Ժպտադէմ երիտասարդ մըն է մեր այսօրուայ պատահական հիւրը: Երկար ատենէ ի վեր մտադրած այցելութիւնը իրականացնելու համար եկած է խմբագրատուն: Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմէն ետք ընտանեօք ապաստանած են Թուրքիա: Զաւակները արձանագրած է քաղաքիս հայ վարժարաններէն մէկուն:
Ինք աշխատանք գտած է: Ժամանակաւոր ալ ըլլայ լուծած է բնակարանի խնդիրը: Ընտելացած է երկրի լեզուին: Բնակած շէնքին մէջ իր ընտանիքէն զատ հայ չկայ: Երախտիքով կ'արտայայտուի հարեւաններուն մասին: «Առաջին օրէն մեծ հոգատարութիւն ցուցաբերեցին մեզ նկատմամբ» կ'ըսէ, ուղիղ աչքերուս մէջ նայելով, որ արդեօք կը հաւատամ իր խօսքերուն: Ունի այդ կասկածը, քանի որ սկսելով իր աւագ եղբօրմէն, մինչեւ օրս շատեր չեն հաւատացեր նման պատմութեան մը: Ես կը հաւատամ, քանի որ գիտեմ մեր երկրի ժողովուրդին նման դժբախտութիւններու պարագային յայտնուող զօրակցութեան եւ իրերօգնութեան յատկութիւնը:
Երկրորդ կարեւոր մտահոգութիւնը ետին թողած տունն ու խանութն է: «Չեմ գիտեր թէ արդեօք պիտի կրնա՞մ վաճառել»: Նոյն պահուն կը յիշեմ ղարաբաղեան պատերազմի առաջին օրերուն Պաքու եւ Սումկայիթի իրենց տուները թողելով, Երեւան, Էրեբունի հիւրանոց ապաստանած հայերը: Անոնք զերծ էին նման մտահոգութենէ: Առաջին պահէն իսկ գիտէին թէ անգամ մը եւս պիտի չտեսնեն այն տունը, որ հարազատ բոյն էր իրենց համար, ու ստիպուեցան լքելու: Գիշերազգեստներով եկած էին Հայաստան: «Միտքովս չէր անցներ, թէ Խորհըրդային երկրի մէջ նման բան կը պատահի: Քանի որ Թուրքիայէն ես, այժմէն միջոցներ որոնէ, որ օր մը ինձ նման գիշերազգեստով փախչիլ չհարկադրուիս», ըսած էր այդ դժբախտ գաղթականը Էրեբունի հիւրանոցի վերելակին առջեւ հանդիպած պոլսահայ ընկերոջս:
Ինչպէս Թիֆլիսը, Ջուղան կամ Թաւրիզը, Պոլիսն ալ կը տարբերի յետեղեռնեան շրջանի գաղթօճախներէն:
Բայց ո՞վ կրնայ պնդել որ հայութեան այդքան հարազատ այդ քաղաքներէն ներս վտանգ չի սպառնար հայ ժողովուրդին:
Ահա այդ պահուն դարձեալ վերյիշումներով կը տարուինք: Հայ ժողովուրդի անմոռանալի հոգեւորականներէն Վազգէն Ա. Վեհափառ կաթողիկոս, իր արտասանած տօնական պատգամներէն մէկուն մէջ կÿըսէր՝ «Այստեղ, մայր հողի վրայ վերջապէս հայը կը շինէ, կը ստեղծէ իրեն համար: Կը շինէ իր ներկային ու ոսկի ապագային համար: Այստեղ ոչինչ կը կորսուի, ոչինչ կը պակսի: Ամէն ինչ կը մէկտեղուի, ամէն ինչ կը կուտակուի, ամէն ինչ կÿաճի: Եւ ինչ որ այստեղ կը շինուի, այդ կը մնայ մեզի միայն»:
Ամենամեծ խաբկանքը պիտի ըլլայ կարծել թէ 1915ի ցեղասպանութիւնը դար մը առաջ կատարուած ոճիր մըն է:
Այդ խաբկանքի զոհերն են «անցեալը թողունք ու ապագային նայինք» ըսողները: Բայց ո՛չ, իրականութիւնը շատ աւելի դառն է: Ցեղասպանութիւնը իր հետեւանքներով շարունակուող գործընթաց է, որուն իբր արդիւնք, բաւական քիչ են այն հայերը որոնք կ'արժանան իրենց նախնեաց թաղուած գերեզմանը թաղուելու:
Կարելի է մարդկային կորուստին պատճառած վէրքը ժամանակի տեւողութեամբ սպիացնել: Բայց հայրենի երկրի կորուստը անփոխարինելի է, ու մենք հարիւր տարի անց, կը շարունակենք այդ կորուստի պատճառաւ տուժելու:
Բագրատ Էսդուգեան
This email address is being protected from spambots. You need JavaScript enabled to view it.