Print
Category: Յօդուածագրութիւն

«Ես մէկ բանէ կը վախնամ» կ'ըսէր Արամ Մանուկեանը, «կը վախնամ թէ մենք՝ կրնանք սեւերես դուրս գալ մեր ժողովուրդին առջեւ, չկարողանանք կազմակերպել գործը եւ կորսնցնենք անոր հաւատքն ու վստահութիւնը»։

Այս աստիճան պարտքի եւ պատասխանատուութեան զգացումով կ'առաջնորդուէր 1918ի Մայիսեան յաղթանակը յաջողցուցած ղեկավար սերունդը:
Եթէ մենք մեզի հարց տանք, թէ ո՞րն է այն ուժը, որ ճնշուած ու անարգուած մարդոց կը մղէ վեր խոյանալու, երբ ամէն տեսակ տրամաբանութիւն դէմ է նման փորձ մը կատարելու հնարաւորութիւններուն՝ պարզ է խորհիլ թէ քաղաքական եւ ռազմական անհաւասար ճակատումի այդ օրերուն, հայութեան մարտունակ ոգին մարմնաւորող Արամի, Ռուբէնի, Դրոյի եւ այլ յայտնի ու խոնարհ հերոսներու անձուրացութեան եւ նուիրումին շնորհիւ էր որ կերտուեցաւ անկախութիւնը: Օրին՝ հերոսութիւն, այսօր՝ հերոսութիւն, որ կարելի չէ ենթարկել պարզ տրամաբանութիւններու:
Այսօր կը նշենք Մայիս 28-ի պատմական թուականի 96ամեակը: Մայր հողի վրայ հայութեան գոյատեւումը յաւերժացնելու ռազմավարական մեր գերխնդիրը, հայրենիքի տարածքներուն վերատիրանալու գրաւականն էր 1918ին, որուն իրագործման համար երկու տարուան մէջ կարեւոր աշխատանք կատարուեցաւ, յանգելով 1920ին՝ Արեւմտահայաստանի տարածքներով միաւորուած Հայաստանի գոյութեան, այնպէս ինչպէս այն հաստատագրուեցաւ Սեւրի պայմանագրով:
1918ի Մայիսեան յաղթանակը կերտած եւ հետագային երկու տարուայ մէջ երկիրը իր ոտքերուն կանգնեցնելու գերմարդկային ճիգերը կատարած յաղթանակի սերունդը՝ ժողովուրդին եւ հայրենիքին ծառայելու առաքելութեամբ էր որ կ'առաջնորդուէր: Վիպապաշտ չէր ներշնչումը, որ յաղթանակին առաջնորդեց խորապէս խոցուած հայ ազգը։ Վերածնունդի ծարաւը ունեցող ազգը փրկելու եւ սեփական երկիր կերտելու զօրաւոր այն տենչն էր, որ իրականութիւն դարձուց անհաւատալին, Մայիսեան յաղթանակի փառաւոր էջը կերտելով մեր ազգի պատմութեան մէջ:
Նոյն տենչն էր որ կրկնուեցաւ Արցախեան ազատամարտով, իսկ վերանկախացման 22-ամեայ մերօրեայ հանգրուանին, մեր երկրի անվտանգութիւնը երաշխաւորող գերխնդիրը կը կայանայ այն հիմնական սկզբունքին մէջ, որ առանց Արցախի, Հայաստանը չի կրնար գոյատեւել իբր կենսունակ ու ապահով պետութիւն:
Հայ ազգը իր յաղթանակներուն առաջնորդած Մայիսեան անկախութեան ոգին՝ մեր ինքնութիւնն ու ազգը յաւերժացնող անժամանցելի արժէքն է, որ իր դրսեւրումը կը գտնէ մինչեւ մեր օրերը, քանի որ Մայիս 28-ը, այսօր հայ ժողովուրդին համար կը շարունակէ խորհրդանշել ազգային ինքնագիտակցութեան վերազարթնումի ու վերամրագրումի գաղափարախօսութիւնը:
Նոյն այս ներշնչումն է, որ կը փնտռեն ազգերը այսօր եւս, դիմադրելով օտարներու տիրապետութեանց, դիմադրելով այլոց շահերուն: Արդեօ՞ք ամէնօրեայ չէ այս վիճակը ներկայի ընկերութիւններէն ներս: Համաշխարհայնացման տխուր հետեւանքները չե՞ն, որ կը տիրապետեն ազգերու եւ պետականութիւններու ազատ ինքնորոշման եւ անկախ կեանքի պայմաններուն վրայ:
Մեր ազգի ապագան ամրագրելու ճամբան կÿանցնի Սարդարապատէն ու Շուշիէն:
Մեծ ու պզտիկով, աշակերտով ու բանուորով, ամբողջ սրտով ու հոգիով տօնե՛նք Մայիս 28ի անկախութեան տօնը: Մեզ յաջորդող սերունդներուն փոխանցենք առանձնայատուկ ծանրութիւն ունեցող յաղթապանծ այս թուականի իմաստները: