Լոյս տեսաւ «Վէմ» հանդէսի 2014 թուականի առաջին թիւը՝ 263 էջ ծաւալով, անգլերէնի հետ միասին նաեւ՝ ռուսերէն ամփոփագրերով, յօդուածներուն ուղեկցող՝ բանալի բառերով եւ հեղինակներու համառոտ գիտական կենսագրականներով։
Քանի որ «Վէմ»-ի խմբագրութիւնը գիտականութեան ձեւական չափորոշիչներու փոխարէն՝ առաջնահերթ կը համարէ բովանդակայինը, 2014 թ. առաջին համարին մէջ զգալիօրէն աւելցած է նաեւ տեսական-մեթոտաբանական բնոյթ ունեցող յօդուածներու տպագրութիւնը։ Ներկայ թիւին մէջ լոյս տեսած՝ Ալբերտ Ա. Ստեփանեանի, Սիրանուշ Գ. Յովհաննիսեանի եւ Սլավի-Աւիկ Մ. Յարութիւնեանի (Մոսկուա) հրապարակումները գիտատեսական նոր մօտեցումներ կ'առաջարկեն հումանիտար գիտութիւններու ասպարէզէն ներս Հայաստանի մէջ ներկայիս առկայ ճգնաժամի յաղթահարման համար։
Հանդէսի խմբագրականին մէջ փորձ կը կատարուի Ուքրանիոյ շուրջ վերլուծութիւն կատարել, վերջին զարգացումներու լոյսին տակ:
2014ի առաջին թիւէն «Վէմ»-ը սկսաւ այս տարի լրացող՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի 100-ամեակին նուիրուած ուսումնասիրութիւններու ամբողջ թղթածրար մը ներկայացնել, որ պիտի ամբողջանայ հետագայ թիւերուն մէջ:
---------------------------
«Իտալիոյ Հայ Իրականութիւնը (1915-2000)»
Իտալիոյ մէջ հրապարակուեցաւ Իտալիոյ հայ համայնքի 20րդ դարու պատմութեան յատկացուած վաւերագրական հատոր մը, Յակոբիկ Մանուկեանի հեղինակութեամբ:
Գիրքի հրատարակիչն է Իտալիոյ մէջ հանրածանօթ եւ վերջին 10-15 տարիներուն ընթացքին Հայկական Հարցին ու ժամանակակից պատմութեան յատկացուած տասնեակ հատորներ հրապարակած «Կերինի է Ասոսիատի» (Guerini e Associati) հաստատութիւնը:
Հրատարակութիւնը նախաձեռնութիւնն է Իտալիոյ Հայոց միութեան վարչութեան:
-----------------------------
«Խոջալու. Յանցագործութեան Անատոմիա» Աշխատութեան
Ներկայացում
Հայկական կողմը երբեք չէ ժխտած, որ Խոջալուի մէջ պատահածը ոչ հեռաւոր անցեալին պատկանող ողբերգութիւն է, խորքին մէջ անիկա ոչ թէ պարզապէս ողբերգութիւն է, այլ՝ յանցագործութիւն:
Ատրպէյճանական քարոզչական աշխատանքները նկատի ունենալով՝ այսօր հայկական կողմերը Սումկայիթի ոճրագործութեան իւրաքանչիւր տարելիցին պէտք է բոլորին յիշեցնէ, թէ ովքեր են Խոջալուի ոճրագործութեան հեղինակները:
Այս նիւթին նուիրուած էր Արցախի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Վահրամ Աթանէսեանի «Խոջալու. յանցագործութեան անատոմիա» աշխատութիւնը:
Վերնագիրը պատահական կերպով չէ ընտրուած: Հիմնական իւրայատկութիւնը այն է, որ գիրքը հիմնուած է ոչ հայկական աղբիւրներու ուսումնասիրութեան վրայ: Աթանէսեանի համաձայն, հանրայայտ ճշմարտութիւնը պէտք չէ միշտ կրկնել:
-----------------------------------
Գիւմրիի Մէջ Կայացաւ «Հայատեացութիւնը
Ատրպէյճանում» Ռուսերէն Գիրքի Շնորհահանդէսը
Գիւմրիի «Սախարովի անուան մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան կենտրոն»-ին մէջ, տեղի ունեցաւ «Հայատեացութիւնը Ատրպէյճանում» ռուսերէն փաստավաւերագրական գիրքին շնորհահանդէսը, որուն ներկայ եղաւ գիրքին համահեղինակը՝ ատրպէյճանագէտ Անժելա Էլիպեկովան: Ձեռնարկը կազմակերպած էր պատմաբաններու «Վիկտորիա» ակումբը:
Աշխատութեան համահեղինակներ Անժելա Էլիպեկովան եւ Արմինէ Ադիբեկեան օգտագործած են միայն պաշտօնական փաստեր եւ յայտարարութիւններ, մէջբերումներ կատարուած են ատրպէյճանական մանկական, գեղարուեստական, ուսումնական գրականութենէն, ինչպէս նաեւ՝ պաշտօնական հանդիպումներու ընթացքին յայտարարութիւններէն, որոնք բոլորը Ատրպէյճանի մէջ հայատեացութեան օրինակներ են: «Նպատակը բոլորին ցոյց տալ է, թէ ովքեր են ատրպէյճանցիները, ինչ դրսեւորումներ կը ցուցաբերէ ատրպէյճանցի հասարակութիւնը, եւ այս առնչութեամբ ինչ խնդիրներ ունինք Հայաստանի մէջ: Ասիկա պարզապէս ուղեցոյց կարելի է համարել: Ես եւ իմ համահեղինակս բացարձակապէս ոչ մէկ սեփական կարծիք եւ վերաբերում արտայայտած ենք, գիրքին մէջ միայն փոքրիկ ներածական խօսք կայ, ուր կոչով դիմած ենք հասարակութեան՝ գիրքը կարդալէ ետք զայն առիթ չնկատել ատրպէյճանատեացութեան: Մենք ոչ մէկ պարագայի այդ նպատակը կը հետապնդենք: Գիրքը կ՛արգիլենք նաեւ կարդալ անչափահասներուն եւ թոյլ ջիղեր ունեցող մարդոց», յայտնեց հեղինակը: Խօսելով Ատրպէյճանի մէջ հայատեացութեան դրսեւորման մասին՝ Անժելա Էլիպեկովան նշեց, որ ատիկա նոր երեւոյթ չէ եւ չէ ծագած վերջին տարիներուն, այլ աւելի հին հիմեր եւ արմատներ ունեցող երեւոյթ է, ինչ որ գիրքին մէջ կը փաստուի:
Գիրքին մէջ նաեւ ներառուած են հայատեացութիւն արտայայտող ատրպէյճանական հեքիաթներ, ասացուածքներ եւ առածներ:
Կարճ ժամանակի մէջ գիրքը բաւական մեծ արձագանգ գտած է ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ՝ արտերկրի մէջ: Երկու հազար տպաքանակով լոյս տեսած գիրքը արդէն սպառած է ու պիտի վերահրատարակուի պետական միջոցներով, ինչպէս նաեւ անգլերէն եւ ֆրանսերէն թարգմանութեամբ: