Print
Category: Յօդուածագրութիւն

1990 թուականին, երբ Հայ Յեղեփոխական Դաշնակցութիւնը բացա- յայտուեցաւ Հայաստանի մէջ, այս կուսակցութեան գլխաւոր նշանաբանը եղաւ «Դէպի Երկիր» կարգախօսը։

Այս կարգախօսէն բխելով է որ Հայաստանի մեր պաշտօնաթերթը կոչուեցաւ «Երկիր» ու ապա մեր հեռատեսիլի կայանը «Երկիր Մեդիա»։ Այս բնաբանը յստակօրէն կոչ մըն էր ուղղուած սփիւռքահայութեան, ոչ միայն իրենց հայեացքը սեւեռելու դէպի հայրենիք, այլ նաեւ լրջօրէն մտածելու վերադարձի մասին։

Բացայայտման առաջին օրերու խանդավառութեան յաջորդեցին անկախութեան հռչակումը, դրօշի, զինանշանի եւ քայլերգի պաշտօնական որդեգրումը, Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան առաջին նախագահի ընտրութիւնը, որոնք չափազանց յուզական օրեր էին, ոչ միայն Հայաստանի մէջ ապրող հայութեան համար, այլ նաեւ սփիւռքի մէջ, Ազատ, Անկախ Հայաստանի երազը փայփայած ու վառ պահած հայերուն համար։
Դժբախտաբար, ստեղծուած խանդավառութիւնը երկար չտեւեց։ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կառավարութեան հալածանքը մեր կուսակցութեան դէմ, նորանկախ Հայաստանի շրջափակումը եւ ստեղծուած ծանր ճգնաժամը ու անոր պատճառած մութ ու ցուրտ տարիները մեծ բան փոխեցին մեր հոգիներուն մէջ։ «Դէպի Երկիր» կարգախօսը, առիթը չունեցաւ զարգանալու եւ կազմաւորուելու եւ փոխանակ թափ առնելու, սկսաւ նահանջել փոխարինուելով զանազան պատճառաբանութիւններով, որոնք անիրական եւ անիրա- կանալի կը գտնէին այս կարգախօսի միտք բանին։
Երբ Ռոպերտ Քոչարեանի կառավարութեան հետ, աւելի բարենպաստ պայմաններ յառաջացան քաղաքական թէ տնտեսական առումներով, արդէն այնքան կլանուած էինք այլ հարցերով, որ այս կարգախօսը չստացաւ ակնկալուած առաջնահերթութիւնը։ Սփիւռքահայութեան չընծայուեցաւ այս գաղափարը ըմբռնելու, ընկալելու եւ իւրացնելու առիթը եւ ուրեմն ան սեղանի վրայի օրակարգի իրավիճակէն անցաւ գրասեղանի դարաններէն մէկուն մէջ սպասելու դատավճռին։
Մինչեւ հիմա ներկայացուած տուեալները, պատմական իրողութիւններ են եւ չեն կրնար վիճաբանութեան առարկայ դառնալ։ Բայց քանի որ ինծի ծանօթ մամուլին մէջ եւ կամ բեմերէն արտասանուած խօսքերուն ընթացքին, այս նիւթը շօշափող ոչ մէկ վերլուծականի չեմ հանդիպած, ասկէ վերջ արտայայտուած մտքերը բոլորովին իմ անձնական մտորումներուս արդիւնքն են եւ կրնան վիճելի համարուիլ ոմանց կողմէ։ Գլխաւոր նպատակս սակայն, այս նիւթին մասին երկխօսութիւն մը սկսիլն է, մանաւանդ, հայութեամբ եւ Հայաստանով մտահոգուած շրջանակներէ ներս։
Ըստ ինծի, կարգախօսի տեղատուութեան գլխաւոր պատճառը պէտք է փնտռել մեր մէջ։ Փաստօրէն մենք, Հայրենիքի գաղափարականով ու երազով սնած, բայց Հայրենիքէն հեռու ապրելու դատապարտուած հայերս, անձնապէս թէ հաւաքաբար, անակնկալի եկանք Սովետական Միութեան փլուզումին ի տես եւ անոր որպէս արդիւնք Ազատ եւ Անկախ Հայաստանի իրականութեան առջեւ։ Մենք նախատրամադրուած էինք պաշտելու վերացական Հայրենիքի գաղափարը եւ անոր իրականացումը թէ ուրախացուց եւ թէ հիասթափեցուց մեզ։ Վերացական գաղափարները միշտ գեղեցիկ են ու անարատ։ Մարմին առած հայրենիքի իրականութիւնը, մանաւանդ իր կազմաւորման շրջանին ունէր եւ ունի բազմաթիւ բացասական կողմեր։ Ամէն երկրի նման, ան ունի մուրացկաններ, գողեր, խաբեբաներ, մարդասպաններ, մարմնի ու հոգիի վաճառականներ։ Իրականութիւնը չէր կրնար համեմատուիլ մեր երազին։ Այս էական փոփոխութիւնը, տակաւին հայութեամբ հետաքրքրուած հայուն համար մարսելի եւ ընդունելի դարձնելու ոչ մէկ ծրագիր ստեղծուեցաւ կամ իրագործուեցաւ։ Առանց օգնութեան մենք չկըրցանք շուտով ընտելանալ նոր իրականութեան։ Յարգելի ընկեր մը, կէս կատակ եւ կէս շիտակ, օր մը գանգատեցաւ, որ Հայաստանի անկախացումը զինք զըրկած էր Ազատ Անկախ Հայաստանի երազէն։ Անկեղծ զգացում մը, որ հաւանաբար մեզմէ շատեր ունեցան, բայց բարձրաձայն չարտայայտեցին։ Երազը անմիջապէս կառուցողական աշխատանքին հետ չփոխարինուեցաւ։ Մենք մնացինք շփոթած։ Կորսուեցաւ սփիւռքի ուժականութիւնը եւ տաղանդը նորաստեղծ հայրենիք կառուցելու վսեմ գործին լծելու ոսկի առիթը։
Ամէն գիտակից սփիւռքահայ, քաջ ըմբռնելով որ ժամանակն է խօսքը գործի վերածելու եւ անկախ հայրենիքի առկայութեան գաղափարին դէմ յադիման՝ գործնական քայլերու դիմելու, սկսաւ անհանգիստ, յանցաւոր եւ անկարող զգալ։ Օրուան հրատապ հարցը դարձաւ հայրենիքի նիւթական օժանդակութիւնը եւ մեզմէ ամէն մէկը իր լուման տրամադրելով հայրենիքին, հանդարտեցուց իր խիղճը եւ իր պարտականութիւնը ըրած ըլլալու գոհունակութեամբ շարունակեց իր առօրեան։ Սփիւռքահայ կազմակերպութիւններն ու միութիւնները կարիքը չզգացին իրենց առօրեայ գործունէութեան մէջ հիմնական փոփոխութիւններ մտցնելու, բացի նիւթական օժանդակութեան համար տարուած աշխատանքէն։
Սկսաւ չքմեղանքներու եւ արդարացումներու փուլը, որ տակաւին կը շարունակուի մինչեւ այսօր եւ կը կազմէ մեր առօրեային անվիճելի մէկ մասը։ Ստեղծուեցան եւ կազմաւորուեցան բազմաթիւ «մեղմացուցիչ դէպք յանցանաց» մօտեցումներ եւ երբեմն հակասական վարկածներ։ Տանք մի քանի օրինակներ։
Հայաստանի համար շատ կարեւոր է զօրաւոր Սփիւռքը,- ըսուեցաւ եւ կ'ըսուի տակաւին։ Համաձայն եմ։ Բայց սփիւռքը փոփոխուող, փոխադրուող եւ ժամանակաւոր իրականութիւն մըն է։ Կարգ մը գաղութներ կը հալին ու կ'անէանան, ուրիշներ կը կազմուին եւ ատեն մը կը գոյատեւեն։ Մեր գաղութներու պատմութիւնը վկայ։ Որքան ատեն որ կայ սփիւռք, անշուշտ պայման է, որ ան առաւելագոյն չափով կազմակերպուի եւ ջանայ գոյատեւել, սակայն առանց մոռնալու, որ մնայունը միայն հայրենիքը կըրնայ ըլլալ եւ ջանք չխնայէ անոր բարգաւաճման համար։ Բայց երբ հայրենիքի գոյութեան ապագան տակաւին չէ երաշխաւորուած, զօրաւոր սփիւռք ունենալու կարեւորութեան պարագային իսկ, առաջնահերթ պէտք է ըլլայ հայրենիքը պահպանելու, կառուցելու եւ զարգացնելու գաղափարը, որ հեռակայ նիւթական օգնութեամբ միայն կարելի չէ իրականացնել, այլ օտար երկիրներու մէջ մեր ամբարած փորձառութեան տեղւոյն վրայ կիրարկումով միայն կրնայ գործի վերածուիլ։
