Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Նորութիւն մը՝ մեր մանուկներուն հայերէն սորվեցնելու, այն մանուկներուն, որոնք կ՛ապրին Ամերիկա, Քանատա, կամ այն երկիրները, ուր անգլիախօս է ժողովուրդը, եւ ուր կան հայկական գաղութներ: Նոյնպէս՝ հայերուն զաւակներուն համար, որոնք կ՛ապրին տարբեր երկիրներու մէջ:

Մեզի առաքուած այս գրքոյկը Մոնրէալէն է, Քանատա, ուր ապրող ազգասէր եւ հայոց լեզուին եւ հայկական աւանդութիւններուն պահպանման նուիրուած հայուհի մը՝ Անի Սերոբեան, երկար ժամանակ յատկացուցած է, որպէսզի հայերէն չգիտցող, անգլիախօս մեր զաւակները (նաեւ անոնց մայրերը) սորվին, կարդան եւ հասկնան հայկական աւանդական մեր տօներուն անունները եւ անոնց նշանակութիւնը:
Գեղազարդուած է գիրքը, գործ՝ Էլիզ Պօղոսեանի:
Հեղինակը՝ Անի Սերոբեան, անգլերէն տառերով գրած է տօներուն հայերէն բառերը, հայկական հնչիւնով:
Առաջին տօնը՝ Կաղանդ. բացատրութիւններ տրուած են այս մասին, նոյն ատեն՝ աւանդութիւններու կապակցութեամբ մեկնութիւններ, որոնց կը միանան գեղանկարներ, այնքան խօսուն, սրտամօտ եւ հրապուրիչ:
Յաջորդ տօնը Սրբոց Վարդանանց է: Անշուշտ երեխային ծնողքը պիտի հետեւին այս ընթերցումին, մանաւանդ՝ մայրը, որ քիչ մը ժամանակ պիտի տրամադրէ իր դեռատի որդւոյն բացատրելու հայոց լեզուին եւ հայկական ծագումին առնչուած խօսքեր: Այս կապակցութեամբ հակիրճ պատմութիւն տրուած է իւրաքանչիւր տօնին իմաստին՝ քրիստոնէական, ազգային թէ մշակութային: Կը հետեւի Մեծ պահքը, Ծաղկազարդը, Աւագ հինգշաբթին, Աւագ ուրբաթը, Աւագ շաբաթը եւ Զատիկը, որուն կցած է նաեւ հեղինակը Սուրբ Յարութիւն բացատրագիրը:
Մեր ազգային տօները չեն մոռցուած. առաջին կարգին կու գայ Հայոց ցեղասպանութեան թուականը, զոր կոչած է Նահատակաց յիշա- տակի օր: Յաջորդ էջին՝ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը, Սարդարապատի սիւները, ցուլերը, որոնք կը յատկանշեն հայ ժողովուրդի քաջութիւնը, դիմադրականութիւնը, գոյատեւելու կամքը:
Հեղինակը չէ մոռցած Հայաստանի օրհներգ-քայլերգը՝ «Մեր հայրենիքը», զոր փոխանցած է երիտասարդ հայ ընտանիքին, որ սորվեցնէ իր մանուկ թէ պատանի զաւակներուն:
Գիրքին մէջ յիշատակուած է Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնը, Վարդավառը, Աստուածածնայ տօնը՝ «Սուրբ Աստուածածին»-ը, Սուրբ Խաչը: Չէ մոռցուած Սուրբ Թարգմանչաց տօնը, Մեսրոպ Մաշտոցը՝ նկարներով, Երեւանի Մատենադարանով:
Յիշատակուած են մեր սուրբերը, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը որ կ՛օրհնէ Տրդատ թագաւորը, կողքին թագաւորին քոյրը՝ Խոսրովիդուխտը: Տպագրութիւնը գունագեղ տաղանդաւոր գեղանկարիչ Էլիզ Պօղոսեանի պատկերացումով: Վերջին էջին վրայ Տէրունական աղօթք «Հայ Մեր»-ը:
Բացառիկ աշխատանքով իրականացած գիրք մը՝ հայոց պատմութիւնը արժեւորող: Երանելի են անգլիախօս մեր մանուկները եւ պատանիները, նաեւ՝ ծնողները, որովհետեւ իրենց ձեռքին ունին նման գեղատիպ գիրք մը՝ արդիական անոնց պահանջները գոհացնող: Գիրքը տպուած է Մոնրէալի մէջ, 2012-ին, արժանացած՝ մամուլի եւ ընթերցողներու ջերմ գնահատանքին:
Շնորհաւորելի ստեղծագործական աշխատանք մը՝ անհատական ջանքերով իրագործուած: Կը շնորհաւորենք մեր կարգին Անի Սերոբեանը՝ հայակերտումի եւ ազգային մեր մշակոյթին զարգացման ի նպաստ իր բերած այս կարեւոր իրագործման համար:


ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