.1987)
Բանաստեղծին համար ՈՏՆԱԳԸՆԴԱԿ-ը «կը միացնէ, կը միաձուլէ մեզ իրարու»… Ի՜նչ պարզամտութիւն: Ձեւականութիւն, մակերեսայնութիւն, դատարկի համար խանդավառութիւն… միլիառներու ծախս՝ ոչինչ արտադրելու համար, ո՛չ սոխ, ո՛չ տետրակ, ո՛չ իսկ այդ գումարներով ծածկ մը՝ աներդիք մնացողներու գլխուն վրայ: Մարզանքը, մարզական խաղերը, ազնիւ մրցակցութեան եւ առողջ մարմին ունենալու միտում ունեցած են (սկզբունքային): Այսօր մարզական խաղերը «պիզնես» են, մարզիկներ «կը գնուին» եւ «կը ծախուին», ոչ ոք կը գայթակղի, ոչ իսկ՝ մարզիկները իրենք, մարդը կը դառնայ ամբոխները զուարճացնող առարկայ, մարդը՝ ծախու ապրանք:
(Զարեհ Խրախունի, 14.6.1987)
Բանաստեղծը սուր զգացողութեամբ գծած է պատկերը: Կապկելու եւ ամբոխային վերաբերումներու հետ քայլ պահելու, խանդավառութիւններ կ’որսանք աղմկարարութեամբ:
Կոլ
Ամբողջ խաղի ընթացքին
Ինկաւ ելաւ ցատկեց փռուեցաւ
Առաւ տուաւ բռնեց փախցուց
նետուեցաւ
Մերթ ոտքերու տակ սողաց
մերթ օդերուն մէջ թռաւ
Տասներկու հատ կոլ կերաւ…
Պատճառն ի՞նք - միայն ի՞նք էր
Խաղակիցներն յանցանք բնաւ չունէի՞ն…
Խաղավերջին
- Այդպէս չ’ըլլար, այսպէս կ’ըլլայ այս - ըսաւ
Եւ իր բերդին վերջին կոլ մ’ալ ինք նետեց.
Փետրուարի տասներեք
Տարեդարձն էր ծննդեան.
Մարզադաշտէն պատգարակով հանեցին:
Եթէ նպատակ էր «առողջ միտք առողջ մարմնի մէջ» ազնիւ գաղափարը, ապա ինչո՞ւ կը սրսկեն «զօրացնող» դեղեր, ինչպէս կ’ըսեն՝ տոփինկի կը դիմեն, եւ ինչո՞ւ մարզադաշտին վրայ կը փռուին դիակներ կամ «աստղեր»-ը կը դատապարտուին կանխահաս ծերութեան: Բանաստեղծը կ’ըսէ՝ «մարզադաշտէն պատգարակով հանեցին»…
Իսկ գիշերը, մարզադաշտէն հազարաւոր մղոններ հեռու՝ մարզասիրութիւնը կը դառնայ ճչակներու, պայթուցիկներու եւ հրավառութիւններու աղմուկ՝ խանգարելով քաղաքացիի հանգիստի իրաւունքը, նախայարձակում մը, որուն դէմ ոչ ոք կը բողոքէ, բողոքող ալ եթէ ըլլայ անգամ, լսող չ’ըլլար…
Հեռատեսիլի պաստառին վրայ հերոսը «ինկաւ ելաւ ցատկեց փռուեցաւ, առաւ տուաւ բռնեց փախցուց նետուեցաւ», տօթին տակ հեւացող քաղաքին մէջ առաւօտ կանուխ արթննալու ստիպուած բանուորը արթուն մնաց… եւ ինք իրմէ դուրս բանտարկուած աղմկող ամբոխը զուարճացաւ…
Ինչպէս կը զուարճանային Հռոմի մեծ կրկէսին՝ Քոլիզէի հանդիսատես ընչազուրկները, դիտելով զիրար սպաննելու կոչուած ստրուկ մարտիկները, կլետէաթէօրները:
Հռոմի կայսրը կամ մեծերը այդ «խաղերը» կը հրամցնէին ամբոխին՝ իրենց իշխանութիւնը ամրապնդելու համար: Հիմա այս «խաղերու» լծակներուն տիրողները «կ’առնեն-կը ծախեն», ինչպէս Հայաստան կ’ըսեն՝ «փող կ’աշխատին»:
«Փող աշխատողներ»-ուն եւ հայաբնակ թաղերու աղմկարարներուն կը հարցնե՞նք, թէ ո՞վ է այդ Զարեհ Խրախունին… Ինչո՞ւ անհանգստացնել անպատասխան մնալու կոչուած հարցումով:
Մակար,
17 Յունիս 2014,
ի Համուտի Աշտարակ