Ուրիշ օրինակ մը։ Ներգաղթէն ետք, հայաստանաբնակ ժողովուրդը լաւ չվերեբերեցաւ եկուորներուն հետ, զանոնք «աղբարներ» որակելով, եթէ հիմա մենք երթանք, մեզ ալ երկրորդ կարգի քաղաքացի պիտի նկատեն,- կ'ըսեն ոմանք։ Կը մոռնան, որ երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն վերջ, սոված հայրենաբնակ ժողովուրդը, իր չունեցած մէկ պատառ հացը ստիպուած եղաւ բաժնելու եկուորին հետ։ Երկու կողմերն ալ սխալ իրականացուած քաղաքականութեան մը զոհ գացին։ Հակազդեցութիւնը բնական էր։ Այսօր սակայն, առանց դրդապատճառի, սփիւռքահայերս չենք խուսափիր հայաստանաբընակ հայուն հասցէին, անհաճոյ որակումներ նետարձակելէ, այդ իրարա- մերժ վերաբերումը նկատելով իրապաշտ արժեւորում։ Իսկ երբ այդ նոյն հայերէ կազմուած մեր բանակին տողանցելը կը տեսնենք, թէկուզ պաստառի վրայ, մեր աչքերը արցունքով կը լեցուին…
Կենցաղային, հասկացողութեան, մօտեցումներու եւ վարուելակերպի մեծ տարբերութիւններ կան,- կþըսենք։ Կարելի չէ մտերմանալ Հայաստանցիին հետ,- կ'աւելցնենք։ Բայց մեր տարբերութիւնը տարբեր միջավայրերու մէջ ապրած ըլլալն է։ Սովետականը միշտ ալ դիւր չէ եկած մեզի։ Բայց արդեօք օրինակ ամերիկեա՞նը նախընտրելի է։ Երբ գաղթեցինք Գանատա, Ամերիկա, Արժանթինա, եւայլն, մտածեցի՞նք մշակութային եւ կենցաղային տարբերութիւններու մասին, նոր երկրի բնակիչներուն հետ մտերմանալու մասին…։
Ոմանք իմ բարեկամներս հոս են,- կ'ըսեն,- ես այս տարիքէս վերջ նոր բարեկամներ ստեղծելու ախորժակ չունիմ։ Բայց երբ Գանատա կը գաղթէինք, միթէ՞ մեր բոլոր բարեկամները ետին չձգեցինք։
Սովետական կարգերը ապրած ու ապա անկախութենէն ետք, սովի, մութի եւ ցուրտի ահաւոր օրերը տեսած հայը, երբ տնտեսական բարօրութեան համար կը լքէ հայրենիքը, ծուռ աչքով կը նայինք իրեն եւ հայրենասէր չէ կ'ըսենք։ Մինչդեռ բոլորովին նորմալ կը գտնենք որ այսպէս կոչուած սփիւռքահայ հայրենասէրը Հայաստանի տնտեսական պայմանները պատճառաբանելով անկարելի կը գտնէ Հայաստան գաղթելը։ Ե՞րբ պիտի բարելաւուին պայմանները, որպէսզի մենք ալ մեր հայրենիքին մէջ ապրինք-, կը հարցնէ ան։ Փաստօրէն հարցը տուողը չ'անդրադառնար որ կ'ըսէ Հայրենիքի կերտումը եւ կայունացումը եւ նոյնիսկ պաշտպանութիւնը մեր գործը չէ։ Դուք հայաստանաբնակներդ, խնդրեմ, իմ երազած Հայաստանս կառուցեցէք, որ ես ալ գամ եւ վայելեմ ձեր ստեղծած լաւ պայմանները, համահաւասար իրաւունքներով։ Ի վերջոյ, ես ալ հայ եմ։
Ներգաղթ երբ պիտի կազմակերպուի կ'ըսեն,- ուրիշներ,- վերադարձողներուն օգնութեան եւ տեղաւորման համար գրասենեակներ կա՞ն։ Միթէ ո՞վ գաղթ կազմակերպեց, որ մենք հասնինք այս ափերը։ Իսկ ո՞վ գաղթ կը կազմակերպէ, որ մեծ թիւով հայեր Հայաստանէն գաղթեն Ամերիկա։ Գաղթը անձնական ընտրութիւն մըն է, որ առաջնահերթութեանց քննարկումով կը սկսի։ Ես չեմ ըսեր, որ նման օգնութիւն պէտք չէ ցուցաբերուի գաղթելու որոշումը առած մարդոց։ Սակայն անոր բա ցակայութիւնը կարելի չէ որպէս պատճառաբանութիւն գործածել։
Մեզմէ տարիքով յառաջացածները բժշկական ձրի սպասարկութիւնը կորսնցնելէ կը վախնան։ Բայց մեր գաղութներէն քանի՞ն ունի նման ծառայութիւն։ Գանատան բացառիկներէն է։ Այս պատճառը կարելի չէ համասփիւռքեան իմաստով գործածել։ Չմոռնանք, որ Հայաստանի մէջ բժշկական ծախսերը ոչինչ են բաղդատմամբ հիւսիսային Ամերիկային։ Գանատայէն թոշակառուի մը համար, բժշկական համակարգը թէ մատչելի է եւ թէ որակաւոր։ Սխալ է նաեւ այն կարծիքը, որ փորձառու մասնագէտներ գոյութիւն չունին Հայաստանի մէջ։
Հայաստանը կառուցուող, զարգանալու ճամբուն վրայ, երրորդ աշխարհի երկիր մըն է։ Հոն տիրող բարքերը զօրաւոր կերպով ազդուած են սովետական իշխանութիւններու 70-ամեայ տիրապետութենէն։ Նիւթական օժանդակութիւնը եւ քաղաքական «լոպիինկ»ը օտար պետութեանց մօտ, անշուշտ որ օգտակար են անոր։ Բայց կայ աւելի կենսականը, որ սփիւռքահայը կրնայ տեղւոյն վրայ իրականացնել, Հայաստան հաստատուելու պարագային։ Հայաստանցի արձակագիր Արշակը, որ այցելած է մեր գաղութը, առիթը չի փախցներ ըսելու, որ Հայաստանի այսօրուան բոլոր դժուարութիւնները կը հարթուին, եթէ 100,000 սփիւռքահայ գիտակից տարրեր գաղթեն հայրենիք, իրենց հետ բերելով թարմ շունչ, նոր մտածելակերպ եւ առողջ աշխատելաձեւ։ Ես մասամբ միայն համաձայն եմ իրեն։ Դժբախտաբար, գաղթողներէն ոմանք, իրենք զիրենք աւելի զարգացած, աւելի բանիմաց եւ սորվեցնողի դիրքին մէջ դնելով իրենք զիրենք, կրնան աւելի վնասել քան թէ օգնել։ Պէտք չէ մոռնալ, որ մենք ալ շատ բան ունինք սորվելիք տեղացիէն։
Բայց եկէք խօսինք այն բաներուն մասին, որ սփիւռքահայը կրնայ յաջողցնել, Հայաստան հաստատուելու պարագային։
Առաջին, սփիւռքահայը ապրած ըլլալով դրամատիրական երկիրներու մէջ, շատ լաւ կը հասկնայ, որ ամէն հարուստ գող չէ։ Այս հասկացողութիւնը կը պակսի հայաստանցիին։ Իր անձնական շփումներով ան կրնայ փարատել այս սխալ ըմբռնումը, որ կենսական է երկրի զարգացման համար։
Երկրորդ, ամէն անգամ, որ 90-ական թուականներէն ի վեր Հայաստան գաղթած սփիւռքահայու մը կը հանդիպիմ, անպայման կը հարցնեմ, որ ինչ կ'ընեն երբ կաշառք կը պահանջուի իրենցմէ։ Գործատէրէն մինչեւ սովորական աշխատաւորը կ'ըսեն, որ նոյնիսկ ի գին բարդութիւններու, կը մերժեն կաշառք վճարել, նախընտրելով տալ անոր կրկնապատիկը որպէս տուրք կամ տուգանք, քաջ հասկնալով, որ պետութեան պիւտճէն մտնող գումարը նախընտրելի է անձերու գրպանը մտնող գումարէն։ Կաշառակերութեան դիմաց հսկայական թումբ մը կրնայ դառնալ գիտակից, սփիւռքէն նոր գաղթած բազմութիւն մը։
Երրորդ, արտասահմանեան երկիրներու մէջ սորված ենք, որ ամէն մարդ, զարգացած թէ անուս, աղքատ թէ հարուստ, չար թէ բարի, ունի իր ուրոյն արժէքը։ Անկախ անձի աշխատանքէն կամ ուսման մակարդակէն, յարաբերութիւնները կ'ըլլան հաւասարէ հաւասար։ Մեր յարգալիր վերաբերմունքը մեր նմաններուն հանդէպ շուտով կը նկատուի հայաստանցիին կողմէ։ Ահաւասիկ մարդկային արժէք մը, որ դիւրաւ կարելի է փոխադրել Հայաստան։
