Նաւթի հոտը՝ որպէս զօրաւոր թմրեցուցիչ
Օրին՝ հելլէն մամուլը փութաց «Դարուս պայմանագիրը» անուանելու Պաքուի ՍՈՔԱՐ պետական նաւթային ընկերութեան հետ կնքուած համաձայնագիրը, ըստ որու Յունաստան որպէս անցք պիտի օգտագործուէր՝ դէպի Եւրոպա փոխադրուող կազի խողովակաշարի ընտրուած ուղիին համար:
Քիչ յետոյ եկաւ յունական DEPA կազի մատակարարման պետական ընկերութեան մեծ մասնաբաժնի վաճառքը ազերիներուն:
Եւ եթէ առաջին հերթին, երկրի տնտեսական տագնապի այս ծանր կացութեան օրերուն, կրնար հասկնալի ըլլալ յոյն պետութեան եւ մամուլի ներկայացուցիչներու խանդավառութիւնը նման «յաջողութեան» մը համար, որեւէ կերպով թոյլատրուած չէ յունական ընկերութեան մէջ ազերիական կեղծիքի ներմուծումը՝ լկտի այդ ոճով, որ Պաքու կը փորձէ պարտադրել։
Մի քանի ամիս առաջ էր, որ դարձեալ մեզի ծանօթ՝ Յունաստանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Ռահման Մուսթաֆաեւ «Աղիորիթիքօ Վիմա» կայքէջին մէջ հարցազրոյց մը կուտար, ուր կը պնդէր թէ ազերիները 2000 տարուայ քրիստոնէական պատմութիւն ունին, բիւզանդական եկեղեցիներուն վրայ կը գուրգուրան եւ 200.000 ուղղափառ քրիստոնեաներու համար եկեղեցիներ կը պահեն...
Նաւթի հոտը կ'ըսեն, թէ որպէս զօրաւոր թմրեցուցիչ կը գործէ մարդոց վրայ: Զարմանալին այն է թէ թմրեցուցիչի այդ նոյն ազդեցութիւնը կը թողու նաեւ երկիրներուն եւ ընկերութիւններուն վրայ, որոնք պատրաստ են գովաբանելու Պաքուի «լայնախոհ» քրիստոնէական մօտեցումը, երբ նոյն պահուն կը մոռնան նշելու Ջուղայի մէջ հայկական խաչքարերու ոչնչացման փաստը, քրիստոնէական այդ իւրայատուկ վայրին հանդէպ անարգանքի ու սրբապղծումի արարքը:
Յունաստանի մէջ, ուր մարդիկ ազատ արտայայտուելու խոր ենթագիտակցութեամբ կը մօտենան հարցերուն, խիստ մտահոգիչ է Ատրպէյճանի սանձարձակ ապաքարոզչութիւնը եւ հայատեաց քաղաքականութիւնը, որ յենուած է ազերիներու մեծագումար ներդրումներուն վրայ երկրէն ներս: Այս բացայայտ քաղաքականութիւնը կ'առաջնորդուի թոյլ սկզբունքներ ունեցող գրիչներէ, որ հմայուած են «Պաքուի գեղեցկութիւններէն», բարեացակամ դիրք ճշդելով, յոյներուն մինչեւ երէկ գէթ անծանօթ այս երկրին կապակցութեամբ:
Յոյն ականաւոր դէմք եւ նշանաւոր վերլուծաբան փրոֆ. Նիքոս Լիղերոս, իր դասախօսութիւններուն ընթացքին միշտ շեշտած է թէ Արցախը իր սրտին մէջ տեղ գրաւած է, որովհետեւ ան կը հիանայ արցախցիներու կամքի ուժին վրայ: Յատկանշականօրէն ան կ'ըսէ թէ «Արցախի մէջ ամէն ինչ շատ պարզ է: Դիմացը կը դիտեն, ազերիներուն կը տեսնեն եւ «թուրք է» կ'ըսեն: Իսկ մենք, յոյներս, դիմացը կը դիտենք եւ «դրացի» է կ'ըսենք, նոյն այդ թուրքը տեսնելով...: Այս պարզ մօտեցումին մէջ կը կայանայ մեր հսկայ տարբերութիւնը Արցախի ժողովուրդին հետ» կÿըսէ ան:
Յունական քաղաքական կեանքը ինքզինք ազատ պիտի չզգայ, եթէ չհասկնայ որ «Դարուս պայմանագրի» յաւակնոտ նախագիծին կապուած հարցերը՝ կրնան լրջօրէն այլանդակել Յունաստանի եւ յունական ընկերութեան ապագայ երեսը։
Հ.