Կարեւոր հարցերէն մին է նաեւ կիներու հանդէպ ցոյց տրուած վերաբերմունքը այր մարդոց կողմէ, որ յարգալից ըլլալով հանդերձ, ժամանակավրէպ է։ Հոս ալ օրինակը մեծ բան կրնայ փոխել։
Հինգերորդ, անոնք որոնք կարելիութիւնը ունին գործատեղեր հիմնելու եւ ժողովուրդի նիւթական բարորութեան ալ նպաստելու, անշուշտ որ մեծ դեր ունին խաղալիք։ Բայց անկէ աւելի, մեր աշխատելու եւ կազմակերպելու եղանակն է, որ կենսական է Հայաստանի կառուցման համար։
Վեցերորդ, եթէ կ'ուզենք փրկել արեւմտահայերէնն ու մեսրոպեան ուղղագրութիւնը, զայն ամէնամօտ ապագային պէտք է փոխադրենք Հայաստան։ Անոնց գոյատեւումը սփիւռքի մէջ, հարցական է։ Հայկական արժէքները միայն Հայաստանի մէջ կրնան գոյատեւել։
Այսօր, մեծ թիւով հնդիկներ, պարսիկներ, չինացիներ եւ այլ երկրացիներ Հայաստանի մէջ կþապրին զուտ նիւթական շահ հետապնդելու կամ ուսանելու համար։ Իսկ սփիւռքահայը տակաւին կը սպասէ…։
Հայաստանի հեռուստատեսութեան առաջին կայանը, որ բարեբախտութիւնը ունինք Գանատայի մէջ ալ վայելելու, ծրագիր մը ունի, որ կը կոչուի «Դարձ Դէպի Ապագայ»։ Այս ծրագիրը ամէն շաբաթ կը ներկայացնէ արտասահմանէն 90-ական թուականներէն ի վեր Հայաստան գաղթած հայ ընտանիքի մը պատմութիւնը։ Ես անձնապէս տեսած եմ Ամերիկայէն, Գանատայէն, Պարսկաստանէն, Ֆրանսայէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Իրաքէն եւ Աւըս-տրալիայէն գաղթած ընտանիքներու հետ զրոյցներ։ Անոնք կը խօսին իրենց որոշումին մասին, իրենց ունեցած դժուարութիւններուն մասին եւ զանոնք յաղթահարելու իրենց եղանակին մասին։ Այս զրոյցներուն հասարակ յայտարարը կռահել դժուար չէ։ Անոնք կը խօսին իրենց զաւակները Հայաստանի մէջ մեծցնելու առաւելութիւններուն մասին, Հայաստանի մէջ իրենց ունեցած տանտիրոջ զգացումին մասին, կենցաղի նուազ մեքենայացուած եւ մարդկային ըլլալու մասին եւայլն։ Երկու գլխաւոր գանգատ-կոչ ալ ունին։ Կը խնդրեն սփիւռքահայերէն, որ նոյնիսկ եթէ որոշած են չգալ Հայաստան, գէշ չխօսին Հայաստանի մասին։
Երկրորդ, կը խնդրեն, որ երբ անոնք այցելութեան կու գան, չստորագնահատեն զիրենք նշելով իրենց տուներու փոքրութիւնը կամ իրենց շահածին անբաւարարութիւնը բաղդատմամբ սփիւռքին։ Ըստ երեւոյթին, կը գտնուին սփիւռքահայեր, որոնք ինքնարդարացման համար պատրաստ են ամէն տեսակի քննադատութեան…։
Հայաստանի մէջ ինքզինքս բաւական ինքնավստահ զգացած եմ սփիւռքահայու հասցէին ըսուած ամէն տեսակի բացասական խօսքերը հակասելու։ Մեր սփիւռքի մէջ յայտնուիլը եւ իրենց Հայաստանի՝ դիպուածի արդիւնք է միայն բացատրած եմ։ Բայց «մենք այսքան տարի ապրեցանք հողին վրայ եւ պահեցինք զայն, քիչ մըն ալ դուք եկէք եւ ըրէք ատիկա» խօսքին պատասխան չեմ կրցած գտնել…։
Կը յուսամ, որ հայրենիք գաղթելու այլընտրանքը կը դադրի քուլիսային նիւթ ըլլալէ եւ կը դառնայ ազգային հրատապ հարց։ Միայն անոր մասին խօսելով է որ կը յստականան մեր մտքերը եւ կը մշակուին համահայկական մօտեցումներ։ Կը յուսամ մանաւանդ, որ այս յօդուածը առնուազն մտածելու առիթը կը ստեղծէ մեզմէ ոմանց մօտ։


Էլիզ Շարապխանեան